Առ որ անկէ – Առաջարկ խնդրանք հայաստանի հանրապետութեան պատկան մարմիններուն – Զարեհ Եահնիեան

Map of historic Armenia

Առ որ անկէ – Առաջարկ խնդրանք հայաստանի հանրապետութեան պատկան մարմիններուն – Զարեհ Եահնիեան

03 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Առ որ անկէ

Առաջարկ խնդրանք հայաստանի հանրապետութեան պատկան մարմիններուն․

Նկատի առնելով քանակը անբաղձալի անհատներու որոնց մուտքը Հայաստանի հանրապետութիւն կարգիլուի պիտի խնդրէի պատկան մարմիններէն որ համացանցի էջի մը վրայ տեղադրեն այդ ցանկը որպէսզի եւ եկողները եւ պատկան մարմինները քաշքշուքներու մէջ չիյնան եւ ամէն մարդ իր գլխու ճառին նայի իսկ եթէ ցանկը շատ երկար է եւ հաւանաբար այն կը պարունակէ մօտաւոր 4 միլիոն Հայի անուն այդ պարագային պէտք է յաւելեալ տեղ գնել համացանցի ծաւալի համար, խնդրեմ՝, կրնաք դիմել ցանկացած անբաղձալիի եւ ինք կը հոգայ այդ Terabyte-ներու ծախսերը

Ոչ ոք չի կրնար երեւակայել թէ այսօրուայ այս քաղաքական թոհ ու բուհի մէջ հռչակուած անբաղձալի անհատները որքան իրենք զիրենք պէտք է հպարտ զգան որովհետեւ եթէ այսօրուայ հայաստանի պետութեան ակնոցով անբաղձալի են ուրեմն անոնք իսկական մաքրամաքուր եւ պահանջատէր եւ Արի Հայեր են այդ անբաղձալի բառը կընդունին որպէս շքանշան իրենց հպարտ կուրծքերու վրայ․․․

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Զարեհ Եահնիեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail