Անդրադարձ – Մեր Սերունդը Եւ Մեր Նախորդները Երազեցին «Միութիւն» Եւ Չգտան. Կը Գտնե՞նք – Յակոբ Պալեան

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Անդրադարձ – Մեր Սերունդը Եւ Մեր Նախորդները Երազեցին «Միութիւն» Եւ Չգտան. Կը Գտնե՞նք – Յակոբ Պալեան

28 ՅՈՒՆԻՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Համայնագիտարան մը հաւանօրէն պիտի չբաւէ մեր գրականութեան եւ մամուլին մէջ ՄԻՈՒԹԵԱՆ մասին գրուածները հաւաքելու: Երբ այսքան խօսուած է եւ կը խօսուի ՄԻՈՒԹԵԱՆ մասին, կը նշանակէ, որ ԲԱԺԱՆՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆը եւ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄը մնայուն ախտեր են: Այլապէս չէինք խօսեր: Բաժանուած հայաշխարհ, պառակտուած ժողովուրդ:

Մեր կացութեան մէջ գտնուող ժողովուրդ մը, որուն հայրենիքին մեծ մասը բռնագրաւուած է, եւ «մնացորդաց»-ը տեւաբար վտանգի ենթակայ է, պատերազմի սպառնալիքի տակ է, ինքնիրեն հետ հաշտ եւ անկեղծ ըլլալու համար պէտք է պառկի հոգեվերլուծողի բազմոցին (le divan du psychanalyste)` բուժուելու համար. ազգը բուժելու համար իր ախտէն պէտք է պատասխանէ երեք հարցումներու. ինչո՞ւ պառակտուած ենք, ինչո՞ւ կը շարունակենք պառակտուիլ, ի՞նչ ընել, կամ չընել, չպառակտուելու համար, որպէսզի հայրենիք եւ ազգ ամբողջանան ու վերականգնին:

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը` Վլատիմիր Փութին, օրին անդրադարձած է Հայաստանի պառակտուածութեան: Բայց մենք սովորութիւն ունինք լսելու այն, ինչ որ հաճելի է մեր ականջին, ինքնասիրութեան եւ փառասիրութեան: Չենք սիրեր անհանգստացնող խօսքերը եւ հարցումները: Վլատիմիր Փութինի խօսքը մէջբերած էր Արամ Աբրահամեան, «Առաւօտ»-ի մէջ, 19 նոյեմբեր 2020-ին, եռակողմ կոչուած յայտարարութենէն տասը օր ետք:

Կ’արտագրեմ Վլատիմիր Փութինի խօսքը այնպէս, ինչպէս որ ան ներկայացուած էր Արամ Աբրահամեանի կողմէ, ըսելով, որ` «… կը ցանկանայի անդրադառնալ Փութինի մի գնահատականի, որն, իմ կարծիքով, արդար է, եւ որի մասին արժէ մտորել»: Եւ թարգմանաբար մէջբերած էր Վլատիմիր Փութինի խօսքը.

«Պատերազմող կամ ռազմական գործողութիւնների վերսկսման վտանգի տակ գտնուող երկիրը, ինչպէս միշտ եղել է նախորդ տարիներին, չի կարող իրեն թոյլ տալ նման վարքագիծ դրսեւորել, այդ թուում` իշխանութեան կազմակերպման ոլորտում, հասարակութիւնը ներսից պառակտելու համար: Սա, ինձ թուում է, բացարձակապէս անընդունելի է, հակաարդիւնաւԷտ է եւ ծայր աստիճան վտանգաւոր» (ընդգծ. Յ Պ): Վլատիմիր Փութին կ’ակնարկէ գործող իշխանութեան:

Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը եղած է, եւ է, բեմը մեր պառակտումներուն. յիշել հայոց թագաւորի գահընկէցութեան դիմումը հայ նախարարներուն կողմէ պարսից արքային, որ վերջ տուաւ Արշակունիներու թագաւորութեան, 428-ին: Յիշել Վասակ Սիւնին, Վեստ Սարգիսը, մինչեւ առաջին հանրապետութիւն, երբ օրհասական կռիւներ կը մղուէին թշնամիին դէմ, երկրին մէջ տեղի կ’ունենային մայիսեան խռովութիւնները:

Հակառակ պատմական փորձին` վերանկախացման երեք տասնամեակներու ընթացքին շարունակուեցան պառակտումները, որոնց վէպը օր աւուր աճող կուսակցութիւններու թիւն է: Եթէ քառասուն ճիշդ մտածողներ եւ զիրար մերժողներ կան, կը նշանակէ, որ քառասուն կտոր եղած ճիշդը դադրած է ճիշդ ըլլալէ: Այսինքն կը կանգնինք անկառավարելիութեան եւ անոր հետեւանք պարտութեան առջեւ: Բայց կը շարունակենք մէկութեան եւ միացման մասին խօսիլ, այդ լաւ կը հնչէ:

Անցեալին  Հայաստան նախարարութիւններու երկիր էր, պէտք չէ շփոթել ապակեդրոնացման հետ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքնիշխան էր կամ այդպէս կը գործէր, միշտ պակսած էր ՄԻԱՑՈՒՄը: Արցախեան շարժումը ՄԻԱՑՈՒՄը ունէր որպէս կարգախօս, բայց անցնող երեք տասնամեակներու ընթացքին  դիւանագիտական-քաղաքական խաղերու մէջ մտանք, ամբոխավարական խօսքերով ըսինք, որ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ: Ոմանք ալ Արցախը բեռ համարեցին եւ ըսին, որ ղարաբաղցիները մինչեւ հիմա ապրեր են ազրպէյճանցիներու հետ եւ հիմա ալ կրնան ապրիլ: Զանազան յաւակնութիւններով արեւելումներ փորձեցինք, ոմանք մտածեցին «Արեւմուտք», ուրիշներ մտածեցին «Ամերիկա», կամ մտածեցին «Ռուսիա», եւ չունեցանք իսկական ռազմավարական դաշնակից: Չհասկցանք, որ ազգը, քաղաքականութիւնը եւ պատմութիւնը միտքի մարզանքի սրահ չեն, «լապորաթորիա» չեն:

Ռուսիոյ կողմէ ղեկավարուող ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) անդամ ըլլալով հանդերձ, երբեմն ալ հայեացքները ուղղուեցան դէպի Արեւմուտք: Եւ երկրին մէջ բազմապատկուեցան կողմնորոշումներն ու կուսակցութիւնները, եթէ անոնց բոլորը դեռ կարելի է այդպէս կոչել, քանի որ շատեր մէկ անձի շուրջ կազմուած ընտրական համախմբումներ են: Եթէ հետեւինք ըսուածներուն եւ գրուածներուն, երէկ եւ այսօր, ոչ ոք դէմ է միութեան, բայց ինչ որ չ’ըսուիր, այն է, որ միութիւնը պէտք է ըլլայ ըստ ինծի, կամ` ես եմ միութիւնը:

Միութիւն, միացում, միասնութիւն կարելի է ստեղծել հասարակաց ազգային հարազատութեան, իրաւունքի գիտակցութեան եւ պաշտպանութեան  խորքի վրայ, այլապէս այդ կ’ըլլայ չարաշահում, փառասիրութիւն, շահախնդրութիւն: Ունեցա՞նք եւ ունի՞նք այդ գիտակցութիւնը: Դժբախտաբար այս պարզ ըմբռնումը հաւասարապէս եւ հաւաքաբար չունինք, ներսը եւ դուրսը: Նշուած երեք գաղափարներուն շուրջ եւ մասին նոյն բաները չենք մտածեր եւ չունինք:

Ազգային հարազատութիւնը ըստ միջօրէականի եւ զուգահեռականի չի ճշդուիր, չի սակարկուիր: Ան անանջատելի ամբողջ մըն է, որ կը զսպանակէ քաղաքականութիւնը, մշակոյթը, իրաւունքը` ներկայի յանձնառութեամբ եւ գալիքի տեսիլքով: Ճարտարապետական բարդ, բայց` միացեալ կառոյց մը, որուն բաղկացուցիչներէն մէկուն անտեսումը, մերժումը, բացակայութիւնը պատճառ կ’ըլլայ ամբողջի փլուզման:

Այսպէս պէտք է մտածել ոչ միայն այսօրուան համար, այլ` նաեւ գալիք ժամանակներու: Եւ ըստ այնմ գործել, ոչ միայն անմիջական ներկայի մէջ կարկտաններ ընելու համար, այլ` ազգի լինելիութեան արժէքներու եւ հրամայականներու համապարփակ հետապնդման հեռանկարով, որ չըլլայ ընտրարշաւի հռետորաբանութիւն:

Ազգային հարազատութիւնը կը պաշտպանուի եւ կը պահուի ՀԱՅՐԵՆԻՔով, որ սոսկ հողամաս չէ, ան պատմութիւն է եւ ինքնութիւն: Հետեւաբար, նոյնիսկ եթէ պատմութեան չարութեան պատճառով անոր մէկ մասը օտարուած է, այդ մասը չի դադրիր հայուն հայրենիքը ըլլալէ: Այս խորքային ազգային ըմբռնում է: Հայաստանը միշտ պէտք է տեսնել եւ ընդունիլ որպէս ՄԷԿ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ, բաժանումները միշտ պէտք է համարել պատմական արկած, հետեւաբար` ժամանակաւոր: 1870-ին պարտուած ֆրանսացիներուն համար կ’ըսէին, որ անոնց աչքերը միշտ յառած կը մնային Վոժեան լեռներու կապոյտ գիծին, որ հայրենասէրի եւ հայրենատէրի յանձնառութիւն է: Մեր աչքերը` որպէս տէր, յառած կը մնա՞ն բռնագրաւեալ աշխարհին, առանց զայն համարելու որպէս սոսկ յուզումի եւ յիշատակի զբօսաշրջային հասցէ:

Մեր աչքերը յառած մնացա՞ծ են, կը մնա՞ն Անիի պարիսպներուն, եկեղեցիներուն, Վանայ ծովակին եւ Աղթամարի գմբէթին, թէ՞ այդ բոլորը արձանագրած ենք պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ` բարենիշ տալով թշնամիներու, ներխուժողներու եւ շահախնդրուած կեղծ բարեկամներու:

Հայաստանը (եւ Հայաստանները) հայու հայրենիք կ’ըլլան ազգի ինքնութեամբ, հարազատութեամբ եւ տիրութեամբ: Հայաստան կոչուած հողամաս մը հայու հայրենիք չ’ըլլար, եթէ անոր ժողովուրդը իր հարազատ ինքնութիւնը կորսնցուցած է: Այդպէս է նաեւ սփիւռք(ներ)ը, եթէ ան կորսնցուցած ըլլայ իր հարազատութիւնը եւ ինքնութիւնը: Ո՛չ Հայաստան եւ ո՛չ ալ սփիւռք(ներ) չեն կրնար քաղաքականութիւն խաղալ, եթէ կորսուած ըլլայ հարազատութիւնը:

Եւ ի՞նչ են այդ հարազատութեան ստորոգելիները:

Այս մասին պէտք է խօսիլ առանց մարդորսական աճպարարութիւններու եւ ինքնարդարացման թափահարումներու, մի՛շտ` ներսը եւ դուրսը: Ի հարկէ` անխարդախ լեզուն: Օտարման հարթ ճանապարհ են օտարախօսութիւնն ու օտարագրութիւնը, որոնք արդէն սպառնալիք եւ մաշում էին սփիւռքի համար, այսօր սպառնալիք են նաեւ Հայաստանի համար, ուր օտարախօսութիւնը սկսած էր բարքերուն մաս կազմել երէկ` ռուսերէն, հիմա` ամերիկերէն, հազարաւոր օտար բառերու անդադրում ներխուժումով: Անոնց գործածութիւնը հայերէնի մէջ, առանց պետական մտահոգութեան եւ հսկողութեան, իշխանութիւններու մեղսակցութեամբ եւ տեղատուութեամբ, կարծէք հայերէնը կը գաղութացնէ, գաղութացուցած է, կացութիւն, որուն համար անձնատուական անպատասխանատուութեամբ կ’ըսուի, որ լեզուն կը յառաջդիմէ, չեն համարձակիր ըսել` կ’այլանայ:

Զանազան բնոյթի ճապկումներով կը փորձուի շրջանցել ազգային անխարդախ եւ կենդանի լեզուի կենսական նշանակութիւնը` ազգի եւ հայրենիքի իրաւութեամբ գոյացման համար: Եթէ հաւաքական ճիգով քաղաքական առաջնահերթութիւն չդարձնենք հարազատ եւ անխարդախ լեզուն, կրաւորականութեամբ ընդունինք օտարախօսութիւնը եւ օտարագրութիւնը, կը խաթարենք այն, ինչ որ սովորաբար կը կոչենք լեզուամտածողութիւն: Այսինքն հայու պէս, հայերէն մտածելէ կը դադրինք: Այս էական խնդիրը չենք կրնար զոհել ո՛չ ներազգային մարդորսութեան եւ ո՛չ արեւուն տակ տեղ ունենալու եւ յաջողելու ցանկութեան: Հարազատ եւ անխարդախ լեզուն հրամայական ազդակն է երազուած եւ ցանկալի ներազգային միութեան, որ փոքրամասնութիւն բջիջներու զբօսանք չէ:

Սփիւռքի մէջ լեզուն պահելը ժամանակ մըն ալ յիշատակ պահելու ինքնաբաւութեան հերոսութիւն է, եթէ անոր չընկերանայ ազգային հարազատութեան այն յանձնառութիւնը, որ սփիւռքեան կացութիւնը միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, որ` սփիւռքի մէջ ազգ չի յաւերժանար, հետեւաբար վառ պէտք է ըլլայ եւ մնայ հայրենատիրութեան եւ հայրենադարձութեան գիտակցութիւն-յանձնառութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ օր մը Հայաստանները Հայաստան դարձնել: Միացում եւ միասնութիւն ազգի եւ անոր հայրենիքի:

Մէկ ուղղութեամբ նայելու ազգային իմաստութիւնը պէտք է նուաճել, այն միտքով, որ, ինչպէս ըսած է Վլատիմիր Փութին, որ` «Պատերազմող կամ ռազմական գործողութիւնների վերսկսման վտանգի տակ գտնուող երկիրը… չի կարող իրեն թոյլ տալ նման վարքագիծ դրսեւորել, այդ թուում` իշխանութեան կազմակերպման ոլորտում, հասարակութիւնը ներսից պառակտելու համար: Սա, ինձ թուում է, բացարձակապէս անընդունելի է, հակաարդիւնաւէտ է եւ ծայր աստիճան վտանգաւոր»: Երկիրը այս պարագային կը նշանակէ իշխանութիւն:

Հակարդիւնաւէտ եւ վտանգաւոր… Զգաստութեան հրաւէր մեր տարածքային ամբողջութեան երաշխաւոր եւ ռազմավարական դաշնակից երկրի ղեկավարի բնորոշումը մեզ պէտք է մղէ աչալրջութեան եւ պատասխանատուութեան:

Ծայր աստիճան վտանգաւորը վախ ազդելու կոչուած ամբոխավարական ճառ չէ: Քննադատութիւնն է ամբոխահաճութեան հետեւած եւ հետեւող քինախնդրութիւններով եւ հաշուեյարդարներով բազմապատկուող եւ աճող պառակտումներու, որոնց գինը օր մը ազգը պիտի վճարէ:

Եթէ կարենայինք լսել այն, ինչ որ կ’ըսուի, ինչ որ ըսուած է:

Ի. դարու ֆրանսացի մեծ իմաստասէր Փոլ Ռիքէօր այսպէս կը բանաձեւէ այլակարծութիւնը ընդունելու ողջախոհութիւնը, որմէ մենք կարծէք հեռացած ենք: Կ’ըսէ. «Հանդուրժողութիւնը զիջում մը չէ, որ կ’ընեմ ուրիշին, ան ճանաչումն է սկզբունքին, որ ճշմարտութեան մէկ մասը ինձմէ կը խուսափի»: Այսինքն միւսը, ընդդիմախօսը, կամ պարզապէս հակառակորդը կրնայ ինք ալ տիրապետել ճշմարտութեան մէկ մասին, ինք ալ իրաւունք ունենալ:

Ընկերային եւ քաղաքական կեանքի մէջ ճշմարտութիւնները բացարձակ չեն: Մանաւանդ բացարձակ չեն եսի, քէնի եւ շահախնդրութեան ճշմարտութիւնները: Այս գիտնալով հանդերձ, պէտք է ձգտինք միութեան, միացման, միասնութեան: Այս առաջին հերթին առաջնորդին դերն է եւ պարտականութիւնը, քանի որ ինքն է աւագ պատասխանատուն:

Երազի ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ՄԻԱՑՈՒՄ-ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ-ՄԻԱՑԵԱԼը գտնել գալիք սերունդներուն համար: Այսօր անկէ հեռու ենք, ամէն օր քիչ մը աւելի կը հեռանանք` անձնատուր ըլլալով թաղային մակարդակի վրայ յամեցող լեզուագարութիւններու:

13 յունիս 2022, Նուազի-լը-Կրան

aztagdaily.com/archives/550411

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail