ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ՝ բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատքի տուներ ունին, եկեղեցի, մզկիթ, փակոտ, ուխտավայրեր սրբութիւններ, – Յակոբ Պալեան
26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ՝ բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատքի տուներ ունին, եկեղեցի, մզկիթ, փակոտ, ուխտավայրեր սրբութիւններ, որոնց մէջ իրենք իրենց անցեալը եւ գալիքը կը սեւեռեն…
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ՝ հինգհազարամեայ ժողովուրդի մը զաւակներուն, որոնք կը կոչուին կամ կը կոչուէին հայ :
Լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Հայաստան-Արցախէն դեռ չբռնագրաւուած տարածքներ պիտի յանձնուին Ատրպէյճանի :
Հայկական հանրապետութեան իշխանութիւնները, հակազգային (չ)իմաստութեամբ որոշած են անշշուկ եւ բարիդրացնութեան տուրք տալով թշնամիին պիտի յանձնեն են ինչ որ կը պահանջուի : Այսօ՛ր Բերձոր եւ Աղաւնոյ : Վա՞ղը…
Մեծ քաղաքագէտ ըլլալու կարիք չկայ, հասկնալու համար պատմութեան պատգամը: Համաթուրանականութեան երազի իրականացման ճամբուն վրայ Հայը եւ Հայաստանը սեպ կը համարուին եւ թրքութիւնը մտադրած է այդ սեպը վերացնել : Լսողներու համար ոմանք գործածեցին վիլայլէթ բառը եւ չանհանգստացանք
Եթէ տարածքներ կը յանձնուին, կը նշանակէ որ յանձնողներ կան : Ո՞ր ազգային, քաղաքական, մարդկային տրամաբանութեամբ , ո՞ր ընդունուած միջազգային կարգով եւ բարոյականով հայու հող-հայրենիքը կը բզքտեն:
Անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր հայկական Արցախի բեկոր Բերձոր կոչուած մասնիկ բնավավայրին եւ Աղաւնոյ կոչուած բեկորին տէր պիտի դառնան հոն ոչ քրտինք ոչ ալ ալ նախնիներու գերեզման ունեցողներ,: ինչ ալ ըլլան իմաստուն մանիթուներու գործնապաշտական ճապկումները, Բերձորը եւ Աղաւնոն յանձնել ինքնութենէ հրաժարման մէկ առաւել մէկ Հայու հետքը ջնջելու մեծ դաւին մասնակցութիւն է: Ի՞նչ պաշտպանելու եւ ի՞նչ շահելու համար հայը ինքզինք կամ ուրիշներ զինք հողազուրրկ եւ տնազուրկ կ’ընեն: Ինչո՞ւ հաը ինք ալ մեղսակից կ’ըլլայ իր դէմ նիւթուող դաւին:
Երբ աշխարհի բոլոր մեծ ու պզտիկ ամբոխավարները, մեծ ժողովներու բեմերէն կը խօսին մշակոյթներու եւ կրօնններու համակեցութեան մասին, Արցախի Բերձոր հայկական բնավայրին տիրանալու պատրատուող նախայարձակ եւ ցեղապաշտ Ազրպէյճանը արդէն ծրագիր մշակած է անոր եկեղեցին մզկիթի վերածելու համար:
Կարսի Առաքելոցի ճակատագի՞րը պիտի ունենայ այս կեղեցին, ուր երբեմն իրենց ճամբան կորսնցնուած հայածնունդ զբօսաշրջիկներ պիտի հասնին… լուսանկարուելու համար:
Ապա կրնան երթալ նաեւ Աղաւնոյ եւ նկարել ինչ որ մնացած կ’ըլլայ հին եկեղեցիէն
Հերթը ե՞րբ պիտի հասնի Հռոմի Ս. Պետրոսին,Մոսկուայի Ս. Փրկիչ եւ Ս.Վասիլ տաճարներուն, ինչո ւ՞ոչ Նիւ եորքի ս. Փաթրիքին…, քանի որ Արպէյճան շղթայազերծած է Հանթինկթընի նախատեսած կրօնական եւ ցեղային զտման պատերազմը: Առածը կ’ըսէ, որ ախորժակը ուտելով կը բացուի:
Հանրապետութիւնը ներկայացուչութիւն ունի Իւնեսքօ: Ի՞նչ կը բանի այդ ներկայացուցչութիւնը: Ո՞վ տէր է, ՞ով կը պաշտպանէ Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին, Եունեսքոն ե՞րբ Բերձորի եւ Աղաւնոյ եկեղեցիները կրօնմոլական եւ ցեղապաշտական կիրքով մզկիթ դառնան, Իւնեսքոն հանդիսատես պիտի մնայ:
Ինչո՞ւ սփիւռքը ցոյցի չի դիմեր Իւնեսքոյի կեդրոննեններուն առջեւ, ըսելու համար ,որ ան իր պարտականութիւնը չի կատարեր, ինչպէս կ’ընդունի՞, որ մշակութային եւ եւ հոգեւոր ժառանգութիւններ աւերուին, անհետանան: Ինչ որ կը պատահի ՄԱԿ-ի եւ Եունեսքոյի անբարոյացում է: Ինչո՞ւ տիրոջ եւ իրաւազրկուողի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքով հրապարակ չգալ, չենք գար: Եթէ հարկ է դիմակազերծ ընելով բոլոր մեծխօսիկները: Եթէ այս ընենք ի՞նչ բան աւելի կը կորսնցնենք:
Երկու չափ երկու կշիռի մասնագէտ ղեկ բռնածներէն հաշիւ չպահանջել, թէ ինչո՞ւ
Ալիեւ եւ Էրտողան չեն յանձնուիր Լա Հէյի Մարդկային Իրաւանց դատարան:
Հիմա Հայաստանի իշխանութիւնները բնակիչներուն դրամ կու տան որ լքեն հայրենի հող ու տուն, առանց դիմադրութեան լքեն հայրենիք: Ո՞ւր են հայրենատիրութիւնը եւ ազգային ինքնապաշտպանութիւնը
Համահայական Հիմնադրամը ենդհանուր հաշուետուութիւն պէտք է ընէ, ցոյց տալու համար թէ որքա՞ն ծախսուեցաւԱրցախի համար եւ այսօր յանձնուած էթշնամիին, պետութիւնը ո՞րքան գումար վերցուցած է հիմնադրամէն, ո՞ւր ծախսուած են այդ գումարները:
միթէ՞ հիմնադրամը եղած էր թշնամի՞ն պարարտացնելու համար:
Դիմակները պէտք է պատռել, ուր որ կան դիմակաւորներ:
Եւ վերջ տալ դուրսի զգացական եւ չարաշահուող հայրենասիրութեան եւ ներսի շահանխննդրութիւները աճեցնող պարտուողականութեան, ըսին եւ կրկնեցին կապիտիւլացիա: Յետո՞յ: Գոհունակութեամբ մնացինք նոյն տեղը… գետին թռփելով, նախկիններ հոլովելով, թարմացնելով անոնց վերագրուած, կողոպուտը՝ հագցնելով նոր շապիկ՝ որ կոչի պարգեւավճար որ ստուածայինի պէս էերբ իր շարունակութեան վրայ կը բազմապատկուին զըրօ»ները, որնք պարգեւավճարները զրոյական չեն դարձներ:
Օր մը, յանուն ջատագովուած թափանցիկութեան, կը հրապարակուին անունները ետական այրերուն, մեծ եւ պզտիկ, իրենց ստացած բոլոր պպարգեւավճարներու գումարներու աջի բոլոր զըրոներով:
Ի դէպ, Հիմնադրամի մեծ ու պզտիկ նուիրատուները պիտի գիտնան, կամայական որոշումով վերցուած ՀԱՐԻՒՐ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԸ ճակակագիրը: Հայրենասէրը քիթին երկաթ օղակ դրուած կով է՞ միթէ պետական այրերուն եւ անոնց սպասաարկող մանր փառքի վաշխառուներուն համար:
ամառ է: Օգոստոս: Ինչո՞ւ խանգարել հանգստաանալու իրաւունքը, Անթալիա թէ Սոչի, Նիցցա (Նիս, խմբ.)թէ Լոս: Միթէ՞ կ’արժէանհանսգտանալ մրհ երկու հինցած պատերով եկեղեղցիներու համաէ եւ չտեսնել Նեվատայի անապատին մէջ հրաշքով բուսած Վեկասը եւ հոն, բախտ փորձելու համար չմսխել առանց քրտնած ըլլալու շահուած գումարները:
Աղաւնոյ, բերձոր, Պամութեանմիգամածներէն յ անկարծ յայտնուած անուններ եւ պատկերներ: Անոնք վաղը կրնան իրենց տեղը վերագտնել կամ չգտնել հին եւ հինցող էջերու մէջ, սպասելոով որ տիրացու մը կամ մասնագէտ մը զիրենք լուսարձակի մը տակ բռնէ՝ հետքրքրուողներ բաւարարելուեւ փոխադարձաբար հրճուելու համար, գումարուելով Աղթամարի, Առաքելոցի, Հռիփսիմէի վրայ: Երազներու եւ յիշատակներու կայսրութիւն,փառասիրութիւն խաղաղալու համար երբ թագաւորները թագաւորութիւն չունին… եւ թագուհիները շոփինկ կ’ըեն…
Ոչ հեռաւոր անցեալին արդէն ըսուեցաւ որ արցախցին վարժուած էր թուրքին հետ ապրելու եւ հիմա ալ կրնայ ապրիլ: Եզրակացութիւն… Կարիք կա՞յ Հայաստանի եւ Արցախի… Միթէ՞ չապրեց անք եւ չենք ապրիր առանց Վանի, Մուշի, Սասունի, Բերկրիի, Արածանիի… Լաւ ապրելու իրաունքով չե՞նք երթար Վեկաս եւ Լոս, Նիցցա եւ Սոչի…
Իսկ ի՞նչ պիտի ըսեն մարդկային իրաւունքներէ ճառող ՄԱԿ,ը, խւաղաղութեան հսկող Ապահոովոթեան Խորհուրդը համակեցութենէ ճառողները…
Շէքսփիր ըսած էր ԲԱՌԵՐ, ԲԱՌԵՐ, Words, Words…
Մեզի համար չէր ըսած:
Ինչ կը հետապնդենՀայատանի իշխանութիւնները, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հարց տալ թէ ի՞ ն չկը պարտադրուի Հայաստանի: Ի՞նչ յանձնառութիւններ ստանձնուած են: Ներսի եւ դուրսի ժողովուրդը իրաւունք ունի գիտնալու: Այս՝ անկախաբար իշխանութիւն-ընդդիմութիւն ամիսներէ ի վեր տեւող թատրոնէն:
Հարցում բոլոր զբօսաշրջիկի հոգեբանութեամբ մտածողներուն եւ վերլուծողներուն. ո՞ւր կ’երթանք, ո՞ւր կը տանին: Կարելի՞ է դեռ շրունակել նախկին եւ թաւիշի խաղը: Կարելի՞ է շարունակել լաւատես տուրիստի պէս գոհունակ աչքով դիտել ներկան եւ չմտահոգուիլ գալիքով:
ՄԱԿ-ի ուսումնասիրութիւն այլ ահազանգ մը կնչեցնէ.2050-ին Հանրապետութեան նաչութեան 5-էն 1-ը տարեց պիտի ըլլայ : Կարելի՞ է չմտածել բնակեցման եւ հաայրենադարձութեան մասին, այսօ՛ր, գիտնալով որ վաղը միշտ ուշ է եւ հիմնահարցերու լուծման համար անհրաժեշտ են իրատեսութիւն եւ միացում :Հարկ է թօթափել լօգոստոս-արձակուրդի թմբիրը եւ մտածել Բեր ձոր եւ Աղաւնօ…,զանգեզուր, Սեւան, թերեւս նաեւ Երեւան…
yerakouyn.com/2022/08/19/բաց-նամակ-յ․-պալեան/