Անդրադարձ – Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի – ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
23 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը դադար առա՞ծ է երբեւէ: Երբ Օսմանեան կայսրութիւնը ԺԹ. դարուն հետզհետէ կորսնցուց իր եւրոպական տարածքները, իր հայեացքը ուղղեց դէպի մօտաւոր ու հեռաւոր արեւելք, ուր կ՛ապրէին բազմաթիւ թրքացեղ ժողովուրդներ: Այդ ժողովուրդները, որոնք ենթակայ էին օտար տիրապետութեան, բնականաբար պիտի ողջունէին իրենց ցեղակիցներուն նոր քաղաքականութիւնը, որ խորքին մէջ` վերադարձ էր ակունքներուն: Այդ ցեղակիցներուն մէջ ամէնամօտակայ ժողովուրդը կովկասեան թաթարներու ժողովուրդն էր, որ ասիական տափաստաններէն գալով, հասած էր գրեթէ Օսմանեան Թուրքիոյ սահմաններուն: Տարածուելու ձգտում ունեցող երկու զանգուածներուն միջեւ ռուս-թրքական սահմանի երկու կողմերուն կար հայ ժողովուրդը, որուն ինքնորոշման ձգտումը արգելք էր իրականացնելու ցանկալի միացումը:
Համաշխարհային Ա. պատերազմը պատեհ առիթ հանդիսացաւ սահմանի թրքական կողմը դատարկելու իր բնիկ ժողովուրդէն: Պատերազմի վերջին տարին թուրքերը ձեռնարկեցին նոյնը կրկնելու նաեւ արեւելեան շրջանին մէջ, սակայն Սարդարապատեան յաղթանակը, ապա նաեւ պատերազմի աւարտին արգիլեցին այդ նպատակին իրագործումը: Սակայն թուրքերը պատերազմի աւարտէն ետք շարունակեցին նոյն քաղաքականութիւնը` օգտուելով նորակազմ խորհրդային Ռուսիոյ տկարութենէն եւ անոր նկատմամբ երբեմնի դաշնակիցներու վերապահութենէն:
Փանթուրանական ծրագիրը ժամանակաւորապէս կանգ առաւ կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք: Խորհրդային Միութեան փլուզումը ստեղծեց հին, բայց չմոռցուած քաղաքականութիւնը վերարծարծելու առիթը: Թուրքիա ինչո՞ւ այսքան դիպուկ շահախնդրութեամբ պիտի միջամտէր խորհրդային երկու նախկին հանրապետութիւններուն միջեւ ծագած տագնապին: Ինչպէս Նախիջեւանը, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղը համաթուրանական ծրագիրին յաջողած բեկորներ էին, որոնք կոչուած էին, յարմար առիթով, ընդարձակուելու եւ տարածուելու` իրագործելով միացման ծրագիրը:
Թրքական ծաւալման քաղաքականութիւնը բազմերես նկարագիր ունի եւ հետեւողական է ըստ ամենայնի: Երբ պայմանները չեն թոյլատրեր բիրտ գործողութիւններով իրագործելու զայն, կը դիմուի երբեմն ճնշումներով, երբեմն խաղաղ միջոցներով նպատակային թափանցումներու, ժողովրդագրական համեմատութիւններու տեւական խախտումներու, ի նպաստ թրքականին: Եթէ պահը յարմար է, կը դիմուի աւելի կոշտ միջոցառումներու, ի հարկին` պատերազմի:
Թուրքիա այսօր կը յայտարարէ, որ տրամադիր է առանց նախապայմաններու բարելաւելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները: Միաժամանակ կը յայտնէ, որ իր քայլերը կը ներդաշնակէ Ազրպէյճանի հետ, որուն նախագահը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը կը համարէ Ազրպէյճանի պապենական սեփականութիւն: Կը հետեւի ուրեմն, որ թէ՛ Թուրքիոյ, եւ թէ Ազրպէյճանի համար Հայաստանի հետ բանակցութիւնները կը միտին համաթուրանական ծրագիրի գործադրութեան, թէկուզ մասնակի յաջողութեամբ ելքով:
Հայաստանի իշխանութիւնները կոյր կը ձեւանան Ցեղասպանութիւնը շարունակող երեւոյթին դիմաց ու յամառօրէն կը շարունակեն թրքական ու ազրպէյճանական շահերը սպասարկող իրենց քաղաքականութիւնը: Խաղաղութեան հաստատումը եթէ չէ հիմնուած արդարութեան վրայ, եթէ իրաւունքը անտեսուած է, խաբուսիկ խաղաղութիւն է: Բիրտ ուժին` պատերազմի միջոցով ձեռք բերուած արդիւնքին առջեւ խոնարհումը կրկնակի պարտութիւն կը նշանակէ: Պարտութենէն ետք ալ կարելի է արժանապատիւ դիրքորոշում ունենալ, իրաւունքէն ու արդարութենէն չհրաժարիլ: Այլապէս, պատերազմը հրահրելէ ետք, թերեւս պարտութիւնն ալ կազմակերպելէ ետք, խաղաղութիւն մուրացողի արգահատելի կեցուածք որդեգրելու արարքը համազօր է թշնամիին հետ համագործակցութեան:
Հայոց ցեղասպանութիւնը բնաւ չէ դադրած իրագործուելէ: Այժմ մենք վկաներն ենք անոր մէկ նոր հանգրուանին, անոր շարունակման: Դիմադրութիւնը ցեղասպանական գործողութեան աներկբայօրէն անհրաժեշտ է, անմիջականօրէն, այսօր: Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ:
aztagdaily.com/archives/544366