Շուռ Տալ Խաղատախտակը – Յստակ է այլեւս, թէ ինչպիսի՞ նոր յարաբերութիւններու կը պատրաստուի – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Սումկայիթ – Պուտափեշտ-Թալիշ-Շուշի – Համալրե՛Լ Ազրպէյճանի Ռազմական Յանցագործութիւններու Թղթածրարը

Շուռ Տալ Խաղատախտակը – Յստակ է այլեւս, թէ ինչպիսի՞ նոր յարաբերութիւններու կը պատրաստուի – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

03 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Կարօ Արմենեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Յստակ է այլեւս, թէ ինչպիսի՞ նոր յարաբերութիւններու կը պատրաստուի Նիկոլ Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ այս օրերուն եւ այդ մէկը բացարձակապէս անընդունելի է։ Ասոնք ընթացիկ կապեր չեն։ Ասոնք բարի-դրացիական զեղումներ չեն։ Ասոնք մեր երկրի ապագան քանդելու կոչուած համաձայնութիւններ են թշնամի երկու պետութեանց հետ, գլխաւորուա՛ծ՝ Էրտողանի եւ Ալիեւի ֆաշիստ եւ ծաւալապաշտ եւ փանթուրքիստ եւ հակահայ իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք բացէ ի բաց կը յաւակնին լուծարքի ենթարկելու «հայկական խոչընդոտ»ը Կովկասի մէջ։

Այս ուժերը երբեք սեղան պիտի չգան մեզի հետ իրաւահաւասար քննարկումներու համար։ Ասոնք սեղան պիտի չգան «փոխ-շահաւէ՜տ» ծեքծեքումներու համար։ Ասոնք սեղան պիտի չգան «սահմաններու ապաշրջափակման» փուճ լոզունգներու համար։ Ասոնք սեղան պիտի գան իրավիճակ թելադրելու եւ Փաշինեանական պատրանքներուն (կամ խաբէութիւններուն) վերջ դնելու համար։ Ճիշտ այնպէ՛ս՝ ինչպէս 1921-ի Կարսի Խորհրդաժողովի օրերուն, երբ Քեմալ ապտակը ապտակին ետեւէն կը շաչեցնէր հայ բոլշեւիկներու երեսին առանց որեւէ առարկութիւն լսելու Մոսկուայէն։

Հայ անկախ պետականութիւնը իր թիկունքէն դաշունահարող հայ բոլշեւիկ ղեկավարները լախտի ահաւոր հարուած մը ստացան իրենց գլխուն Կարսի մէջ, բայց արդէն շատ ուշ էր…Իրենք «երեսուն արծաթով» վաճառած էին հայ պետականութեան լինելիութիւնը։ Զայն դարձուցած՝ անգոյատեւելի եւ պատա՛նդ՝ Մոսկուայի քմահաճոյքին։ Բարեբախտաբար փրկուած էր Սիւնիքը շնորհիւ Հ.Յ.Դ. հրամանատար Գարեգին Նժդեհին եւ իր սիւնեցի մարտիկներուն։ Եւ ատով է, որ Հայաստանը պիտի կարողանար մէկ վերջին գրաւական պահել իր ձեռքերուն մէջ իր ապագայ լինելիութեան պայքարին համար։

Այսօր ազգը պիտի գիտնայ ի՞նչ ակնկալել եւ ի՞նչ չակնկալել այս իշխանութենէն։ Պէտք է վերջ տալ այս սպանիչ շփոթին։ Եկած է ջրբաժանը մեր ակնկալութիւնները ուղղելու ճիշտ հասցէին եւ մեր յաղթանակը փնտռելու հայ անկախ պետականութեան անմիջական սպառնալիքներու դաշտին մէջ, փոխանակ կեղծ խաղաղութիւններու աճպարարութեամբ ժամավաճառ ըլլալու։ Մենք այդ դաշտին մէջն է, որ կոչուած ենք կերտելու մեր օրերու նոր պատմութիւնը։ Այդ դաշտին մէջն է, որ մենք հաւաքաբար պիտի ընդառաջենք մեր կեանքի իսկական մարտահրաւէրներուն։

Իրականութիւնը հետեւեալն է։ Տարածաշրջանի բեմին վրայ գործող ուժերէն ամէն մէկը կը թուի մեր տեղը որոշած ըլլալ ընդհանուր խաղակարգին (game plan) մէջ։ Եւ այդ տեղը ամենէն ստոր, ամենէն անապագայ, ամենէն փակուղային տեղն է, զոր կարելի է երբեւէ երեւակայել մեր ժողովուրդին համար։ Եւ Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգը եւ Ժիրայր Լիպարիտեանի պէս վիժուկներ ստեղծուած են այդ իսկ տեղը ամէն գնով պարտադրելու մեր ազգին։ Աւելի՛ն։ Պարտութեան վարչակարգը — եթէ ուզէ իսկ — այսօր այլեւս անկարող է որեւէ այլ դերակատարութեան։ Ան պէտք է դուրս դրուի Հ.Հ. քաղաքական բեմէն եւ վերջնականօրէն լուծարուի որպէս քաղաքական գործօն։

Յաճախ մեզի կը հակաճառեն եւ կը յորդորեն պնդելով, որ Փաշինեան կը գործէ առանց այլընտրանքի եւ կարելին փրկելու նախանձախնդրութեամբ։ Այլ խօսքով, ան արժանի է լաւագոյն դիտաւորութեամբ գործողի կանխավարկածին (to the benefit of the doubt)։ Մեզի կ՚ըսեն՝ մի՛ միջամտէք իր գործին…Ազգային ներկայ ճգնաժամի տրամաբանութիւնը, սակայն, բոլորովին այլ բան կը թելադրէ։ Պարտութեան վարչակարգը գլխաւորած եւ սրտցաւութեան դիրքերէ գործող ղեկավարը պարտաւոր էր անմիջապէս ներկայացնել իր հրաժարականը ընելով այնպէս, որ երկրի քաղաքական ուժերը արագօրէն վերակազմակերպուէին պետականութեան կեանքի յաջորդ փուլին համար։ Փոխանակ՝ գաղտագողի նստելու Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի պետերուն հետ Նոյեմբեր 9-ի չարաշուք համաձայնագիրը ձեւաւորելու եւ պետութիւնն ու ազգը դնելու կատարուած իրողութեան առջեւ։ Եւ ան պարտաւոր էր անմիջապէս դիմելու երկրի ԲՈԼՈՐ գլխաւոր քաղաքական ուժերուն — եւ առաջին հերթին՝ Ընդդիմութեա՛ն – Հայրենիքի Փրկութեան Միասնական Կառավարութիւն մէջտեղ բերելու։ Փոխարէնը՝ Փաշինեան գործեց պարտութեան դիրքերէ ամէն օր աւելի բանալով երկրին դռները թշնամիին առջեւ եւ ամէն օր աւելի անպաշտպանելի դարձնելով հայ անկախ պետականութիւնը թշնամիի ոտնձգութիւններուն դիմաց։

Այս կէտին վրայ, ազգը այլեւս այլ ընտրութիւն չունի։ Ան իր միջոցներով միայն պիտի դուրս գայ ներկայ փակուղիէն։ Իր հանճարով միայն պիտի կասեցնէ հայ անկախ պետականութեան անգլուխ գահավէժը։ Եկած է ժամանակը շուռ տալու խաղատախտակը դիմելով բոլոր այն գործամիջոցներուն, զորս ներկայ պայքարի ռազմագծերը կը պահանջեն։

Պարզ խօսքով, եկած է վայրկեանը յարացոյցը (paradigm, պարատիգմա) հիմնովին յեղաշրջելու եւ սանձը խլելու բոլոր վերոյիշեալ ուժերու ձեռքէն։ Եկած է ժամը այդ բանը ընելու անյապաղ եւ անմնացորդ։ Քանի որ ասկէ անդին խաղը չէ, որ դրուած է ազգին առջեւ որպէս գերխնդիր, այլ խաղատախտա՛կը։

Հայաստան-Սփիւռք Առաջին Խորհրդաժողովի հարթակէն Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը վաղուց հնչեցուցած է այս պատգամը։ Իր կազմաւորման սկզբնական փուլերուն մէջ գտնուող հայ անկախ պետականութիւնը բնականաբար պիտի դիմագրաւէր այս սպառնալիքները յատկապէս նկատի առնելով մեր երկրի դաժան հարեւանութիւնը։ Այսօր եկած է վճռական վայրկեանը անգամ մը եւս ցոյց տալու, որ հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան դատը անտէր չէ։ Հայաստանն ու Արցախը res nullius (լքեալ գոյք) չեն, ինչպէս միշտ շեշտած է մեր մեծանուն ուսուցիչը՝ Սիմոն Վրացեան։ Հայրենիքի պաշտպանութիւնը մուրացկանութեամբ չէ, որ կ՚իրագործուի։ Հայաստանն ու Արցախը ի վիճակի են իրավիճակ փոխելու։ Եւ փոխելու այնպէս՝ որ ան մշտապէս խարանուի տարածաշրջանի պատմական յիշողութեան մէջ։

Ասկէ անդին ազգին հաւաքական կամքն է, որ պիտի խօսի եւ գործէ։ Ճիշտ այնպէս, ինչպէս 104 տարի առաջ այսօր, Մարտի 24-ին, երբ Երեւանի ժողովուրդը «դիկտատոր» կը հռչակէր Արամը մեր պատմական գրոհը կազմակերպելու եւ մեր տեղը վերջնականապէս ամրագրելու տարածաշրջանի քաոսին մէջ։

Սումկայիթ – Պուտափեշտ-Թալիշ-Շուշի – Համալրե՛Լ Ազրպէյճանի Ռազմական Յանցագործութիւններու Թղթածրարը

yerakouyn.com/2022/03/25/շուռ-տալ-խաղատախտակը-կարօ-արմենեան/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail