Հայութիւնը Հողազուրկ Դարձնող Ցեղասպան Թուրքիայէն Մեր Ընտանեկան Մասնակի Իրաւունքներուն Վերատիրանալու Հօրս Փորձը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Մշակոյթային Ցեղասպանութիւն –Պետական մշակոյթային ցեղասպանութիւն ատրպէյճանի ֆաշիստ ռեժիմի կողմէ - Génocide culturel - Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Հայութիւնը Հողազուրկ Դարձնող Ցեղասպան Թուրքիայէն Մեր Ընտանեկան Մասնակի Իրաւունքներուն Վերատիրանալու Հօրս Փորձը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

23 ԱՊՐԻԼ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հօրս հազար էջէ աւելի ձեռագիր զանազան յուշերէն Ցեղասպանութեան մասին զիս ամէնէն շատ անհանգստացնող եւ ընդվզեցնող վկայութիւններէն մէկն է այս, զոր կը ներկայացնեմ ստորեւ:

«Պէյրութի կեդրոնական հրապարակի ոսկերիչներու շուկային խանութի մը մէջ երկու սեղանով աշխատանոցս, ուր կրտսեր եղբայրս եւ աներձագս իմ աշկերտ օգնականներս էին, 1947-ին զիրենք ազատ կացուցի, որ իւրաքանչիւրը իր ապագայի ազատ ընտրութիւնը կատարէ, եւ ես շուկայէն դուրս նոր խանութս փոխադրուեցայ:

«Նորակառոյց շէնքի մը մէջ այս խանութը կը գտնուէր Պէյրութի Ռիւ տը Ֆրանս փողոցին վրայ, Պապ Իտրիսի կեդրոնական շուկային մօտ, հրեաներու թաղին ծայրը, Յունաստանի դեսպանատան եւ յունական դպրոցին քով եւ այն ժամանակուան ֆրանսական համագործակցական վաճառատան (Cooperative*) մօտ» (Պապ Իտրիսի Ա. Պէ. Սէ. վաճառատան փոքր անկիւնին շեղակիօրէն դիմացի կողմը եւ Քափուչիններու եկեղեցւոյ մօտ: Հետագային հայկական տպարան «Ատլաս»-ը հաստատուեցաւ հօրս խանութին քովէն դէպի վարի ճամբան իջեցնող, բացօթեայ լայն աստիճաններէն վար, նոյն շէնքին նկուղի յարկին մէջ*):

1. Այնթապի բարձունքին, 1880-ին հաստատուած ցարդ կանգուն Ամերիկեան հիւանդանոցը` շուրջ 1900-ին: Հայկական թաղերը եւ եկեղեցիները, հիւանդանոցէն դէպի աջ եւ վար, մաս մը նկարէն դուրս են: 2. Այնթապի մէջ Ատանայի ջարդերէն ճողոպրած հայ գաղթականներ` Ամերիկեան նպաստամատոյցի վրաններուն տակ, 1909-ին (1), (2):

Այս հասցէին մանրամասն նկարագրութեան պատճառը այն է, որ այդ թաղը կը յաճախէին թէ՛ Լիբանանի աւագանին եւ թէ՛ ալ լիբանանցի, ֆրանսացի եւ օտարազգի ունեւոր դասակարգը, որոնցմէ շատեր իր յաճախորդները դարձած էին: Ուստի հայրս ազդեցիկ տեղացիներու եւ օտարներու լայն շրջանակ կ՛ունենայ: Իսկ հօրս յաճախակի այցելուներէն էին նաեւ Կարօ Սասունին եւ այլ ընկերներ:

Միջանկեալ, Սասունիի կապուած` այդ օրերու հօրս յուշերէն, այստեղ ՀՅԴ կուսակցական գաղտնապահութեան օրինակ մը պիտի նշեմ: Երէց հօրեղբայրս, որ Հալէպ կ՛ապրէր, Պէյրութ այցելութիւններէն մէկուն փափաք կը յայտնէ Կարօ Սասունիին հետ տեսակցելու: Հայրս Սասունիին քով կը տանի եղբայրը եւ հազիւ կ՛ըսէ` «Ներկայացնեմ եղբայրս»… Սասունի ժպիտով կ՛ընդմիջէ եւ հօրս կ՛ըսէ. «Ե՛ս քեզի ներկայացնեմ ընկ. Գէորգը… այսինչ առաքելութիւնը գործադրողը»… Երկու եղբայր, որոնք կուսակցական յատուկ պարտականութիւններ կը կատարէին, սակայն իրարմէ տեղեակ չէին. գոնէ հայրս չէր գիտեր, որ իր եղբայրը ՀՅԴ-ի անդամ էր, իսկ իմանալէն ետք սրտին ցաւ կը պատճառէ, քանի որ ներքնապէս, մինչեւ այդ պահը, կ՛այպանէր եղբայրը` կարծելով, թէ ան ազգային գործերէն հեռու էր:

Այս խանութին միջոցով հայրս կը ծանօթանայ եւ կը մտերմանայ Ֆարուք անունով սիւննի համայնքին պատկանող 25-30 տարեկան երիտասարդ յաճախորդի մը եւ անոր հօր հետ: 1948 ապրիլ 25-ին Ֆարուք հօրս խանութը կու գայ եւ լիբանանեան բարի սովորութեամբ, մտահոգ կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ հայրս օր մը առաջ խանութը չէր բացած. «Խէյր ըլլայ, արդեօք անհանգի՞ստ էիր, բանի մը պէտք ունի՞ս»:

«Չէ՞ որ մեր նահատակներուն յիշատակի օրն է ապրիլ 24-ը,- ըսի իրեն: Այդ պահուն դէմքը տխրեցաւ եւ հարցուց, որ տակաւին թուրքերուն հանդէպ ատելութի՞ւն ունէի: Չուզելով մտնել երկար բարակ վիճաբանութեան մէջ, պատասխանեցի, որ Լիբանանի նման` ամէն ազգ ունի իր նահատակները, եւ անոնց յիշատակը յարգելու համար օր մը որոշած են: Խիղճի օրէնք է այս:

«Այսքանով չբաւականացաւ եւ խնդրելով` հարցուց, որ անձնապէս ես ի՞նչ նեղութիւն կրած եմ թուրքերէն: Ամփոփ ձեւով պատմեցի մեր ընտանիքին կրած տառապանքները: Զարմանալիօրէն չբաւականացաւ ամփոփ պատասխանովս եւ խնդրեց, որ մանրամասն պատմեմ իրեն իմ եւ ընտանիքիս կրած զրկանքներուն եւ դաժանութիւններուն մասին: Զարմանալով իր այսքան հետաքրքրութեան` թուրք դաժանութեան եւ վայրագութեան տակ ունեցած մեր կեանքը պատմեցի մինչեւ 1923-ի մեր վերջին փախուստի օրը եւ մեր հոն ձգած հարստութեան եւ կալուածներուն մասին:

«Բոլոր պատերազմին ընթացքին մենք Այնթապ մնացինք, քանի որ հօրս զինուորական դերձակատան հարիւրապետ պատասխանատու նշանակեցին (տես նաեւ հօրս յուշերէն «Այնթապը, աքսորը, մնացողները, հերոսամարտը, «Արեւմուտքը» եւ «Կուկըլ Աշխարհ»-ը» (3)): Հակառակ հօրս զինուորական պաշտօնին եւ ծառայութեան` մենք վայրի խոտերով կը սնանէինք այնպէս, ինչպէս թուրք տիրապետութեան տակ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ ժողովուրդը, որ նաեւ տառապած էր: Ֆարուքին դէմքէն կը զգայի, որ թուրքերուն կատարած անմարդկային վայրագ դաժանութիւնները պատմած ատենս շատ չէր հաւատար:

«Մայրս չորս եղբայրներով 200 տուն գիւղի մը սեփականատէրերն էին: Իսկ հայրս Այնթապի մէջ սեփական տուն, խանութ եւ այգի ունէր: Առաւել, պատերազմի հինգ տարիներուն հայրս իր մտերիմ թուրք բարեկամին` Ապտել Ռահման էֆենտիին զանազան դերձակի գործեր աշխատած էր, որոնց 300 օսմանեան ոսկի արժէքը չէր վճարած: Այս վկայութիւններս ժամեր տեւեց, եւ կէսօրուան ճաշի հիւրս եղաւ ան ու աւարտելէս ետք մեր ընտանիքին ոդիսականի նկարագրութիւնը` ըսաւ.

«Պարո՛ն Գրիգոր, ձեր կալուածներուն կալուածագրերը եւ Ապտել Ռահմանին պարտամուրհակը ունի՞ք:

«Այո՛, ունինք, սակայն մեծ եղբօրս քովն է Հալէպի մէջ», ըսի:

«Կը խնդրեմ` այդ բոլորը հոս բերել տուր, կ՛ուզեմ ուսումնասիրել զանոնք», գրեթէ աղաչելով ըսաւ` զարմանքի մատնելով զիս:

3. Աջին` Այնթապի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին (ճարտարապետը` Պալեան, այժմ` «Անկախութեան մզկիթ») եւ հայկական թաղերը, 1893-1907-ի միջեւ նկարուած, եւ հօրս մատնացոյց ըրած մեր տան շրջանը` քառակուսիին մէջ: Այս նկարը Այնթապի հայրենակցական միութեան 1980-ական թուականներու օրացոյցի մը վրան ըլլալով էր, որ ցոյց տուաւ մեր տունը: Ձախին բարձր` Ամերիկեան հիւանդանոց համալիրը:

«Տեսնելով իր լրջութիւնը եւ վճռակամութիւնը` եղբօրս տեղեակ պահեցի եւ շաբաթ մը վերջ այդ հաստատագիրները քովս հասան, եւ Ֆարուքին լուր տուի:

«Ֆարուք յաջորդ առաւօտ կանուխէն եկաւ եւ սկսաւ ուսումնասիրել կալուածագրերը եւ ընդօրինակեց զանոնք ու նկարել տուաւ Ապտել Ռահմանին պարտամուրհակը: Այս բոլորը աւարտելէն ետք անակնկալօրէն ինծի հարց տուաւ. «Պարո՛ն Գրիգոր, եթէ Ապտիւլ Ռահմանը 300 օսմանեանը վճարէ եւ ձեր գիւղին ու տունին փոխարժէք գումարը ստանաս, տակաւին նահատակաց յիշատակի օրը խանութդ պիտի գոցե՞ս եւ թուրքերուն հանդէպ ատելութիւնդ պիտի մնա՞յ»:

«Իմ նիւթական իրաւունքներս ստանալով կրնա՞մ գոհանալ, երբ ամբողջ գերդաստան մը անօթի ու ծարաւ զոհ տուի անապատներուն մէջ, երբ ազգովին հայրենազուրկ դարձանք եւ օտար երկիրներու մէջ կ՛ապրինք: Յանցանքներ կան, որոնք անկարելի է մոռնալ: Ինչպէ՞ս մոռնամ մեր հարիւր հազարաւոր զոհերը, նահատակները, անկարելի է: Միայն կրնա՞ս ըսել, թէ ի՛նչ միջոցներով մեր կալուածներուն եւ պարտականին այդ գումարները պիտի բերես: Պատասխանը շշմեցուց զիս…

«Իմ մօրեղբայրս Այնթապի այժմու քաղաքապետն է եւ աչքի լոյսին պէս կը սիրէ զիս,- ըսաւ: – Հիմա հասկցա՞ր, որ այդ բոլորը կրնամ յաջողեցնել»: Անակնկալի եկայ, որ Ֆարուքին մայրը թուրք էր: Իսկ ան չէր կրնար ըմբռնել, որ այդ օրերուն քաղաքապետ մօրեղբօրը հետ հայու մը իրաւունքներուն մասին կարելի չէր խօսիլ… Ուստի իբրեւ անփորձ երիտասարդի` իր օգտին համար թելադրեցի, որ միայն Ապտել Ռահմանին 300 օսմանեանով զբաղէր եւ չըլլայ, որ կալուածի հարց արծարծէր:

«Դուն ինծի այն ըսէ, որ զիս կը լիազօրե՞ս, որ ձեր կալուածները ծախեմ եւ անոր ու պարտքին գումարը բերեմ, այո՛ կամ ո՛չ», ինքնավստահ կերպով ըսաւ:

«Պարո՛ն Ֆարուք, կը ցաւիմ, որ բարի զգացումներու զոհ պիտի դառնաս եւ մօրեղբօրդ հետ խնդիր պիտի ունենաս»:

«Ես Ապտել Ռահման ըսած անձդ մօտէն կը ճանչնամ, եւ անոր երկու տղայ զաւակները մօտիկ ընկերներս են, ան շատ հարուստ եւ ազնուական մարդ մըն է: Ես կը վստահեցնեմ, որ ան տոկոսով միասին իր պարտքը պիտի վճարէ, քանի որ պատուական եւ ազնուական անձ մըն է»:

«Առանց համոզուած ըլլալու, իրեն լիազօրագիր տուի, եւ մէկ շաբաթէն ճամբայ ելաւ երեք ամիսէն հազարաւոր օսմանեան ոսկի բերելու խոստումով…

«Երեք ամիս Այնթապ մնալու եւ ամառը հոն անցընելու մտադրութեամբ մեկնեցաւ, սակայն երկու շաբաթ ետք անակնկալօրէն խանութս եկաւ, ջերմօրէն ձեռքս սեղմեց, ապա սաստիկ յոգնածի մը նման «օ՜ֆ» հառաչելով բազկաթոռի մը մէջ ընկղմեցաւ` շուարած ու տխուր:

«Ի՞նչ է, Այնթապ չգացի՞ր», հարցուցի:

«Գացի եւ առնելիքս առի, այլեւս Թուրքիա պիտի չերթամ, այնտեղ ոտք պիտի չի կոխեմ», ըսաւ եւ սկսաւ պատմել գլխուն եկածը.

«Գիշերով Այնթապ հասայ եւ մօրեղբօրս տունը երթալով` դուռը զարկի ու մօրեղբայրս դուռը բացաւ, եւ երբ անակնկալի եկած` ուրախութեամբ հետս պիտի ողջագուրուէր, իբրեւ իր քրոջ մէկ հատիկ տղուն, ես իրմէ հեռու կենալով` ըսի.

«Խնդրանք մը ունիմ, եթէ պատուոյ խօսք տաս կատարելու, կը մտնեմ ներս, թէ ոչ որոշած եմ պանդոկի մէջ իջեւանիլ»: «Տղա՛ս, հրամայէ՛, ոչ թէ խնդրէ, լաւ գիտես, թէ աչքերուս լոյսն ալ կը զոհեմ քեզի համար, ըսէ՛ նայիմ»,  հետաքրքիր ըսաւ:

«Պէյրութի մէջ ես շատ սիրելի հայ բարեկամ մը ունիմ, որ այնթապցի է եւ բաւական ընդարձակ կալուածներ ունի հոս, որոնց բնագիր կալուածագիրներուն ձեռքովս ընդօրինակած պատճէնները բերած եմ հետս, կ՛ուզեմ, որ անոնք ծախես եւ գումարը… հազիւ այսքանը ըսի, ամբողջ ուժով ափովը վիզիս հարուած մը տուաւ ու զիս քանի մը մեթր անդին դէպի տունէն ներս երեսիս վրայ գետին տապալեց պոռալով` «Շա՛ն լակոտ, չփորձուիս անգամ մըն ալ հայու մը իրաւունքին մասին խօսիլ: Այսուհետեւ քեզի ոչ թէ իբրեւ քրոջ զաւակի տունէն ներս կ՛ընդունիմ, այլեւ իբրեւ կասկածելի եւ վտանգաւոր թշնամի մը…»:

«Իր կատաղի պոռթկումէն քեռկինս եւ զաւակները վազեցին ու եկան եւ մօրեղբօրս այդ բարկացած վիճակը տեսնելով եւ վերջին արտայայտութիւնը լսելով` չհամարձակեցան ողջագուրուիլ, հազիւ ձեռքս թօթուեցին եւ իւրաքանչիւրը նստաւ ու ապշահար մեզ դիտեց: Կարծես քեռիս դիմակ մը հագած էր, որ յանկարծ վար ինկաւ եւ իր իսկական դէմքը երեւցաւ. ահռելի երեւոյթ ունէր եւ ոչ մէկ սրբութիւն կը ճանչնար:

4. Վերջերս Այնթապի բերդէն նկարուած, դէպի հարաւ-արեւմուտք, Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին, այժմ` մզկիթ: Հայկական թաղերը կը գտնուէին եկեղեցւոյ շուրջ, երկու կողմերը եւ դէպի հարաւ, այսինքն` նկարին խորը, իսկ մեր տունը այդ ճերմակ ուղղանկիւնին շրջանին մէջ է: Նկարէն դուրս վարէն դէպի աջ` Ամերիկեան հիւանդանոցը:

«Կացութիւնը սոսկալի էր` տեսնելով հարազատիս այս ահռելի վերաբերմունքը: Այդ րոպէին իսկ որոշեցի կարելի եղածին չափ շուտ Պէյրութ վերադառնալ, ուր իմ հայրենակիցներս ու բարեկամներս աւելի ազնիւ էին եւ մարդկային: Չեմ գիտե՛ր` որքա՛ն այսպէս անվայելուչ նստանք, եւ ոչ մէկը նոյնիսկ համարձակեցաւ որպիսութիւնս եւ ծնողքիս մասին հարցնել…

«Քիչ ետք ընթրիքի նստանք եւ քեռիս պատառ մը իսկ բերանը չդրաւ, երեսը կախ նստաւ: Ապա պատուիրեց, որ անկողինս իր սենեակին մէջ պատրաստեն: Առտու, նախաճաշէն ետք, երբ քեռիս գործի պիտի երթար, «Հետս եկուր» ըսաւ եւ շարունակեց. «Այս պահէն սկսեալ դուն իբրեւ կասկածելի անձ մը` գիտցիր, որ երկու գաղտնի ոստիկաններ միշտ քեզի պիտի հետեւին: Ուզած տեղդ կրնաս երթալ, բայց` ո՛չ տունս: Երեկոյեան ժամը չորսին պաշտօնատեղիս կու գաս եւ միասին տուն կ՛երթանք»: Պատճառը յստակ է: Չէր ուզեր, որ իր ընտանիքը իմանայ հայու մը իրաւունքին մասին եւ կոտորածներուն մասին. այսպէս, թուրք սերունդներ մեծցան իրենց անցեալէն անտեղեակ ժխտողական, կեղծ եւ սուտ քարոզչութեամբ:

5. Աշխարհի պատմութեան մէջ ամենամեծ որբանոցը` 30 հազար որբերով, Ալեքսանտրապոլի (Գիւմրի) մէջ, Հայաստան, 1922-ին, Ամերիկեան նպաստամատոյցի նախագահ Ճէյմս Պարթընի գիրքէն (4):

«Առաջին գործս եղաւ Ապտել Ռահման էֆենտիին վաճառատունը այցելել, ուր անոր զաւակներէն իմացայ, որ հայրերնին վեց ամիս առաջ մահացած էր: Պատշաճ ցաւակցութիւններ յայտնելէ ետք իրենց հօր 300 օսմանեանի պարտամուրհակը ցոյց տուի եւ խնդրեցի, որ վճարեն պարտքը: Գիտե՞ս ինչ պատասխանեցին ծիծաղելով. «Այդ բարեկամդ թող երթայ հօրմէս գանձէ», լրբօրէն ըսին ազնիւ կարծած այդ բարեկամներս:

«Երեք օր Այնթապ մնացի եւ առիթը չունեցայ իմ ազգականներուս հետ հարազատի նման խօսելու: Անհամ էր կացութիւնը եւ որոշեցի արձակուրդս Պոլսոյ մէջ շարունակել: Մեկնումի պահուս մօրեղբայրս ըսաւ. «Թուրքիոյ տարածքին ուր որ ալ երթաս, գիտցիր, որ միշտ հետապնդման տակ ես»: Պոլսոյ մէջ քանի մը օր մնացի, սակայն, երբ զգացի, որ կը հետապնդուիմ, նաւով Պէյրութ վերադարձայ` որոշելով, որ այլեւս Թուրքիա ոտք պիտի չկոխեմ:

«Այնթապ չգացած` շատ գէշ ազդուած էի քու պատմածներէդ ու թուրքերուն հանդէպ զգացումներէդ եւ քեզի հանդէպ յարգանքս ու բարեկամութիւնը նուազագոյնի իջած էր, քանի որ մայրս թուրք է: Սակայն մօրեղբօրս ծոծրակիս տուած ուժգին հարուածը եւ անոր կատաղի նայուածքը իսկոյն փոխեցին կարծիքս: Այդ պահուն յանկարծ զգացի ահաւորութիւնը ձեր ազգին կրած տառապանքին` թուրք կառավարութենէն եւ անոր պաշտօնեաներէն ու ոստիկաններէն: Իսկ Ապտել Ռահմանին զաւակները, որոնք մտերիմ ընկերներս էին, եւ հայրերնին հաւանաբար Այնթապի ամէնէն հարուստ մարդը` ազնուական էր` կը կարծէի, եւ մեծ համարում ունէի անոր ու զաւակներուն վրայ, սակայն իրենց հօրն իսկ հանդէպ անարգական խօսքը` «Գնա՛, հայ բարեկամիդ ըսէ, որ 300 օսմանեանը թող երթայ հօրմէս գանձէ»… հասկցայ, որ էֆենտին ալ վաշխառու մը եղած է եւ ուրիշներուն իրաւունքը ուտելով հարստացած եւ իր զաւակներն ալ նոյն նկարագիրը ժառանգած են:

«Այս բոլորին մասին մօրս հետ անկեղծ հարցապնդում-զրոյց մը ունեցայ, որուն վերջաւորութեան մայրս ընդունեց, որ հայ ազգին դէմ մեծ անիրաւութիւններ կատարուած են թուրք պետութեան կողմէ, հակառակ անոր որ հաւատարիմ, աշխատասէր եւ վստահելի եղած են հայերը եւ աւելցուց. «Եղբայրս իր իսկական գազանի դէմքը ցոյց տուաւ քեզի,- երբ զարմացած նայեցայ մօրս, շարունակեց,- եթէ քեռիդ բարի պտուղ մը ըլլար, այդ պաշտօնին չէր հասներ»: Ապա մայրս այսպէս եզրակացուց. «Եթէ նոյնիսկ ամբողջ Թուրքիան հայերուն տան, չեն կրնար դարերու ընթացքին հայերուն հասցուցած իրենց անիրաւութիւններուն եւ ոճիրներուն բաւարար հատուցումը հաշուել զայն»: Վերջ` յուշերու այս մասին:

Որո՞ւ երկիրը որո՞ւ պիտի տան: Այստեղ կը կրկնեմ նախորդիւ գրած յօդուածէս «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ որբերու քաղաք Ալեքսանդրապոլը` Գիւմրին»-էն հատուածներ (5).

«… Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական, Թուրքիոյ Անվտանգութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամ Սէյիթ Սերթչելիք յունուար 2020-ին Մարաշի մէջ տեղի ունեցած «Հայկական հարցը եւ ատոր պատմական յետին ծրագիրը» խորագիրով գիտաժողովին նշած է, որ «1915 թուականի դէպքերը տեղահանութիւն էին», եւ իր խօսքերը հիմնաւորած է Թուրքիոյ ժխտողական թեզերով` մասնաւորաբար նշելով, որ արխիւային փաստաթուղթերը «կ՛ապացուցեն» իր խօսքերը (6)»: Ուրեմն, այժմու իշխանութիւնը գէթ կ՛ընդունի, որ 1915-ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշած է բոլոր հայերը տեղահան ընել իրենց սեփական երկրէն, բնակավայրերէն:

Թուրքիոյ այժմու նախագահ Էրտողան նոյնպէս քանիցս յայտարարեց, որ հայերուն «պատահածը» տեղահանութիւն էր, եւ ոչ թէ ցեղասպանութիւն.  տեղեակ չէ, որ տեղահանութիւնը առանձինն արդէն ցեղասպանութիւն է: Հարց կու տամ տեղահանողներուն, Էրտողանին եւ Սերթչելիքին. արդեօք երկու միլիոնէ աւելի հայ, որ 1915-ին տեղահանեցիք իրենց երկրէն, իրենց տուներէն դուրս դրիք, այս մանուկէն տարեց, այր եւ կին հայերը հանգստաւէտ փոխադրակառքերո՞վ վտարեցիք® Ո՞ր պանդոկներուն, կամ ո՞ր կահաւորուած բնակարանային համալիրներուն մէջ տեղաւորեցիք զանոնք®

Ի՞նչ պատահեցաւ տեղահանուածներու քաղաքներուն, գիւղերուն, բնակարաններուն, գործարաններուն, խանութներուն, եկեղեցիներուն, գերեզմաններուն, դպրոցներուն, պարտէզներուն, մսացու կենդանիներուն, ինչքերուն, գոյքերուն, ունեցուածքին, դրամատան հաշիւներուն, գանձելի գումարներուն, կալուածներուն, ներառեալ` Սիսի կաթողիկոսարանին, Անգարայի Գասապեաններուն ապարանքին, որ նախագահական պալատի վերածեցիք եւ Ինճիրլիք ռազմակայանը, որուն մեծ մասը հայերու պատկանող հողեր են, եւ` միլիոնով այսպիսի կալուածներ, վերոնշեալ մեծ հօրս եւ մեծ մօրս պատկանողներուն նման: Ո՞ւր է այս բոլորին հաշիւը:

Հայկական պահանջատիրութիւնը այժմէական եւ իրաւական դարձաւ 29 յունուար 2015-ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ յայտարարուած Համահայկական հռչակագիրով, ուր շեշտը կը դրուէր ոչ թէ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ, այլ նաեւ անոր հետեւանքներու յաղթահարումին` հատուցումին: Հռչակագիրին վերջին պարբերութեան մէջ տեղ գտած էր`

«® ինչպէս նաեւ 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 թուականի նոյեմբեր 22-ի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցում®»: Այսինքն դիւանագիտական լեզուով` հատուցումի, Հայ դատի պահանջատիրութիւնն է այս, որ կը նշանակէ իրաւական թղթածրարի նախապատրաստումը` անհատական, համայնքային եւ համազգային խախտուած իրաւունքներու վերականգնումի իբրեւ սկիզբ: Այս հռչակագիրով Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրակարգ մտաւ Սեւրի դաշնագիրն ու պահանջատիրութիւնը:

Ուշ կամ կանուխ այս բոլորին հաշիւը պիտի հատուցէ, վճարէ Թուրքիան եւ Սեւրի դաշնագիրը ամբողջութեամբ պիտի գործադրէ: Մեր նահատակները, հայրերն ու մայրերը, իւրաքանչիւր հայ եւ 2015-ի Համահայկական հռչակագիրը այդ կը պահանջեն:

6 ապրիլ 2022                
haroutchekijian.wordpress.com

  1. https://www.loc.gov/resource/ggbain.50064/
  2. https://www.posterazzi.com/armenian-refugees-1909-narmenian-widows-and-their-children-in-turkey-shortly-after-the-massacre-of-armenian-christians-by-turkish-muslims-in-adana-in-april-1909-photograph-1909-poster-print-by-granger-collection-item-vargrc0354483/
  3. https://haroutchekijian.wordpress.com/2017/04/24/այնթապը-աքսորը-մնացողները-հերոսամարտ
  1. Story of Near East relief (1915-1930), by James Barton, New York: Macmillan Company. 1930. Pp. Xxii, 479, նկարը էջ 124-ի եւ 125-ի միջեւ:
  2. https://www.aztagdaily.com/archives/506938
  3.  https://www.aztagdaily.com/archives/461186

www.aztagdaily.com/archives/544349

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail