Վրանային դիմադրութիւն չէ, այլ՝ Հայրենիքի փրկութեան դիմադրութիւն․․․ – Րաֆֆի Տէմիրճեան
15 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ– ՍՓԻՒՌՔ :
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
Րաֆֆի Տէմիրճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Վրանային դիմադրութիւն չէ, այլ՝ Հայրենիքի փրկութեան դիմադրութիւն․․․ Վրաններով չսկսաւ շարժումը եւ վրանները վերցնելով չ’աւարտիր։ Վրանները ոչ խորհրդանիշ են, ոչ նպատակ եւ ոչ ալ պայքարի ուղենիշ։
Այլընտրանք չունինք։ Նիկոլը պէտք է հեռացուի։ Միջոցները փոփոխութեան ենթակայ են, եւ մեր ընկերները ու դիմադրութեան շարժումի անդամները առաւել եւս կը տիրապետեն կացութեան ու ծանօթ են շրջակայ պայմաններուն։
Ազատ Արցախը յանձնողը երբեք իրաւունք չունի վրաններ դնել-հանելու մասին խօսելու։ Այո՛, հող հանող-տուող իշխանութիւնը կ՛ուզէ «վրանային արշաւ»-ով դիմադրութեան մահազդը յայտարարել, որպէսզի նուազեցնէ փողոցի ճնշումը, բայց այս անգամ ալ պիտի չարդիւնաւորուի։
Չեմ հաւատար, որ այս քայլը նահանջ է։ Երբեմն մէկ քայլ ետեւ պէտք է երթալ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու քայլ առջեւ ընթանալ․․․
Կը վստահիմ Դիմադրութեան շարժումին, եւ կը հաւատամ, որ Հայրենիքիս փրկութիւնը մօտ է․․․ Հայու տեսակը անպայման պիտի յաղթէ։