Ալիեւ Հայերը Կը Մեղադրէ Բարբարոսութեան Մէջ՝ Խաղաղութիւն Հաստատելու Մասին Խօսելու Ընթացքին – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Map of historic Armenia

Ալիեւ Հայերը Կը Մեղադրէ Բարբարոսութեան Մէջ՝ Խաղաղութիւն Հաստատելու Մասին Խօսելու Ընթացքին – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

06 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /www.thecaliforniacourier.com/

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

29 Ապրիլ 2022ին, նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ հրաւիրած էր միջազգային համաժողով՝ «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» խորագիրով, որուն մասնակցած են 23 երկիրներէ 40 պաշտօնատարներ: Համաժողովը տեւած է աւելի քան երեք ժամ: Ալիեւի ներածական կարճ խօսքին յաջորդած են երկարաշունչ պատասխաններ՝ տրուած օտարերկրեայ շողոքորթող հիւրերու տասնեակ հարցումներուն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Ատրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց փոխնախարար, համաժողովը հիւրընկալող ADA (Ատրպէյճանի դիւանագիտական ակադեմիա) համալսարանի տնօրէն Հաֆիզ Փաշաեւ: Ան ըսած է, որ համաժողովը «նուիրուած է Մեծ Յաղթանակին եւ ատրպէյճանական հողերու ազատագրման»: Համաժողովին նախորդ օրը մասնակիցները շրջագայութեան տարուած են դէպի Ֆիզուլի եւ Շուշի: Փաշաեւ ըսած է. «Մեր հիւրերը կրցան տեսնել նաեւ հայկական բռնագրաւումէն մնացած բարբարոսական աւերածութիւններու որոշ հատուածներ»:

Ալիեւ իր ելոյթին մէջ նշած է, որ 2020ի պատերազմի «յանձնատուութենէն» ետք, Հայաստան վերջերս ընդունած է «Ատրպէյճանի կողմէ առաջ քաշուած խաղաղութեան հինգ հիմնական սկզբունքները»: Ան ըսած է, որ Ատրպէյճան կորսնցուցած էր խաղաղութեան կարելիութիւնը «երեսուն տարիով՝ անջատողականութեան եւ հայկական բռնարարքներու պատճառով…։  Անձամբ ես, երբե՛ք չեմ մոռնար վայրագութիւններն ու բարբարոսութիւնը»:

Ալիեւ կոչ ըրած է հայերուն՝ «վերջ դնել Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն իրենց տարածքային պահանջներուն…։ Կարեւոր է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը եւ երկրի քաղաքական շերտաւորումը ամբողջութեամբ հասկնան այդ եւ մէկանգամընդմիշտ դադրին վրէժխնդիր ըլլալէ…։ Սա անարդիւնաւէտ է, այլապէս՝ Հայաստանի համար անիկա նախկինէն աւելի ցաւալի պիտի ըլլայ…: Բացարձակապէս անտրամաբանական է տարածքային պահանջներ ներկայացնել Թուրքիոյ, որ ունի աշխարհի յառաջատար տնտեսութիւններէն եւ շատ քիչ գոյութիւն ունեցող յառաջատար բանակներէն մէկը: Հայերը պէտք է «հրաժարին բոլոր պատրանքներէն»:

Ալիեւ նոյնիսկ համարձակած է նախազգուշացնել հայերը՝ «դադրեցնելու բանակը վերակառուցելու, հզօրանալու եւ հինգ միլիոն բնակչութիւն ունենալու բոլոր փորձերը, զորս անոնք յայտարարած են իբրեւ իրենց պետական ծրագիրը՝ աւելի ուշ իրենց տարածքները վերագրաւելու համար: Ասով պաշտօնապէս կ՛աւարտի անոնց պետականութիւնը»:Ալիեւ մեղադրած է Հայաստանը՝ «Ատրպէյճանի մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու եւ մեր բոլոր քաղաքները, անոնց շարքին՝ Աղդամն ու Շուշան անուանափոխելու մէ»ջ:

Ալիեւ բացայայտած է, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճան, 2020ի պատերազմին ժամանակ արգելափակած է զէնքի մատակարարումը Հայաստանին. «Մենք բազմիցս հրապարակաւ ըսած ենք, որ 44օրեայ պատերազմին ժամանակ, զինամթերքը, կանոնաւոր կերպով, օրական քանի մը բեռնատար օդանաւերով անոնք Հայաստան տեղափոխած են Ռուսիայէն: Մենք հետեւած ենք բոլոր երթուղիներուն՝ Ռոստովէն եւ Մոզտոքէն: Մենք խնդրած ենք մեր վրացի բարեկամներէն՝ փակել օդային տարածքը, եւ անոնք ըրա՛ծ են: Նաեւ խնդրած ենք մեր վրացի բարեկամներէն՝ փակել Ռուսիայէն դէպի Վրաստան ցամաքային ճամբան, որով զինամթերք կը տեղափոխէին Հայաստան, եւ այդ նոյնպէս ըրած են, որուն համար շնորհակալ ենք: Մենք նամակներ ուղարկած ենք Կասպից ծովու ափամերձ բոլոր երկիրներուն, որ թոյլ չտան ռուսական բեռնատար օդանաւերուն զէնք տեղափոխել Հայաստան: Նամակներ յղած ենք Ղազախստան, Թուրքմենիստան եւ Իրան: Բայց, ցաւօք, օդանաւերը կ՛օգտագործէին այս երկիրներու տարածքները՝ Հայաստան մուտք գործելու համար»:

Ալիեւ նաեւ ծաղրած է Հայաստանը եւ Սփիււռքը, որ կը մտածեն, թէ «ամբողջ աշխարհը պարտական է իրենց ամէն բանի մէջ, եւ թէ մէկը կու գայ կը պաշտպանէ զանոնք, ուրիշ մը կու գայ կը կռուի իրենց համար, այլ մը կու գայ դրամ եւ ամէն ինչ կու տայ իրենց, իսկ իրենք կը նստին ու կը շահագործեն իրենց վիճայարոյց ու կասկածելի՝ այսպէս կոչուած ողբերգութիւնը»:

Ալիեւ հայերը մեղադրած է յօգուտ Ատրպէյճանին կորսնցուցած տարածքները ականապատելու մէջ, պատերազմէն դուրս գալէն կարճ ժամանակ առաջ եւ 10 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրած «յանձնատուութեան արարք»էն անմիջապէս ետք. «Մենք իրենց 10-20 օր ժամանակ տուած էինք այդ տարածքներէն հեռանալու համար՝ 10 Նոյեմբերին ստորագրուած պայմանագիրին հիման վրայ: Բայց անոնք այդ մէկը օգտագործեցին ականապատելու, իրենց չկառուցած բայց բնակութիւն հաստատած տուները այրելու, ծառեր կտրելու եւ բնապահպանական այլ աղէտներ պատճառելու համար»: Ան ըսած է նաեւ, որ նոյն այս ժամանակամիջոցին, հայերը «աւերած են 30 ջրաելեկտրակայան»:

Ալիեւ ստապատիր խօսքերով պնդած է, թէ Ատրպէյճան հանդուրժող, բազմամշակութային երկիր է, եւ իբրեւ օրինակ՝ նշած է Բաքուի կեդրոնը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ գոյութեան մասին: Եկեղեցւոյ մէջ «հինգ հազար հայերէն գիրք կայ», ըսած է ան՝ թաքցնելով, որ եկեղեցին արդէն իսկ կը գործէ ոչ թէ իբրեւ սրբատեղի, այլ՝ իբրեւ գրադարան:

Ալիեւ իր հիւրերուն վստահեցուցած է, որ «Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերը մենք կը համարենք մեր քաղաքացիները: Յոյսով ենք, որ շուտով անոնք նոյնպէս կը հասկնան, թէ ապրելով իբրեւ Ատրպէյճանի քաղաքացի՝ կ՛ունենան բոլոր իրաւունքները, եւ անոնց ապահովութիւնը պաշտպանուած կ՛ըլլայ: Ատրպէյճան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, բազմազգ երկիր է: Հոն ապրող բոլոր ցեղային խումբերը, անոնց շարքին նաեւ հայերը, կ՛ապրին խաղաղ ու արժանապատիւ: Մենք հայկական փոքրամասնութիւն ունինք, եւ անոնք որեւէ խնդիր չեն ունեցած այդ առումով»: Ալիեւ յոյս ունի, որ բոլորը մոռցած կ՛ըլլան Ատրպէյճանի մէջ հազարաւոր հայերու բազմիցս կրկնուող ջարդերուն մասին:

Ալիեւ պնդած է, որ Ատրպէյճան արդէն որոշ հաղորդագրութիւններ կը ստանայ Ղարաբաղի հայերէն՝ շատ դրական պատգամներով: «Մենք արդէն սկսած ենք քանի մը նախնական շփումներ, տարբեր մակարդակներով: Չեմ ուզեր շատ մանրամասնութիւն տալ, բայց ըսեմ, որ այդ արդէն սկսած է, եւ ինքնին անգամ մը եւս ցոյց կու տայ մեր մտադրութիւնը: Անոնք կրնան ըլլալ տնտեսական արագ զարգացման մէկ մասը, կրնան իրենք զիրենք շատ աւելի ապահով, պաշտպանուած եւ հանգիստ զգալ միասնական ատրպէյճանական պետութեան կազմին մէջ, բայց անոնք նախ պէտք է հրաժարին իրենց անջատողական միտումներէն եւ անջատողական նկրտումներէն»:

Ապա անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յառաջիկայ բանակցութիւններուն՝ փոխադարձաբար իրենց սահմանները զատելու եւ գծելու համար, Ալիեւ պնդած է, որ կան քարտէսներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Երեւանն ու Զանգեզուրը «եղած են Ատրպէյճանի մաս»:

Իր ելոյթին ընթացքին, Ալիեւ հակադրուած է Ռուսիոյ՝ պատասխանելով Ուքրանիոյ մասին հարցումին: «Մենք կ՛աջակցինք Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան…։ Ամէնէն կարեւորը՝ երբեք պէտք չէ համաձայնիլ բռնագրաւման հետ», ըսած է ան:

Ի վերջոյ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անարգելով Ալիեւը՝ յիշեց, թէ ինչպէ՛ս ան ըսած է. ««Ղարաբաղը Հայաստան է»: Հիմա ի՞նչ կ՛ըսեն: Հիմա կ՛ըսեն՝ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է»: Իսկ ո՞վ կ՛ըսէ. նոյն մարդիկը, որոնք 2019ին կ՛ըսէին՝ «Ղարաբաղը Հայաստան է»»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.am/418375/ալիեւ-հայերը-կը-մեղադրէ-բարբարոսութե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail