Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԱ. Հայկազեանի Հրթիռները – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԱ. Հայկազեանի Հրթիռները – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

23 ՄԱՅԻՍ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեանharoutchekijian.wordpress.com

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Նախորդող Ժ. մասով նշուած «Մայրի 7»-ի թնճուկը կարելի եղաւ լուծել: «Արարատ» օրաթերթը «Մայրիներ 7` ձախողութիւն» (1) խորագիրով (պէտք է «Մայրի 7» եզակի ըլլայ*) կը հաստատէ առաջին «Մայրի 7»-ին պայթիլը 12 մայիս 1966-ին: Իսկ առանց նշելու յաջորդ հրթիռին անունը, սակայն նշելով, որ «Մայրի 8»-ին կը նախորդէ, «Լիբանանեան նոր հրթիռ մը արձակուեցաւ երէկ» 30 յուլիս 1966 խորագիրով լուրը կը հաղորդէ (2): Հրթիռին տուեալները յար եւ նման են «Մայրի 7»-ին. «Ունէր 3 մեթր 25 երկարութիւն: Կը կշռէր 175 քկ: Օժտուած էր 16 հազար քկ մղումով (մղիչ ուժով*) եւ ժամական 5000 քմ թռիչքի արագութեամբ»: Հետեւաբար զայն «Մայրի 7 Բ.» կոչելը սխալ չէ: Զարմանալի է սակայն, որ «Արարատ»-ի երկու լուրերուն մէջ Հայկազեանին կամ Մանուկեանին մասին որեւէ նշում չէ կատարուած:

1. «Արարատ»-ի 14-5-1966-ի լուրը` «Մայրի 7»-ի ձախողութեան մասին: 2. Մանուկեանի տրամադրած «Մայրի 7Բ.»-ի յաջող արձակումին նկարը: 3. «Արարատ»-ի 31-7-1966-ի լուրը` «Մայրի 7 Բ.»-ի մասին:

Այժմ կը մնայ միա՛յն երկու անորոշութիւն. առաջինը 4 օգոստոսէն 22 դեկտեմբեր 1966-ի միջեւ արձակուած «Մայրի 9» հրթիռին մասին է, որուն մասին ցարդ որեւէ տեղեկութիւն կարելի չեղաւ գտնել. իսկ երկրորդը` հաւանական «Մայրի 11»-ի մը մասին, քանի որ, թէեւ Մանուկեան Լիբանան չէր գտնուեր, սակայն 2011-էն ետք գրեթէ բոլոր իր ունեցած հարցազրոյցներուն մէջ կ՛ըսէ, որ իր բացակայութեան 1967-ին արձակուեցաւ լիբանանեան վերջին հրթիռը  ` առանց անունն ու թիւը տալու, եւ գիտենք, որ 22 դեկտեմբեր 1966-ին արձակուեցաւ «Մայրի 10»: Հետեւաբար, եթէ չէ սխալած, վերջին հրթիռը «Մայրի 11» պէտք է ըլլայ:

Այժմու համացանցային միջոցներով «Ազդակ»-ի եւ անձնական արխիւէս այսքանը կարելի եղաւ ներկայացնել Հայկազեանի ՀԳՀԱ-ի եւ ԼՀԸ-ի 20 կամ 21 արձակուած հրթիռներուն մասին: Բնական պայմաններու մէջ, լիբանանեան օրաթերթերու արխիւներէն օգտուելով, որոնք համացանցով հասանելի չեն, կարելի պիտի ըլլար ամէնէն ամբողջական պատմութիւնը վերականգնել:

4. «Լունա 2» լուսինին վրայ կ՛իջնէ (մակադրուած նկար):  5. «Լունա 9» արբանեակը, որ լուսինին վրայ յաջող էջք կը կատարէ:

Մանուկ Մանուկեան իր հարցազրոյցներուն մէջ կը նշէ, որ հրթիռներու իրենց աշխատանքին մասին սնտուկներով արխիւ ունի եւ` ժապաւէններ, որոնց մասին տարիներով հետաքրքրուող չէ եղած: Երանի թէ ինք պատրաստէ Հայկազեանի հրթիռներուն պատմութիւնը: Միւս կողմէ` կ՛ըսուի, որ 1975-1992 քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, մանաւանդ 1982-ին, երբ Իսրայէլ Պէյրութը գրաւեց, բաւական արխիւներ փճացած կամ կորսուած են: Օրինակի համար, յայտնի թղթակից-լուսանկարիչ Ասաատ Ժրատիի արխիւներուն գրեթէ կէսը անոր եղբայրը այրած է, որ թշնամիին ձեռքը չանցնի…

Անհրաժեշտ է այցելել լիբանանեան բանակի, «Լ՛Օրիան»-ի, «Նահար»-ի, «Տէյլի Սթար»-ի կամ այլ տեղական մամուլի արխիւները, քանի որ ո՛չ Հայկազեանի պարբերաթերթերը, ո՛չ «Ազդակ»-ը եւ ո՛չ ալ «Արարատ»-ը գրած են այս երկուքին մասին, թէեւ «Ազդակ»-ը գրած է 1966-ին վերջին արձակուած հրթիռին` «Մայրի 10»-ին մասին: Իսկ «Զարթօնք»-ի 1966-ի ոչ ամբողջական թիւերը tert.nla.am կայքէջին մէջ կան, սակայն չեն «բացուիր»:

Պէտք է նշել, որ 1966 թուականը նա՛եւ անջրպետը նուաճելու մրցակցութեան եւ մրցանիշներ հաստատելու տարի էր Խորհրդային Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ (3): Մինչ 1959-ին առաջին անգամ ըլլալով խորհրդային «Լունա 2»-ն շուրջ 390 քկ գնդաձեւ գիտական հետազօտական արբանեակն էր, որ շուրջ 35 ժամէն լուսին հասաւ, սակայն անոր հաղորդումները դադրեցան, երբ լուսինի մակերեսին բախելով` էջք կատարեց (4):

3 փետրուար 1966-ին, սակայն, 99 քկ խորհրդային «Լունա 9»-ն առաջին երկրէն կառավարուած արբանեակն էր, որ յաջողութեամբ լուսինին վրայ էջք կատարեց քանի մը ոստումներով, եւ անոր բարդերը շուրջ 72 ժամ տոկացին, որուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով լուսինէն հարիւրաւոր նկարներ ղրկեց կեդրոն (5): 4 ամիս ետք էր, որ Միացեալ Նահանգները «Սըրվէյըր 1»-ը հասցուցին լուսինին մակերեսը:

6. «Ճեմինի Ը-9» «Աճենա» արբանեակը անջրպետ կը ղրկէ: 7. Աստղանաւորդներ Սքաթ եւ Արմսթրոնկ կ՛ուղղուին դէպի իրենց արբանեակին խցիկը: 8.«Ճեմինի Ը-10» երկու աստղանաւորդները դէպի անջրպետ կ՛արձակէ:

Այդ տարին երկուստեք անջրպետային զանազան տեսակի այլ նուաճումներ ալ արձանագրուեցան: Օրինակ` ամերիկացի աստղանաւորդներ Տէյվիտ Սքաթ եւ Նիլ Արմսթրոնկ անջրպետին մէջ փորձեցին առաջին հանդիպում միացումը կատարել իրենց եւ քանի մը ժամ առաջ ծիրի մէջ մտած արհեստական արբանեակի մը հետ (6):

Նախ «Ճեմինի» Ը-9» արձակուեցաւ «Աճենա» արբանեակը ծիրի մէջ դնելու համար, ապա 90 վայրկեան ետք «Ճեմինի Ը-10» արձակուեցաւ, որ աստղանաւորդներուն արբանեակ-խցիկը հասցուց «Աճենա»-ի ծիրին մօտ: Եօթը ժամ «Աճենա»-ն հետապնդելէ ետք, Սքաթ խցիկէն դուրս` անջրպետ ելլելով (այս ամերիկեան երկրորդ անջրպետի մէջ «քալողն» էր, իսկ մարտ 1965-ին խորհրդային աստղանաւորդ Ալէքսէյ Լէոնովն էր ամէնէն առաջին «քալողը»*) կցումը կատարեց, սակայն այլ խանգարումի մը պատճառով անոնք նախատեսուածէն կանուխ երկիր վերադարձան:

Հայկազեանի հրթիռները լիբանանահայութեան հպարտանքի առարկան եւ խորհրդանիշերէն դարձած էին: Ես ալ` իբրեւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտ, կը յիշեմ 1966-ի Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութեան ծիրին մէջ հրթիռով մեր տողանցքը: «Ազդակ» կը գրէ (7), որ 22 նոյեմբեր 1966-ի երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ջահագնացութիւն մը կազմակերպեցին Պէյրութի քաղաքի ակումբէն դէպի Պուրճ Համուտ: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած այս տողանցքին կառքերու վրայ ցուցադրուած էին Լիբանանի մեծադիր քարտէսը, նախագահ Շարլ Հելուի մեծադիր նկարը, որուն աջին ես կեցած էի, հրթիռի մը նմանակ բնորդը եւ այլն:

9. «Ազդակ» 1966-ի Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութեան ծիրին մէջ կը նշէ ՀՄԸՄ-ի տողանցքին ընթացքին հրթիռի մը ցուցադրութեան մասին: 10. Հայկազեանի 1966-1967 տարեշրջանի ծրագիրին ուսանողական ակումբները, ուր կայ նաեւ հրթիռներու ընկերակցութիւնը, էջ 25:

Հոկտեմբեր 1966-ին մուտք գործեցի Հայկազեան քոլեճ իբրեւ ֆրեշմեն` չորս տարուան բնագիտութեան ճիւղը ուսանելու համար, ուր որ կարելի էր գիտական, ելեկտրոնային եւ ելեկտրականութեան նիւթերը ընտրելով: Հրթիռներու ակումբին խորհրդատու դասախօսներ Մանուկեանը վերջնականապէս եւ Էտուըրտ Հարթը ժամանակի մը համար Ամերիկա մեկնած էին: Հայկազեանի հրթիռներու ակումբին 1963-էն ի վեր ուսանող նախագահը` Հրայր Սահակեանը աւարտած էր արդէն եւ Հայկազեանի մէջ բնագիտութեան դասախօս էր, եւ ինչպէս նախապէս նշած էի, ան նաեւ Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութեան` ԼՀԸ-ի նախագահն էր (տես` մաս Բ., Գ., Ը., Թ.):

Նախորդող տարիներու Հայկազեանի ծրագիրին մէջ Հայկազեանի հրթիռներուն մասին լուսանկարներով յօդուած կար, սակայն 1966-1967 տարուան մուտքի ծրագիր-գրացուցակին մէջ (catalogue) մի՛այն արտադասարանային գործունէութիւններու բաժինին մէջ, էջ 25, ուսանողական ակումբներու շարքին,  առանց նկարի կամ յօդուածի, նշուած էր Գիտութեան ակումբ եւ Հրթիռներու ընկերակցութիւն (8), որոնց ես ալ անդամակցեցայ:

Սակայն 22 դեկտեմբեր 1966-ի «Մայրի 10»-ի արձակումին մասին, իբրեւ ակումբ, նախապէս տեղեակ չեղանք եւ ներկայ չգտնուեցայ այս, կամ որեւէ այլ հրթիռի արձակումին: Այն ժամանակ Հրայր Սահակեանն էր, որ առանձինն լիբանանեան բանակին հետ կ՛աշխատէր: Հաւանաբար բանակը, իր կարգին, ինչպէս Մանուկեան եւս կը հասկցնէ, զինուորական նպատակներով կ՛ուզէր այնուհետեւ լուսարձակներէ հեռու պահել հրթիռային աշխատանքները:

Մանուկեան իր հարցազրոյցներուն մէջ կ՛ըսէ, որ ըստ իր լսածին, իսրայէլեան դրդումով Ամերիկա, Ֆրանսա եւ Անգլիա, տեղ մը կը նշէ նոյնիսկ Ֆրանսայի նախագահ տը Կոլը, թելադրած են նախագահ Շեհապին դադրեցնել հրթիռներու այս փորձերը: Հաւանական է այս մէկը, սակայն նախագահ Ֆուատ Շեհապ մինչեւ 1964 պաշտօնավարած է եւ 1967-ին Շարլ Հելուն էր նախագահը, պարզապէս անունի վրիպում ըլլալու է:

Յաջորդիւ, վերջին մասով կը ներկայացուի իմ աշխատանքներս ՀԳՀԱ-ի եւ ԼՀԸ-ի մէջ, նաեւ` Հայկազեանի հրթիռներու պատմութեան ամփոփումը:

5 հոկտեմբեր 2021
(Շար. 11)

haroutchekijian.wordpress.com

————————

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին:

(1)  «Արարատ» օրաթերթ, ԻԹ. տարի, թիւ 7358 (154), 4 մայիս 1966, էջ 1:      http://tert.nla.am/mamul/Ararat_Beyrut/1966.html

(2)  «Արարատ» օրաթերթ, ԻԹ. տարի, թիւ 7424 (220), 31 յուլիս 1966, էջ 1:

(3)  https://en.wikipedia.org/wiki/1966_in_spaceflight

(4)  https://en.wikipedia.org/wiki/Luna_2

(5)  https://en.wikipedia.org/wiki/Luna_9

(6)  https://www.nasa.gov/feature/55-years-ago-gemini-viii-the-first-docking-in-space/

(7)  «Ազդակ» օրաթերթ, Խ. տարի, թիւ 222,  23 նոյեմբեր 1966, էջ 1:

(8)  Haigazian College Catalogue, 1966-1967, United printers, Beirut, p. 25:

aztagdaily.com/archives/525432

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail