Ապրիլեան Մտորումներ – Հայ Դատը` Հանապազօրեայ Պարտքը Մեր – Վրէժ-Արմէն

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Ապրիլեան Մտորումներ – Հայ Դատը` Հանապազօրեայ Պարտքը Մեր – Վրէժ-Արմէն

23 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅ ԴԱՏ: ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Վրէժ-ԱրմէնՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ապրիլ 24 է դարձեալ:

Ու ես չեմ կրնար դարձեալ մտորումներս չկեդրոնացնել Հայ դատին վրայ:

Չեմ կրնար չմտածել մեր ըրածներուն ու մեր չըրածներուն մասին, չեմ կրնար չտագնապիլ մեր ազգի իրավիճակին ի տես ու չեմ կրնար չփորձել կաթիլ մը ձէթ եւս աւելցնել Լուսաւորչի կանթեղին մէջ` շարունակելու համար հայ մնալու մեր պայքարը, որ հիմքն իսկ է մեր պահանջատիրութեան, մեր Դատին:

Հայ դատը առաջին հերթին Դատն է մեզմէ իւրաքանչիւրին, ամէն մէկ հայու, ամէն մէկ Հայո՛ւ, որ իր ապրելիք կեանքովն իսկ մասնակիցն է մեր պայքարին:

Բայց Հայ դատը նաեւ ու մանաւանդ Դատն է մեր հաւաքական ամբողջութեան, մեր ազգի՛ն, եւ այսօր ա՛յդ մասին այս մտորումներն են, որ կ՛ուզեմ բաժնել ընթերցողին հետ:

Հայ դատը Դատը չէ կուսակցութեան մը կամ կուսակցութիւններու, որքան ալ ան առանցքն ըլլայ անոնց գոյութեան իսկ:

Հայ դատը Դատը չէ միութեան մը կամ միութիւններու, որքան ալ իրենց գործունէութեան անխտիր բոլոր ոլորտներով անոնք առնչուած են այդ Դատին:

Հայ դատը Դատը չէ նաեւ որեւէ հաստատութեան կամ հիմնարկի, որուն աշխատանքները մօտէն կամ հեռուէն կրնան առնչուիլ այդ Դատին:

Հայ դատը, չմոռնա՛նք, Դատը չէ մեր ժողովուրդի մէկ հատուածին:

Հայ դատը բոլորի՛ն Դատն է, բոլորին` ամէ՛ն տեղ, բոլորի՛ն` քաղաքական ըլլայ իրենց գործունէութեան ծիրը, մշակութային ըլլայ, կրթական թէ ակադեմական, գիտական թէ կրօնական, ընկերային թէ մարմնակրթական, նոյնիսկ պիտի համարձակիմ ըսել` հայկական թէ ոչ հայկական, քանի որ Հայ դատի ճամբով հետապնդուած նպատակը, ազգային ըլլալէ զատ ու ազգային ըլլալէ անդին, է՛ նաեւ համամարդկային` նպատակաուղղուած համամարդկային ոճիր մը դատապարտելու, անոր հետեւանքները մեղմացնելու եւ սրբագրելու, եթէ կարելի է այդ բառը գործածել առանց չակերտներու, եւ կանխարգիլելու անոր կրկնութիւնը, յաճախութիւնը…

Թէ ի՛նչ կ՛ընէ կամ կ՛ուզենք, որ ընէ աշխարհը` այս տեսակէտէն իր պարտաւորութիւններուն ուղղութեամբ, այդ ալ ձգելով, որ հետագայ մտորումներով արծարծուի, կ՛ուզեմ խօսիլ մեր հաւաքական ճիգերուն մասին:

Հայ դատի աշխատանք ըսելով` մեր միտքը անմիջապէս կ՛երթայ այն քաղաքական յարաբերութիւններուն ու հանդիպումներուն, որոնք անհրաժեշտաբար կը տարուին մեր կազմակերպութիւններուն կողմէ Մեծ եղեռնի իրերայաջորդ տարելիցները նշելու ատեն, կամ` մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին հանդէպ գործուող նորանոր անարդարութիւններու ու ոճիրներու դէմ բողոքելու պահուն եւ նման առիթներով:

Հայ դատը, սակայն, կը սկսի հայեցի դաստիարակութենէ՛ն: Որո՞ւ համար կը հետապնդուի Հայ դատը, եթէ առանց իւրաքանչիւր հայորդիի ջամբուելիք հայեցի կրթութեան ճամբով չապահովենք հայերէն խօսող, կարդացող ու գրող յաջորդական սերունդներու գոյութիւնը: Ենթադրենք, երազե՛նք, որ հրաշքով մը իրականացաւ Ուիլսընեան սահմաններով թէ ծովի՜ց ծով Հայաստան մը. եթէ հայութիւն մնացած չըլլայ զայն լեցնելու, հայացնելու համար, ապա ի՞նչ ըրած կ՛ըլլանք: Թշնամիին նպատակն ալ մեզ ինքնուրոյն գոյութեան իրաւունքէն զրկելն էր, չէ՞, ու մենք այսօր այս մարզին մէջ մեր անփութութեամբ, անհոգութեամբ ու ապիկարութեամբ ճի՛շդ ատոր է, որ կը նպաստենք:

Ի՞նչ ծրագիր ունինք, ի՞նչ նիւթական կռուաններ յատկացուցած ենք կամ պիտի յատկացնենք հայաշխարհը ծածկելու համար հայկական վարժարաններու ամբողջական ցանցով մը, որպէսզի հայերէնը մանր, մանրագոյն փոքրամասնութեան մը մենաշնորհը չդառնայ, այլ` բոլո՛ր հայորդիներուն մատչելի դաստիարակութեան մը հիմքը, բազմապատկելով մեր դպրոցներու թիւը, առցանց դասընթացքներու թիւը, ուսուցիչներու թիւը, դասագիրքերու թիւը: Եւ որակը, ի հարկէ, բոլոր պարագաներուն:

Այս մէկ:

Երկրորդ. ի՞նչ կ՛ընենք, դարձեալ ամբողջ հայաշխարհի տարածքին, մեր նոր սերունդներու կեանքը, կենաց պայքարը գօտեպնդելու, բարձրագոյն ուսումը ապահովելու, գործի ասպարէզը իրենց առջեւ բանալու, այդ ասպարէզին մէջ բարձր դիրքերու հասցնելու, այլեւ ընտանիք կազմելուն նպաստելու եւ այդ ձեւով Հայ դատի բանակը ամրապնդելու համար: Կա՛ն փոքր հիմնադրամներ մասնակի օգտակարութեամբ, ի հարկէ, բայց կա՞յ ազգային ռազմավարութիւն այս առումով: Կա՞յ ծրագիր: Միամեայ՛ ծրագիր, հնգամեայ, տասնամեայ, հարիւրամեա՛յ ծրագիր:

Այս երկու:

Երրորդ. նոյն ինքն այդ քաղաքական- յարաբերական աշխատանքներուն համար ի՞նչ մարդուժ կը պատրաստենք, ի՞նչ մասնագէտներ, ի՞նչ լեզուներու հմուտ, քարոզչական ի՞նչ միջոցներ կը մշակենք` առօրեայ, նոյնիսկ առժամեայ (այսինքն` ժամական) հեւքով մեր տեղեկութիւնները աշխարհին հասցնելու, աշխարհը մեր լուրերով, մեր տեսակէտներով, մեր պահանջներով ողողելու համար: Աշխարհը գրաւելու` մեր ձիրքերով ու տաղանդներով, մեր ախոյեաններով ու նոպելեան մրցանակակիրներով:

Այս ալ երեք:

Չեմ ուզեր աւելին ըսել: Մեր կեանքի իւրաքանչիւր ոլորտը կրնանք քննութեան առարկայ դարձնել, փնտռել մեր թերիներն ու թերացումները, ծրագրել զանոնք ջնջելու ու սրբագրելու աշխատանքները, քայլ առ քայլ, աստիճան առ աստիճան, բայց` ունենալով մեր տեսողութեան մէջ ամբողջ մեր երկար ուղին, ուրկէ պիտի ընթանանք:

Ապրիլ 24 է դարձեալ…

aztagdaily.com/archives/544357

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail