Բերձորի Յանձնումը Վտանգաւոր է Բոլոր Առումներով՝ Անվտանգութենէն Մինչեւ ՀՀ-ի Հետ Կապի Ապահովում (տեսանիւթ)
10 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
«Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան այսօր լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ վերջին օրերուն տարածուած լուրերուն, որ Յուլիսին իշխանութիւնը պիտի յանձնէ Բերձորը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։
«Բերձորի յանձնումը վտանգաւոր է բոլոր առումներով՝ ե՛ւ կապի, ե՛ւ ենթակառոյցներու յետագայ տիրապետման եւ, ի հարկէ, նաեւ անվտանգութեան առումով»,- ըսաւ ան:
Օհանեան անդրադարձաւ նաեւ այն շահարկումներուն, որ իշխանութիւնը կ՝ըսէ, թէ անընդհատ կ՝օգնէ Արցախին:
«Այդ հասարակական աջակցութիւնները, որ անընդհատ կը թմբկահարեն, թէ երբեք Արցախը այս վիճակի մէջ չէ եղած, դուք հասցուցած էք այս վիճակին, դուք ալ պարտաւոր էք օգնութիւն տրամադրելու»,- ըսաւ ան:
yerakouyn.com/2022/06/10/բերձորի-յանձնումը-վտանգաւոր-է-բոլոր-ա/