ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Ուքրանիոյ Հակամարտութեան Համար Առաջարկուող Լուծման Սկզբունքը – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Ուքրանիոյ Հակամարտութեան Համար Առաջարկուող Լուծման Սկզբունքը – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

23 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւնները դադրած են մայիսի կէսէն ի վեր, եւ կողմերը զիրար կը մեղադրեն անոնց տապալումին համար: Ռուսիան կը պնդէր Ուքրանիայէն մեծ տարածքներու վրայ իր վերահսկողութեան պահպանման, իսկ Ուքրանիան կը մերժէր` հաւատալով, որ Արեւմուտքի աջակցութեամբ կրնայ ազատագրել զանոնք: Այժմ ընթացքի մէջ է բանակցութիւններու վերականգնման եւ Ուքրանիոյ հակամարտութեան էջը փակելու համար առաջարկուող լուծումի մը սկզբունքին ջատագովումը:

Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Հենրի Քիսինճըր 23 մայիսին Տաւոսի մէջ Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի ընթացքին Արեւմուտքին կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ համար ամօթալի պարտութեան մը չձգտելու` զգուշացնելով, որ ատիկա կրնայ երկար տեւողութեան վրայ վատթարացնել Եւրոպայի կայունութիւնը: Փոխարէնը` ան առաջարկեց, որ Արեւմուտքը Ուքրանիոյ ստիպէ, որ ընդունի բանակցութիւնները վարել սթաթիւ քօ անթէի` հակամարտութենէն առաջ եղող կացութեան վերադառնալու հիմամբ: Այլ խօսքով, վերադարձ այն կացութեան, ուր Ռուսիան պաշտօնապէս կը վերահսկէ Խրիմը եւ ոչ պաշտօնապէս` Լուկանսքն ու Տոնեցքը: «Կը յուսամ, որ ուքրանացիները իրենց ցուցաբերած հերոսութեան համահաւասար իմաստութիւն պիտի ունենան», ըսաւ 98-ամեայ Քիսինճըր:

Ան սթաթիւ քօ անթէի հիմամբ բանակցութիւնները իրաւամբ որակեց «իտէալական», որովհետեւ Ուքրանիոյ հարաւային ու արեւելեան շրջաններուն մէջ զինուորական գետնի վրայ ձեռքբերումներ արձանագրած ու արձանագրող ռուսական կողմը դժուար թէ համաձայն ըլլայ վերադառնալու 24 փետրուարէն` ռուսական զինուորական գործողութեան շղթայազերծումէն առաջ գոյութիւն ունեցած կացութեան:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը 19 մայիս թուակիր խմբագրականի մը մէջ արդէն ներկայացուցած էր Քիսինճըրի «իտէալական» լուծումին աւելի իրատեսական տարբերակը: Օրաթերթը նշած էր, որ խաղաղութեան հաստատման համար Ուքրանիան ստիպուած պիտի ըլլայ «տարածքային (զիջումի) ցաւալի որոշումներ» որդեգրելու: «Եթէ հակամարտութիւնը իսկական բանակցութիւններու յանգի, ուքրանացի ղեկավարներուն պիտի մնայ որդեգրել տարածքային (զիջումներու) ցաւալի որոշումներ, որոնք որեւէ փոխզիջում պիտի պահանջէ», նշուած էր ազդեցիկ օրաթերթի խմբագրականին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 15 յունիսին «Փի.Պի.Էս.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ ժողովուրդն ու նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի գլխաւորած կառավարութիւնը պէտք է առանձին որոշեն տարածքային զիջումներու կարելիութեան հարցը, Միացեալ Նահանգներ չեն պատրաստուիր իրենց դիրքորոշումը պարտադրելու: «Ուքրանիոյ ապագան ուքրանացիներու ձեռքերուն մէջ է: Այդ որոշումները պէտք է կայացնեն ուքրանացի ժողովուրդն ու ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած կառավարութիւնը, ներառեալ` նախագահ Զելենսքին: Անոր որոշելիքն է, թէ ի՛նչ կը բխի իր երկրի շահերէն: Մենք ալ պիտի զօրակցինք», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին համաձայն, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ ղեկավարներ Օլաֆ Շոլցը, Էմանուէլ Մաքրոնն ու Մարիօ Տրակին 16 յունիսին Քիեւ իրենց այցելութեան ընթացքին «փակ դռներու ետին» Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին կոչ ուղղած են վերսկսելու ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններուն: «Պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները «փակ դռներու ետին» ամենայն հաւանականութեամբ համոզած են Զելենսքին` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ բանակցութիւններու սեղան նստելու, որովհետեւ իրենց երկիրներուն կրած տնտեսական վնասը® հետզհետէ աւելի ու աւելի դժուար կը վերականգնուի», կը նշուի յօդուածին մէջ:

Այլ խօսքով, Արեւմուտքը եթէ նոյնիսկ Պլինքընի ըսածին նման իր դիրքորոշումը չի պարտադրեր, սակայն կը յորդորէ եւ կը փորձէ համոզել: Զելենսքի այժմ կը գտնուի դժուար ու անբաղձալի կացութեան մը մէջ, մէկ կողմէ գետնի վրայ ռուսական բանակին ճնշումը, ուքրանական զինեալ ուժերու օրական կրած մեծ կորուստներն ու յաւելեալ տարածքներու կորուստն են, իսկ միւս կողմէ` աջակից արեւմտեան երկիրներու ճնշումի համազօր յորդորը, որ յառաջիկային, մասնաւորաբար ձմրան եղանակի նախօրեակին կրնայ աւելի յստակ կերպով վերածուիլ ճնշումի` նկատի ունենալով եւրոպական երկիրներու ռուսական կազէն կախեալութիւնը:

Ինչպէս «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը նշեց, «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ուժեղ հարուած մը հասցուց Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու ամէնէն տկար կէտին` անոնց ընտրական ժողովրդականութեան»: Փութին պահանջեց, որ անոնք ռուսական կազի գինը ռուբլիով վճարեն: Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը պատճառ դարձաւ, որ վառելանիւթերու գիները բարձրանան` եւրոպացի քաղաքացիներուն մօտ համահաւասար նիւթական դժուարութիւն ու դժգոհութիւն յառաջացնելով: Եւրոպացի ղեկավարները այժմ կ’ուզեն, որ հակամարտութիւնը լուծուի, որպէսզի կարենան ջնջել Ռուսիոյ դէմ իրենց հաստատած պատժամիջոցները, եւ ռուսական կազի մատակարարումը վերադառնայ իր նախկին իրավիճակին, այլապէս ընտրութիւններուն մէջ կրնան սուղ գին վճարել:

Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել, որ Ուքրանիոյ հակամարտութեան առաջարկուող լուծումը հիմնուած է «տարածք` խաղաղութեան դիմաց» սկզբունքին վրայ:

Արեւմուտքի ղեկավարները ուզեցին, որ Ռուսիան պատերազմին համար սուղ գին վճարէ, սակայն իրենց քաղաքացիները եւս սուղ գին կը վճարեն, որուն իբրեւ հետեւանք` ստեղծուած է այն իսկական վտանգը, որ եւրոպացի ղեկավարները իրենք եւս իրենց երկիրներուն մէջ քաղաքական գին վճարեն: Այդ մէկը արդէն անոնց համար կարմիր գիծ է: Այժմ խաղաղութեան հաստատման համար է, որ գին մը պէտք է վճարուի, եւ կը թուի, թէ զայն վճարողը Ուքրանիան պիտի ըլլայ: Առնուազն այս է անոր աջակիցներուն մօտ արմատացող կարծիքը:

aztagdaily.com/archives/549970

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail