Անդրադարձ – Հայ Դատի Կիզակէտ Տէր Զօրէն – ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Անդրադարձ – Հայ Դատի Կիզակէտ Տէր Զօրէն – ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

05 ՄԱՅԻՍ 2022 –Անդրադարձ – Հայ Դատ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Սուրիան այն երկիրն է, դէպի ուր հայ ժողովուրդը իր պապենական հողէն բռնի քշուած եւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած է, այստեղ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան ամէնէն մեծ վկայարանը` Տէր Զօրը:

Տէր Զօր կամ Տէր Էլ Զօր Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան կողմը, ընդարձակածաւալ անապատային շրջանի մը մէջ կը գտնուի, Դամասկոսէն 432 քմ հեռաւորութեան վրայ, իսկ Հալէպէն` 330 քիլոմեթր դէպի արեւելք, Եփրատ գետի եզերքը, անապատի ճիշդ պորտին վրայ:

Տէր Զօրը ընդհանրապէս հայութեան ու յատկապէս արեւմտահայոց շառաւիղներուն համար սրբավայրի վերածուած է, քանի որ մեր նախահայրերը Տէր Զօրի հրաբորբոք, կիզիչ ու խանձող արեւին տակ եւ անսահման անապատին մէջ մէկ կողմէ ճաշակեցին աշխարհի ամէնէն ծանր արհաւիրքը, իսկ միւս կողմէ` վերապրումը, փիւնիկի նման յարութիւն առին, եւ այդ իսկ պատճառով մեծ նշանակութիւն ունի:

Հայոց եղեռնապատումը սկիզբը «Համազգային սուգի օր» հռչակուեցաւ, ապա` «Յարութեան եւ վերածնունդի օր», եւ վերջապէս, ան վերածուեցաւ Հայ դատի ու պահանջատիրութեան օրուան: Ասիկա ազգային առաջնահերթութեան հրամայականի վերածուեցաւ եւ, այսպիսով, Հայ դատի առաջադրանքները դարձան ամէնօրեայ հետապնդումի առարկայ:

Ահա կ՛ուղղուիմ այն վայրը, ուր վերջին անգամ այցելած էի 2010-ին:

Նշեմ, որ 2011-ի Սուրիոյ մէջ ծագած պատերազմին պատճառով Տէր Զօրը եւս ծանր հարուած պիտի կրէր: Քաղաքին մէջ իսլամական զանազան հոսանքներու պատկանող զինեալ խմբաւորումներու եւ սուրիական բանակին միջեւ տեղի կ’ունենան ծանր մարտեր: Առ-Ռըշտիէ թաղամասը, որուն մէջ կը գտնուին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, Մեծ եղեռնի նահատակաց յուշահամալիրը եւ անոր շրջակայքը, կ’անցնի Ժապհաթ Նուսրայի (հետագային` Ժապհաթ Ֆաթհ Շամ) վերահսկողութեան տակ:

Հետեւաբար ճակատումի վայր հանդիսացած Տէր Զօրի հայերն ալ, ինչպէս` Սուրիոյ այլ անապահով շրջաններու հայեր, ներքին տեղափոխութեան ենթարկուեցան եւ համեմատաբար աւելի ապահով հայահոծ վայրեր ապաստանեցան:

Քաղաքը անապահով ըլլալուն պատճառով Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսը իր ընտանիքին հետ, այլ հայերու նման, հեռացաւ շրջանէն, եւ Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութիւնը փակուեցաւ:

Տէր Զօրի մէջ սուրիական բանակին եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միջեւ շարունակուող ռմբակոծումներու, հրթիռակոծումներու եւ կրակոցներու պատճառներով վնասներու ենթարկուեցան ազգային եւ հայկական զանազան կառոյցներ: Այնուհետեւ, նախ` 9 նոյեմբեր 2012-ին, մեծ վնասներ կրեցին Հայ առաքելական Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին եւ Մեծ եղեռնի նահատակաց յուշահամալիրը, ինչպէս նաեւ` Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին:

Աւելի ուշ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Առ-Ռըշտիէ թաղամասն ու շրջակայքը ամբողջութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուեցան: Իսկ կիրակի, 21 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին նոյն կազմակերպութեան կողմէ ականահարուեցաւ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին:

Ակնյայտ է, որ Տէր Զօրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած եկեղեցւոյ, անոր կից գտնուող թանգարանին եւ համալիրին ականահարումը ոճրագործ ձեռքերու կողմէ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձի օրը, որ ծրագրուած ոճիր մըն էր:

Ուխտագնացութեան ուղեւորութիւնս դէպի Տէր Զօր, յատկապէս` 21 ապրիլին, առանձնայատուկ իմաստ ու խորհուրդ ունի: Շուրջ 12 տարի Սուրիոյ պատերազմի պատճառով դժբախտաբար անհնար էր այցելել ուխտավայր:

Տիրող ռազմական ապահովութեան պատճառով ճամբան նախկինէն աւելի հեռու էր, եւ մենք հերթաբար կ՛անցնինք սուրիական զինուորական բանակի անցարգելները եւ շուրջ 10 ժամ ետք կը հասնինք Տէր Զօր: Ամբողջ քաղաքը, ներառեալ` հայ համայնքը, ենթարկուած է աննկարագրելի բարբարոսութեան մը: Հազարաւոր մարդիկ զոհ դարձած են ռմբակոծումներու, հազարաւոր` մարդիկ մեծ ու պզտիկ գաղթական դարձած են, շրջաններ ու կառոյցներ փլատակ դարձած են: Կը մօտենանք Առ-Ռըշտիէ թաղամասին, արդէն` չորս կողմ քանդուած, փուլ եկած կառոյցներ, տեսարանը սահմռկեցուցիչ էր, հեռուէն կ՛երեւայ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ քանդուած գմբէթին գագաթը` առանց խաչի…

Կը մօտենանք համալիր-եկեղեցւոյ. տեսարանը չափազանց ճնշիչ էր ամէն իմաստով, գրեթէ ամբողջութեամբ քանդուած, վնասուած է եւ անկէ կանգուն մնացած է միայն գմբէթը: Չորս կողմ քարուքանդ, ափսո՜ս: Փլատակներու մէջէն աճապարանքով դէպի եկեղեցի կը յառաջանամ եւ յանկարծ անկարող կ՛ըլլամ ոտքի վրայ մնալու, յուզումէս կը տատանիմ: Այս սահմռկեցուցիչ պատկերին դիմաց կարելի՞ է չյիշել ֆրանսացի մեծ բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկոն կամ միւսները, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով կամ բանաւոր արտայայտութիւններով թուրքին բարբարոս ու ոճրագործ ըլլալու իրողութեան ակնարկած էին:

ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ականապատուած ու 2014-ին ականահարուած եկեղեցւոյ ուժգին պայթումին ձայնը, որ լսուած էր Տէր Զօրի տարբեր շրջաններուն մէջ, կարծէք նոյն ուժգնութեամբ ենթագիտակցութեանս մէջ կը փայլատակէ, կը ցնցուիմ, քարացած կը մնամ տեղս` անկարող քայլափոխ մը իսկ յառաջանալու, դէմքիս արտայայտութիւնը անմիջապէս կը փոխուի, կ՛անհետանան արտայայտութեան ամէն տեսակ գիծերը: Քար մը, ծանր քար մը կ՛իյնայ կարծես սրտիս վրայ:

Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն մասունքները ամփոփող եկեղեցւոյ ականահարումն ու աւերումը անարգալից քայլ մըն էր հայ ժողովուրդին եւ անոր սուրբ նահատակներուն յիշատակին նկատմամբ:

Կատարուածը անժխտելիօրէն անմարդկային բարբարոսութիւն էր, եւ չի կրնար արդարացուիլ որեւէ կրօնի կամ գաղափարախօսութեան կողմէ, որ հիմնուած է աստուածապաշտական եւ մարդասիրական արժէքներու վրայ:

Դարձեալ հայուն «բախտ»-ն է, որ Ցեղասպանութեան խօսուն վկայ եղող Տէր Զօրը, ուր մեծ աշխատանք կատարուած էր, այս վիճակին մէջ յայտնուած ըլլայ:

Ամէն պարագայի, ահաւասիկ անգամ մը եւս վիճակուեցաւ ինծի ոտք կոխել Հայ դատի կիզակէտ Տէր Զօր, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի-համալիրը, մեր համազգային ուխտատեղին:

Եկած եմ վերանորոգելու ուխտս: Եկած եմ աշխարհի վրայ ապրող միլիոնաւոր բացակայ հայորդիներու փոխարէն աղօթելու եւ պահանջատիրական ոգիս ամրակուռ պահելու:

Սուրիոյ տարբեր նահանգներէն ժամանած ազգային պատուիրակութեան ուխտաւորներս կ՛ուղղուինք Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի դահլիճ, ուր տեղի կ՛ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Աղօթքով կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութեան բիւրաւոր զոհերը, որոնք նահատակուեցան վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց: Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն խաղաղութիւն տայ:

Բայց ամէնէն կարեւորը ես ինծի հետ երկխօսութեան մէջ մտայ:

Տէր Զօրը հայ ազգի վկայարանն է եւ անոր խորհրդանիշը` Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի-համալիրը, մեր մեծագոյն ազգային եւ հոգեւոր յուշարձանն է, ուխտավայրը:

Թուրք պետութեան իշխանութիւններուն համար Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին իր խորհուրդին ու մեծ նշանակութեան համար միշտ ալ խնդիր եղած է, քանի որ ան համազգային ուխտատեղի է, սրբարան: Պէտք էր քանդուէր, սրբապղծուէր, ինչպէս` Արեւմտեան Հայաստանի եւ այլ վայրերու մէջ գտնուող հայկական հազարաւոր սրբավայրերը:

Համալիրին քանդումէն ետք մանաւանդ, այս վայրը մեզի համար բնականաբար պէտք է ըլլայ ուշադրութեան կեդրոն, զգաստութեան, զարթնումի, ազգային ահազանգ հնչեցնող ուխտատեղի:

Մենք չենք սգար եկեղեցւոյ ականահարուած ըլլալուն, կործանած տաճարը սգալու, լացի ու ողբի տեղ չէ, այլ պահանջատիրութեան ոգին ամրապնդելու, զօրացնելու վայր է ան:

Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին մեր ուխտավայրն է, այն վայրը, որ մեզի կը յիշեցնէ մեր ինքնութիւնը, մեր արժանապատուութիւնը, ազգային արժէքները գնահատելու, ազգին շահերը պաշտպանելու, ազգային ոգին ամրապնդելու եւ պահպանելու գիտակցութիւնը ու մանաւանդ` Հայ դատի պահանջատիրական բոլոր բնագաւառները:

Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրը, որ հիմնովին քանդուած էր թրքական հովանաւորութիւն վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռամբ, իբրեւ յուշակոթող, իւրայատուկ տեղ ունէր մեր բոլոր յուշակոթողներուն շարքին: Համալիրը իր խորհուրդի տարողութեան եւ ուժականութեան համար պէ՛տք է վերակառուցուի, պիտի կառուցուի համազգային ու արաբ ժողովուրդին հետ ձեռք-ձեռքի ու վերստին դառնայ ուխտապահ հայութեան ժամադրավայրը:

Համոզուած պէտք է ըլլանք, թէ այս վայրին մէջ է, որ պիտի լսուին մեր բոլոր աղօթքները: Եւ այդ իմաստով ալ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ ուխտագնացութիւնը եւ աղօթքը սրբութիւն են հայ ժողովուրդին համար:

Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ աղօթքը միաժամանակ պէտք է արտայայտէ ազգային արժէքներու հանդէպ կորսնցուցածին վերատիրանալու կամքը, ունեցածը պահպանելու հաւատքն ու վճռակամութիւնը:

Այդ իմաստով, իբրեւ ժառանգորդը մեր սրբադասուած նահատակներուն, ցեղին ուխտը պողպատած մեր ամրակուռ հաւատքով եւ տեսիլքով վերանորոգ` եկած եմ մեր յարութեան վայրը` հաղորդուելու սրբադասուած նահատակներու մասունքներու ընդերքներէն բարձրացող վերածնեալ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբերու խորհուրդովը յաղթական:

Եկած եմ Տէր Զօր` կիզակէտը Հայ դատին:

Եկած եմ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին առջեւ սրտի պարտքի գիտակցութեամբ ուխտելու` յանուն հայրենիքի եւ ազգի գերագոյն արժէքներուն, նուիրական ձգտումներուն, որ մինչեւ մահ, մինչեւ երկինք, եւ նոյնիսկ` մահէն անդին, պիտի մնանք հաւատարիմ, պահանջատէր, յանձնառու, զինուորները` ազգի ու հայրենիքի, մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու սուրբ կտակին եւ Հայ դատին…

Ապրիլեան պահանջատիրական այս զգացումը, բոցի մը պէս միշտ վառ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ եւ իբրեւ փարոս միշտ բարձր բռնած գաղափարական այն դրօշը, զոր հայութիւնը պիտի առաջնորդէ իր անկատար տենչերուն իրականացման:

aztagdaily.com/archives/544964

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail