Անդրադարձ – Առաջնորդել․․․ Ո՞ւր Ենք, Ո՞ւր Կ՝ուզենք Հասնիլ Եւ Ինչո՞ւ – Յակոբ Պալեան

Some ancient statues, reliefs, stones, pottery, and relics are found in the heart of historical Armenia (Armenia Minor), not too far from Kharpert (Kharput) and Urfa

Անդրադարձ – Առաջնորդել․․․ Ո՞ւր Ենք, Ո՞ւր Կ՝ուզենք Հասնիլ Եւ Ինչո՞ւ – Յակոբ Պալեան

26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:

Յակոբ ՊալեանՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

«Անկումը պարտութիւն չէ: Պարտութիւն է մնալ հոն ուր ինկած ենք»:

Սոկրատ

Օգոստոսը կ’աւարտի։

Ինքնանպատակ դարձած արձակուրդ վայելած ըլլանք թէ ոչ, գիտենք թէ յառաջիկայ օրերը եւ ամիսները լաւ ոչինչ կը խոստանան: Հեռու ըլլանք թէ մօտ: Առօրեական մտահոգութիւններուն վրայ գումարուած են մղձաւանջայիններ, որոնց դէմ պաշտպանուիլ մեր հասողութեան սահմանէն հեռու է: Բայց  տիպուած ենք ձեռնածալ չմնալ:

            Ձմեռնամուտին, Եւրոպան կը պատրաստուի մսելու, ռուսական կազ եթէ հասնի անգամ, մարդիկ սուղ պիտի վճարեն: Այդ սուղ վճարելու հարկադրանքը պիտի անդրադառնայ քաղաքացիներու կենսամակարդակին, պիտի նուազի անոնց գնողական կարողութիւնը, պատճառ պիտի դառնայ դժգոհութիւններու:  Պարէնաւորման հարցեր կան ուքրայինական պատերազմի պատճառով: Հացի տագնապ կը դիմաւորեն արդէն կարգ մը ափրիկեան երկիրներ, նաեւ Լիբանանը, որոնք սովի կրնան մատնուիլ: Ուքրայինայի կողքին կանգնած երկիրներ նիւթական եւ զինական աջակցութիւն կը ցուցաբարեն, որ կը գնահատուի հսկայական գումարներով,  ինչ որ, վաղ թէ ուշ, բացասական կերպով պիտի անդրադառնայ այդ երկիրներու տնտեսութեան: Անոնցմէ շատեր անմիջականօրէն կարիք ունին ռուսական վառելանիւթին: Ռուսիա կրնայ կազի մատակարարումը դադրեցնել, կամ գինը բարձրացնել եւ այդ յաւելեալ եկամուտը ծառայացնել պատերազմը շարունակելու:

                         Լուրերուն կը հետեւինք մեքենական հետաքրքրութեամբ, առանց շատ ալ մտածելու, որ գրեթէ համաշխարհային պատերազմ տեղի կ’ունենայ, որ ան բոլորի դռներուն առջեւն է։ Կարելի՞ է չմտածել յոռեգոյնի մասին: Եթէ ռմբակոծուին, գիտակցաբար, կամ սխալմամբ, Ուքրայինայի հիւլէակայանները,- մէկէ աւելի,-բնութեան պաշտպանութեան համար  խօսուող ճառերը եւ գումարուող ժողովները կը դառնան փուչիկ: Սարսափելի է մտածել հիւլէական աղէտի մասին, որ պատերազմողներու  աշխարհագրական գօտիին մէջ պիտի չմնայ: Օր մը բանգէտ մը պէտք է ըսէ, թէ գործածուած ռումբերու արտադրած ջերմութեան հետեւանքները ի՞նչ են բեւեռներու եւ լեռներու սառցակոյտերու ահետացման համար: Ինչպէ՞ս կը խախտենք բնութեան կարգը, անտառային հրդեհները, հեղեղները, ծովերու մակերեսի բարձրացումը եւ վաղը բնակելի տարածքներու նուազումը նոր գաղթականութիւններու եւ չնակչութեան զանգուածային տեղաշարժերու պատճառ պիտի ըլլան:

            Բայց կարծէք ժողովուրդներ եւ անոնց ղեկավարները կը բնակին այլ մոլորակի վրայ:          Կը խօսուի միլիառներով ծախսերու մասին: Լրատուամիջոցները դարձած են ռազմավարական սպայակոյտի կեդրոններ, բոլոր քաղաքացիները հիմա մէկական Պոնափարթ կամ Մաք Արթըր են, բայց բանակ չունին, իրենց սեղանին վրայ հիւլէական ռումբի կոճակ չունին: Եւ համաշխարհային Երրորդ Պատերազմի լայնածիր ռազմափորձերը տեղի կ’ունենան Եւրոպայի կամ չինական ծովուն մէջ:

            Բայց ժողովներ կը գումարուին, որոնք խօսքի առատութեան բեմ դարձած են, ուր կը հետապնդուին հզօրներու յաւելեալ իրաւունքի եւ շահերու ձեռքբերման արշաւներ, միշտ յանկերգելով Մարդու իրաւունք եւարդարութիւն: Եթէ խորհրդարաններու եւ ՄԱԿի ժողովներու խօսափողները  անջատուէին, կիրքերը նուազ կը հրահրուէին եւ թերեւս աւելի լաւ կ’ապրէինք:

Այսպէս  է աշխարհ։

            Մեր փոքրացած եւ դեռ փոքրացող երկիրը,- ինքզինքս նուազ ընկճուած զգալու համար, չեմ կրկներ ընդունուած պարտուած բառը,- մեծերու եւ հզօրներու օրէնքները եւ վարմունքը ընդօրինակելով, քաղաքականութիւն, իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն կը խաղայ, ինքնախաբէութեամբ, երբ երկրին եւ ազգին ղեկը ջարդուած է, ուրիշներ կ’որոշեն մեր փոխարէն՝ ուժի իրաւունքով եւ մենք իրարու դէմ ուժի ամուլ ցուցադրութիւն կ’ընենք, որուն գինը իրենց կեանքով վճարեցին հազարաւոր երիտասարդներ, գինը կը վճարենք հողի շարունակուող կորուստներով: Կարծէք իշխանութիւն եւ իշխանատենչութիւն Եսի եւ Եսերու բախման կրկէս են, ուր ո՛չ ազգ կայ ո՛չ հայրենիք, մոռցուած են:

            Շիկացող միջազգային կացութեան մէջ, նուազագոյն վնասով կարենալ դիմագրաւելու համար վտանգները, որոնք կան, որոնց գինը վճարեցինք:  Ոչ թէ յաւելեալ դիրքի եւ իրաւունքի համար, այլ գիտակից պատասխանատուութեամբ պէտք է խօսինք պարտութիւններու եւ անոնց այսօրուան եւ վաղուան հետեւանքներուն մասին, մեր ժողովուրդին խնայելու համար նոր պարտութիւններ, որոնց հետեւանքով այսօր եւ վաղը կրնանք չվերականգնիլ եւ դառնալ անցեալ:

            Եթէ իրատես եւ իրաւ հայրենատէր ըլլայինք, չեմ կրկներ սովորական դարձած հայրեասէրը, մեր ներազգային ներսի եւ դուրսի կեանքի բոլոր մակարդակներուն, իշխանութիւնը կ’անջատէինք Եսէն, զայն կը կենսագործէինք որպէս ծառայութիւն: Նաեւ ոչինչ ընողներ, ոչինչ ըրածներ, իրենց չբաւարարուած եսերու դառն ու դառնացնող առանձնութեան մէջ, կը դադրէին քէներով սնանող հաւկուրութեամբ, անարդարանալին արդարադարացնելու ճապկումերու մենաւոր հաճոյքին անձնատուր  ըլլալէ:։

            Ազգը եւ հայրենիքը վերականգնումի կարիք ունին։

            Այս կարենալ ընելու համար պէտք է նուաճել դուն ալ իրաւունք ունիս ըսելու մեծ առաքինութիւնը, հռոմէական իմաստով՝ որ կը նշանակէ հոգեկան ուժ:

            Եթէ հեղինակութիւն ունեցող իշխանութիւն, կառոյց կամ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ունենայինք, ան ճշմարիտ համահայկական ոչ-ջոջական ժողով մը կը հրաւիրէր, ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՍԵԹԵՒԵԹ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄը ընելու, ֆրանսացին կ’ըսէ՝ Etat des lieux, որպէսզի կարելի է ըլլայ գիտնալ թէ ո՞ր ենք, նպատակ գիտնալ, սխալներու եւ պարտութիւններու տարողութիւնը, նպատակ ճշդել, եւ նայիլ նոյն ուղղութեամբ, հրաժարելով ամէն կարգի թեր եւ դէմ լեզուագարութիւններէ:  

Նոյն ուղղութեամբ նայելու համար ուղղութիւն պէտք է ունենալ, այդ ուղղութիւնը ընդունելու եւ չշեղելու համար յանձնառութիւն պէտք է, որ ոչ կողմնապաշտութիւն է եւ ոչ ալ քէներու եւ եսի քինախնդրութիւններու եւ դատարկաբանութիւններու ուռճացում, որ առանց ոչինչ ընելու մանր քաղքենիի  ինքնագոհութեամբ կ’ապրի եւ եւ ուրիշներու սխալը եւ ճիշդը կը կտցէ ամլանալով եւ ամլացնելով, ի վերուստ տրուած (չ)իրաւունքով:

ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՍԵԹԵՒԵԹ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄը ընելէ ետք   պէտք է նախաձեռնել, որպէսզի տեղատուութիւնները յաղթահարուին եւ ապագային նայիլ ո՛չ որպէս պարտուած եւ ո՛չ որպէս դիրքապաշտ սիրողականներ:

            Վերամուտ է: Պէտք է հաւաքական կամքով պատասխանել հետեւեալ հարցումին. պիտի շարունակե՞նք տնտեսել մեր պարտութիւնները եւ անոնց մանրուքները, թէ՞ պիտի ուզենք վերականգնիլ: Պիտի ըմբռնե՞նք, որ այսօր ժամանակը մեր թշնամին է:

            Հայրենիքը կ’ըլլայ հողատարածքով Այդ տարածքները կորսնցուցած ենք եւ կը շարունակենք կորսնցնել: Ընկեցիկի հոգեբանութեամբ կ’ըսենք՝ որ տարածքները կը պատկանին, կը պատկանէին այսինչին եւ այնինչին, որ ոչ ոքէ տարածքային պահանջներ չունինք: Ո՞ւր են հայրենատէր ժողովուրդը եւ զայն առաջնորդողները, որպէսզի հայրենիք մտածեն, որ ազգի գոյութենական երաշխիքն է: Տեղի ունեցաւ Հայրենալքում, զոր կոչեցինք արտագաղթ,  նահանջի նոյն ախտաւոր հոգեբանութեամբ հայրենադարձութիւն չիրականացուցինք: Բացակայեցաւ յանձնառու հայրենատիրութիւնը, որ փոխարինուեցաւ երգով, տուրիզմով եւ դատարկաբան մտաւորականի զգացական մանրուքով զբաղող բանգիտութեամբ:

            Կրկին պէտք է խորհիլ Սոկրատի հետ. «Անկումը պարտութիւն չէ:

Պարտութիւն է մնալ հոն ուր ինկած ենք», նոնիսկ եթէ ըլլանք կուշտ փերեզակներ:

Ի՞նչ պէտք է ընել, որ չմնանք հոն ուր ինկած ենք:

Պարտութեան արդարացման  մեկնաբանութիւններով եւ ինքնաբէութիւններով դատապարտուած ենք մնալու հոն ուր ինկած ենք:

            Ազգը կանգնած է գոյութենական հարցի առջեւ, որուն լուծումը ոչ տուրիզմով եւ ոչ ալ հիմնադրամներով պիտի գայ, այլ՝  քննադատութեամբ եւ ինքնաքննադատութեամբ, որպէսզի սխալները չյաւերժանան որպէս իմաստութիւն:

            Սոկրատի իմաստութիւնը պէտք է լրացնել Նելսըն Մանտելայի կենսափորձի իմաստութեամբ: Ան ըսած է. « Պատիւը կը պատկանի անոնց որոնք երչեք չեն հեռանար ճշմարտութենէն, նոյնիսկ մութին եւ դժուարութեան մէջ չեն յանձնուիր յուսալքման՝ հայհոյութիւններու եւ նուաստացումներու պատճառով, նոյնիսկ պարտութեամբ»:

            Պարտութենէն ետք տէր փնտռելու ստրկամտութեան ախտը երբեք չ’առաջնորդեր վերակագնումի: Իսկ վերականգնումի կամքի բացակայութիւնը վերջնական աղէտ է, ազգի եւ հայրենիքի անհետացում:

            Օգոստոսը կ’աւարտի, միշտ սփիւռք ենք եւ եւ միշտ պառակտուած, պառակտուող, միշտ խուսափելով որակէ եւ ազգային որակէ, որուն էական յատանիշն է ճանչնալ թշնամին եւ անձնատուր չըլլալ: Թշնամին չէ որ մեզ պիտի վերականգնէ:

            Վերամուտ է։

            Հրամայական է  վերականգնումի հաւաքական կամքի յառաջացումը, որպէսզի շարունակութիւն ըլլանք: Միշտ յիշելով եւ յիշեցնելով ՝որ վաղը միշտ ուշ է:

yerakouyn.com/2022/08/25/առաջնորդել․․․-ո՞ւր-ենք-ո՞ւր-կ՝ուզեն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail