Ազրպէյճան Կ՝ուզէ Դադիվանքի Հայ Հոգեւորականները Փոխարինել Պաքուի Ռուսական Թեմի Սպասաւորներով․ Արցախի Թեմի Առաջնորդ
09 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Տեղեկութիւններ կան, որ Ազրպէյճան կ՝ուզէ դիմել ռուսական կողմին, որպէսզի Դադիվանքի հայ հոգեւորականները փոխարինուին Պաքուի ռուսական թեմի հոգեւորականներով։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան։
«Այս տեղեկութիւնները, կը կարծեմ, լիովին համահունչ են Ազրպէյճանի այսօրուան վարած քաղաքականութեան։ Իրենք ամէն ինչ կ՝ընեն, որ իրենց ուզածը կեանքի կոչեն եւ մեր հոգեւորականները հանեն Դադիվանքէն։ Իրենք տեսան, որ ուտիներու այցերով ոչինչի կրնան հասնիլ եւ դիմեցին այս տարբերակին։ Բացի այն, որ պիտի հեռացնեն հայ հոգեւականները, պիտի ըսեն նաեւ, որ ռուս խաղաղապահներու կարիք այլեւս չկայ։ Ես վստահ եմ, որ ռուս ուղղափառ եկեղեցին այդ քայլին տեղիք չի տար»,- ըսած է գերաշնորհ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան։
Արցախի թեմի առաջնորդը նաեւ յայտնած է, որ կ՝ընթանան բանակցութիւններ՝ հայ ուխտաւորներներու մուտքը դէպի Դադիվանք վերականգնելու համար։
yerakouyn.com/2022/06/07/ազրպէյճան-կ՝ուզէ-դադիվանքի-հայ-հոգեւ/