«Հայ Մ՛է, Որ Սպաններ Է Թուրք Մը…» (Թուրքիոյ Ի Շահ` Արեւմուտքին Ուղղակի Եւ Անուղղակի Քարոզչութիւնը Նորութիւն Չէ) – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Անդրադարձ. «Հայ Մ՛է, Որ Սպաններ Է Թուրք Մը…» (Թուրքիոյ Ի Շահ` Արեւմուտքին Ուղղակի Եւ Անուղղակի Քարոզչութիւնը Նորութիւն Չէ) – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

04 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Վերոնշեալ խորագիրով Ֆլորա-Անահիտ «Հայրենիք» ամսաթերթի հոկտեմբեր 1963-ի թիւին մէջ (1) գրած է անզգամ «արեւմուտքցիներուն»` եւրոպացի եւ ամերիկացի, հայերուն հանդէպ վերաբերմունքին մասին հետեւեալ դրուագը.

«1918-ի զինադադարէն սկսեալ Պոլսոյ մէջ Որբահաւաք մարմինը լծուած էր տենդոտ գործունէութեան` 1915-ի արհաւիրքէն ողջ մնացած հայ որբերը որոնելու, գտնելու եւ թուրքերու, քիւրտերու քովէն զանոնք փրկելու նուիրական ուխտով:

«Որբահաւաքներէն շատերը սրտաճմլիկ պատմութիւններ ունէին, զորս կարելի չէր լսել առանց խոր յուզումի եւ խոր արցունքի:

«Այդ շրջանին էր, որ Պոլսոյ մէջ կազմուեցաւ Հայ կարմիր խաչը, կեդրոնը` Բերա: Նախագահն էր տիկին Մ.Ս.:

«Ուրիշներու հետ ես եւս գործակից անդամ եղայ անոր: Օր մը առաջարկեց շաբաթը մէկ- երկու անգամ այցելել Բանկալթիի հայ աղջկանց որբանոցը եւ ընդհանուր զարգացման հարցով զբաղիլ անոնց հետ:

«Սիրով յանձն առի:

1.- Հարեմներէ փրկուած հայ պարմանուհիներ, նկարը` Ամերիկեան նպաստամատոյցի պաշտօնաթերթէն, դեկտեմբեր 1920, ուր նկարին տակ գրուած է. «հազարներ տակաւին գերութեան մէջ են»:

«Զինադադարի այդ շրջանին էր, (1918, Ա. Աշխարհամարտին Թուրքիոյ պարտութենէն ետք*) երբ օր մը Բանկալթի, Հարպիէի զօրանոցին առջեւէն կ՛անցնէի, ուշադրութիւնս գրաւեց ընդարձակ բացաստանին կամ բակին մէջ հաւաքուած խուռն բազմութիւն մը: Տեսայ, որ ամէնքն ալ փոքրեր եւ պատանիներ էին: Գորշ խումբ մը տղոց` սեւցած, տառապած դէմքերով, աղտոտ հագուած, ոմանք ալ մինչեւ իրենց կրունկներն իջած հին վերարկուներով, պարզապէս ցնցոտիներու մէջ եւ հնամաշ կօշիկներով, առանց գուլպայի, կմախքացած թեւեր եւ ձեռքեր:

«Զօրանոցի այդ ընդարձակ շրջափակին վանդակապատէն ներս նայեցայ պահ մը, եւ սիրտս ճմլուեցաւ:

«Յանկարծ 8-10 տարեկան թուխ տղեկ մը մօտեցաւ երկաթ ձողերուն եւ «ես հայ եմ» ըսաւ ինծի թուրքերէն:

«Համակ էութեամբս ընդվզեցայ: Հայ ժողովուրդին կրած սահմռկեցուցիչ աղէտներուն բարձրագոչ պատկերն էր այդ: Բայց որովհետեւ տակաւին հաւատք ունէի քրիստոնեայ եւ քաղաքակիրթ կոչուած պետութիւններու մասին, զարմացայ, թէ ինչպէ՜ս անոնք թոյլ կու տային, որ վայրագ թուրք պետութիւնը շարունակէր ապրիլ (հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկելէ ետք), երբ անոր գոյութեան միակ իմաստը գազանութիւնն էր:

«Երբ տիկին Մ.Ս. որբուհիներով զբաղելու հարցը ներկայացուց ինծի, մեծ յօժարութեամբ ընդունեցի նուիրական այդ պաշտօնը:

«Շաբաթը յաճախ երկու անգամէն աւելի կ՛երթայի որբանոց: Կը խօսէի, կը պատմէի, կարդալ եւ զանազան կարեւոր գիտելիքներ կը սորվեցնէի նորահաս աղջիկներու այդ թշուառ բազմութեան:

«Փափաքս էր կեանքի նոր ուղիներու մէջ առաջնորդել զանոնք, դէպի լուսաւոր եւ գրաւիչ հորիզոններ տանիլ:

«Բայց ամէն անգամ, որ որբանոց կ’երթայի, կը տեսնէի, որ այդ մատաղ աղջիկներէն մէկը կամ միւսը պառկած էր: Օր մըն ալ իմացայ դառն իրականութիւնը:

2.- Ամերիկեան մարտանաւ մը` Պոլիս 1918-ին, ետին կ՛երեւին յայտնի ճարտարապետ Պալեաններուն կերտած շէնքերէն: 3.- Ամերիկացի ծովակալը եւ իր նաւաստիները` Պոլիս:

«Այդ աղջիկներու չափահասներուն մեծ մասը խլուած էր իրենց թուրք ամուսիններէն: Վարժուած էին բարեկեցիկ, հանգիստ կեանքի, իսկ հիմա որբանոցի մռայլ շրջանակի պայմանները ծանր կու գային իրենց: Դուրսէն ալ իրենց ամուսինները միջոց չէին խնայեր իրենց կիները «ազատելու» համար: Եւ այսպէս,  շատերը կը փախչէին:

«1915-ի Մեծ եղեռնին տարբեր մէկ սեւ էջն ալ այս էր…

«Մեր կարմիր խաչի կեդրոնէն հաղորդեցին, որ ամերիկեան նաւատորմի ծովակալ Պրիսթոլը թէյի հրաւիրած է, նոյնպէս` ամերիկեան նպաստամատոյցի, շուէտական, նորվեկիական, զուիցերիական եւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները: Եւ Կարմիր խաչի անդամներէն կը խնդրուէր ընդունելութեան մասնակցիլ:

«Ուշադրութիւնս գրաւեց, որ հիւրերը բոլորն ալ, այր թէ կին, շատ բարձրահասակ էին եւ երկար դէմքերով, բայց մէջերնին գեղեցիկ մէկը չտեսայ:

«Մօտեցայ շատերուն, նաեւ` ծովակալին, եւ ամէնուն հետ ալ կը խօսէի, բնականաբար, հայ ժողովուրդին կրած անլուր ցաւերու եւ տառապանքներու մասին, ինչպէս նաեւ` մեծ պետութիւններէն մեր ունեցած ակնկալութիւններուն մասին: Երբ անոնցմէ մէկուն կ՛ըսէի, որ մենք արդարութիւն կը պահանջենք, ան բացագանչեց.

«Բայց հայ մը Հալէպի մէջ թուրք մը սպաններ է»:

«Սառած մնացի, սակայն կարողացայ ըսել. «Միայն մէ՞կ թուրք: Հապա՞ մեր միլիոնաւոր սպաննուածները»:

«Քիչ-շատ զարգացած երիտասարդ թրքուհիներ, հարուստ դասակարգէն, ամէն հրապոյր կը շռայլէին Պոլիս մտնող յաղթական բանակին բարձրաստիճան սպաներէն ոմանց:

«Ատոր ապացոյցը լիակատարօրէն ներկայացուց ծովակալը»:

———-

Արեւմտեան մեծածաւալ գրականութիւն գոյութիւն ունի, որ հմայուած է եւ կը փորձէ ընթերցողը հմայել թրքական եւ օսմանեան յոռի ու անմարդկային, քրիստոնէական բարոյականութեան բոլորովին հակառակ, անոնց պալատական զեխ կեանքով, սուլթաններով, բազմակնութեամբ, պորտախաղով, անոնց հարեմներով, ծառայող գերիներով եւ այլն, նոյնի՛սկ` անոնց կատարած չարչարանքներով եւ ոճիրներով… Այս բոլորը վիպական (romantic), տարաշխարհիկ (exotic) եւ ցանկալի ու ցանկայարոյց կը նկատեն ոմանք` վերոնշեալ ծովակալին նման: Իրենց մտապատկերին մէջ թուրք բառին հետ նախանձով կ՛երեւակայեն հարեմներու եւ կիսամերկ պարուհիներու մասին, եւ ո՛չ թէ` ջարդարար ու գազանաբարոյ ժողովուրդի մը մասին, որ բռնաբարեց, սպաննեց ու տեղահան ըրաւ քրիստոնեայ հայը եւ թալանեց հայուն երկիրն ու ունեցուածքը:

Այս գրականութեան դրսեւորումներէն է նաեւ ճաշեր եւ անուշեղէններ, որոնք թէեւ թրքական ծագում չունին, սակայն թրքական կը համարուին: Օրինակ` օտարը լոխում  կակուղ անուշեղէնին «թրքական ցնծութիւն կամ հաճոյք» (turkish delight) անունը տուած է: Այսինքն թուրք բառին հետ հազարաւոր քիլոմեթր հեռու ապրող ծանծաղ ու տգէտ կարգ մը արեւմուտքցիներուն մտապատկերին մէջ ո՛չ թէ արիւնարբու ջարդարար եւ կեղտոտ թուրքը կ՛երեւայ, այլ` ցնծութիւն եւ հաճոյք, պորտախաղ, կիսամերկ կիներ եւ այլն: Այս է դժբախտ իրականութիւնը…

Միւս կողմէ, արեւմտեան գրականութեան մէջ շեշտուած է «խեղճ ու թշուառ հայերը»` առանց շեշտելու այդ վիճակին պատճառ եղող գազանաբարոյ թուրքը` կառավարութիւն եւ ժողովուրդ:

Այլ տեսակի օրինակները շատ են, սակայն ստորեւ ամերիկացի «քրիստոնեայ» միսիոնարներու վերաբերող երկու տեսակի պատկեր եւս կը ներկայացնեմ.

Երկրորդը` տարօրինակ այլ երեւոյթ մը կը նկատենք միսիոնարուհի Ալիս Քիփ Քլարքի «Նամակներ Կիլիկիայէն»-ին մէջ (2) (օրագրութիւն, Letters from Cilicia, Alice Keep Clark), ուր ինք եւ էտիթ Քոլտ, քրիստոնեայ այս միսիոնարուհիները դէպի Հաճըն ուղեւորութեան սկիզբը մարտ 1919-ին Պոլիս կը հասնին:

Պոլսոյ մէջ «զբօսաշրջութեան» համար օրիորդ Պարքըրը զինք եւ երեք այլ միսիոնարուհիներ տէրվիշներու` այր մարդոց մզկիթը կը տանի երկրորդ յարկէն դիտելու համար այս աղանդին, տէրվիշներուն միօրինակ թաւալիլը` իրենք իրենց շուրջ կլոր-կլոր դառնալը… Ինչո՞ւ կ՛ուզեն ներկայ գտնուիլ իսլամական ծէսի մը` կարելի չեղաւ հասկնալ: Երկրորդ եւ աւելի՛ զարմանալին այն է, որ Քլարք կ՛ըսէ. «Թէեւ օդը ծանր էր հոտերով ու փոշիով», հակառակ անոր, ՄԷԿՈՒԿԷՍ ԺԱՄ կը մնան այնտեղ` «վայելելու» այդ տեսարանը եւ անոնց գարշելի հոտը… Ինչո՞ւ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիները չայցելեցին…Կամ` անոնց մասին չէ գրած… Արդեօք վէ՞պ մը կարդացած էին խորհրդաւոր այս աղանդին «միսթիք տէրվիշներու» մասին եւ հմայուած էին… Կրնայ ըլլալ:

Երրորդը` պատմական ԱՄՕԹԱԼԻ ՄԵԾ ՍՈՒՏ ՄԸ` ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒՄ մըն է ամերիկացի աւագ միսիոնար պատուելի Ճէյմս Լեւի Պարթընին կողմէ:

Ամերիկացի Պարթըն իր կնոջ հետ 1885-ին Խարբերդի մէջ դպրոց մը բանալով` կը սկսի իր միսիոնարական առաքելութիւնը եւ 1894-ին Ամերիկա կը վերադառնայ: «Պարթըն լուռ, սակայն խորամանկ ղեկավար մըն էր, որ 1917-էն սկսեալ ամերիկացի միսիոնարներէն, որոնք Թուրքիոյ մէջ ծառայութենէ կը վերադառնային, անոնցմէ կը պահանջէ իրեն ղրկել մանրամասն ստորագրուած վկայութիւններ իրենց փորձառութեանց մասին: Հայոց ցեղասպանութեան մասին այս ականատեսի վկայութիւնները ծառայեցին` արթնցնելու ամերիկացի ժողովուրդը, նիւթականով նպաստելու արտերկրի այս ողբերգութեան զոհերուն մնացորդացին» (3):

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը 1919-ին Պարթընը կը նշանակէ նախագահ` Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին (ՆԻՌ, Near East Relief): Իր մասին քանի մը յօդուածներու մէջ անդրադարձած եմ (4), (5), մանաւանդ «Մերձաւոր Արեւելքի ամոքումի պատմութիւնը 1915-1930», 567 էջ կարեւոր գիրքը գրած է ան (Story of Near East relief, 1915-1930): Ցարդ գաղափար չունէի անոր Հայ դատին հանդէպ ժխտական դերակատարութեան մասին, որուն դէմ պայքարած է Վահան Գարտաշեան:

Պարթըն Համաշխարհային եկեղեցիներու խորհուրդի (World Council Of Churches)-ի պաշտօնաթերթի` «Ինթըրնեշընըլ Ռիվիու Աւ Միշըն»-ի հոկտեմբեր 1927-ի համարին մէջ «Թուրքիոյ մէջ միսիոնարական խնդիրներ» խորագիրով յօդուածին մէջ գրած է (տե՛ս յօդուածին սկիզբը` նկար 4.) «…Թուրքիան շուրջ 7-8 միլիոն բնակչութիւն ունի: Պատերազմէն առաջ բնակչութեան կարեւոր մասը հայեր, յոյներ եւ քիւրտեր էին: Պատերազմին պատճառով ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ եւ Լոզանի խորհրդաժողովի ժողովուրդներու փոխանակման որոշումին պատճառով հայերու եւ յոյներու թիւը մեծապէս պակսած է»… ԱՅՍ Ի՛ՆՉ ԱՀԱՒՈՐ ՄԵԾ ՍՈՒՏ Է պատուելիէ մը, որուն քով հաւաքուած էին Հայոց ցեղասպանութեան ականատես բոլոր ամերիկացի միսիոնարներուն վկայութիւնները (տե՛ս Արա Սարաֆեանին գիրքը (6)): Վահան Գարտաշեան Պարթընին դէմ սուր պայքար կը բանայ:

Նախ` երկու խօսք Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հիմնադիրներէն Վահան Գարտաշեանին մասին (7), (8): Ծնած է Կեսարիա 1883-ին, 1902-ին կը հաստատուի Նիւ Եորք, 1908-ին Եէյլ համալսարանէն իրաւաբան կը վկայուի, եւ ընկերոջ մը հետ կը հիմնէ փաստաբանական գրասենեակ: 1910-ին կը նշանակուի իրաւագէտ` խորհրդական Ուաշինկթընի թուրք դեսպանատան եւ Նիւ Եորքի հիւպատոսարանին:

4.- Վահան Գարտաշեան (1882-1934), Ամերիկայի մէջ ազգային գործիչ, որ պայքարեցաւ Հայ դատի համար, նաեւ` ճէյմս պարթըններու դէմ: 5.- Աւագ միսիոնար Ճէյմս Լեւի Պարթընի Հոկտեմբեր 1927-ի յօդուածին առաջին պարբերութեան ՄԵԾ ՍՈՒՏԸ (ուղղանկիւնին մէջ). Եղեր` «ժողովուրդներու փոխանակման պատճառով» եւ Լոզանի խորհրդաժողովին որոշումով Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ յոյներու թիւը մեծ չափով նուազած է… ԱՄՕ՛Թ քեզի ստախօս «պատուելի»:

Երբ կ՛իմանայ ջարդերու եւ տեղահանութիւններու մասին, կը դիմէ դեսպանին, որ փրկուի Կեսարիա գտնուող իր ընտանիքը, սակայն դեսպանին անտարբերութեան վրայ անոր երեսին կը նետէ իրեն տրուած պատուանշաններն ու վկայագիրը եւ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Այդ պահէն սկսեալ թուրքերու դէմ հրապարակային պայքարի կը ձեռնարկէ: Վահան Ամերիկայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի առաջին եւ մնայուն գործակիցը կը դառնայ եւ իր խնայած 40 հազար տոլարը կը յատկացնէ Հայ դատին:

«Գարտաշեանի մեծագոյն յաջողութիւնը կ՛ըլլայ Հայաստանի անկախութեան Կոմիտէին կազմութիւնը` դեսպան Ճերարտի նախագահութեամբ եւ բազմաթիւ ականաւոր ամերիկացիներու մասնակցութեամբ: Այս կոմիտէին ալ շարժիչ ուժը եղաւ ինքը: Իր գործունէութեան բոլոր շրջաններուն ուժգնօրէն պայքարեցաւ միսիոնար Պարթընի եւ անոր ընկերներու թրքասիրական եւ հայավնաս ձեռնարկներուն դէմ» (6):

Արմէն Գարոյի հետ, Հայաստանի բարեկամ կոմիտէին օգնութեամբ, 23 ապրիլ 1920-ին Միացեալ Նահանգները ճանչցան Հայաստանի կառավարութիւնը եւ միւս կողմէ` յաջողեցան վիժեցնել 1923-ի թուրքեւամերիկեան բարեկամական համաձայնագիրը (Լոզանի խորհրդաժողովին առընթեր*), տես «Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններուն Հայաստանի մասին դիրքորոշումները 1896-1928» յօդուածս (9):

Շնորհիւ այս կոմիտէին ջանքերուն` Միացեալ Նահանգները չճանչցան Լոզանի դաշնագիրը. «Հայաստանը եւ Լոզանի դաշնագիրը» խորագիրին տակ Դեմոկրատական կուսակցութիւնը կը յայտարարէ. «Մենք կը դատապարտենք Լոզանի դաշնագիրը: Ատիկա կը փոխանակէ (առեւտրական իմաստով*) ամերիկեան իրաւունքները եւ կը դաւաճանէ Հայաստանին` քարիւղի Չեսթըր մենաշնորհին փոխարէն:

«Մենք կը նպաստենք Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան իրաւունքներուն պաշտպանման եւ ՆԱԽԱԳԱՀ ՈՒԻԼՍԸՆԻ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԻՐԱՒԱՐԱՐ ՎՃԻՌԻ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ»:

Հարկ է նշել նաեւ, որ 18 յունուար 1927-ին ծերակոյտը, 4 տարուան բանավէճերէ ետք, կրկին մերժեց որեւէ դաշինք կնքել, կամ ճանչնալ Թուրքիան Լոզանի սահմաններով եւ այս` մինչեւ օրերս: Նախագահ Կալուին Քուլիճ (Calvin Coolidge*) ստիպուեցաւ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, որոնք խզուած էին 1917-ին, վերահաստատել հակաօրինական կերպով` առանց պաշտօնական դաշինքի: Օրին հայ-ամերիկեան համախմբումները շատ մը քաղաքներու մէջ բողոքի ելոյթներ ունեցան` դատապարտելով նախագահական այս որոշումը, իբրեւ «Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական պատմութեան մէջ ամէնէն սեւ էջերէն մէկը»* (10):

Հետեւաբար Միացեալ Նահանգները ցարդ կառչած կը մնան Սեւրի դաշնագրով որոշուած նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռին, որ կը ճշդէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը:

1 յունիս 2022
haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

(1).- «Հայրենիք» ամսագիր, 41-րդ տարի, թիւ 10, Հոկտեմբեր 1963, Պոսթըն, էջ 58-59:
(2).- «Նամակներ Կիլիկիայէն», Ալիս Քիփ Քլարք, թարգմանութիւն` Անդրանիկ Տագէսեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակութիւն, 2020, Պէյրութ, էջ 30-31:
(3).- https://neareastmuseum.com/2015/08/03/a-quiet-leader-james-l-barton-2/
(4).- Story of Near East relief (1915-1930), by James Barton, New York: Macmillan Company. 1930. Pp. Xxii, 479:
(5).- https://www.aztagdaily.com/archives/506938
(6).- Turkish Atrocities: Statements of American Missionaries on the Destruction of Christian Communities in Ottoman Turkey, 1915-1917 (Armenian Genocide Documentation Series) Ara Sarafian, Published December 15-th 1998 by Gomidas Institute.
(7).- «Ամէնուն տարեգիրքը», Կարօ Գէորգեան, Ժ տարի, 1963, տպարան «Մշակ», էջ 401-402:
(8).- https://en.wikipedia.org/wiki/Vahan_Cardashian
(9).- https://www.aztagdaily.com/archives/480094
(10).- https://www.politico.com/story/2011/02/us-turkey-resume-diplomatic-ties-feb-16-1927-049572

aztagdaily.com/archives/548041

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail