Հողային ամբողջականութիւն – ըստ ինձ ատրպէյճանի տարածքին մէջ չի գտնուիր Արցախը իր Շահումեանով Գետաշէնով եւ այլ գաւառներով – Զարեհ Եահնիեան
24 ԱՊՐԻԼ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հողային ամբողջականութիւն։
Այս հարցը քիչ մը ականուած դաշտի կը նմանի եւ դժուար թէ կրնանք մեղադրել որեւէ մէկուն նախքան իմանալը թէ ինչ՞ նկատի ունի հողային ամբողջականութիւն ըսելով հետեւաբար այս տեսակի կարծիք եթէ պիտի յայտնէ որեւէ մէկը թող առաջինը ներկայացնէ քարտէզով թէ ըստ իրէն այդ երկրի հողային ամբողջականութիւնը որն՞ է որ կը ճանչնայ, օրինակ ինձ համար այսպէս է
ես եւս կը ճանչնամ ատրպէյճանի եւ թուրքիայի հողային ամբողջականութիւնները, ըստ ինձ ատրպէյճանի տարածքին մէջ չի գտնուիր Արցախը իր Շահումեանով Գետաշէնով եւ այլ գաւառներով մնացեալը կը ճանչնամ
թուրքիոյ տարածքին մէջ չի գտնուիր Կարսի Արտահանի նահանգները, սասունը, զէյթունը, Տիգրանակերտը, Տրապիզոնը եւ շատ այլ գաւառներ մնացածը այո կը ճանչնամ․
Ներքեւի քարտէզից դուրս որեւէ երկրի սահման կը ճանչնամ․․․
Իսկ այս քարտէզէն դուրս եթէ որեւէ անհատ ճանչնայ սահմանակից պետութիւններու ամբողջականութիւնը ուրեմն առաջինը պէտք է ստուգել անոր Հայկական ամբողջականութեան տոկոսը․․․
ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի
www.facebook.com/photo/?fbid=10224240080662874&set=a.10200181980185398