Թուրքիա Կը Շրջանցէ Արեւմուտքի Պատժամիջոցները՝ Գրկաբաց Ընդունելով Ռուս Սակաւապետները – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
15 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /www.thecaliforniacourier.com/
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ռուս-ուքրանական պատերազմին մասին Թուրքիոյ հակասական դիրքորոշման պատճառով բանավէճը կը շարունակուի՝ զայն պարգեւատրել կամ դատապարտել ուզողներուն միջեւ:
Wall Street Journal թերթը (WSJ) 7 Ապրիլին հրապարակած է Ճարետ Մալսինի եւ Էլվան Քիվիլչիմի հանգամանալից յօդուածը՝ «Գեր-զբօսանաւեր, ծովափնեայ բնակարաններ եւ կանխիկ գումարով լեցուն ճամպրուկներ. ռուսերը գումարներ կը լեցնեն Թուրքիա» վերնագիրով:
Ռուսական դրամատուներու եւ առեւտրային գործարքներու նկատմամբ Արեւմուտքին կիրարկած պատժամիջոցներուն իբրեւ հետեւանք, տասնեակ հազարաւոր ռուսեր փախած են Թուրքիա՝ դրամով լեցուն ճամպրուկներով, գեր-զբօսանաւերով, անձնական օդանաւերով եւ այլ հարստութեամբ: «Շատեր հեռացած են՝ իրենց հետ տանելով հարիւրաւոր կամ հազարաւոր տոլարներու կանխիկ գումարներ՝ Ռուսիոյ կառավարութեան կողմէ սահմանուած գումարներու վերահսկողութեան պատճառով», կը հաղորդէ WSJ: Ռուսերը Թուրքիոյ մէջ կը գնեն տուներ եւ այլ գոյքեր՝ օգտուելով այն օրէնքէն, որ թոյլ կու տայ օտարերկրացիներուն դառնալ Թուրքիոյ քաղաքացի, եթէ անոնք առնուազն 250 հազար տոլարի ներդրում կատարեն: Շատ ռուսեր ի վիճակի են շրջանցելու արեւմտեան պատժամիջոցները՝ իրենց գումարները ռուսական դրամատուներէն փոխանցելով թրքական դրամատուներ եւ իրենց ռուպլիները փոխանակելով թրքական լիրայով կամ այլ դրամանիշերով: ՆԱԹՕի անդամ բոլոր երկիրները, բացառութեամբ Թուրքիոյ, խիստ պատժամիջոցներ սահմանած են Ռուսիոյ դէմ՝ թոյլ չտալով, որ անոր քաղաքացիները իրենց դրամները երկրէն դուրս հանեն, արգելափակելով ռուսական օդանաւային ընկերութիւններու թռիչքները դէպի արեւմտեան երկիրներ եւ գրաւելով սակաւապետներու գեր-զբօսանաւերն ու անձնական օդանաւերը: Հրաժարելով Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելէ, Թուրքիա կը փորձէ վերակենդանացնել իր սնանկացած տնտեսութիւնը՝ հաւաքելով խիստ անհրաժեշտ գումարներ:
Երկրէն փախչող ռուսերը ի վիճակի են խուսափելու արեւմտեան պատժամիջոցներէն եւ դրամագլուխի վերահսկումէն, որ Ռուսիոյ կողմէ կիրարկուած է իր քաղաքացիներուն նկատմամբ՝ «Թուրքիոյ մէջ գործող կանխիկ փոխանցումներու ռուսական ընկերութիւններու միջոցով, «քրիփթօ»-արժոյթներով եւ պարզապէս հազարաւոր տոլարներ օդակայաններու ճամբով կանխիկ փոխադրելով», կը հաստատէ WSJ: Թրքական կառավարութիւնը հնարած է այդ ոչ համոզիչ արդարացումը, թէ՝ ինք թոյլ կու տայ ռուսական միջոցներու փոխանցումը դէպի Թուրքիա այնքան ատեն, որ «գումարները օրինական են»: Նման ստուգում մը, եթէ երբեւէ եղած է, շատ արագ անհետացած է՝ անտեսելով այն պահանջը, որ օտարերկրացիները պէտք է որ կացութեան թոյլտուութիւն ստանան՝ նախքան դրամատնային հաշիւ բանալու թոյլտուութիւնը: Ըստ WSJ-ի՝ «Պոլսոյ մէջ մէկ պետական դրամատան միայն մէկ մասնաճիւղին մէջ, ռուսերը վերջին շաբաթներուն ընթացքին բացած են աւելի քան 600 հաշիւ»:
WSJ յայտնած է, որ «Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատունը, Մարտի կէսերուն, միայն երկու օրուան ընթացքին ընդունած է մօտաւորապէս 3 միլիառ տոլար…: «Այս գումարները, հաւանաբար, հիմնականին մէջ կազմուած են ռուսերու աւանդներէն», կ՛ըսէ տնտեսագէտ Օմեր Կենչալ՝ «HSBC Թուրքիա» եւ թրքական այլ մեծ դրամատուներու նախկին պաշտօնեան:
Պոլսոյ անշարժ գոյքի Golden Sign ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Կիւլ Կիւլը WSJ-ին ըսած է, թէ «նոր հասած ռուսերը միաժամանակ չորս բնակարան կը գնեն, ընդհանրապէս՝ կանխիկ գումարով, որպէսզի քաղաքացիութեան համար պահանջուող 250 հազար տոլարի ներդրում կատարեն»: «Ներկայիս մեր ծախած 10 բնակարաններէն վեց-եօթն գնած են ռուսեր», ըսած է տիկին Կիւլ՝ աւելցնելով? «Անոնք հիմնականին մէջ գործարարներ են, մեծահարուստներ, մէկ քանին ալ՝ սակաւապետներ»:
Ռուս սակաւապետ Ռոման Ապրամովիչ վերջին շաբաթներուն թրքական նաւահանգիստներ տեղափոխեց իր երկու գեր-զբօսանաւերը: Ռուսիոյ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ անցեալ շաբաթ Պոլսոյ մէջ կայան մը ապահոված է իր 74 մեթր երկարութեամբ նաւուն, որ կը կրէ «Տիեզերք» անունը»՝ ըստ WSJ-ի:
Աւելին, WSJ կը հաղորդէ, որ «Որոնողական «Եանտեքս» ընկերութիւնը, գովազդային յայտարարութիւններու Avito կայքը, առեւտրային Tinkoff դրամատունը եւ համակարգչային ծրագիրներու DataArt ընկերութիւնը միասնաբար աւելի քան 1000 աշխատող տեղափոխած են Թուրքիա: «Եանտեքս»ի մօտաւորապէս 900 աշխատողներ Թուրքիա հասած են պատերազմը սկսելէն անմիջապէս ետք, թէեւ անոնցմէ մօտաւորապէս 300ը աւելի ուշ մեկնած է»:
Ռուսիոյ մէջ իրենց գործունէութիւնը դադրեցնելու մասին Visa-ի եւ Mastercard-ի որոշումները դրդած են ռուսերը օգտագործելու ռուսական Mir վճարումներու համակարգը, որ այժմ կը գործէ Թուրքիոյ որոշ վայրերու մէջ: «Պոլսոյ մթերային խանութներուն մէջ սկսած են յայտնուելու՝ «Մենք կ՛ընդունինք Mir-ը» գրութեամբ ցուցանակներ», գրած է WSJ:
«Միջին դասակարգի պատկանող ռուսերը հիմնականօրէն բերած են քանի մը հազար տոլար՝ կա՛մ կանխիկ, կա՛մ ռուսական դրամական փոխանցումներու ընկերութիւններու միջոցով, որոնք կը շարունակեն գործել Թուրքիոյ մէջ: Այդ ծառայութիւններէն յայտնի է KoronaPay-ը, որ թոյլ կու տայ մարդոց Ռուսիայէն գումար փոխանցել, ապա զայն Թուրքիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ գանձել: Ընկերութիւնը կը թոյլատրէ աւելի քան 15 հազար եուրօ արժողութեամբ փոխանցումներ, ինչ որ համարժէք է 16 հազար 400 ամերիկեան տոլարի, այնքան ատեն, որ յաճախորդները կը հաստատեն իրենց եկամուտի աղբիւրը՝ ըսուած է ընկերութեան կայքին», կը հաստատէ WSJ: Նոյն աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ «Վոլքան Չելիքիւրեք, տարադրամ փոխանակող մը Պոլսոյ Լալելի թաղամասէն, ուր կը յաճախեն ռուս առեւտրականներ եւ այդ միակ տարածքներէն է, ուր փոխանակման կէտերը ռուպլի կը գնեն եւ կը ծախեն, թերթին ըսած է. «Ես միաժամանակ գնած եմ առաւելագոյնը 100 հազար ռուպլի: Բայց կան մարդիկ, որ գնած են միլիոններ»:
Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ տնտեսութիւնը օգուտ կը քաղէ ռուսական դրամներու հոսքէն, իսկ անոր՝ Ռուսիոյ երկերեսանի դատապարտումը, շահոյթ կը բերէ արեւմտեան երկիրներէ: Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը վերջերս չեղեալ համարեց դէպի Թուրքիա զէնքի արտահանման մասին իր պարտադրած սահմանափակումները: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 7 Ապրիլին յայտարարեց, որ Թուրքիա շահագրգռուած է «համագործակցելու Մեծն Բրիտանիոյ հետ կարեւոր պաշտպանական նախագիծերու մէջ, որոնք կը ներառեն ռազմական օդանաւեր, ռազմանաւեր եւ օդանաւակիրներ»: Չաւուշօղլու ըսաւ նաեւ, որ Թուրքիա Գանատայի հետ կը քննարկէ՝ 2020ի արցախեան պատերազմէն ետք կասեցուած թրքական «Պայրաքտար» ռազմական անօդաչու թռչող սարքերու տեսախցիկներու գնումները վերականգնելու հարցը:
Զարմանալի է, որ Պայտընի վարչակազմը, փոխանակ պատժելու Թուրքիան՝ պատժամիջոցները տապալելու քայլերուն համար, կ՛ուզէ պարգեւատրել զայն՝ նշելով, որ F-16 կործանիչներ Թուրքիոյ ծախելը կը բխի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի լաւագոյն շահերէն: Այսուամենայնիւ, Քոնկրեսը դէմ է վաճառքին: Քոնկրեսի աւելի քան 50 անդամներ Փետրուարին նամակ մը ստորագրած են՝ կոչ ընելով Պայտընի վարչակազմին, որ մերժէ թրքական խնդրանքը՝ գնելու 40 F-16 օդանաւեր եւ արդիականացնելու 80 այլ օդանաւեր, որոնք արդէն իսկ կը գտնուին Թուրքիա:
Քոնկրեսականները այս վաճառքին հակադրուելու համար իբրեւ պատճառ նշած են Թուրքիոյ կողմէ ռուսական ?-400 հրթիռային համակարգերու գնումը եւ Մարդկային իրաւանց զանգուածային խախտումները: «F-16 օդանաւեր Թուրքիոյ ծախելը, շատ հաւանական է, որ յանգեցնէ Էրտողանի զինուորականներուն ձեռամբ տարածաշրջանէն ներս հետագայ մահերու եւ աւերներու», գրած են օրէնսդիրները:
Կը մնայ տեսնել, թէ Թուրքիա որքա՛ն ժամանակով տակաւին կրնայ խաղալ իր խաբուսիկ խաղը՝ ռուս-ուքրանական պատերազմի հակամարտող երկու կողմերուն հետ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.am/416882/թուրքիա-կը-շրջանցէ-արեւմուտքի-պատժամ/