Թուրքիա Ինքզինք Կը Խայտառակէ՝ Ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը Յետ Պայտընի Ընդունման – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
02 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /www.thecaliforniacourier.com/
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 24 Ապրիլին գրաւոր յայտարարութիւն մը տարածած է այն մասին, որ երկրորդ տարին ըլլալով պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ահա՛ հատուած մը Պայտընի ճանաչումէն. «1915ի 24 Ապրիլին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ հայ մտաւորականներու եւ համայնքի ղեկավարներու ձերբակալութեամբ սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 20րդ դարու զանգուածային ամէնէն սարսափելի վայրագութիւններէն մէկը: Այսօր, մենք կը յիշենք մէկուկէս միլիոն հայերը, որոնք տեղահանուեցան, սպաննուեցան կամ մահուան երթի ուղարկուեցան ոչնչացման արշաւի ընթացքին, եւ կը սգանք այդքան շատ կեանքերու ողբերգական կորուստը…։ Այսօր, 107 տարի անց, ամերիկացի ժողովուրդը կը շարունակէ յարգել բոլոր հայերը, որոնք զոհ գացին Ցեղասպանութեան»:
Իր յայտարարութեան մէջ Պայտըն չորս անգամ օգտագործեց «Ցեղասպանութիւն» բառը եւ մէկ անգամ՝ «Մեծ Եղեռն» հայերէն եզրոյթը, որ կ՛օգտագործուէր զանգուածային սպանութիւնները նկարագրելու համար, նախքան Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ՝ 1940ականներուն յօրինուած Ցեղասպանութիւն եզրը: Պայտըն յիշատակեց նաեւ «օսմանեան իշխանութիւնները»՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հեղինակներ:
Մինչ հայերը կը գնահատեն Պայտընի կարեկցական խօսքերը, պէտք է յիշեցնել անոր, որ այսօր բնաջնջման նման վտանգ մը կախուած է նաեւ Արցախի գլխուն: Ան պէտք չէ հաւանութիւն տայ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օգնութեան. երկիր մը, որ մտադիր է ոչնչացնել թէ՛ Արցախը, թէ՛ Հայաստանը:
Նախագահ Պայտըն պէտք է Հայոց Ցեղասպանութեան իր բարոյական ճանաչումը վերածէ արտաքին գործնական քաղաքականութեան՝ ճնշում գործադրելով Թուրքիոյ վրայ՝ ճանչնալու իր գործած յանցանքը, հատուցելու իր նախորդ վարչակարգին կողմէ իրականացուած կոտորածները եւ վերադարձնելու բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի հողերը: Ճանաչումը առանց հատուցման՝ անիմաստ է…
Ինչպէս որ Արեւմուտքի երկիրները ոտքի կանգնեցան ի պաշտպանութիւն Ուքրանիոյ՝ տրամադրելով ռազմական եւ մարդասիրական հսկայական օգնութիւն, այդպէս ալ անոնք պէտք է պաշտպանեն Արցախը: 2020ի պատերազմին, Արցախ ենթարկուեցաւ դաժան յարձակումի, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ վարձկան «ճիհատ»ական ահաբեկիչներու կողմէ՝ իրականացնելով ռազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ: Բայց աշխարհը լուռ էր: Պէտք չէ նախընտրութիւն ցուցաբերել ժողովուրդի մը տառապանքին նկատմամբ՝ ի տես ուրիշի: Բոլոր մարդ արարածները արժանի են միեւնոյն պաշտպանութեան:
Պայտընի յայտարարութենէն բացի, Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին կապակցութեամբ յայտարարութիւններ տարածած են նաեւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Քեւըն Նիւսըմ, Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտօ, Արժանթինի փոխնախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտեզ, Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես, Յունաստանի նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլու, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս եւ այլ ղեկավարներ: Այսուամենայնիւ, Միացեալ Թագաւորութիւն, Աւստրալիա եւ Իսրայէլ այն երկիրներէն են, որոնք ցարդ Թուրքիայէն կը վախնան՝ ճանչնալու ճշմարտութիւնը մէկուկէս միլիոն հայերու զանգուածային սպանութիւններուն մասին:
Ցեղասպանութիւն իրագործող Թուրքիան եւ անոր ստրուկ պետութիւնը՝ Ատրպէյճանը, կը շարունակեն ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ բարի կամքի տէր բոլոր մարդիկ կը շարունակեն բողոքի ցոյցեր կազմակերպել՝ մերկացնելով անոնց սուտը եւ աշխարհին յիշեցնելով կոտորածներուն մասին:
Այս տարի, 23 Ապրիլին, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կը գտնուէր Ուրուկուէյի Մոնթեվիտէօ քաղաքը, խումբ մը հայեր բողոքի ցոյց ըրին անոր այցելութեան դէմ: Չաւուշօղլու ծաղրեց հաւաքուած հայերը՝ թրքական «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման յատուկ՝ ձեռքի սպառնալից «ժեսթ»ը ընելով: Մեհմետ Ալի Աղճան, որ 1981ին կրակեց եւ վիրաւորեց Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը, «Գորշ գայլեր»ու անդամ էր: Պատկերացուցէք, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նացիական նշաններ ցոյց տար Ողջակիզումէն վերապրած հրեաներուն: Ուրուկուէյի նախագահը դատապարտեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին ոչ դիւանագիտական «ժեսթ»ը, իսկ Ուրուկուէի արտաքին գործոց նախարարը իր քով կանչեց Թուրքիոյ դեսպանը՝ բացատրութիւն պահանջելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին ոչ պատշաճ պահուածքին մասին:
Այսուամենայնիւ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան սկսած է գիտակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան ընդդէմ իր ժխտողական կեցուածքին անիմաստութիւնը. տարիներ շարունակ Միացեալ Նահանգներուն սպառնալէ ետք, վերջինս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը? առ այս, Էրտողան վերածուած է մուկի մը՝ Պայտընի կողմէ անցեալ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք: Էրտողան ամբարտաւանօրէն յայտարարած էր, որ պիտի բողոքէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Այսուամենայնիւ, երբ անոնք հանդիպեցան անցեալ Յունիսին, ան չհամարձակեցաւ Պայտընին որեւէ բառ ըսել այդ մասին: Այսուհետեւ, երբ թրքական մամուլը Էրտողանի հարցուց, թէ արդեօք ան բողոքա՞ծ է Պայտընին՝ Ցեղասպանութեան ընդունման հարցով, ան անհեթեթօրէն ըսաւ. «Ո՛չ, Պայտըն այդ հարցը չէ բարձրացուցած»: Էրտողան ամբողջովին խայտառակուած էր:
Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մօտ հաւաքուած հայերուն ուղղուած պատգամին մէջ, Էրտողան Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանին գրած է. «Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է միասին կերտենք ապագան՝ ոգեշնչուած մեր հազար տարուան խորապէս արմատացած միասնութենէն՝ տառապանքը մեծցնելու փոխարէն»: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փոխարէն, Էրտողան պնդած է, որ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիները (թէ՛ հայեր, թէ՛ թուրքեր) մահացած են Համաշխարհային Ա. պատերազմին իբրեւ հետեւանք՝ տարբերութիւն չդնելով Ցեղասպանութեան եւ պատերազմի զոհերուն միջեւ: Աւելի՛ն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ կը մերժէ 24 Ապրիլին տարբեր երկիրներու կատարած յայտարարութիւնները. «Այս կը ներառէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի այսօրուան դժբախտ յայտարարութիւնը, որ կը կրկնէ 2021ին կատարուած սխալը: Մենք կը մերժենք նման յայտարարութիւններ եւ որոշումներ, որոնք կը խեղաթիւրեն պատմական փաստերը՝ քաղաքական դրդապատճառներով, եւ կը դատապարտենք անոնք, որոնք կը պնդեն այս սխալը»: Այս մասին կը յայտնէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, որ Ուրուկուէյի մէջ ձեռքի ահաբեկչական նշան կատարեց:
Նոյն ատեն, Պոլսոյ նահանգապետը արգիլեց Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները, որոնք տեղի կ՛ունենային ամէն տարի՝ 2010էն սկսեալ, բացառութեամբ վերջին երկու տարիներուն՝ համաճարակին պատճառով:
Վերջապէս, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անցեալ շաբաթ խորհրդարանին ներկայացուց համարձակ բանաձեւ մը՝ պահանջելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բացայայտել մեղաւորները, ջնջել անոնց անունները հասարակական վայրերէն եւ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն շնորհել զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն: Փայլան ենթարկուեցաւ թուրք պաշտօնեաներու դաժան յարձակումներուն: Խորհրդարանի նախագահը մերժեց անոր առաջարկը: Իշխող «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան խօսնակը Փայլանէն պահանջեց ներողութիւն խնդրել եւ սպառնաց դատ բանալ անոր դէմ: Աւելին, Էրտողան դատապարտեց Փայլանը եւ թելադրեց խորհրդարանին՝ «զբաղիլ անով»:
Եթէ թուրք ղեկավարները դէմ չեն աշխարհին առջեւ նուաստացման եւ մերկացման՝ իրենց երկրին գործած Ցեղասպանութեան ժխտման համար, ապա հայերը պիտի շարունակեն բացայայտել զանոնք՝ իբրեւ բարբարոսական գործողութիւններու կողմնակիցներ: Որքան շուտ անոնք խելքի գան, ընդունին Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում կատարեն, այնքան շուտ կ՛ազատին խայտառակուելէ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.am/417862/թուրքիա-ինքզինք-կը-խայտառակէ՝-ժխտելո/