Ասատ. «Սուրիան Պաշտօնական Եւ Ժողովրդային Մակարդակի Վրայ Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան»
12 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիան պաշտօնական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ պիտի դիմադրէ թրքական որեւէ գործողութեան»:
«Սուրիական բանակը երկու տարի առաջ իրենց միջեւ բախումի ընթացքին թրքական բանակին կորուստներ պատճառեց», նշեց Ասատ:
Սուրիոյ նախագահը նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիան կ՛ենթարկուի պատերազմի, որ համայնավարութենէն ու Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ իսկ սկսած է, եւ այսօր Ռուսիոյ հզօրութիւնը կորսուած համաշխարհային հաւասարակշռութեան վերականգնում է:
aztagdaily.com/archives/548757