Անդրադարձ – Պետական Շահը Ընդդէմ… Ազգային Շահի՞ն – Պետական Շահը Ընդդէմ… Ազգային Շահի՞ն – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Անդրադարձ – Պետական Շահը Ընդդէմ… Ազգային Շահի՞ն – Պետական Շահը Ընդդէմ… Ազգային Շահի՞ն – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

21 ՄԱՅԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Կարօ Արմենեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Փաշինեանական դաշտէն հնչող այս այլանդակ լոզունգը փաշինեանական մտածողութեան վերջին գոհարն է: Գերադասե՜լ պետական շահը ազգային շահին: Վերջին գաղափարախօսական շե՛ղբը, որ պարտութեան վարչակարգը կ՛ուզէ խրել հայ անկախ պետականութեան մէջքին եւ վերջնականապէս զգետնել զայն:

Ո՛չ, այս մտքերը բացայայտօրէն չեն ըսուիր: Վարչակարգը զգուշ է եւ շրջահայեաց: Անոնք կը յայտնուին կողմնակի քննարկումներու բովին մէջ` հանրային մտածողութիւնը աստիճանաբար եւ անզգալաբար այլասերելու յստակ ծրագրով: Փաշինեանի անձնական խօսոյթը խաբող է եւ յաճախ դժուար զանազանելի` մեր պահանջատիրական բանաձեւերէն: Քանի մը օր առաջ էր միայն, Հոլանտայի մէջ, որ ան հրապարակաւ կը գանգատէր Ալեւի ծաւալապաշտ յայտարարութիւններէն` միշտ կրկնելով սակայն, որ իր կառավարութիւնը որեւէ առարկութիւն չունէր եւ չունի Ազրպէյճանի ներկայացուցած սկզբնական նախապայմաններուն: Կը ստիպուինք հարց տալու ամէն քայլափոխին: Ո՞ր Փաշինեանն է արդեօք խօսողը: Ո՞ր Փաշինեանն է իրականը, վստահելին: Ո՞ր Փաշինեանով դատել պարտութեան վարչակարգը: Ո՞ր Փաշինեանն է, որ պատրաստ է Արցախը յանձնելու Ազրպէյճանի իրաւասութեան: Ո՞ր Փաշինեանն է, որ մեղաւոր կը զգայ Արցախը վաղուց յանձնած չըլլալուն համար:

Իսկ հիմա` որո՞նք են այս հացկատակները, որոնք կ՛ուզեն խզել  հայ պետականութեան շահերը հայ ազգի շահերէն եւ հակադրել զանոնք իրարու: Համաշխարհայնացման ո՞ր ճահիճներուն մէջ դիեցուած են այս մարդիկ: Եւ ինչպէ՞ս կրցած են հասնիլ իշխանութեան դիրքերու եւ բացէ ի բաց ձեռնարկա՛ծ` հայ ազգային գաղափարի կազմալուծման գործընթացին:

Յանկարծ նոր «հերոս»-ներ կը ձեւակերպուին մոլորեցնելու համար մատղաշ մտքերը մեր նորահաս սերունդին: Վասակ Սիւնիի ժխտական խորհրդանիշն է, որ յանկարծ կը «ձերբազատի» հայրենադաւութեան իր յատկանիշներէն եւ օր ցերեկով կը հակադրուի Վարդանի հերոսական կերպարին… Իրենք Վասա՛կն են, անշուշտ, իրենց իսկ բնորոշումով եւ ռէալփոլիթիքի անսահման իմաստութեամբ օժտուած, եւ իրենց գործը շարունակաբար կը խանգարէ Վարդան սպարապետը: Յաջորդը երեւի Վեստ Սարգիսն է… Կ՛ապրինք շրջուած չափանիշներու աշխարհին մէջ: Bizarro ոլորտն է, ուր ամէն ինչ իր հակատիպով կը փոխարինուի: Թշնամին այլեւս թշնամի չէ: Մե՜նք ենք, որ թշնամացուցած ենք զինք մեզի դէմ: Մե՜նք ենք, որ քանդած ենք մեր տունը: Մե՜նք ենք,  որ կը մշտնջենաւորենք Ցեղասպանութեան գաղափարը եւ անկարելի կը դարձնենք մեր հաղորդակցութիւնը մեր ցեղասպան հարեւաններուն հետ: Մե՜նք ենք, որ կը հարուածենք հայ պետականութեան անվտանգութիւնը` մերժելո՜վ մեր հայրենիքը յանձնել թշնամիին:

Հայ քաղաքական միտքը վաղուց կրցած է զանազանութիւն դնել Վասակ Սիւնիի դաւաճանական եւ Վահան Մամիկոնեանի իմաստուն եւ հայրենանուէր կերպարներուն միջեւ: Երկուքն ալ` մարզպաննե՛ր Իրանի Սասանեան կայսրութեան: Մենք գիտակցած ենք, որ շատ բարդ է հայ անկախ պետականութեան ճակատագիրը: Մենք կրցած ենք զանազանել ազգանուէր մարզպանը ազգուրացէն: Մեծ նախանձախնդրութեամբ մենք կրցած ենք հայ անկախ պետականութեան պատմական միջավայրը անխաթար պահել մեր մտքերուն եւ կեանքերուն մէջ եւ ազա՛տ` ամէն տեսակի աղաւաղումներէ: Հայ անկախ պետականութիւնը խորհրդանշուած է Վարդանով եւ իր հանճարեղ եղբօրորդի` Վահանով եւ շատ ուրիշ նուիրեալներով: Մենք գիտցած ենք տարբերութիւնը արժանապատիւ պետականութեան եւ ստրկական կարգավիճակին:

Տարբերութի՛ւնը` Վահանին եւ Վասակի՛ն: Մենք գիտցած ենք ճակատ յարդարել բոլոր այն ուժերուն դէմ, որոնք եկած են իրենց թաթին տակ առնելու մեր հայրենիքը: Մենք այդ մէկը ըրած ենք` շնորհիւ Հայկ նահապետին, Սասունցի Դաւիթին, Վարդան Մամիկոնեանին, Արամ Մանուկեանին, մեր բոլոր ֆետայիներուն, արդարահատոյց գործի մեր զինուորագրեալներուն, Վահան Մամիկոնեանին եւ բազում ուրիշ հայկազուններու, որոնք իրենց վիպական եւ իրական կենսագրութեան եւ իրենց արութեան գործերու ուժով միշտ կ՛ապրին մեր մէջ եւ երբեք չեն դադրիր ապրելէ: Եւ մենք կրցած ենք հպարտօրէն մաքուր պահել ազգին խղճմտանքը բոլոր դաւաճաններէն: Մենք շանսատակ ըրած ենք զանոնք առանց բացառութեան եւ այնպիսի բացարձակութեամբ, որ ոչ ոք փորձէ յաւակնիլ այդ բացառութեան: Հայ ազգի համբերութիւնը շատ երկար է, բայց` ոչ այնքան երկար, երբ հարցը կը վերաբերի ազգադաւութեան: Պէտք չէ չարաշահել ազգին համբերութիւնը:

Խօսելով «պետականը ընդդէմ ազգային»-ի կեղծ ստորոգութեան մասին` կարեւոր է միշտ յիշել, որ հայ անկախ պետականութիւնը բազմազգ դաշնութիւն մը չէ, ուր յաճախ երեւան կու գան ազգութիւններու եւ դաշնային պետութեան միջեւ շահեր հաշտեցնելու ամէնօրեայ խնդիրները: Հայաստանը ազգային պետականութիւն է, որուն գերագոյն շահերը նոյն այն շահերն են, որոնք նուիրագործուած են որպէս հայ ազգի ազգային գերագոյն շահերը: Այդ երկուքը չեն կրնար տարբերիլ իրարմէ: Անոնք չեն կրնար ապրիլ իրարմէ անկախ: ԱՆՈՆՔ ԿԸ ՍԱՀՄԱՆԵՆ ՄԷԿԶՄԷԿՈՒ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ` ԻՐԵՆՑ ԻՐԱՐՄԷ ԱՆՔԱԿՏԵԼԻՈՒԹԵԱՄԲ: ԱՆՈՆՔ ԿԸ ԲԻՒՐԵՂԱՑՆԵՆ ՄԷԿԶՄԷԿՈՒ ԻՄԱՍՏՆ ՈՒ  ԷՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՆՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ՆՈՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ԾՆՈՒՆԴ ԿՈՒ ՏԱՆ ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԹԹԽՄՈՐԻՆ:

Այդ շահերը բանաձեւող ծաւալուն գրականութիւն մը գոյութիւն ունի, զոր պէտք է իւրացնէ ամէն սերունդ ու կերպաւորէ իրը եւ փոխանցէ յաջորդներուն: Նաեւ` ծաւալուն բանահիւսութի՛ւն մը, որով ան պէտք է շարունակաբար թրծուի որպէս քաղաքացի հայոց հայրենիքին: Այդ շահերը արտայայտութիւն գտած են նաեւ երկու կարեւոր հռչակագրերու մէջ: ՀՀ Անկախութեան հռչակագիրը եւ 2015-ին իւրացուած Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համազգային հռչակագիրը: Այդ շահերը նաեւ բանաձեւուած են ՀՀ սահմանադրութեան բազմաթիւ յօդուածներով եւ ստացած` հանգանակի բնոյթ: Եւ` Հայաստանի Հանրապետոութեան զինանշանո՛վ, որուն բովանդակութիւնը ճշդուած է Ա. Հանրապետութեան օրէնքով, եւ որ նաեւ նուիրագործուած է ներկայիս գործող ՀՀ սահմանադրութեան հետեւեալ  յստակ բնորոշումով.

«Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանն է. կենտրոնում, վահանի վրայ, պատկերուած են Արարատ լեռը` Նոյեան տապանով, եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւնների զինանշանները: Վահանը պահում են արծիվը եւ առիւծը, իսկ վահանից ներքեւ պատկերուած են` սուր, ճիւղ, հասկերի խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն»:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն տարբերութիւններ փնտռել մեր պետականութեան շահերուն եւ մեր ազգային գերագոյն շահերուն միջեւ, թող նախ հակեն իրենց գլուխները եւ ուսումնասիրեն  եւ հասկնան էութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին եւ թօթափեն իրենց ուղեղներէն երկրին պարտադրուած հին, անհարազատ եւ ապազգային ժառանգութիւնը: Այդ ժառանգութիւնն է, որ անհամատեղելի է հայ անկախ պետականութեան արժեհամակարգին հետ: Եւ, անշուշտ, հայ մարդու արժանապատուութեա՛ն:

15 մայիս 2022

aztagdaily.com/archives/546447

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail