Ազգային Միասնականութիւնը – Խոչընդոտներ Եւ Զանոնք Յաղթահարելու Միջոցներ – Վաչէ Բրուտեան
01 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ազգային միասնականութիւնը համայն ազգին համախոհութիւնը, համախմբումը եւ հետեւաբար նաեւ միասնակամութիւնն է ազգի ամբողջութեան առնչուող հիմնական խնդրի կամ խնդիրներու շուրջ:
Միասնակամութիւն, այսինքն` միացեալ, հաւաքական կամք: Այս կը նշանակէ, որ տուեալ հաւաքականութիւնը` ազգը պարտաւոր է ունենալ քաղաքական գիտակցութեան այնպիսի մակարդակ մը, որ անդրադառնայ, թէ ո՛ւր կը կայանան իր քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական ընդհանրական շահերը: Ասի կը կոչուի քաղաքականացում: Այնպէս որ, եւ սա` ի միջի այլոց, քաղաքականացումը այն չէ, երբ ամէն մարդ քաղաքականութենէ կը խօսի…
Երբ թաղեցիները կամ տուեալ գիւղի մը բնակիչները կը հաւաքուին ու հաւաքաբար պահանջ կը դնեն իրենց թաղին կամ գիւղին աղբահանութեան, գիշերային լուսաւորման կամ նման խնդիրներու շուրջ, ատիկա ազգային միասնականութիւն չէ. ատիկա թաղային կամ գիւղական միասնականութիւն է: Հետեւաբար ազգային միասնութիւնը կ՛առնչուի ազգի ապագային, անոր ճակատագրին, երկրին ու պետութեան ապահովութեան եւ գոյատեւումին, անոր տնտեսական, ընկերային ու մշակութային համընդհանուր բարգաւաճումին:
Մէկ խօսքով. ազգային միասնականութեան նպատակն է` 1) պաշտպանել ամբողջ ժողովուրդը (մեր պարագային` հայրենաբնակ թէ սփիւռքաբնակ), ապահովել պետութեան ու այս ամբողջին` ազգին հաւաքական անվտանգութիւնը ընդդէմ ներքին կամ արտաքին վտանգներու, 2) պատերազմի կամ տագնապներու պարագային ունենալ այնպիսի ամուր ներքին ճակատ մը, որ զօրավիգ կանգնի իր պաշտպանական ուժային համակարգին, առաջին հերթին` բանակին, տուեալ տագնապը դիմագրաւող «առաջին գիծի» վրայ պայքարողներուն (օրինակ` բնական աղէտի մը պարագային):
Ազգային միասնականութիւնը կենսական ազդակ է յատկապէս մեր պարագային, որովհետեւ արտաքին սպառնալիքի կամ պատերազմի պարագային բանակը իր թիկունքը պէտք է ամուր ու անսասան զգայ: Եթէ բանակը զգայ, որ իր թիկունքը տարտղնուած է, միասնակամութիւն չկայ, կամ դաւաճանութեան երեւոյթներ կան, չի կրնար իրմէ սպասուած դերը խաղալ: Կը թուլնայ, կը բարոյալքուի, եւ հետեւաբար ազգը կը պարտուի:
Մեր ազգային միասնականութեան սպառնացող ուժերը
Առաջին հերթին Թուրքիան եւ Ազրպէյճանն են մեր ազգային համերաշխութեան գլխաւոր թշնամիները:
Թուրքիոյ մտասեւեռումն է ամէն գնով եւ ռազմավարական հարթութեան վրայ պարտութեան մատնել Հայկական հարցը, որ մօտաւորապէս մէկուկէս դարէ ի վեր լուրջ «գլխացաւանք» է իրեն համար, իսկ հայութեան համար` արդարութեան վերահաստատման պայքար: Կ՛ըսենք` ամէն գնով, որովհետեւ Անգարայի իշխանութիւնները ճիշդ ըմբռնած են, որ հայ-թրքական կնճիռի ամենալուրջ ու «ամենածանր» բաղադրիչը հողային ազդակն է: Հայկական հարցը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` հայ ժողովուրդի հողային, մշակութային ու տնտեսական կորուսեալ իրաւունքներու վերատիրացման խնդիրը: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ պաշտօնական Երեւանի (Փաշինեանի իշխանութեան) հետ երկխօսութեան Թուրքիոյ նախապայմանները առնչուած են ճիշդ այս` հողային հարցին: Այսինքն` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ անոր հետեւանքները դարմանելու կոչուած ճիգերէն հրաժարիլ, ներկայ տէ ֆաքթօ սահմանը օրինականացնել (այսինքն` հրաժարիլ հողային որեւէ պահանջէ): Եւ ուրեմն, պարզ է, որ Թուրքիա կ՛աշխատի ամէն գնով եւ ձեւով պառակտում մտցնել հայկական ճամբարէն ներս, որպէսզի իր նկատմամբ չստեղծուի հայկական ազգային միասնականութիւն:
Նոյնը եւ Ազրպէյճանի պարագային` Արցախի պրիսմակով դիտուած: Ասկէ` Թուրքիա-Ազրպէյճան ռազմավարական մտերմութիւնը, որովհետեւ Անգարայի մէջ լաւ, շա՛տ լաւ հասկցած էին, որ Ազրպէյճանէն Արցախի ազատագրումը Միացեալ Հայաստան ստեղծելու ճամբուն վրայ առաջին քայլն է, հետեւաբար պէտք է խափանել Արցախի շուրջ ձեւաւորուած հայկական ազգային միասնականութիւնը: Այս կէտին վրայ իրողութիւն-փաստը այն է, որ Թուրքիա-Ազրպէյճան զինակցութիւնը իր կողքին ունեցաւ… ՀՀ ՔՊ-ական իշխանութիւնը:
Որո՞նք օգնութեան եկան այս հակահայկական ճակատին: Բազմազգեան-անդրազգային (multinational, transnational) ընկերութիւնները, ինչպէս` քարիւղի «Շեւրոն», «Էքսոն-Մոպիլ», զէնք-զինամթերքի, հանքարդիւնաբերութեան ու այլ բնագաւառներու մէջ գործող: Այս ընկերութիւնները աշխարհը կը նկատեն մեծ շուկայ մը, ուր իրենք «ի վերուստ» սահմանուած են կողոպտելու տկար, խոցելի կամ փոքր երկիրներու բնական հարստութիւնները եւ միաժամանակ ամբողջական հակակշիռ հաստատելու ատոնց բաշխիչ գիծերուն վրայ (քարիւղատար, կազատար խողովակներ եւ այլն): Այդ բաշխիչ գիծերէն մէկն է նաեւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարը, որուն համար ՀՀ նախագահ Ս. Սարգսեանը տողատակի հասկցուց («Իսկանտեր»-ի գործածութեան մասին իր ծանօթ յայտարարութեամբ` «Աչքս չեմ թարթելու…»), թէ ատիկա կը գտնուի հայկական բանակի հարուածի հասողութեան ծիրէն ներս:
Կարճ աւելցնենք նաեւ, որ այս ուժերը չեն ճանչնար ազգային շահեր, ազգային առանձնայատկութիւններ: Անոնք կը ճանչնան միայն ֆինանսական շահեր ու, տրուած ըլլալով, որ Արեւմուտքի քաղաքական ուժի կեդրոններուն վրայ գրեթէ ամբողջական հակակշիռ ունին (Ուաշինկթըն, Լոնտոն, Պրիւքսել-ԵՄ), իրենց դրամական շահերը պաշտպանելու համար չեն վարանիր արշաւելու այս կամ այն երկիրը (Լիպիա, Իրաք, Աֆղանիստան, Սուրիա եւ այլն)` կողոպտելու այդ երկիրներուն բնական հարստութիւնները: Մէկ խօսքով, դրամատիրական պոլշեւիզմի գաղափարախօսութեան հետեւորդներ են այս ուժերը:
Այս նոյն շրջանակներուն համար ոչ մէկ արժէք ունի Արցախի հայապատկան բնոյթը կամ արդարութեան ի խնդիր հայ ժողովուրդին մղած պայքարը: Արցախը անոնց համար ոչ միայն «անախորժութիւն» մըն է, այլ նաեւ` վտանգ մը, որուն պատճառով կրնան խնդրոյ առարկայ դառնալ իրենց նիւթական շահերը, երբ հայկական վճռակամութեան պատճառով վտանգուի Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան գիծը կամ նոյնինքն Ազրպէյճանի քարիւղային բոլոր ենթակառոյցները:
Արեւմուտքի քաղաքատնտեսական ուժերը կը տիրապետեն նաեւ «փափուկ ուժի» (soft power) բազմատեսակ զինանոցի` մամուլ-քարոզչութիւն (Fox News, CNN, BBC եւ այլն), ոչ կառավարական հանրային կազմակերպութիւններ (ՀԿ-ներ)` մարդկային իրաւունքներու, կենսոլորտի, ընտանեկան խնդիրներու, կանանց իրաւունքներու, խաղաղապաշտութիւն քարոզող շրջանակներ (չմոռնանք` դրամը խաղաղութիւն եւ կայունութիւն «կը սիրէ»): Աւելին. մշակութային բնագաւառէ ներս` ֆիլմեր, տխմար սերիալներ եւ այլն` տարտղնելու համար տուեալ ժողովուրդներու ազգային ինքնութիւնը կամ հաւաքական կերպարը: Անոնք կը տիրապետեն նաեւ տնտեսական լծակներու, ինչպէս` Համաշխարհային դրամատուն, Այ. Էմ. Էֆ. միջդրամատնային փոխանցումներու «ՍՈՒԻՖԹ» համակարգ, ամպարկոներ: Այս «փափուկ ուժ»-ին շնորհիւ էր, որ «գունաւոր յեղափոխութիւններ» տեղի ունեցան Վրաստանի, Ուքրանիոյ ու նաեւ Հայաստանի՛ մէջ (2018 թ.):
Այս արտաքին երեք ուժերու (Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ Արեւմուտք` իր լծակից-գործակիցներով) շահերը նոյնացան ընդդէմ Արցախի հարցին ու Հայաստանին, եւ նոյն այս ուժերն էին (դերերու համապատասխան բաշխումով), որոնք 2018 թ. իշխանափոխութիւն յառաջացուցին Հայաստանի մէջ` վերջնական թիրախ ունենալով Հայկական հարցը` հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները վերջնականապէս թաղելու համար: Իսկ ՔՊ-ն իր ղեկավարով ցարդ «փայլուն» կերպով կատարած է իրմէ ակնկալուածը` նախ խորտակելով Արցախի շուրջ գոյութիւն ունեցող հայկական համերաշխութիւնը, ապա քայքայելով պետական կառոյցները (վարչակառավարման, ուժային, ներառեալ` բանակ եւ ապահովական սպասարկութիւններ) ու այս ձեւով ճամբան հարթելով ազրպէյճանա-թրքական նախայարձակումին 2020-ի սեպտեմբեր 27-ին: Արեւմուտքը այս բոլորին մէջ նաե՛ւ ունէր իր թիրախը` նեղցնել օղակը Ռուսիոյ շուրջ ու զայն դուրս մղել Կովկասէն ընդհանրապէս:
Աւելի՛ն. քաղաքական Արեւմուտքը համաձայն չէ Հայկական հարցի այնպիսի լուծումին, որ կը պարունակէ հողային հատուցման բաղադրիչը, նաե՛ւ անոր համար, որ ինք օրին պատասխանատուութիւն-յանձնառութիւն ստանձնած է անոր նկատմամբ (Սեւր, Ուիլսընեան սահմանագծում), ապա` հրաժարած անկէ:
Այնպէս որ, երբ կը խօսինք վերոնշեալ երեք ուժերու շահերու նոյնացումին մասին, այս տուեալներն է, որ նկատի ունինք: Ասկէ` Արեւմուտքին դերը 2018 թ. իշխանափոխութեան մէջ:
Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի ստեղծէ ազգային միասնակամութիւնը
Ազգային միասնակամութիւն ստեղծելը ամէն բանէ առաջ պետութեան կողմէ եւ պետական մակարդակով կատարուելիք գործ է, որովհետեւ պետութեան ձեռքին են այն լծակները, որոնք այս իմաստով կրնան գործածուիլ:
Իսկ ի՞նչ են միջոցները: Ամփոփ` ազգային դաստիարակութիւն` մանկապարտէզներէն սկսեալ, կրթական համակարգէն ներս համապատասխան հայեցակարգով ու մեթոտաբանութեամբ, ազգային հերոսի կերպարներու քարոզչութիւն, այսինքն` այն անհատականութիւններուն, որոնք դերակատար եղած են ազգային կազմաւորումին, պետութեան ստեղծումին, ամրապնդումին ու պաշտպանութեան մէջ` հրամանատարներէն սկսեալ մինչեւ շարքային այն զինուորը, որ չվարանեցաւ ձեռնառումբին օղակը քաշել ու իրեն հետ խորտակել թշնամի զինուորներու կեանքը (օրինակները բազում են): Ապա հեռատեսիլ` լրատուութեամբ, մեկնաբանութիւններով, ծրագիրներով, վաւերագրական ժապաւէններով. միաժամանակ պէտք է աղբը դուրս շպրտուի հեռատեսիլէն: Աժան սիրային, գողական, ապականած բարքերու մասին անընդհատ շարունակուող սերիալները կը բթացնեն մեր ազգային գիտակցութիւնը, որ կենսական հիմքն է ազգային միասնակամութեան: Քանի մը տարի առաջ (արաբական երկիրներու մէջ, յատկապէս Սուրիա-Լիբանան ապրողները հաւանաբար գիտեն) սուրիական հեռատեսիլը արտադրեց շարք մը` «Պապ ըլ հարա» անունով («Թաղին դուռը». հին ատեն ոչ միայն քաղաքները, այլեւ թաղերը դուռեր կ՛ունենային): Այս սերիալը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ մարդկային, ընտանեկան ազնուագոյն արժէքներու եւ յարգանքի ու վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու ընդգծումը` ի հակադրութիւն ընչաքաղցութեան, նիւթապաշտութեան եւ, հետեւաբար, նաեւ` դաւաճանութեան: Այս ժխտական երեւոյթներուն դիմաց փակ կը մնային տուեալ «թաղին դուռերը»: Եւ կամ` քանի մը տարի առաջ «Երկիր մեդիայի» ցուցադրած քորէական արտադրութեան սերիալ մը, որ զուտ ազգային-հայրենասիրական նիւթով էր: Սակայն «Երկիր մեդիայի» ճիգը, գովելի ըլլալով հանդերձ, դժբախտաբար պետական մակարդակով վարքագծային չեղաւ (անշուշտ, ոչ այս ալիքին մեղքով):
Մէկ խօսքով, ազգային միասնականութիւն յառաջացնելը ամէնէն առաջ ՊԵՏԱԿԱ՛Ն մակարդակով կատարուելիք աշխատանք է. որքան ալ Դաշնակցութիւնը կամ այլ ուժեր տրամադիր ըլլան այդ ուղղութեամբ աշխատելու, ատիկա չի կրնար տալ ակնկալելի արդիւնքը:
Այսօր ճգնաժամային օրեր կ՛ապրինք, միաժամանակ` վճռական: Վճռական ու ամենակարեւորը` ոչ… աննախընթաց: Ներկայ դրութեամբ ունինք երկիր մը, որուն պետական կառոյցները կիսաքայքայուած վիճակի մէջ են: Ունինք հայապատկան հողերու 25 տոկոսի կորուստ, իսկ Արցախի Հանրապետութեան պարագային` 75 տոկոսի: Այս կորուստին հետ` տասնեակ հազարաւոր տեղահանուածներ, որոնք կը տուայտին անորոշութեան մէջ:
Ունինք աւելի քան 4 հազար նահատակներ մեր բանակէն: Այո՛, այն նոյն բանակէն, որ ապրիլեան քառօրեային քարուքանդ ըրած էր ազրպէյճանական «Եաշմա» կոչուած յատուկ զօրախումբերը:
Աւելցնենք, որ ունինք իշխանութիւն մը, որ անհաղորդ է մեր ազգային շահերուն, անհաղորդ է մեր պատմութեան, մեր իղձերուն եւ իտէալներուն: Անոնք պարզապէս իրենց պոլշեւիկ հոգեհայրերուն նման կտրուած են իրենց ազգային արմատներէն ու կը ծառայեն միայն ու միայն միջազգային դրամատիրական գաղափարախօսութեան, կը ծառայեն այդ գաղափարախօսութեան հետամուտ արտաքին ուժերուն, որու որ ըլլայ, միայն թէ պահեն իրենց իշխանութիւնը:
Կրնաք արդարօրէն հարցնել. «Լա՛ւ, եթէ այս է իրականութիւնը, մենք ինչպէ՞ս դէմ դնենք այս ուժերուն` ներքին եւ արտաքին»:
Նախ` այս հարցադրումը ինքնին պարտուողական է: Եթէ Դաշնակցութեան հիմնադիրները այդպէս մտածէին, ինչպէ՞ս պիտի պայքարէին օսմանեան բռնատիրութեան դէմ, ինչպէ՞ս պիտի առաջնորդէին մեր ժողովուրդին ազգային-ազատագրական պայքարը, ինչպէ՞ս պետականութիւն պիտի ստեղծէին 1918 թ., ինչպէ՞ս պիտի պարտադրէին, որ մեծ պետութիւնները ճանչնային մեր դէմ գործուած ոճիրը, ինչպէ՞ս պիտի ազատագրէինք Արցախը:
Անցեալին եւս նման ծանրագոյն պայմաններու մէջ եղած ենք: Նոյնիսկ` ասկէ շա՛տ աւելի ծանր:
1917 տարուան այս ամսուն էր մօտաւորապէս, որ կովկասեան ճակատը սկսած էր քայքայուել` այդ օրերու կլոպալիստական ուժերու, այսինքն` Ռուսիոյ մէջ նոր իշխանութեան տիրացած պոլշեւիկեան վարչակազմի որոշումով: Այդ օրերուն ո՛չ պետութիւն ունէինք, ո՛չ կանոնաւոր բանակ, ո՛չ ալ համապատասխան կառոյցներ: Բայց կար ուրիշ բան մը, որ այսօր չենք տեսներ մեր հայրենիքի պետական կառոյցներուն, յատկապէս գործադիր իշխանութեան մէջ. այդ օրերուն մենք ունէինք նուիրեալներ, նուիրեալներու փաղանգներ: Այդ նուիրեալները ունէին գաղափարական համոզումներ: Գաղափարապաշտ էին: Զինուած էին ամէնէն ուժեղ զէնքով` գաղափարի՛ ու հաւատքի զէնքերով:
Փրկութիւնը եկաւ գաղափարներու աշխարհէն: Փրկութիւնը եկաւ գաղափարի այդ աշխարհին մէջ թրծուած Արամ Մանուկեանի ու իր սերնդակից-գործակիցներուն տեսքով: Անոնք սոսկական անհատներ չէին. անոնք գաղափարի հսկաներ էին` թրծուած Դաշնակցութեան գաղափարի ու գործի քուրային մէջ: Այդ նոյն գաղափարական աշխարհէն ներշնչուելով` մենք գործեցինք սփիւռքի մէջ տասնամեակներով, գործեցինք Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին ու կը պայքարինք այսօր եւս, որպէսզի կարենանք դիմադրել մեր պետութեան ղեկը բռնագրաւած այս այլանդակ ու դաւաճանական խմբակին ու վռնտենք զանոնք իշխանական դիրքերէն: Թրքահաճոյ իշխանութիւնները տեղ չունին մեր պետութեան ղեկին: Անոնք գաղափարական ոչ մէկ կապ ունին մեր ժողովուրդին ստեղծած արժէքներուն հետ: Անոնք ոչ մէկ կապ ունին մեր ժողովուրդին ստեղծած քաղաքական մտածողութեան հետ: Անոնք ոչ միայն չեն կարդացած Ռուբէն Տէր Մինասեանի ու անոր սերնդակիցներուն ստեղծած ռազմավարական միտքի հատորները, այլեւ չեն լսած այդ անուններն իսկ:
Այս գաղափարական աշխարհն է, որ հենքը պիտի հանդիսանայ ազգային միասնականութեան:
«Դրօշակ», թիւ 3, մարտ 2022 թ.
aztagdaily.com/archives/542272