Մեր Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Հզօր, Անխնայ, Անյապաղ, Տեղաշարժային – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
18 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Կարօ Արմենեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ներկայիս տարածաշրջանի ուժերու դասաւորման մէջ, հայկական կողմը կը գտնուի իր ամենէն անզէն, անօգնական և սնանկ դրութեան մէջ։ Մեր աչքերուն առջև բացուող հանրագումարը (bottom line) ողբալի է և վիրաւորական։ Մենք պարզապէս դադրած ենք գործօն դերակատար ըլլալէ մեր իսկ ազգային պաշտպանական քաղաքականութեան դիրքերէն։
Պատկերը հետևեա՛լն է։
(ա) Արևմուտքը, որուն վրայ իր գրաւը դրած է Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը, վստահելի նեցուկ չի կրնար ըլլալ Հայաստանի և Արցախի համար և չէ։ Այն ՀՀ իշխանութիւնը, որ այսօր կ՚ապաւինի Արևմուտքին, սնանկ է և պարտուած՝ դեռ այս բարդ ճանապարհի մեկնարկին։ Հայաստանն ու Արցախը պարզապէս գոյութիւն չունին Արևմուտքի շահերու աղիւսակին մէջ։
(բ) Ռուսաստանը — Ուկրայինայի պատերազմով — իր դիրքերն է, որ կ՚ամրապնդէ Արևմուտքի և Թուրքիոյ դէմ։ Իր առաջնահերթութիւններն են՝ (1) սեպ խրել ԱՄՆ-ի և Եւրոպայի շահերուն միջև և ներսէն տկարացնել ՆԱԹՕ-ն։ (2) Իր հակակշռին տակ առնել փանթուրքիզմի բոյները ՌԴ-ի և Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։ (3) Սև Ծովը ազատել Թուրքիոյ մենատիրութենէն։
(գ) Կովկասի կնճիռը շատ աւելի բարդ կը թուի ըլլալ։ Ալիև կրցաւ կաշառել Մոսկուայի establishment-ը և Մոսկուայէն «գնել» իր յաղթանակը Հայաստանի դէմ…Կը թուի, թէ Մոսկուա իր կրաւորական խաղով «զոհեց» Ռուսաստանի հեռահաս շահերը Կովկասի մէջ։ Իրականութեան մէջ, ան, իր կարգին, առաւելութիւններ ապահովեց ինքզինքին համար Հայաստանի հաշւոյն։ Ան այսօր կախեալի դիրքերուն մէջ կը պահէ Ալիևը այն յոյսով, որ Մոսկուա ի վերջոյ կը յաջողի Ազրպէյճանը հեռացնել Թուրքիայէն…Այս խաղը դեռ ընթացքի մէջ է։ Շուշիի պայմանագիրը ցոյց կու տայ, որ դժուար և կոտորակուած խաղ է ըլլալու այս մէկը։ Բայց ի վերջոյ Մոսկուա լուրջ շանսեր ունի այս մարզին մէջ։ Մոսկուա կարողութիւնը ունի այս խաղատախտակը իր հակակշռին տակ պահելու։
(դ) Ողբերգութիւնը այն է, որ այսօրուան Մոսկուան շատ քիչ արժէք կը կապէ Հայաստանին։ Ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի՝ առայժմ Հայաստանը զուրկ է լծակներէ Մոսկուայի մէջ «խաղացող»ի դիրքերէ գործել կարողանալու համար։ Այդ իսկ պատճառով, Մոսկուայի և Արևմուտքի շահերը կը համընկնին Փաշինեանի կապակցութեամբ։ Երկուքն ալ կ՚ուզեն Փաշինեանը…Երկուքն ալ կարևոր կը համարեն Փաշինեանի կերպընկալ վարքագիծը իւրաքանչիւրը իր շահերէն ելլելով։ Իւրաքանչիւրը ԻՐ ՈՒՐՈՅՆ ՅՈՅՍԵՐԸ կը կապէ Փաշինեանի վարչակարգին։ Երկուքն ալ կ՚ուզեն Հայաստանը ունենալ իրենց տրամադրութեան տակ որպէս «ծախու ապրանք»…Հետևաբար երկուքն ալ ամէն ճիգ ըրին և կ՚ընեն ՀՀ Ընդդիմութեան նախաձեռնութիւնները ձախողեցնելու։
Ներկայիս Հայաստանն ու Արցախը կը գտնուին փակուղիի մէջ։ Եւ ենթակա՛յ՝ ազրպէյճանական և թրքական նախայարձակման վտանգներուն։ Առայժմ Ալիևի յարձակողականը կասեցուած է Մոսկուայի և Արևմուտքի կողմէ, բայց այս իրավիճակը կրնայ արագօրէն փոխուիլ։ Պէտք է ենթադրել, որ Բաքու կանաչ լոյս չունի նաև Թուրքիայէն…Մոսկուա, Թեհրան, Անքարա շուտով կը հանդիպին։ Նոյն ատեն Սէուտական Արաբիա կ՚այցելէ Պայտըն։ Կը կրկնեմ։ Դժբախտաբար ներկայիս Հայաստան խաղաքարտեր չունի այս սակարկութեան մէջ դերակատար կարենալ ըլլալու համար։ Այս է իրականութիւնը։ Այն փաստը, որ Նիկոլը կը շարունակէ ըլլալ իշխանութեան գլուխ, ցոյց կու տայ, որ Հայաստան և Արցախ ձախողած են ի սկզբանէ։
Այս ականապատուած դաշտին վրայ, որո՞նք են հայկական կողմի հաւանական կարելիութիւնները։
Ներկայի դրութեամբ, գերտէրութիւններու վերոյիշեալ խաղակարգը խանգարողը կրնայ ըլլալ միայն ՀՀ Ընդդիմութիւնը։ Հայաստանն ու Արցախը այլ խաղաքարտ չունին։ Եւ պէտք է ընդունիլ, որ այս իսկ պատճառով Ընդդիմութեան ձախողութիւնը մեծապէս ճակատագրական բնոյթ ունի այսօր։ Հայաստանի և Արցախի հասարակութեան բոլոր շերտերը պէտք է այս բանը ճիշտ գնահատեն։ Իր կրաւորականութեամբ այս հասարակութիւնը կը դաշունահարէ միայն ինքզինք։ Այս հասարակութիւնը պիտի գիտնայ, որ հզօր Ընդդիմութիւնն է միայն իր ելքը։ Ինք ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ։ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԸ ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է։
Միւս կողմէ, կարևոր է անդրադառնալ, որ Ընդդիմութիւնն ալ, իր կարգին, իր ներկայ «մկան»ներով շատ հեռու է որոշիչ զանգուած հանդիսանալէ։ Հետևաբար ան կառավարելի է թէ՛ Փաշինեանի, թէ՛ թշնամիի և թէ՛ մեծապետական ուժերուն կողմէ։ Առայժմ դաշտը կը պատկանի թշնամիին։ ՄԵԶԻ ՊԷՏՔ Է ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՄԿԱՆՈՒՏ ՄԷԿ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆ։ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻ՛ՒՆ՝ ՈՐ Ի ՎԻՃԱԿԻ Է ԼԾԱԿ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱԼՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ։ Ընդդիմութի՛ւն՝ որ ի վիճակի է իրեն պարտադրուած փակուղին ճեղքելու։ Բարեբախտաբար այս զէնքը գոյութիւն ունի։ Այս զէնքը պէտք է արագօրէն ձևաւոորուի։ Ան պէտք է արագօրէն իր ռազմավարական դիրքերը գտնէ։ ՊԻՏԻ ԳԻՏԱԿՑԻՆՔ, որ մարտահրաւէրը դրուած է մեր առջև կենաց մահու եզրերով։ Հետևաբար մեր հակադարձութիւնն ալ, իր կարգին, պիտի ըլլայ հզօր, անխնայ, անյապաղ, տեղաշարժային և վերջնական։
yerakouyn.com/2022/07/13/մեր-հակադարձութիւնը-պիտի-ըլլայ-հզօր-ա/