Ալիեւ Հայկական Կողմը Կը Յորդորէ` «Ժամանակ Չանցընելու» Սահմանազատման Հարցով
28 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
Ազրպէյճանի նախագահը կրկին ռազմաշունչ յայտարարութիւններ կատարեց Հայաստանի հասցէին` յորդորելով հայկական կողմը ընդունելու յետպատերազմական իրողութիւնները եւ ժամանակ չանցընելու սահմանազատման հարցին գծով:
Նախօրէին, այցելելով Կէօյկէօլի, Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջաններ, Իլհամ Ալիեւ զօրամասի մը բացումը կատարեց Քելբաջարի մէջ, որ արցախեան վերջին պատերազմէն ետք անցաւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
«Եթէ Հայաստան սահմաններու որոշման հարցին մէջ կրկին դիմէ իր մարտավարութեան` փորձելով ժամանակ երկարաձգել, ապա ատոր համար ինք պիտի զղջայ: Մենք ուշադիր կը հետեւինք Հայաստանի մէջ գլուխ բարձրացնող ռեւանշիստական (վրէժխնդրական) ուժերուն: Թող անոնք ալ գիտնան: Այն սարին վրայ իմ խօսքերս գրուած են` երկաթէ բռունցքը իր տեղն է, ոչ ոք թող մոռնայ այս մասին», նշեց Ազրպէյճանի նախագահը:
Թէեւ միջազգային մակարդակով հանդիպումներուն ընթացքին պաշտօնական Պաքուն կը պնդէ, որ պատրաստ է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու ու յարաբերութիւններու նոր էջ բանալու Հայաստանի հետ, սակայն, զինուորականներուն ուղղուած խօսքին մէջ Ազրպէյճանի նախագահը կրկին ռազմական ներուժին անդրադարձաւ: Ալիեւ յատկապէս յայտնեց, թէ ազրպէյճանական բանակը կը համալրուի նոր ուժերով ու զինատեսակներով եւ ալ աւելի պիտի ամրապնդէ իր սահմանները Հայաստանի հետ:
aztagdaily.com/archives/550546