Անդրադարձ – Վարչապետ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Արգիլելու Որեւէ Հայու Մուտքը Հայաստան – Յարութ Սասունեան

Map of the Ancient World Rome and Armenia – showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Անդրադարձ – Վարչապետ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Արգիլելու Որեւէ Հայու Մուտքը Հայաստան – Յարութ Սասունեան

23 ՅՈՒԼԻՍ 2022 – Գլխաւոր Լուրեր, Յօդուածներ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Անցեալ շաբաթ,  Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան ժամանելէ ետք, Ֆրանսայի հայկական համայնքի ղեկավար Մուրատ (Ֆրանք) Փափազեանի եւ անոր կնոջ թոյլ չեն տուած մուտք գործել Հայաստան: Փափազեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ է եւ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահներէն մէկը:

Անձնագիրի ստուգման ժամանակ Փափազեանի ըսած են, որ պէտք է սպասէ, մինչեւ որ իր տուալները ստուգուին: Ան ունէր ֆրանսական պատշաճ անձնագիր եւ Հայաստան մուտք գործելու համար վիզայի կարիք չունէր: Մինչ ան կը սպասէր, մաքսաւորները հեռաձայնով կը խորհրդակցէին վերադաս պաշտօնեաներու հետ:

Այնուհետեւ Փափազեանը տարած են օդակայանի մեկուսացուած սենեակ մը, ուր զայն պահած են քանի մը ժամ: Ի վերջոյ, ԱԱԾ (Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան) պաշտօնեաները ըսած են, որ կ՛արգիլուի իրեն Հայաստան մուտք գործել:

Հակառակ Փափազեանի պահանջներուն` անոր երբեք չեն յայտնած Հայաստան մուտքի արգելքին պատճառը: Զայն վռնտած են երկրէն` յաջորդ թռիչքով վերադարձնելով Փարիզ:

Ասիկա բարոյական, իրաւական, դիւանագիտական եւ ազգային լուրջ հետեւանքներով միջադէպ մըն է:

Բարոյական առումով, եթէ հայ պաշտօնեաները կը փափաքին արգիլել ոեւէ մէկուն մուտքը Հայաստան, անոնք պէտք է ունենան նուազագոյն քաղաքավարութիւնը` անհատին յայտնելու նման լուրջ որոշման մը պատճառը: Այցելուն իրաւունք ունի գիտնալու, թէ ինչո՛ւ իրեն թոյլ չեն տար երկիր մտնել:

Հայաստանի օրէնսդրութեան առումով, անկախ դէպի երկիր Փափազեանի մուտքը արգիլելու պատճառէն, հայ պաշտօնեաները իրաւունք չունին այսպիսի ինքնուրոյն քայլի մը դիմելու` անոնք ըլլան օդակայանի պաշտօնեաներ, ԱԱԾ գործակալներ, թէ վարչապետ: Ոեւէ այցելուի, առաւել եւս` հայրենակիցի, երկիր մուտքը արգիլելը շատ լուրջ որոշում է:

Եթէ Փափազեան խախտած էր Հայաստանի որեւէ օրէնք, օդակայանի պաշտօնեաները կրնային զայն կալանաւորել,  մեղադրանք ներկայացնել դատաւորին, որ երկու կողմերը լսելէ ետք ապացոյցներու հիման վրայ օրինական որոշում մը կայացնէր: Հայաստան երկիր մըն է, որ օրէնքո՞վ կը կառավարուի, թէ՞ վարչապետի վրիժառու որոշումներով: Եթէ  մարդ մը կրնայ նոյն ատեն հանդէս գալ  իբրեւ  իշխանութեան  գործադիր, օրէնսդիր  եւ  դատական  մարմիններ, ապա Հայաստան հեռու է ժողովրդավարական երկիր ըլլալէ: Ցաւալի է, որ չորս տարի առաջ` իբրեւ ժողովրդավար ներկայանալով, իշխանութեան եկած Նիկոլ Փաշինեան կ՛անտեսէ ժողովրդավարական բոլոր չափանիշները: Փափազեանի միակ մեղքը Փաշինեանի ձախողած վարչակարգին ուղղուած քննադատութիւնն է:

Եւրոպական օրէնքներու առումով, Հայաստան այս պարագային խախտած է Մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին համաձայնագիրի քանի մը սկզբունքներ, որոնց պարտաւորուած էր հետեւիլ: Պահանջուող ընթացակարգը այն է, որ Փափազեան նախ վիճարկէ իր վտարումը Հայաստանի ներքին դատարաններու մէջ: Եթէ հոն յաջողութեան չհասնի, ապա Փափազեան կրնայ իր բողոքը յղել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Համոզուած եմ, որ Եւրոպական դատարանը պիտի վճռէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը խախտած է Փափազեանի «արդար դատաքննութեան իրաւունքը», «արտայայտուելու ազատութիւնը» եւ «տեղաշարժի ազատութիւնը»: Աւելի՛ն. Փափազեանի վտարումը  ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի խախտում էր:

Ֆրանսայի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու վրայ այս միջադէպի հաւանական բացասական ազդեցութեան մասին. իբրեւ Ֆրանսայի քաղաքացի` Փափազեան բողոք ներկայացուցած է Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն եւ Փարիզի մէջ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Իբրեւ յայտնի քաղաքական գործիչ` Փափազեան սերտ կապեր ունի Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի եւ ֆրանսացի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ: Արդէն այս տարուան մայիսի մէկին ուրիշ տհաճ միջադէպ մը տեղի ունեցած էր, երբ Փարիզի հայամէտ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի` Հայաստան այցելութեան կ՛ուղեկցէր Փափազեան: Քանի որ Փափազեան Փաշինեանի քննադատն է, այդ օրերուն ան վարչապետի աշխատակազմին տեղեկացուցած էր, որ պիտի չմիանայ Փաշինեանի եւ քաղաքապետի միջեւ նախատեսուող հանդիպման, որպէսզի հանդիպման ընթացքին տհաճ տեսարան չստեղծուի: Առանց որեւէ բացատրութեան` վերջին պահուն վարչապետը որոշած է ջնջել Փարիզի քաղաքապետին հետ հանդիպումը: Ասիկա դիւանագիտական մեծ սխալ մըն էր: Հայաստան չի կրնար իրեն թոյլ տալ` վանել ֆրանսացի պաշտօնեաները, որոնք իրեն ամէնէն ջերմ կողմնակիցներէն են:

Հայաստանի կառավարութեան  կողմէ  հայ ժողովուրդի հաւաքական շահերը  խարխլելը արդիւնաւէտութեան հակառակ բան է.  մինչ Հայաստան շրջապատուած է արիւնարբու թշնամիներով, իսկ անոր գոյութիւնը` վտանգուած, անոր ղեկավարները զբաղած են սփիւռքի դէմ ինքնաոչնչացման գործողութիւններով, ինչ որ աւելի եւս կը նպաստէ Հայաստանի թուլացման: Եթէ Ազրպէյճան ունի հսկայական նաւթատոլարներ, Հայաստանը ունի մեծ սփիւռք, որ սակայն չօգտագործուած հարստութիւն է:

Կը վախնամ, որ Փափազեանի վտարումը, եթէ արագ  չբեկանուի, բացասական ազդեցութիւն ունենայ եօթը միլիոն հոգի հաշուող սփիւռքի հետ  Հայաստանի ունեցած յարաբերութիւններուն վրայ: Հայաստանի ղեկավարութիւնը, թիւով աւելի շատ սփիւռքահայերու Հայաստան այցելելը, ներգաղթելը եւ ներդրումներ ընելը քաջալերելու փոխարէն` զանոնք անխոհեմաբար կը  հեռացնէ իրենց հայրենիքէն:

Քանի որ Փափազեանի միակ մեղքը այն է, որ ան եղած է Փաշինեանի քննադատը, անոր վտարումը կրնայ պատճառ հանդիսանալ, որ ուրիշ շատ սփիւռքահայեր, որոնք դէմ են վարչապետին, խուսափին Հայաստան այցելելէ` մտավախութիւն ունենալով, որ զիրենք եւս  կը կասեցնեն Երեւանի օդակայանին մէջ եւ թոյլ չեն տար, որ  այցելեն իրենց հայրենիքը:

Շատ ցաւալի է, որ Փափազեան` մարդ մը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է Հայաստանի եւ Հայ դատի շահերու պաշտպանութեան, այսպիսի վիրաւորական վերաբերումի արժանանայ: Մեծ տխրութեամբ ան յայտարարած է. «Գիտէի, որ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա մուտքս արգելուած է: Այսօր ինծի կ՛արգիլեն մուտք գործել Փաշինեանի Հայաստան»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

aztagdaily.com/archives/553007

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail