Կրնա՞նք Մենք Զմեզ Կառավարել – Կրնա՞նք Մենք Զմեզ Կառավարել – Վրէժ-Արմէն
06 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՍՓԻՒՌՔ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅ ԴԱՏ: ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Վրէժ-Արմէն – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հարցումը հռետորական չէ։ Անոր պատասխանէն կախում ունի՝ պիտի կարենա՞նք շարունակել գոյատեւել իբրեւ ազգ, թէ՞ ոչ։ Անշուշտ, վերնագրին «մենք»ը համայն հայութիւնն է, Հայաշխարհի ամբողջ բնակչութիւնը։
Գիտենք, սակայն, որ համայն հայութիւնը, համայն հայութեան կեանքը վարող, կառավարող «ամենայն հայոց կառավարութիւն» գոյութիւն չունի եւ նախատեսելի չէ, որ գոյութիւն ունենայ մօտիկ ապագային, գուցէ նաեւ երբեք կարելի չըլլայ, որ ան գոյութիւն առնէ։
Ասիկա կը նշանակէ՞, սակայն, թէ մենք զմեզ չենք կրնար կառավարել։
Գիտենք նաեւ, որ Հայաշխարհը իր բազմամաս կարգավիճակով չի կրնար կառավարման մէկ համակարգի տակ գտնուիլ։ Կրկնութեան ի գին՝ վերստին թուենք այդ մասերը՝
– Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ իր տարածաշրջանային շրջապատումով,
– Արցախի Հանրապետութիւնը՝ իր կորուսեալ տարածքներով ու չհաստատուած կարգավիճակով,
– Ջաւախքը՝ որպէս Վրաստանի Հանրապետութեան մասնիկ, իր ինքնութեան վտանգուած գոյութեամբ,
– Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող մնացորդացը՝ նոյնպէս վտանգուած իրավիճակով,
– Տարաշխարհը կամ արտերկիրը՝ բազմաբնոյթ, բազմադէմ, բազմա…
Այս բոլորը կառավարման մէկ համակարգի տակ չեն գտնուիր, ոչ ալ, ըստ իս, կրնան գտնուիլ։ Մտածել, թէ անոնք կրնան ղեկավարուիլ մէկ համայնական իշխանութեամբ, ոչ միայն երանաստան (utopia) է, այլեւ ցնորք։ Այդ չի նշանակեր, սակայն, որ համընդհանուր ու փոխադարձ հասկացողութեամբ հնարաւոր չէ ստեղծել կենսաձեւ մը (modus vivendi), որ լաւագոյնս ծառայէ համայն հայութեան՝ Հայաշխարհի հասարակաց շահերուն։ Գիտենք նոյնպէս, որ ասկէ առաջ շատեր ու բազմիցս արծարծած են համահայկական խորհրդարանի մը յառաջացման հարցը՝ միշտ ալ ի վերջոյ չհասնելով որեւէ շինիչ կամ գործադրելի եզրակացութեան։ Այստեղ պիտի խուսափիմ նման առաջարկներ ներկայացնելէ ու պիտի փորձեմ ներկայացնել գործելակերպ մը՝ այդ կենսաձեւին առաջնորդող։
Անկէ առաջ, սակայն, պէտք է ընդունինք մօտեցման եղանակ մը, որ դիւրացնէ մեր յառաջընթացը։ Այդ՝ համեստ նպատակակէտերով սկսիլն է։ Ապա պէտք է ընդունինք նաեւ, որ հայութեան որեւէ մասնիկ իր ներդրումն ունենալու հնարաւորութենէն պիտի չզրկուի։ Այս նուազագոյնն է, որ իբրեւ ժողովրդավարական սկզբունք պիտի որդեգրենք։
Երրորդ՝ պիտի ընդունինք մանաւանդ, որ պէտք է թօթափենք բոլոր նախապաշարումները, բոլոր կաղապարումները, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ նոր գաղափարներու։
Վերջապէս չորրորդ՝ պիտի համաձայնինք, որ որեւէ հարցի լուծման ի խնդիր ըլլալիք առաջարկ մը պիտի որդեգրուի ոչ թէ որո՛ւն կողմէ եկած ըլլալուն համար, այլ իր սեփական արժէքին եւ գործադրութեան կարելիութեան համեմատ։
Այս տրամադրութիւններով ճամբայ ելլելով՝ կ՛առաջարկեմ հետեւեալը.
– Ձեւաւորել նախնական յանձնաժողով մը՝ բաղկացած ոչ մեծ թիւով անդամներէ, որոնք կու գան Հայաշխարհի վերոնշեալ տարբեր մասերէն՝ ընդգրկելով պետական, կուսակցական ու կրօնական ներկայացուցիչներ, որոնք ունին նաեւ բանիմաց մտաւորականի վարկ ու կազմակերպչական փորձառութիւն։ Այս քայլին նախաձեռնելու առաջարկը կրնայ գալ անոնցմէ ոեւէ մէկուն կողմէ։
– Անոնք կը պատրաստեն յայտարարութիւն մը՝ բացատրելու նախաձեռնութեան նպատակը, ամենալայն տարածումը կու տան անոր՝ խնդրելով, որ փափաքողները առաջարկներ ներկայացնեն այդ գործը լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու առնչութեամբ։
– Այդ առաջարկներն ալ նկատի առնելով՝ նախնական յանձնաժողովը կը պատրաստէ կանոնագրութիւն մը, ու անոր համաձայն կը ձեւաւորուի մնայուն յանձնաժողով մը։
– Մնայուն յանձնաժողովը կ՛որոշէ կարեւորագոյն խնդիրները, որոնք նման համահայկական քննարկման պիտի դրուին, կ՛որոշէ նաեւ անոնց առաջնահերթութեան կարգը, ապա կ՛անցնի քննարկման փուլին՝ հրաւիրելով այդ նպատակով ենթայանձնաժողով մը՝ բաղկացած տուեալ քննարկելի հարցին լաւատեղեակ անձերէ։ Հերթով կրնան կազմուիլ, օրինակ՝ կրթական, մշակութային, քարոզչական, տնտեսական ու տարբեր-տարբեր ենթայանձնաժողովներ, որոնք իրենց ներկայացուած խնդիրներուն համար կը պատրաստեն առաջարկներ՝ թելադրելով, թէ ո՛ր կազմակերպութիւնները կամ անհատները պիտի գործադրեն զանոնք, ինչպէ՛ս պիտի գոյանան այդ նպատակով անհրաժեշտ նիւթական կռուանները եւ այլն։ Իսկ գործադրութիւնը կը ստանձնեն համաձայնաբար առկա՛յ մարմիններ, ոչ թէ նորեր։
Առաջին փորձին յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը նոյնպէս կը քննարկուի, եւ այսպէս, քայլ առ քայլ կը զարգանայ հարցերուն համահայկական առումով մօտենալու գործելակերպը։
Հնարաւո՞ր է, թէ՞ հնարաւոր չէ։ Եթէ հնարաւոր ըլլայ, կը գիտնանք, թէ բաւական հասուն ենք մենք մեզ կառավարելու տեսակէտէն։ Եթէ հնարաւոր չըլլայ, Աստուած օգնէ մեզ…
yerakouyn.com/2022/05/05/կրնա՞նք-մենք-զմեզ-կառավարել-վրէժ-արմէ/