Հայաստանի Մէջ Ո՛չ Ողջերու, Ո՛չ Մեռածներու Նկատմամբ Յարգանք Կայ. Ըսուածին Ապացոյցը Վահագն Տատրեանն Է – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Գարտէզ-Հայաստան մեծ Հայք, փոքր Հայք, Կիլիկիա - Map Armenia Greater Armenia, Small Armenia, Cilicia – Carte Arménie Grande Arménie, Petite Arménie, Cilicie

Հայաստանի Մէջ Ո՛չ Ողջերու, Ո՛չ Մեռածներու Նկատմամբ Յարգանք Կայ. Ըսուածին Ապացոյցը Վահագն Տատրեանն Է – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Օգոստոս 26, 2022| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

 

Սոյն յօդուածը կը գրեմ մեծ ցաւով եւ հիասթափութեամբ:

Հայոց Ցեղասպանութեան ականաւոր մասնագէտ Վահագն Տատրեան մահացաւ 2 Օգոստոս 2019ին, Նիւ Եորքի հիւսիսային շրջանը, 93 տարեկան հասակին: Ծնած՝ Պոլիս, ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան գծով թրքական ժխտողականութեան բացայայտման կարեւոր գործին: Տատրեան իր մանրազնին ուսումնասիրութիւնները կատարեց թրքերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով եւ հայերէնով՝ ակադեմական ամսագիրներու մէջ հրատարակելով գիտական տասնեակ հատորներ եւ յօդուածներ:

Կը կարծուի, թէ Տատրեանի նման անուանի անհատ մը յարգանքի կ՛արժանանայ ոչ միայն իր կենդանութեան օրօք, այլեւ՝ մահէն ետք: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճիշդ քայլ առաւ 19 Օգոստոս 2019ին, երբ որոշում տուաւ՝ բարձր մակարդակի պետական յանձնախումբ մը կազմելու եւ համապատասխան ամավարկ յատկացնելու, որպէսզի Երեւանի մէջ Տատրեանի յուղարկաւորութեան համար անհրաժեշտ ձեռնարկներ կազմակերպուին եւ թաղման ծախսերը հոգացուին:

Պետական սոյն յանձնախումբի կազմին մէջ էին՝ «Ա. Յարութիւնեան՝ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար, Զ. Մնացականեան՝ արտաքին գործոց նախարար, Ա. Թորոսեան՝ առողջապահութեան նախարար, Ա. Ճանճուղազեան՝ ելեւմուտքի նախարար, Հ. Մարութեան՝ Երեւանի քաղաքապետ, Ռ. Մարտիրոսեան՝ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ, Վ. Տէրտէրեան՝ տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխնախարար, Վ. Մովսիսեան՝ Հայաստանի փոխոստիկանապետ, Տ. Յովնան՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի լուսարարապետ Յակոբեան եպս., Ա. Իսկանկարեան՝ «Բնակչութեան յատուկ սպասարկում» կազմակերպութեան տնօրէն, Հ. Մարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն եւ Գ. Սարգիսեան՝ «Զօրեան» հաստատութեան նախագահ (Գանատա): Տատրեանը «Զօրեան» հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէնն էր:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանատան կողմէ փրոֆ. Տատրեանի աճիւնը Հայաստան տեղափոխելէ ետք, 31 Օգոստոս 2019ին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ, որուն անդամն էր Տատրեան: Արարողութեան ներկայ էին պետական յանձնախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի օրուան նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Տատրեանի 90ամեայ քոյրը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ եւ ակադեմիկոսներ: Փրոֆ. Տատրեանի աճիւնը ամփոփուեցաւ Երեւանի Կեդրոնական (Թոխմախի) գերեզմանատունը:

Վերջերս, Քալիֆորնիոյ Միշըն Հիլզի մէջ գտնուող Արարատ-Էսքիճեան թանգարանի տնօրէն Մեկի Մանկասարեան-Կոշին, երբ ուզեց Տատրեանի գերեզմանին լուսանկարը ներառել իր թանգարանին մէջ, ուր կը պահուին Տատրեանի արխիւները, ոչ ոք կրցաւ գտնել Տատրեանի գերեզմանը: Երկար փնտռտուքներէ ետք, Փարիզէն՝ Պաղտիկ Գույումճեան եւ Գանատայէն՝ Հրայր Բազէ Խաչերեան վերջապէս յաջողեցան գտնել Տատրեանի անյայտ գերեզմանը: Պարզուեցաւ, որ յուղարկաւորութենէն երեք տարի անց, Պետական յանձնախումբը չէ բարեհաճած Տատրեանի գերեզմանին վրայ շիրմաքար դնել, կամ նոյնիսկ անոր անունով յուշատախտակ մը զետեղել: Գերեզմանը ահաւոր վիճակ կը պարզէր՝ պատուած մացառով եւ աղբով: Երկու պարոնները ժամանակաւոր յուշատախտակ մը դրած են Տատրեանի գերեզմանին եւ զայն մաքրած՝ մացառներէ: Ահա՛ այդ սարսափելի վերաբերումը, որուն արժանացած է նշանաւոր ակադեմիկոսը իր մահէն ետք, ի՛ր իսկ հայրենիքին մէջ:

Փրոֆ. Թանէր Աքչամ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հանրածանօթ մասնագէտ եւ UCLA-ի Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտական ծրագիրի տնօրէն, առաջին մարդն էր, որ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ ահազանգեց Տատրեանի գերեզմանին ողբալի անտեսման մասին: Հեգնական է, որ թրքական ծագում ունեցող անհատը աւելի՛ մտահոգուած է Տատրեանի գերեզմանին նկատմամբ արհամարհական վերաբերումով, քան՝ Հայաստանի կառավարութիւնը: Տատրեան եղած է Աքչամի խորհրդատուն եւ գործընկերը՝ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան հարցին կապակցութեամբ: Աքչամ իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Տատրեան արժանի չէ ասոր: Անընդունելի եւ չափազանց ամօթ է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակակից հետազօտութեան հիմնադիրին գերեզմանը անուշադրութեան մատնուած եւ մոռցուած ըլլայ»:

Իբրեւ պատասխան փրոֆ. Աքչամի արդարացուած վրդովումին՝ «Զօրեան» հաստատութեան (Հայաստան) ծրագիրի համակարգող Մարի Յովհաննիսեան յայտարարութիւն մը տարածեց՝ «Փոթորիկ գաւաթ մը ջուրի մէ»ջ վերնագիրով: Ան այսպէս պատճառաբանած է ձգձգումը? ««Քովիտ-19» համաճարակին եւ 2020ի Արցախի պատերազմին պատճառով, հայ ազգը կորսնցուց քանի մը հազար լուսաւոր զաւակներ ու զբաղած էր անոնց յուղարկաւորութեամբ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պահանջէր իրեն համապատասխան տապանաքար»: Ասիկա անընդունելի՛ արդարացում է: Տատրեանը յուղարկաւորած են Հայաստանի մէջ Քորոնա ժահրի տարածումէն եօթը ամիս առաջ եւ արցախեան պատերազմէն աւելի քան մէկ տարի առաջ: Այս կը նշանակէ, որ բաւարար ժամանակ կար Տատրեանի գերեզմանին շիրմաքար կամ առնուազն յուշատախտակ մը տեղադրելու համար, տակաւին չըսած, որ 2020ի պատերազմէն անցած է գրեթէ երկու տարի, իսկ Քորոնա ժահրը այլեւս տարածուած չէ Հայաստանի մէջ: Աւելի՛ն, Տատրեանի մահէն ի վեր, ուրիշ մարդիկ թաղուած են մօտակայ գերեզմաններու մէջ եւ անոնք շիրմաքար ունին…

Առաւել մտահոգիչ են այս խայտառակութիւնը կոծկելու փորձերը: «Զօրեան» հաստատութենէն Յովհաննիսեանը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է. «Կը խնդրենք այս հարցը հրապարակայնօրէն բարձրացուցած մարդոցմէ, որ զերծ մնան չստուգուած տեղեկութիւններու տարածումէն եւ աւելորդ մեկնաբանութիւններէ, որոնք միայն կրնան փոթորիկ պատճառել մէկ գաւաթ ջուրի մէջ»։ Նման անիմաստ արդարացումներ հնչեցուցած են նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեանն ու Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանը: Այսպիսի կեցուածք կը դրսեւորեն անոնք, որոնք կը փափաքին կոծկել իրենց ամօթալի սխալները: Աւելի պատշաճ կ՛ըլլար, եթէ անոնք ներողութիւն խնդրէին եւ անյապաղ քայլերու ձեռնարկէին՝ Տատրեանի գերեզմանին շիրմաքար տեղադրելու համար:

Եթէ Փաշինեանի նշանակած պետական յանձնախումբին անդամները չեն կրցած երեք տարուան ընթացքին կազմակերպել մեծարգոյ հայ գիտնականի շիրիմին տապանաքար դնելու գործը, ապա անոնք պէտք է նկատողութիւն ստանային Փաշինեանէն՝ իրենց անփութութեան եւ ապաշնորհ ըլլալու համար: Ասիկա ազգային խայտառակութի՛ւն է: Ցաւալի՛ է նաեւ այն փաստը, որ եթէ հայ պաշտօնեաներ չեն կրնար գերեզմանի մը վրայ շիրմաքար տեղադրել, ուրեմն հայերը ինչպէ՞ս վստահին իրենց կառավարութեան՝ այսքան լուրջ հարցեր ունեցող երկրին ղեկավարումը:

Վերջապէս, փրոֆ. Տատրեանի շիրիմը պէտք չէ ըլլար Թոխմախի գերեզմանատան մէջ: Աւելի պատշաճ կ՛ըլլար, որ Տատրեանի աճիւնը ամփոփուէր Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին ետեւը, կամ՝ Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ, նշանաւոր այլ անձերու կողքին: Ասիկա նուազագո՛յնն է, զոր կրնայ Հայաստանի կառավարութիւնը ընել՝ իր կոպիտ սխալը սրբագրելու համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

asbarez.am/424826/հայաստանի-մէջ-ո՛չ-ողջերու-ո՛չ-մեռածնե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail