Երբ չի մնում ելք ու ճառ – 55 տարուայ մէջ այսպիսի բան չէր եղած – Զարեհ Եահնիեան

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Երբ չի մնում ելք ու ճառ – 55 տարուայ մէջ այսպիսի բան չէր եղած – Զարեհ Եահնիեան

24 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Երբ չի մնում ելք ու ճառ

24 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ:

– Տեսաք՞ ինչ անշնորհութիւն էր Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը օգտագործել որպէս միջոց

– Ամօթ իրենց

– 55 տարուայ մէջ այսպիսի բան չէր եղած

եւ, եւ, եւ յարձակում պահանջատէր Հ․Յ․Դ․-ի վրայ

Ես ինքս անձամբ դժգոհ եմ Հ․Յ․Դ․-ի վարած մեղմ քաղաքականութենէն որովհետեւ եթէ Յեղափոխական կուսակցութիւնը իր յեղափոխական գործունէութիւնը ծաւալած ըլլար հարկ եղած ժամանակ մենք այսօր առիթ չէինք տար մանկլաւիկներու որպէսզի համարձակէին այսպիսի արտայայտութիւններ ունենան, սա ուրիշ նիւթ է․․․

Այն բոլորը որոնք կը մեղադրեն թէ Հ․Յ․Դ․-ին որ օգտագործած է ծիծեռնակաբերդի բարձունքը քաղաքական քարոզչութիւն համար թող լաւ իմանան որ երբ չի մնում ելք ու ճառ ստիպուած կըլլաս ընել ամէն հնար․․․

Երբ իշխանութիւնները հրաժարած են ցեղասպանութենէն, երբ իշխանութիւնները քու իրաւունքով ունեցած հարթակը չեն տար քեզ, երբ ամէն առիթի գետնին քաշքշելով գրպանի ոստիկանութիւնը կը ցրէ պահանջատէր երիտասարդութիւնը ապա կարելի է օգտագործել ամէն վայր մանաւանդ եթէ այն նպատակայարմար է, առաջինը այսօր քաղաքական փոփոխութիւն կուզէն իրեն՝ք նահատակները, Ծիծեռնակաբերդի կամուրջի բնակիչները, իրենց համար է որ այսօր կը պահանջուի քաղաքական փոփոխութիւն եւ այո՝ իրենց համար կարելի է նաեւ այդ հարթակը օգտագործել երբ մնացեալ բոլորը արհեստականօրէն կը փակէն․

Այս ան-ողնաշար իշխանութիւններուն հեռացնելու համար Ծիծեռնակաբերդ թէ խոր Վիրապի փոս թէ Էջմիածնի խորան ընտրելը եթէ պիտի արթնցնէ նախկիններու հիւանդութիւնէ տառապողներուն ապա արդարացուած է որովհետեւ այս ընթացքով 100 տարի ետք սփիւռքի մէջ մատներու վրայ համրուող Հայ աշակերտը պիտի կարդայ թէ ինչպէս ծիծեռնակաբերդը խոր վիրապը եւ Էջմիածինը աւերուեցան հայ մեմլուքներու եւ անոնց հետեւորդներու շնորհիւ․․․

մահ թուրքերուն

Զարեհ Եահնիեան Բարեւս տուի անցայ գնացի

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail