Մեղանչում Է Քաղաքական Օրակարգէ Հանել Ցեղասպանութիւն Եւ Հայրենահանում – Յակոբ Պալեան

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Մեղանչում Է Քաղաքական Օրակարգէ Հանել Ցեղասպանութիւն Եւ Հայրենահանում – Յակոբ Պալեան

23 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Հայրենիք մը, որ կը դաւաճանէ
իր զինուորներուն, իրապէս հայրենի՞ք է:

Ալեքսանդր Սոլժենիցին 1918-2008,
ռուս գրող, Նոպելեան դափնեկիր

Միջազգային հանրային կարծիքը աւելի դիւրին կը լսէ ցեղասպանութիւն եզրը, քաղաքական խօսքեր եւ բազմապատկուող «ճանաչումներ», կը նախընտրէ բարոյականութեան խօսքերը, բայց գիտակցաբար եւ չխանգարուելու համար խուլ եւ կոյր կը մնայ հայոց հայրենիքի բռնագրաւման եւ անոր ժողովուրդի հայրենահանման ոճիրներուն դիմաց:

Մենք ալ մեղսակից եղանք այս քաղաքական սահմանափակման` զգացական կարգախօս դարձնելով Ցեղասպանութիւնը ճանչցնելու եւ դատապարտել տալու պահանջը: Հայոց հայրենիքի գրաւման մասին չխօսեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցողները, չխօսեցան նաեւ այդ բռնագրաւուած հայրենիքէն հեռացուած եւ գաղթական ըլլալու դատապարտուած հայրենահանուած ժողովուրդի մասին:

Կրկին ԱՄԵԱԿ է եւ լուռ համախոհութեամբ, մէկդի դնելով այլազան բնոյթի տարակարծութիւններ, պիտի յիշենք 1915-ը: Ոմանք ալ պիտի խօսին: Այդ մասին նորութիւններ յայտնաբերողներ ալ պիտի ըլլան, որպէս մխիթարութիւն` զանոնք պիտի ներկայացնեն հետաքրքրուողներուն: Եւ կրկին պիտի սպասենք յառաջիկայ տարուան ապրիլ ամիսը` յիշելու եւ յիշեցնելու համար: Նոր վկայութիւններ պիտի յայտնաբերուին եւ Ցեղասպանութեան գրականութիւնը պիտի ճոխանայ:

Եւ ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու ժառանգները պիտի մաշին, ամէն օր նոր մտահոգութիւններով եւ նոր ողբերգութիւններով մարդոց խճճուած յիշողութիւններուն մէջ աստիճանաբար տեղ պիտի չմնայ հայոց մէկուկէս միլիոն զոհերուն, ոչ ալ անոնց բռնագրաւուած հայրենիքին, որ նոր գծուած եւ գծուող քարտէսներու վրայ ան տեղ պիտի չունենայ: Այդ ժառանգներն ալ, քաղաքական, տնտեսական, քաղաքակրթական նոր եւ յարաճուն ալեկոծումներու մէջ անցեալը, բախտաւոր պարագային, պիտի ապրին որպէս յիշատակի օր:

Ա՛յս` հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ):

Այս ընթացքը պիտի շարունակուի, եթէ հարազատ մտաւորականութիւնը ժողովուրդին չներշնչէ իրաւազրկուածի եւ իրաւատիրոջ գիտակցութիւն` հանրապետութեան բնակիչներուն եւ մոլորակային տարտղնումի վիճակին մէջ ճամբայ որոնող եւ ամէն օր քիչ մը աւելի պատշաճող հայերուն: Սկզբունքային եւ ծինական ժառանգները ամէն օր քիչ մը աւելի կը դադրին զանգուած ըլլալէ: Թէեւ ղեկավարութիւնները հաւատքով (եւ քիչ մըն ալ միամտութեամբ) կը խորհին եւ կը գործեն այնպէս, որ Արարատեան դաշտէն մինչեւ Իրան, Ագեվազներու երկրէն մինչեւ Քորտոպա եւ Հրեշտակներու քաղաքը, Միջերկրականի շուրջ, Մոսկուա եւ Չինաստան` իրաւատէր եւ իրաւունք պահանջող զանգուածներ կան:

Մեր ժողովուրդի վերջին երեսուն տարիներու պատմութիւնը, ցեղասպանուած եւ հայրենահանուած ժողովուրդի դատի հետապնդումը շեղեցուց իր նպատակէն, վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր վրայ կեդրոնացուց քաղաքական միտքը: Հայաստանի բեկոր հանրապետութիւնը բնական էր, որ առաջնահերթութիւն ըլլար: Բայց հայ քաղաքական միտքի հորիզոնէն հեռացաւ-հեռացուեցաւ բռնագրաւուած Հայաստանը եւ հայրենահանուած ժողովուրդը դադրեցաւ առաջնահերթութիւններու շարքին գտնուելէ:

Այս վերաբերումը այսօր յստակութեամբ կ’արտայայտուի, երբ հանրապետութիւնը Թուրքիոյ հետ համակեցութիւն ստեղծելու եւ համաձայնութիւններու յանգելու համար Ցեղասպանութեան հարցը եւ բռնագրաւուած Հայաստանը կը համարէ սփիւռքի խնդիր, որով միշտ ան զբաղած է, ինչպէս կ’ըսուի:

Առանց յուզումներու եւ աժանագին հայրենասիրութեան պէտք է դիմագրաւել կացութիւնը:

Մի՞թէ դեռ ըսելիք ունինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, երբ դար անցած է, ճանաչումներու մխիթարական պարգեւներով պետութիւններ խիղճ հանդարտեցուցած են, եւ մենք ալ գոհունակութեամբ կը շարունակենք ոտքի քնանալ:

Եթէ ըսելիք չունինք, եզրակացուցած ենք, որ ընելիք չունինք, ընդունած կ’ըլլանք յաւերժ գաղթականի, անանցեալ փարիա ստրուկի վիճակը:

Ինչո՞ւ մեծ կամ պզտիկ պետութիւններ ճանաչումներէն անդին պիտի անցնին, երբ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները բացորոշ կերպով կ’ուզեն մոռացման զրգոցներու մէջ դնել Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտութեան խնդիրը, եւ նոյն հունով` Հայկական հարցը, որ կը վերաբերի բռնագրաւուած հայրենիքի, նախահայրերու ժառանգութիւն հողին:

Եթէ դեռ հայերը այս չեն հասկցած, թուրքերը հասկցած են: «Անատոլու» թրքական մամլոյ գործակալութիւնը արձանագրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հարցազրոյցին մէջ ըսածը. «Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանի բնակչութիւնը ցանկանում է կարգաւորել յարաբերութիւնները Թուրքիայի հետ»:

Արարատ Միրզոյեան, եւ ընդհանրապէս` իշխանութիւնը, մի՞թէ իրենց ցանկութիւնը եւ ենթադրութիւնները իրականութիւն կը համարեն: Ինչո՞ւ Արարատ Միրզոյեան կը շրջանցէ հանրային կարծիքի ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները, ըստ որոնց, Հայաստանի քաղաքացիները չեն ցանկար, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատուին:

Ըստ ամերիկեան Միջազգային հանրապետական ուսումնասիրութիւններու հարցախոյզին, Հայաստանի բնակիչներուն 90%-ը պետութեան ուղղուած ամենամեծ սպառնալիքը կը համարէ Թուրքիան եւ 77%-ը` Ազրպէյճանը: Կրնա՞յ ըլլալ, որ հարցախոյզի այս արդիւնքէն տեղեակ եղած չըլլայ Արարատ Միրզոյեան: Եւ դեռ, «Կելլափ ինթերնէյշընըլ»-ի Հայաստան գտնուող Էմ.Փի.Ճի.-ի (MPG) երեւանեան հարցախոյզի արդիւնքը կ’ըսէ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման դէմ են հարցախոյզի պատասխանողներուն 62,2%-ը: Այս Արարատ Միրզոյեանի «ընդհանուր առմամբ»-էն տարբեր է:

Կ’ըսենք, որ հայութիւնը մէկ է, որ` կայ միասնութիւն: Հայաստանի իշխանութիւնները, ՀԱՄԱՅՆ-ի փոխարէն, կը թուի, թէ որդեգրած են նոր հռետորաբանութիւն, կ’ըսեն` «ընդհանուր առմամբ Հայաստանի բնակչութիւն»: Հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ է ազգի կէսէն աւելի հայկական սփիւռքը: Ի՞նչ իրաւունք ունի ան ազգի եւ հայրենիքի ապագան տնօրինելու եւ յանձնառութիւններ ընդունելու հարցով: Խօսքի իրաւունք ունի՞ այդ կէսէն աւելին: Հայաստանի իշխանութիւնները իրենք իրենց կրնա՞ն իրաւունք տալ անգիտանալու անոր կարծիքը` առանց քաղաքական եւ բարոյական մեղանչումի:

Ո՞ւր կը մնայ, ո՞ւր է «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ մշակոյթ»-ը: Այս անտեսումը աւելի քան վիրաւորանք է, հակազգային ընթացք է:

Հայրենահանուածներու հայկական սփիւռքի իրաւունքները եւ պահանջները եթէ հայ պետութիւնը պիտի չպաշտպանէ, պիտի անգիտանայ, ի՞նչ պէտք է եզրակացնել: Եզրակացնե՞լ, որ նոյն արմատէն յառաջացած են երկու ազգեր, մին արեւելահայ եւ հայաստանաբնակ, միւսը` արեւմտահայ եւ հայրենահանուած: Ուրեմն ՀԱՄԱՅՆ չկայ:

Հայկական պետութիւնը (ցարդ այդպէս ընդունուած էր խորհիլ եւ յայտարարել) քաղաքական եւ բարոյական իրաւունք ունի՞ անգիտանալու ազգի աւելի քան կէս ոչ հայաստանաբնակները: Այդ ընելով` հայկական պետութիւնը կը դառնայ առարկայական դաշնակիցը ցեղասպան եւ հայու հայրենիքը բռնագրաւած Թուրքիոյ: Մինչեւ թաւշեայ յեղափոխութիւն հայութիւնը համայն էր, հիմա պիտի ըլլանք երկու, սփիւռք եւ հանրապետութիւն, իւրաքանչիւրը` իրեն համար, իր ճամբով: Աւելի պարզ. հայկական պետութիւնը սփիւռքին կ’ըսէ. «Դուն գլխուդ ճարը նայէ, մեր ճամբաները տարբեր են»:

Հայաստանի կառավարութիւնը բացայայտ կերպով ինքնիրեն կրնա՞յ թոյլ տալ ըսելու, որ Ցեղասպանութեան դէպքը հինցած պատմութիւն է: Ֆրանսայի մէջ դատարան տարին քաղաքական դէմք մը, որ յայտարարած էր, թէ Բ. Աշխարհամարտին հրեաներու ցեղասպանութիւնը պատմական մանրամասնութիւն մըն էր: Ինչպէ՞ս պիտի բնորոշուի 1,5 միլիոն հայերու ոչնչացումը եւ ճողոպրածներու հայրենահանումը, Հայաստանի կառավարութիւնը կրնա՞յ անգիտանալ, որ ջարդէ ազատուածներու շարունակութիւն է հայկական սփիւռքը, կրնա՞յ յայտարարել, որ անոնց պահանջները եւ Դատը իրեն չեն վերաբերիր: Ինչպէ՞ս ազգի մէկութիւն պիտի կերտուի ազգը վերականգնելու համար, որպէսզի ան չըլլայ պատմութեան մանրուք: Այս ընթացքով հանրապետութիւնը սեպ կը խրէ հայրենաբնակներու հայրենահանուածներու միջեւ:

Ինչպէ՞ս որակել հայկական իշխանութիւն մը, որ ազգի աւելի քան կէսի իրաւունքներուն տիրութիւն չ’ըներ: Ցեղասպանութիւն եւ բռնագրաւուած Հայաստան ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ ԵՆ: Դաւաճանութիւն է մտածել եւ գործել այնպէս, որ այդ ՀԱՐՑ-ը սփիւռքի հարց է: Եւ վերջ: Ի՞նչ կը մտածէ ներսի եւ դուրսի մտաւորականութիւնը: Ի՞նչ կը մտածեն հայրենաբնակ ժողովուրդը եւ տեւաբար «Հայաստանին օգնելու» կարգախօս կրկնող սփիւռքը, մանաւանդ` երիտասարդութիւնը, որմէ կը խլուի ազգի ապագայ երազելու իրաւունքը:

Այս ընթացքը ոչ թէ ռազմադաշտի վրայ անձնատուութիւն է, այլ` ազգի գոյութենական արժէքներէն եւ հիմնաւորումներէն հրաժարում: Կը մնայ մէկ անկեղծ եւ հիմնական խոստովանութիւն մը ընել, որ մենք չենք կրնար եւ չենք ուզեր որպէս ինքնուրոյն ազգ ապրիլ, չենք ուզեր շարունակութիւն ըլլալ, կ’ընդունինք համաշխարհայնանալ, արտադրել, սպառել, չանհանգստանալ: Եւ յայտարարել, որ ազգը ժամանակավրէպ է, հայութիւն, հայ մշակոյթ, ինքնութիւն, լեզու` դատարկաբանութիւններ են: Բիզնեսը կը բաւէ:

Ինչո՞ւ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն երթար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը, քայլ մըն ալ աւելին ընել, Անիի պարիսպին տակ կանգնիլ եւ խօսիլ իրենք իրենց հետ, խօսիլ պատերուն հետ, ապա, եթէ հպարտութիւն ունեցող մարդու խիղճ ունին, թող բանակցութիւններ վարեն, անձնատուութեան թուղթ թող ստորագրեն: Թող մտածեն նաեւ, որ Պատմութիւնը ի՞նչ պիտի կցէ իրենց անուններուն:

Ո՞վ կրնայ իրաւունք տալ իշխանութեան մը կամ իշխանաւորի մը, մանդատ տալ, ազգ, իրաւունք, նախնեաց ժառանգութիւն սնանկ վաճառականի պէս լքելու: Ազգի ղեկավարութեան ընթացքը չի բաղդատուիր վաճառականի սնանկութեան. ան ժողովուրդի, պատմութեան եւ մարդկային բարոյականով կը սահմանուի:

Հայոց ցեղասպանութիւնը, հայրենահանումը հայրենիքի բռնագրաւումը վատութեա՞մբ պիտի արձանագրենք որպէս պատմութեան մանրուք եւ դարձնենք էջը: Վաղն իսկ պուլտոզըրներով պէտք է գետնին հաւասարեցնել Ծիծեռնակաբերդի համալիրը եւ հոն գտնուող Ցեղասպանութեան թանգարանը: Շինարարական թրքապատկան մեծ ընկերութիւններ կան, անոնք առանց հատուցման յանձն կ’առնեն այդ քանդումի աշխատանքը: Այդ կ’ըլլայ համագործակցութեան առաջին խորհրդանշական քայլը:

Եւ կ’իրականանայ Հայաստանի տխրադէմ ղեկավարներէն մէկուն խօսքը, որ «պատմութեան էջերը կրկին կարելի չէ գրել», եւ կը գրուի նոր էջ:

«Կուլակի արշիպեղագոսը» գիրքին մէջ Ալեքսանտր Սոլժենիցին միտքերը կը դաջէ հետեւեալ խիտ եւ բիրտ հարցումով. «Հայրենիք մը, որ կը դաւաճանէ իր զինուորներուն, իրապէս Հայրենի՞ք է»:

Հետեւութեամբ Սոլժենիցինի` կ’ունենա՞նք իրատեսութիւն, բարոյականութիւն եւ յանդգնութիւն հարցնելու. «Իշխանութիւն մը, որ կը դաւաճանէ իր նահատակներուն, հայրերուն, պատմութեան, իրապէս հայրենիքի իշխանութի՞ւն է»:

Դիրքապաշտ ղեկավարութիւնները եւ զանգուածներու զգացական հայրենասիրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի յեղափոխուին: Ի տես եւ ի լուր զարգացող քաղաքական եւ ազգի հատուածները բաժանող ճապկումներու, Ալեքսանտր Սոլժենիցինի մտածման հունով, Ցեղասպանութեան յաջորդ սերունդները եւ հայրենահանուածներու սփիւռքը պէտք է անկախ ուղղութիւն ճշդէ, ղեկավարէ ինքզինք,  յանդգնութեամբ տէր եւ պահանջատէր ըլլայ Հայկական հարցին:

Թերեւս` աքսորական կառավարութիւն:

Այս կ’ըլլայ Հայ դատի հետապնդման առարկայական հետապնդում:

23 մարտ 2022, Նուազի-լը-Կրան

aztagdaily.com/archives/544356

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail