Անդրադարձ – Սփիւռքահայը Կը Մեղանչէ՞ Հայրենի Պետութեան Եւ Իշխանութեան Դէմ, Երբ Կը Քննադատէ – Յակոբ Պալեան

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Անդրադարձ – Սփիւռքահայը Կը Մեղանչէ՞ Հայրենի Պետութեան Եւ Իշխանութեան Դէմ, Երբ Կը Քննադատէ – Յակոբ Պալեան

02 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Քաղաքականութիւնը հայրենիքի սէր է, եւ ոչինչ աւելի»:

ՖԷՈՏՈՐ ՏՈՍԹՈԵՒՍՔԻ, ռուս գրող, ԺԹ. դար

Ժողովրդավարական կարգ են այլակարծութիւն, քննադատութիւն, բողոք եւ ցոյց: Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ իշխանութիւնները կը լսեն բողոքը, կ՛ընդունին իրենց դէմ եղած ցոյցերը եւ քննադատութիւնները:

Այնպէս է մեր ժողովուրդի կացութիւնը, որ հայեր կան հանրապետութեան մէջ եւ իրենք զիրենք յանձառու հայ համարողներ` երկրէն դուրս, սփիւռքի մէջ, անոնք ըլլան հայրենահանուածներու սերունդ, թէ արտագաղթողներ, որոնք հայրենիքով կը հետաքրքրուին, անոր քաղաքականութեան մասին թեր եւ դէմ կարծիքներ ունին ընկերաքաղաքական հարցերու պարագային: Կը խօսին, կը գրեն, կը գործեն: Այս ժողովրդավարութիւն է: Այս կարծիքի ազատութիւն է, հետաքրքրութիւն, փաստ, որ դուրսը կան  իրենք զիրենք հայրենատէր զգացող հայեր, տարբեր համեմատութիւններով եւ եղանակներով:

Կարծիք չունեցողներ եւ անտարբերներ ալ կան, որոնք հայրենիքի օդով ու ջուրով կը ներշնչուին եւ կը յուզուին: Արփիար Արփիարեանի մեծ ու պզտիկ «Հայրապետ էֆենտի»-ներ: Կարդալ «Կարմիր ժամուցը», Հայաստան եւ սփիւռք:

Ազգին համար աղէտ պիտի ըլլար, եթէ սփիւռքը դադրէր հետաքրքրուելէ Հայաստանով եւ դիրքորոշուելէ` հոն ընթացող լայն առումով քաղաքական կեանքին եւ անվտանգութեան նկատմամբ, այդ ըլլայ միջազգային, թէ մանաւանդ դրացիներու հետ յարաբերութիւններու, տնտեսութեան, մշակոյթի, կրթութեան, կենսամակարդակի, բնակեցման, բնապահպանութեան հարցերով, նաեւ այն բոլորով,  որոնք ազգին եւ հայրենիքին համար գոյութենական նշանակութիւն ունին:

Այսպէս, յանձնառու հայը կրնայ խանդավառուիլ հանրապետութեան յաջողութիւններով, զօրակցիլ իշխանութիւններուն, ձախողութիւններով տխրիլ եւ ընդվզիլ, նաեւ` անբաւարարութիւն զգալ, այդ ըսել քննադատութեամբ եւ այլ միջոցներով:

Այսինքն հայը եթէ նոյնիսկ  հայաստանաբնակ եւ քաղաքացի չէ, ՕՏԱՐ չէ, օտար պէտք չէ համարուի: Եթէ օտար չէ, իրաւունք ունի պատասխանատուութեամբ խօսելու եւ գործելու: Այդ ընելու համար, մանաւանդ` ժողովրդավարական պայմաններու մէջ, ոչ ոքէ արտօնութիւն ունենալու հարկադրանքի տակ է, պէտք չէ ըլլայ:

Այսպէս, սփիւռքի հայը ինքզինք հայրենատէր զգալով կը խօսի, կը խօսի, երբ բաւարարութիւն կը զգայ եւ երբ դժգոհ է: Այս իրաւունքը զլանալ սփիւռքի հայուն` կը նշանակէ անոր մերժել ազատ կարծիքի իրաւունք, զայն դատապարտել լռելու կամ «տիրոջ ձայն»-ը կրկնելու, կամ պարզապէս ըսելու, որ հայ չէ: Ի հարկէ կան նաեւ անտարբերներ, օտարուածներ, բախտաւոր պարագային` զբօսաշրջութեամբ բաւարարուող խիղճ հանդարտեցնողներ, որոնք չեն խօսիր, չեն անհանգստացներ եւ ի հարկէ չեն անհանգստանար ու կը սպասեն հաճոյախօսութիւններ:

Երբ հանրապետութեան իշխանութիւնները քննադատութիւն կամ այլակարծութիւն բացասականութեամբ կը դիմաւորեն, պէտք չէ զարմանալ: Կան պատմութեան ընթացքին ստեղծուած մտայնութիւններ, բարքեր եւ սովորութիւններ, որոնք աւանդութիւն են, կը փոխանցուին նաեւ սերունդէ սերունդ: Խորհրդային Հայաստանի եօթանասուն տարիներու ընթացքին կազմաւորուած քաղաքական միտքը եւ ղեկավարման ոճը հրաշքով պիտի չանհետանային, չեն անհետացած, պէտք չէ զարմանալ, իրենք զիրենք պիտի չմաքրէին, catharsis տեղի պիտի չունենար: Այդպէս է խորհրդային հակադաշնակցականութիւնը` որ քաղաքական եւ կրթական մշակոյթ էր, կրկնուած, ուսուցուած, հանրային կարծիքին մէջ մրճահարուած, արմատաւորուած:

Այս հակադաշնակցականութիւնը ներքին դժուարութիւններու կամ քննադատութիւններու պարագային կը բռնկի, քաւութեան նոխազներ կը փնտռէ սխալներ եւ ձախողութիւններ թաքցնելու համար:

Սովետի ժառանգութեան դաստիարակութեան ոճեր կան, որոնք կը տեւեն, ինչպէս` «քաղաքագէտ», անցեալին խորհրդային բանակին մէջ որպէս բժիշկ ծառայած Ռուբէն Մեհրապեանի արտայայտութիւնը, որ ընդդիմադիրներու, իմա՛ Դաշնակցութեան մասին,  կ՛ըսէ` «Անհայրենիք թափթփուքներ»: Պէտք չէ զարմանալ: Արիստոտէլ ըսած էր, որ «Սովորութիւնը երկրորդ բնութիւն է»: Վերանկախացած եւ ժողովրդավարական Հայաստանի մէջ, ուր ամբոխահաճական ամէն խօսքի մէջ չեն վարանիր ճառելու «Ամենայն հայոց հայրենիք»-ի եւ «Հայաստան-սփիւռք միասնութեան» մասին, իշխանութեան հայեացքները չբաժնողները կոչել «Անհայրենիք թափթփուքներ» չյաղթահարուած ուղեղալուացքի արտայայտութիւն է: Պարզ խօսքով` սովետակեդրոն մտայնութիւն:

Հայաստան եւ սփիւռք, նուազագոյն պարկեշտութիւն ունեցող մարդիկ, անոնք ըլլան` շարքային հայեր, թէ վարչականներ, ղեկավարներ, մտաւորականներ, պատգամաւոր, ակադեմիկոս, վարչապետ եւ նախագահ, ինչպէ՞ս կ՛ընդունին, որ իշխանութեան տեսակէտները չընդունողները, քննադատողները, «տիրոջ ձայնը չկրկնողները» կոչուին «անհայրենիքներ» եւ «թափթփուքներ»: Այսպէս միասնութիւն կը ստեղծուի՞:

Այս երկու եզրերը կը կարօտին քաղաքական, ազգային եւ բարոյական գնահատման:

Թշնամին սփիւռքահայը զրկած է իր հայրենիքէն, բայց ան անհայրենիք չէ, որպէս տէր` յամառ եւ աննահանջ պայքար մղած է բռնագրաւուած հայրենիքին համար: Հաւատացած է, եւ հաւատացուցած են, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բոլոր հայերուն հայրենիք է, անոնք ըլլան իշխանամէտ յաճախ շահախնդրուածներ եւ փառատենչիկներ, թէ քննադատող ընդդիմադիրներ: Ընդդիմադիրը եւ քննադատողը, ան գտնուի Հայաստան թէ սփիւռք, ազգի անդամ է, այդ իրաւունք է, եւ ոչ ոք, ի՛նչ ալ ըլլան իր իրաւասութիւնները, այդ իրաւունքէն ոչ ոք կրնայ զրկել հայը, ան ըլլայ հայաստանաբնակ, թէ սփիւռքահայ: Իսկ հայրենակից մը, քաղաքագէտ մը  ի՞նչ իրաւասութեամբ, մարդ մը, այս պարագային` տարբեր մտածող հայը, կը կոչէ «թափթփուք»: Այս կը յիշեցնէ մի ոմն բանաստեղծ Գէորգ Աբովը, որ կը խօսէր «Դաշնակ շներ»-ու մասին: Ստրուկ քարոզիչ Աբովի չար անհանդուրժողութեան ուղիղ գիծին վրայ, սովետով սնանած քաղաքագէտ Ռուբէն Մեհրապեան նոր տարազով կը կրկնէ Աբովը, եւ կ՛ըսէ` «Անհայրենիք թափթփուքներ»:

Այդ «թափթփուքները» պատերազմի թէժ օրերուն Ստեփանակերտ գացին որպէս բժիշկ, օփերայի երգիչ էին` սահման գացին` եւ մեռան… շարքը երկարել անիմաստ է, երբ սովետի կարօտախտը եւ կուրութիւնը անբուժելի են:

Ոչ սեփական պայքարով, այլ ԽՍՀՄ-ի փլուզման պատճառով Հայաստան վերանկախացաւ, եւ պահեց այն, ինչ որ «սովետ»-ը սրսկած էր որպէս քէն: Եւ նորանկախ Հայաստանի առաջին նախագահը հեռատեսիլէն ելոյթ ունեցաւ եւ թեզանիքները սօթտելով` յայտարարեց, որ հանրապետութեան մէջ կ՛առկախուէր Դաշնակցութիւնը, այն օրերուն, երբ սփիւռքէն բազմաթիւ պատգամաւորներ եկած էին ժողովի: Կը հետեւէր կուսակցութեան Բիւրոյի հերթապահի, հասկնալ` ատենապետ արտաքսման որոշումը: Հալածախտի զգացումով ըսուեցաւ, որ «տեսանթային» ուժեր եկած էին յեղաշրջում ընելու: Քանի մը տարի ետք իշխանութիւնները արգիլեցին կարգ մը հայ մտաւորականներու` լրագրողներ, հրապարակագիրներ, բոլորն ալ` դաշնակցականներ, Հայաստան մուտքը: Միշտ նոյն գերակշռող միտքը, որ է` քննադատութեան եւ այլակարծութեան մերժումը:

Նոյն վերաբերումը կրկնուեցաւ այս օրերուն` Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլելով, զայն սպասեցնելով օդակայանի սենեակի մը մէջ եւ յաջորդ թռիչքով Ֆրանսա մեկնող օդանաւով զայն տուն ղրկելով:

Հանրապետութեան եւ Հայաստանի ծառայութեան իրենք զիրենք կոչածներ անբաղձալի են, persona non grata, եթէ, ինչպէս Ստալինի օրերուն, իշխանաւորին եւ իշխանութեան խօսափողը չեն: Մի՞թէ հայրենասէր ըլլալու եւ հայրենիքին զարգացման ծառայելու եւ պարտուողականութեան հակադրուող հզօրացման հեռանկար ունենալ մեղանչո՞ւմ է: Ծառայելու համար մի՞թէ միշտ պէտք է տիրոջ ձայնը լսել եւ կրկնել հին ձայնապնակներու վրայ գտնուող պատկերի շնիկին պէս:

Հայու հոգիին մէջ միացման հակադրուող ախտը մի՞թէ անբուժելի է: Փաստը Գէորգ Աբովի «Հայ գիւղացիի կուրծքն ի վեր մաուզեր պարպող… դաշնակ շներ»-էն մինչեւ «քաղաքագէտ» Ռուբէն Մեհրապեանի «Անհայրենիք թափթփուքներ»-ը ազգի մէկութիւն չուզելու քաղաքականութեան շարունակութիւն է: Հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ: Թող ներուի պատասխանել պարզ ձեւով. սովետի արտաքին գործոց նախարար Մոլոթով օրին յայտարարած էր, որ Խորհրդային Միութիւնը Թուրքիայէն հողային պահանջ չունէր (հասկնալի է, թէ ո՛ր հողերու մասին կը խօսուէր) եւ այսօր ալ կը կրկնուի նոյն հրաժարման ճառը, ըստ որուն, Հայաստան իր դրացիներէն հողային պահանջներ չունի:

Պահանջներ ունեցող «Անհայրենիք թափթփուքները» երբ կը հակադրուին հանրապետութեան իշխանութիւններուն, այդ կ՛ըլլայ թշնամութիւն, փոխանակ ընդունելու, որ Ազգի Իրաւունք պաշտպանող եւ պատմութեան հաւատարմութիւն ունեցող հայրենասէրներ կրնան տարբեր մտածել: Անոնք կրնան ունենալ ազգի ապագայի այլ տեսիլք, որուն համար անցեալին անոնք տուած են նուիրումի անուրանալի փաստեր եւ հայրենատիրական ու ազգային ինքնութեան պահպանման ոգիով շարունակած են յանձնառութեամբ գործել եւ զոհաբերել, նոյնիսկ` իրենց կեանքին գնով:

Ներազգային գործակցութեան ոգիին սեպ խրելով, ո՞ր յաջողութեան հեռանկարին կրնանք ձգտիլ:

Ազգի անդամները «Անհայրենիք թափթփուք» համարել, ֆէյսպուքեան ինքնաշնորհուած իրաւունքով, «դրացիներէն հողային պահանջ» չունենալ, պարզապէս ստրկամտութեամբ անզօրութիւն կը մշակեն հնազանդելու համար թշնամիին: Այդ նպատակով ալ սեփական ժողովուրդի «Անհայրենիք թափթփուքներուն» դէմ կը դառնան թշնամիին առարկայական դաշնակիցը…

Դեռ պէտք է հաւատալ ներսի եւ դուրսի ժողովուրդի բնական ողջախոհութեան:

Անհայրենիքներ չկան:

Ստրկամտութեամբ հայրենատէրերը մերժողներ կան:

Պէտք է խօսիլ ներսի եւ դուրսի հայրենիքի մասնատման գործընթացի մեղսակցութիւններու մասին:

«Անհայրենիք թափթփուքները» հաւատքով այլընտրանքային քաղաքականութիւն կը հետապնդեն, եւ ինչպէս ըսած է Ֆէոտոր Տոսթոեւսքի, այդ «Քաղաքականութիւնը հայրենիքի սէր է, եւ ոչինչ աւելի»:

Մանաւանդ` ո՛չ ոքէ պակաս:

26 յուլիս 2022, Փարիզ

aztagdaily.com/archives/553749

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail