Բարի Լոյս – Գաղափարական թշուառութեան, բարոյական սնանկութեան եւ քաղաքական մանկամտութեան․․․ նորընծաները – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ԽՈՅԻ(ՀԱՅԻ) ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ, ՈՐԸ ՊԻՏԻ ՋՆՋԻ ՁԿԱՆ ԹՈՂԱԾ ԱՐՀԱՎԻՐՔԸ, ՈՐԸ ԳԼԽԻՑ ԱՐԴԵՆ ՀՈՏԱԾ ԷՐ...

Բարի Լոյս – Գաղափարական թշուառութեան, բարոյական սնանկութեան եւ քաղաքական մանկամտութեան․․․ նորընծաները – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

20 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»

May be an image of 1 person, beard and sitting

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի Լոյս

Գաղափարական թշուառութեան, բարոյական սնանկութեան եւ քաղաքական մանկամտութեան․․․ նորընծաները

12 Յուլիս 2022

«Աւելորդ է զարմանալ կամ ապշահար մնալ ի լուր կամ ի տես հայ քաղաքական բեմը գրաւելու յաւակնութեամբ փողոց իջած նորանուն փանջունիներուն, որոնք կեղծ սիրամարգի փքուածութեամբ իրենց խեղճ ու սողուն մերկութիւնը կը ցուցադրեն պատահական անցորդներուն․․․

Գաղափարական թշուառութեան, բարոյական սնանկութեան եւ քաղաքական մանկամտութեան․․․ նորընծաներ են անոնք, որոնք Ազգն ու Հայրենիքը, Ժողովուրդն ու Պետականութիւնը կազմաքանդելու խելագարութեան գնով՝ կը փորձեն ամբոխային նորելուկ տրամաբանութեան գինարբուք սարքել։

Ահա՛ ընդգրկումը անոնց հռետորաբանութեան՝
– «Առանց թուրքի Հայաստան»
– «Առանց Նիկոլ Հայաստան»

Պետական եւ քաղաքական պաշտօնավարութեան ղեկին յղփացած, հայրենիք եւ ժողովուրդ թալանելով արիւնոտ միլիոններ դիզած երէկուան թէ այսօրուան իշխանաւոր պատուիրատուներու բաշխած լումաներով փողոց թափած այդ ամբոխէն մեր երկիրը մաքրելու աւագ առաքելութեան կոչուած ենք ազգովին։

Իրենց պաշտօնն ու դիրքը չարաշահած «նոր-հարուստ»ներուն թալանածը ետ բերելու եւ ժողովուրդին վերադարձնելու ՕՐԱԿԱՐԳը կիզակէտն է հայ քաղաքական մտքի այսօրուան ու գալիքի տարերքին։

Եւ եթէ նոյնիսկ աւազի հատիկի չափ յարգանք ու պարկեշտութիւն կը տածենք ԺՈՂՈՎՈՒՐԴին հանդէպ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր ԴԱՏ ու ԴԱՏԱՍՏԱՆի առջեւ պէտք է կանգնեցնենք անխտիր բոլոր պատասխանատուները իշխանաւորական համատարած փտածութեան․․․

Յանուն՝ «առանց ցեցի եւ տզրուկի Հայաստան»ը նուաճելու համազգային զօրաշարժին անխուսափելի յաղթանակին։

Յանուն՝ հայ ժողովուրդին ԱՐԺԱՆԻ Հայաստանի պետականութեան ԿԵՐՏՈՒՄԻՆ։

Յանուն՝ Անձի Պաշտամունքին խորհրդային ժառանգութիւնը մէկանգամընդմիշտ յաղթահարած Վերանորոգ՝ Երիտասարդ Հայութեան»։

Նազարէթ Պէրպէրեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail