Առանց Մասթըրին (Կարօ Քեպապճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

Առանց Մասթըրին (Կարօ Քեպապճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

31 ՄԱՐՏ 2022 – ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆ:

ԿԱՐՕ ՔԵՊԱՊՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Ահա տարի մը, եւ մենք` առանց քեզի:

Տարի մը, եւ Արցախի Հանրապետութիւնը` առանց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բառին ամբողջական իմաստով իր երկարամեայ մնայուն ներկայացուցիչին, հոգիով ու սրտով իր գովքը հիւսողին, բարգաւաճման եւ հզօրացման սիրոյն գործողին, մի՛շտ իրեն հասնողին, ո՛չ խօսքով` այլ գործո՛վ: Պատերազմներուն` Արցախ վազողին ու պահանջել հարկին բանակին կողքին կանգնողին:

Արցախը` բոլորին ներկայացնողին:

Արցախը` առանց իր սիրով տրոփող սրտին:

Տարի մը, եւ բերդաքաղաք Շուշին` առանց զայն շէնցնողին, ծաղկեցնողին, զարգացնողին, համայն հայութեան մշակութային մայրաքաղաքը նկատողին, օտարները Շուշի ներգրաւողին, հրաւիրողին, Շուշիի մէջ ե՛ւ գործնական, ե՛ւ նիւթական ներդրում կատարողին:

Տարի մը, եւ մարտարուեստի աշխարհը` առանց առաջին հայազգի Մեծ վարպետին, առանց հայութեան անունը համաշխարհային մարտարուեստի պատմութեան մէջ ոսկեայ գիրերով գրողին, մարտարուեստը հայկական աշխարհ բերողին եւ մարտարուեստի հայ ախոյեաններ պատրաստողին:

Տարի մը, եւ Աշտարակը` առանց զայն կանաչապատող, հողը մշակող, սփիւռքահայութեամբ բնակեցնող ՀԱՅՈՒՆ:

Տարի մը, եւ Դաշնակցութիւնը` առանց իր անկրկնելի, եզակի, հաւատաւոր եւ նուիրեալ ընկերոջ:

Տարի մը, եւ լիբանանահայ գաղութն ու ՀՍԳՄ-ը` առանց մասթըրին, սերունդներ հոգեպէս ու ֆիզիքապէս կազմաւորած, դաստիարակած ուսուցիչին, առանց անոր վարակիչ աշխուժութեան, եռանդին, խանդավառութեան ու լաւատեսութեան:

Տարի մը, եւ մենք` հարազատներս, առանց Կարօ քեռայրին. հարազատ մը, որ «մեծին հետ մեծ էր, իսկ փոքրիկին հետ` փոքրիկ»: Հարազատ մը, որուն ճոխ ներկայութիւնը միշտ սպասուած էր ընտանեկան մտերմիկ հաւաքոյթներուն: Հարազատ մը, որուն պատմութիւններն ու քաջագործութիւնները իր իսկ ձայնով ու ապրումներով լսելը, երկուքս հետաքրքրող նիւթեր արծարծելը անգին ժառանգութիւն է: Հարազատ մը, որ աւելի քան հարազատ էր: Հարազատ մը, որ քեռայր էր, երբեմն մեծ հայր ու երբեմն եղբայր:

Կարօ Քեպապճեանը` մարդկային բարձր առաքինութիւններով օժտուած, ազնիւ հոգիով, համեստ, վեհանձն, անսահման հայրենասէր ու ազգասէր, բարեսիրտ, բարերար, անձնուէր, աննման, անկրկնելի ու իւրայատուկ մարդ էր:

Անոր թողած աւանդն ու վաստակը հսկայական են ու թանկագին:

Հայոց եւ մարտարուեստի պատմութեան մէջ անոր դրոշմած կնիքը ասպետական է:

Աստուած հոգին լոյսերու մէջ հանգչեցնէ:

Master Garo KEBABJIAN

aztagdaily.com/archives/542381

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail