Պայտըն Կ՛ուզէ Զէնք Ծախել Թուրքիոյ, Մինչդեռ Անգարա Ներսէն Կը Քանդէ ՆԱԹՕն – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Historical Armenia, according to Encyclopedia Britannica. The territory of Greater Armenia is highlighted in orange, Byzantine Armenia, or Lesser Armenia, in green, Cilician Armenia in purple, and the Republic of Armenia in yellow Photo by

Պայտըն Կ՛ուզէ Զէնք Ծախել Թուրքիոյ, Մինչդեռ Անգարա Ներսէն Կը Քանդէ ՆԱԹՕն – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

19 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: /www.thecaliforniacourier.com/

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ամերիկահայ համայնքը ամէն օր քիչ մը աւելի կը հիասթափի նախագահ Ճօ Պայտընի հակահայկական արարքներէն: Ցարդ, ան աւելի վնաս հասցուցած է Հայաստանի շահերուն, քան՝ օգուտ:

Անցեալ տարի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն 24 ժամ առաջ, նախագահ Պայտըն հրաժարեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ազատութեան աջակցութեան գծով 907րդ յօդուածէն, այսպիսով թոյլ տալով Միացեալ Նահանգներուն՝ տարբեր տեսակի օգնութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին, ներառեալ «ապահովութեան» օգնութիւն:

Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր հաշուապահական գրասենեակը (GAO) կը յայտնէ, որ 2002էն 2020, Միացեալ Նահանգներու պետական բաժանմունքը, պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի նախարարութիւնները եւ միջազգային զարգացման գործակալութիւնը Ատրպէյճանին տրամադրած են 808 միլիոն տոլարի ամերիկեան օգնութիւն, որուն 164 միլիոնը (20 տոկոսը)՝ «ապահովութեան» օգնութիւն: 31 Մարտ 2022ին, Պաքուի մօտ Ամերիկայի դեսպանը «Թուիթըր»ի վրայ հպարտութեամբ գրեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը տակաւին վերջերս 30 միլիոն տոլարի «սարքաւորում» նուիրեց Ատրպէյճանին: Անիմաստ է օգնութիւն ցուցաբերել քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանին, որ կը լողայ քարիւղի միլիառաւոր տոլարներուն մէջ: Ասիկա Միացեալ Նահանգներու հարկատուներու դրամին ամբողջական մսխում է:

Վերջերս, լսումներու ժամանակ, երբ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ հարց ուղղեց պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, թէ՝ ինչո՞ւ պետական բաժանմունքը Քոնկրեսին չզեկուցեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմական հաւասարակշռութեան վրայ Պաքուի տրամադրուող օգնութեան ազդեցութեան մասին, Պլինքըն խուսափողական պատասխան տուաւ՝ խոստանալով ուսումնասիրել զայն:

Թէեւ նախորդ նախագահները նոյնպէս հրաժարած էին 907րդ յօդուածէն՝ այսպիսով օգնութիւն ցուցաբերելով չափազանց հարուստ Ատրպէյճանին, Ճօ Պայտըն 2020ի իր նախագահական քարոզարշաւին ընթացքին խստօրէն քննադատած էր նախագահ Տանըլտ Թրամփը, 907րդ յօդուածէն հրաժարելուն համար: Այսուամենայնիւ, նախագահ դառնալէն ետք, երեք ամսուան ընթացքին ան ըրաւ այն, ինչ Թրամփ ըրած էր:

Ի՞նչ իմաստ ունի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ յետոյ զէնք տրամադրել Ատրպէյճանին՝ հայերու սպանութիւնը շարունակելու համար, ինչպէս եղաւ 2020ի պատերազմին: Մեզի գործ պէտք է, այլ ոչ թէ դատարկ խօսքեր:

Պայտընի վարչակազմին հերթական կոպիտ սխալը՝ Միացեալ Նահանգներուն զէնքը երրորդ երկիրներու փոխանցելու արգելքին չկիրարկումն է: Այս խախտման վառ օրինակ մըն է 2020ի Արցախի պատերազմին ժամանակ, Թուրքիոյ կողմէ ամերիկեան «F-16» ռազմական ինքնաթիռներու օգտագործումը Ատրպէյճանի մէջ: Աւելին, Միացեալ Նահանգները չարգիլեց թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերու ամերիկեան մասերու վաճառքը, որոնք առանցքային դեր խաղացած էին 2020ի պատերազմին ընթացքին:

Պայտընի վարչակազմը նուազեցուց Հայաստանին յատկացուող օգնութիւնը մինչեւ 24 միլիոն տոլար եւ յատկացուց չնչին քանակութեամբ մարդասիրական օգնութիւն Արցախէն տեղահանուած հազարաւոր հայերու, միաժամանակ ընդունելով, որ անոնք կը գտնուին «մարդասիրական ծանր ճգնաժամ»ի մէջ:

Պայտընի վարչակազմին միւս թերութիւններն են.

1. Անիկա ճնշում չէ գործադրած Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի հայ գերիները անմիջապէս ազատ արձակուին Պաքուի բանտերէն, 2020ի պատերազմի աւարտէն ետք:

2. Չէ դատապարտած Թուրքիոյ կողմէ իսլամական ահաբեկիչներու հաւաքագրումն ու տեղափոխումը, 2020ի Արցախի պատերազմին Ատրպէյճանի կողմէ անոնց մասնակցութեան նպատակով:

3. Չէ քննադատած 2021ի Մայիս 12էն ի վեր ատրպէյճանական զօրքերու ներխուժումը Հայաստանի տարածք:

4. Ձախողած է քայլերու ձեռնարկել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ մարդկային իրաւունքներու զանգուածային խախտումներուն կապակցութեամբ, մինչդեռ նախագահ Պայտըն կեղծաւորաբար կը խօսի այն մասին, թէ մարդկային իրաւունքները կը հանդիսանան Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան հիմնական մէկ դրոյթը:

Փոխարէնը, մենք կը լսենք Միացեալ Նահանգներու կրկնուող կոչերը՝ աջակցելու «Հայաստան-Թուրքիա հաշտեցման» եւ «Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր»ի կնքման, որոնք կը հակասեն Հայաստանի ազգային շահերուն:

Զարմանալի է, որ Պայտընի վարչակազմը դեռ նոր տեղեկացուց Քոնկրեսը, թէ կ՛աջակցի Թուրքիոյ հրթիռներու, ռատարներու եւ արհեստագիտութեան վաճառքին, անոր ունեցած «F-16» կործանիչներուն համար: Բացի այդ, Թուրքիա խնդրած է գնել 40 նոր «F-16» ինքնաթիռներ:

Պայտընի վարչակազմը կը սխալի այն մասին, որ Թուրքիոյ առաջարկուող զէնքի վաճառքը «կը ծառայէ ՆԱԹՕի շահերուն»: Իրականութեան մէջ, այս վաճառքը Քոնկրեսին մէջ կը բախի դժուար պայքարի, քանի որ Քոնկրեսի 60 անդամներ արտայայտած են իրենց խիստ հակառակութիւնը այգ գծով:

Հակառակ Պայտընի վարչակազմի պնդումներուն, Թուրքիոյ առաջարկուող զէնքի վաճառքը կը խաթարէ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի շահերը՝ հետեւեալ պատճառներով.

1. «F-16» ինքնաթիռները Թուրքիոյ կողմէ կ՛օգտագործուին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ՝ ռմբակոծելու համար քիւրտ զինեալներ, որոնք Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներն են ընդդէմ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն, որոնց կ՛աջակցի Թուրքիան:

2. Թուրքիա կ՛օգտագործէ «F-16» ինքնաթիռներ՝ շարունակելու համար իր անօրինական ներխուժումները դէպի ՆԱԹՕի անդամ Յունաստանի տարածքային ջուրերը:

3. Թուրքիա կ՛օգտագործէ «F-16» ինքնաթիռներ՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալու համար:

4. Թուրքիա կը շարունակէ բռնագրաւել Հիւսիսային Կիպրոսը 1974 թուականէն ի վեր եւ կը մերժէ հեռանալ՝ հակառակ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բազմաթիւ բանաձեւերուն:

5. Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ կիրարկած է Թուրքիոյ դէմ եւ արգելափակած ամերիկեան «F-35» յառաջադէմ կործանիչներու վաճառքը՝ ռուսական «S-400» հրթիռներ գնելուն համար՝ հակառակ ՆԱԹՕի շահերուն:

Վերջապէս, մինչ ՆԱԹՕի երկիրները, որոնց շարքին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, կը դիմակայեն Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ, Ֆինլանտայի եւ Շուէտի կառավարութիւնները կը խնդրեն անդամակցիլ ՆԱԹՕին: Բացի Թուրքիայէն, ՆԱԹՕի միւս անդամները կողմ են Ֆինլանտայի եւ Շուէտի արագ անդամակցութեան: Նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը վեթօ կը դնէ այս երկու երկիրներու անդամակցութեան դիմումին վրայ՝ օգտագործելով ծիծաղելի այն փաստարկը, թէ Ֆինլանտա եւ Շուէտ դարձած են «տուն բազմաթիւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու», այսինքն՝ քիւրտ գաղթականներու համար: Ասիկա չափազանց հեգնական է, երբ կու գայ Թուրքիոյ նման երկիրէ մը, որ տարիներ շարունակ աջակցած է «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ:

Դէմ ըլլալով ՆԱԹՕին՝ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութեան, Թուրքիա յոյս ունի հասնելու հետեւեալ նպատակներուն.

1. Սպասարկել Ռուսիոյ, որուն հետ ունի ռազմական եւ առեւտրական կարեւոր կապեր: Թուրքիա ՆԱԹՕի միակ անդամն է, որ կը մերժէ պատժամիջոցներ կիրարկել Ռուսիոյ դէմ եւ փակել իր օդային տարածքը ռուսական ինքնաթիռներուն դիմաց: Թուրքիա Ռուսիոյ լրտեսն է ՆԱԹՕի մէջ:

2. Զիջումներ կորզել Միացեալ Նահանգներէն՝ զէնքի գնման եւ քաղաքական աջակցութեան հարցով, Ֆինլանտայի եւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕին միանալու թոյլտուութեան դիմաց:

Պարզ է, որ Թուրքիա՝ Ռուսիոյ դաշնակիցը, չի պատկանիր ՆԱԹՕին: Նախքան Թուրքիոյ «F-16» ինքնաթիռներ վաճառել որոշելը, ես Պայտընի կ՛առաջարկեմ կարդալ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ 29 Ապրիլ 2022ին հրապարակուած խմբագրականը՝ «Թուրքիան կը հասնի բռնակալութեան ցած նոր մակարդակ»ջ վերնագիրով:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.am/419325/պայտըն-կ՛ուզէ-զէնք-ծախել-թուրքիոյ-մին/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail