Եւրոխորհրդարանը Դարձեալ Կոչ Ըրած է Թուրքիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Եւրոխորհրդարանը Դարձեալ Կոչ Ըրած է Թուրքիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

09 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

< Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում >

< Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ >

Եւրոխորհրդարանը ձայներու 448 կողմ, 67 դէմ, 107 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ ընդունած է Թուրքիոյ առնչութեամբ տարեկան զեկոյցը։ Փաստաթուղթին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին։

Զեկոյցը, յղում ընելով Եւրոխորհրդարանի 2015 Ապրիլ 15-ի զեկոյցին, կրկին կոչ ուղղած է Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Եւրոխորհրդարանը մտահոգուած է, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը վերջին տարիներուն կը հակասէ Եւրոմիութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ընդհանուր առաջնահերթութիւններուն՝ Կովկասի մէջ։

Ան բարձր գնահատած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի որոշումը՝ սկսելու երկկողմ շփումները, եւ կոչ ուղղած է ԵՄ-ին՝ աշխուժօրէն աջակցելու այդ գործընթացին։ Նաեւ կոչ ուղղած է Թուրքիոյ՝ ճամբայ հարթելու թուրք եւ հայ ժողովուրդներու իրական հաշտեցման համար եւ ամբողջութեամբ կատարելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու իր պարտաւորութիւնները։

Զեկոյցին մէջ թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղուած է աշխուժացնելու ջանքերը՝ երկրին մէջ հայերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերուն արդիւնաւէտ լուծման համար:

Եւրոխորհրդարանը նաեւ կոչ ուղղած է ԵՄ անդամ երկիրներուն՝ քննարկելու «Գորշ գայլերու» արգելքը իրենց երկիրներուն մէջ։

yerakouyn.com/2022/06/08/եւրոխորհրդարանը-դարձեալ-կոչ-ըրած-է-թո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail