Անդրադարձ – Ե՞րբ Պիտի Քաշենք Կարմիր Գիծը – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Some ancient statues, reliefs, stones, pottery, and relics are found in the heart of historical Armenia (Armenia Minor), not too far from Kharpert (Kharput) and Urfa

Անդրադարձ – Ե՞րբ Պիտի Քաշենք Կարմիր Գիծը – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

26 ՕԳՈՍՏՈՍ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Կարօ Արմենեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Յանկարծ կը գտնուինք անհեթեթ սպասողականի մը մէջ եւ յանկարծ ենթակայ ենք թշնամիին կողմէ հաստատուած վերջնագրի մը պայմաններուն: Տեղի պիտի ունենայ էթնիկ մաքրագործման ամէնէն փողոցային, ամէնէն բացօթեայ եւ ամէնէն եղերազաւեշտական բեմադրութիւնը ամբողջ աշխարհի, եւ առաջին հերթին ՄԵ՛Ր, աչքերուն առջեւ:

Կարեւոր չէ, թէ ո՛ւր կը գտնուիս այս պահուն` այս մոլորակի համատարած քաոսին մէջ, կամ ի՞նչ անձնագրով կը բնորոշուի ազգային պատկանելիութիւնդ աշխարհի աչքին: Եթէ արժանապատուութեան տարրական զգացումով օժտուած հայն ես, եւ չէ բթացած մէջդ ինքնութեան գիտակցութիւնը, ինքնաբերաբար անարգուած ես մեր երկրին մէջ ընթացք առած հայրենազրկման այս գործընթացներէն: Անարգուած ես, քանի որ դուն Բերձորն ես: Քանի որ դուն Աղաւնոն ես: Քանի որ դուն Ներքին Սուսն ես: Դուն Սիւնիքն ես: Դուն Գեղարքունիքն ես: Դուն Արցախն ես: Դուն քու հայրենիքիդ ամէն մէկ թիզ հողն ես, եւ քեզմով միայն կը սկսի եւ կը վերջանայ քու հայրենիքիդ հողային ամբողջականութիւնը:

Եթէ այս բացարձակութեամբ չես ապրիր պատմութեան այս ճգնաժամային պահը, դուն առհասարակ կապ չունիս մեր հաւաքական ճակատագրին հետ: Դուն հայ չես: Դուն իմացեալ, դուն մկրտեալ հայը չես, որ միակ չափանիշն է հայ ըլլալու: Դուն պատահմունքով միայն հայն ես: Դուն այն հայը չես, որ իրաւունք ունի եւ արժանի է զինուորագրուելու մեր այսօրուան մարտահրաւէրներուն:

Մեր երկրի հողային ամբողջականութիւնը բռնաբարած թշնամին եւ անոր լծակից փաշինեանական համակարգը այսօր ի վիճակի են կապտելու քեզ քու ինքնութիւնէդ: Քու ինքնութիւնդ սահմանող ստորոգելիներէ՛ն: Քեզ մասնակից դարձնելու վարչակարգի շարունակական անձնատուութեան: Քեզ ներքաշելու վարչակարգի յանցագործ քաղաքականութեան մէջ եւ քեզ օր ցերեկով թաղելու որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եւ որպէս ՀԱՅ:

Դուն իրենց հասողութեան մէջն ես այլեւս: Դուն արդէն պատանդուած ես: Դուն դադրած ես ինքզինքդ ըլլալէ` հակառակ քու բոլոր յաւակնութիւններուդ եւ թէկուզ հակառակ քու կամքիդ® Այս է մերկ իրականութիւնը, որմէ ոչ մէկ հայ կրնայ խուսափիլ: Այս է իրականութիւնը նաեւ, որմէ ոչ մէկ մարդ կրնայ խուսափիլ® Եթէ դուն ճակատ չես յարդարած այս անպատիւ իրականութեան դէմ, կը նշանակէ յանձնած ես ինքզինքդ այդ իրականութեան: Դուն անքակտելի մասն ես անոր: Դուն ընդունած ես քու հայրենիքիդ, քու անկախ պետականութեանդ եւ քու մարդկային ինքնութեանդ դէմ լարուած համաշխարհային այս նախայարձակումը (aggression, ագրեսիա): Եթէ դուն չես քաշած կարմիր գիծը քու եւ թշնամիին միջեւ, դուն թշնամի՛ն ես առանց դոյզն կասկածի:

Այսօր թշնամին եկած է փորձելու վերջին սահմանը մեր անյատակ հանդուրժողութեան® Թշնամին հաստատած է 25 օգոստոս, 2022 թուականը որպէս ժամկէտ եւ բացէ ի բաց կը պահանջէ, որ Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս համայնքներու բնակչութիւնը անյապաղ դուրս գայ իր տուներէն եւ զանոնք յանձնէ իր ճանկերուն: Կասկած չունենաք, որ ասիկա սկիզբն է միայն թշնամիի յարձակողականին: Այս թշնամին կանգ պիտի չառնէ: Թշնամին որոշած է քայլ առ քայլ իր թաթը դնել Արցախի, Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի, Տաւուշի, Երեւանի վրայ եւ ի վերջոյ` ամբողջ Հայաստանի: Թշնամին չի ծամծմեր իր բառերը: Ան կ՛ուզէ լիովին հայաթափել Հայաստանը: Իսկ անոնք, որոնք կ՛որոշեն մնալ թշնամիի իշխանութեան տակ, անոնք պիտի չունենան ազգային որեւէ ինքնութիւն: Անոնք պիտի ենթարկուին պարտադիր ձուլման ամէնէն խուժդուժ բռնամիջոցներուն:

Երբ այդ մէկը տեղի կ՛ունենար Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Արեւմուտք եւ Ռուսաստան գիտակցաբար լռեցին: Թոյլ տուին, որ թշնամիի հայաթափման քաղաքականութիւնը հասնի ամբողջական կիրարկման: Արեւմուտք եւ Ռուսաստան խաղացին քու կացութենէդ օգտուելու իրենց լկտի խաղը: Նոյն խաղը կը խաղան եւ պիտի խաղան այսօր:

Մինչ այդ հոգեբանական ահաւոր ճնշման տակ է Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Ներքին Սուսի մեր ժողովուրդը: Մեր ժողովուրդը մնացած է անտէր: Բերձորը, Աղաւնոն ու Սուսը պարզապէս գոյութիւն չունին աշխարհի օրակարգին վրայ: Անոնք արհամարհելի քանակութիւն մըն են, որ կարելի է «ծախսել» որպէս «գրպանի դրամ»: Անոնք իրաւունք չունին իրաւունքի մասին իսկ խօսելու: (Ռուսաստան եւ Արեւմուտք վճռած են, որ Արցախը մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան):  Փաշինեանական իշխանութիւնը սկսած է հանգիստ խղճով «գրանցել» բոլոր այն ընտանիքները, որոնք ի վերջոյ կը յօժարին յանձնել իրենց ինչքը եւ ընդունիլ պարտադիր տեղահանութիւնը, որուն համար փաշինեանական վարչակարգը կը գործածէ «տարհանում» անգոյն բառը® Շուտով ամէն բան կը վերածուի դիւանակալական (bureaucratic, բիւրոկրատիկ) մանրամասնութեան: Շուտով տեղի կ՛ունենայ հերթական անձնատուութիւնը (capitulation, կապիտուլացիա) այս իշխանութեան կողմէ, եւ պատմութեան անիւը անգամ մը եւս կը քալէ մեր վրայէն: Սատուռնը կը խժռէ իր այս որդին եւս, եւ մենք անգամ մը եւս կուլ կու տանք մեր վիրաւորանքը ու կը վերադառնանք մեր ամէնօրեայ նախաճաշին: Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ զկերակուրս®Որքա՜ն ողբերգական կը հնչեն այս պահուն հայոց հոգեշունչ աղօթքին այս բառերը:

Այժմ հարց տանք մենք մեզի: Մենք ընդունա՞ծ ենք այս ճորտային կարգավիճակը: Հայը կրնա՞յ ընդունիլ ստրկական այս գոյութիւնը` որեւէ գնով կամ որեւէ պատճառաբանութեամբ: Գին ունի՞ն, մեր երկրի անկախութիւնը, մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը, մեր երկրի հողային ամբողջականութիւնը, մեր հայրենական ժառանգութիւնը, մեր խղճի ազատութիւնը, մեր ազգային արժանապատուութիւնը: Գին ունի՞ մեզմէ ամէն մէկուն մարդկային տարրական արժանավայելչութիւնը:

Թշնամին կը համարձակի բացէ ի բաց յայտարարելու, որ հայը գոյութիւն պիտի չունենայ այլեւս, եւ որ` իր սկսած ցեղասպանական ծրագիրը քայլ առ քայլ պիտի հասնի ամբողջական աւարտին: Այսօրուան քայլը Բերձորն է եւ Աղաւնոն ու Ներքին Սուսը:

Հռետորաբանութիւնը` մէկդի՛: ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՏԱ՞ՆՔ ՇԱՌԱՉՈՒՆ ԱՊՏԱԿԸ ԹՇՆԱՄԻԻ ԵՐԵՍԻՆ: ՄԵՆՔ «Ո՛Չ» ՊԻՏԻ ԸՍԵ՞ՆՔ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԵՒ ՔԱՇԵՆՔ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԸ ՄԵՐԿԱՊԱՐԱՆՈՑ, ՈՒՂԻՂ ԵՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ:

17 օգոստոս  2022

aztagdaily.com/archives/555339

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail