Վարչապետի Աշխատակազմը Պարզաբանած Է, Թէ Ի՛նչ Հիմքով Արգիլուած Է Մուրատ Փափազեանի Մուտքը Հայաստան. Մուրատ Փափազեան. «Կառավարութեան Ըսածը Սուտ Է»
23 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ:
– Արտերկրի անկախ հայերը խստիւ կը դատապարտէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ ազգային ժողովի վերջին օրերու կեցուածքները -/ – Արտերկրի Անկախ Հայեր – Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններու մասին – / «Հայ ժողովուրդը պարտաւոր է հաստատել ազգային պետութիւն եւ ձեւաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան համար իրաւական քաղաքական նոր օրակարգ» /
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը, արձագանգելով «Արմէնփրես»-ի հարցումին, պարզաբանած է, թէ ի՛նչ հիմքով 13 յուլիսին արգիլած են Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Պարզաբանման մէջ նշուած է. «Տուեալ անձը կը հանդիսանայ նախորդ տարուան 1 յունիսին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մօտ վարչապետի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշակակիր ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ յարձակում կազմակերպած անձերէն մէկը»:
«Նիուզ»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան ըսած է, որ Հայաստանի կառավարութեան տուած տուեալները սուտ են, չեն համապատասխաներ իրականութեան` աւելցնելով, որ ինք ներկայ չէ եղած այդ ցոյցին, անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի պարզաբանումին, թէ ինչո՛ւ արգելած են իր մուտքը Հայաստան:
«Պարզապէս պատրուակ կը փնտռեն: Քանի մը օր առաջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած էր, որ չեն կրնար նշել պատճառները, թէ ինչո՛ւ արգիլած են մուտքս Հայաստան, որովհետեւ այդ պատճառները կը վերաբերէին իմ անձնական կեանքիս, եւ այսօր վարչապետի աշխատակազմը ուրիշ տարբերակ կը հրամցնէ ժողովուրդին, իբրեւ թէ ես մասնակցած եմ, կազմակերպած եմ Փարիզի մէջ 1 յունիս 2021-ի իր դէմ կատարուած ցոյցը:
«Ատիկա սխալ է, թող փաստեր բերեն, եթէ փաստեր ունին: Ես չեմ ընդունիր, որ այսպէս իշխանութիւնները աղաւաղեն իրականութիւնը եւ ամէն օր սուտ կը խօսին: Այլեւս բաւական է», ըսաւ ան:
Մուրատ Փափազեան աւելցուցած է. «Այսօր պէտք է արթննալ եւ հասկնալ, որ այս իշխանութիւնները կը տկարացնեն հայկական աշխարհը: Տկարացնելով սփիւռքը` կը տկարացնեն Հայաստանը եւ հակառակը, ի վերջոյ, ի նպաստ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ»:
aztagdaily.com/archives/553072