Ձայն մը Քանատայէն – կրթական պայթիւն մը կը հնչեցնէ Քեպէքէն․․․ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – Զարեհ Եահնիեան
06 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ձայն մը Քանատայէն
Վերնագիրը վստահ եմ որ ոմանց հարազատ պիտի թուի որովհետեւ 38 տարի առաջ 1983 թուականին Լիզպոնի մէջ Հայրենիքի համար նահատակուած 5 երիտասարդներու գործողութիւնը Լիբանանեան Ազդակ օրաթերթը իր խմբագրականով վերնագրեց «Ձայն մը Լիզպոնէն»․
Լիզպոնի Ձայնի հեղինակներէն Սիմոն Եահնիեանի Հօրաքրոջ թոռնուհին իր ոճով ուրիշ ձայն մը կը հնչեցնէ, ուրիշ պայթիւն մը, կրթական պայթիւն մը կը հնչեցնէ Քեպէքէն․․․
Լալէն համագործակցելով Հայ դատի եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնքով նպատակը դարձուց իրականութիւն եւ այսօր արդէն Quebec Նահանգի ուսանողները առիթ պիտի ունենան ուսումնասիրելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը, թուրքը որքան փորձէ փակել ցեղասպանութիւն բառի արմատը չի յաջողիր որովհետեւ աշխարհը այսօր գիտէ որ եթէ կուզես առաջքը առնել որեւէ բանի ապա պիտի անոր ծանօթ ըլլաս ամէն մանրուքներով, եթէ այսօր աշխարհը չի ցանկանար տեսնել նոր ցեղասպանութիւն ուրեմն պիտի լաւ ուսումնասիրէ կատարուած ցեղասպանութիւնները․․․
Պայքարի, կռուի դաշտերը չափազանց լայն են եւ ամէն Հայ պարտաւոր է իր ոլորտի մէջ պայթեցնելու իր ռումբը․․․
Վարձքդ կատար Սիրելի լալէ, թող այս ձայնը օրինակ ծառայէ բոլորին անխտիր․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
Հ․Գ․ Հայաստանի կրթութեան նախարարութիւնը ջանք եւ ճիգ չի խնայէր որպէսզի հեռու մնայ ցեղասպանութիւն բառէն իսկ Քեպէքի նախարարութիւնը զայն կընդունի որպէս առարկայ․․․
ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ