«Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը Ինչպէ՞ս Կազմակերպուեցան Գ. – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
04 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org/
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու մնայուն եւ անփոփոխ մարտավարութիւնը Ռուսիան տկարացնել ու մեկուսացնել է, եւ այս նպատակը իրագործելու համար, եթէ պէտք ըլլայ, Ռուսիոյ դրացի կամ բարեկամ երկիրները կը փճացնէ, միշտ ներսէն, տոլարը աւելի սիրող գործակալներու եւ դաւաճաններու միջոցով, առանց զինուորական ուղղակի միջամտութեան: Ահա` Հայաստանը, Արցախը, Վրաստանը եւ Ուքրանիան:
Արդարեւ, Երեւանի մէջ, ըստ իրենց, «թաւշեայ» «յաջող» «յեղափոխութիւն»-էն ետք, 7-11 նոյեմբեր 2018-ին, Փրակայի Քաղաքացիական հասարակական կեդրոնին (այսուհետեւ` ՓՔՀԿ) կողմէ կազմակերպուեցաւ «Տապալէ կառավարութիւնդ» դասաւանդութիւն մը, 2016-էն ի վեր հինգերորդը, որուն մասնակցեցան նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներէ 150 երիտասարդներ: Վերի նկարին մէջ, պաստառին վրայ կ՛երեւի Ռուսիոյ նախագահ Փութինը, որ կը ներկայացուի իբրեւ «հրամայապետ», «տիքթաթոր»: Այսինքն տխմարօրէն յիմարօրէն Երեւանի մէջ Ռուսիոյ նախագահին դէմ յեղափոխութեան պատրաստութիւն եւ քարոզչութիւն կը կատարուի… (տես` Ա. մաս (1)):
Հայաստանի մէջ աշխարհի որեւէ երկրի դէմ, դաւադրաբար, արեւմտեան կազմակերպութեան մը, կամ որեւէ այլ միջոցով յեղափոխութիւն պատրաստելը, քարոզելը կամ այդ մասին նո՛յնիսկ մտածելն իսկ բացարձակապէս անընդունելի է: Ո՛ւր մնաց` մեր բնական եւ ռազմավարական դաշնակիցին` Ռուսիոյ դէմ, որուն վստահուած է Հայաստանի սահմաններուն ապահովութիւնը: Ուղղակի աններելի դաւաճանութիւն էր այս եւ Հայաստանի համար աղէտալի:
Ամենապարզ ու յստակ ձեւով յայտնի դարձաւ, որ այն պաշտօնեան(ները), որ Ուաշինկթըն գրասենեակի մը մէջ նստած` Հայաստանին «ապագան կ՛որոշէ», ամերիկեան պարզ տրամաբանութեամբ կ՛ըսէ` եթէ Հայաստան գոյութիւն չունենայ, ուրեմն այնտեղ ռուսական խարիսխի կարիք չ՛ըլլար… Այսքան պարզ է իրեն համար, չէ՞: Քարտէսի վրայ փոքր երկիր մը, որ կարելի է ջնջել… Սակայն Իսրայէլի մասին նոյնը կը համարձակի՞ մտածել արդեօք, որ քարտէսի վրայ աւելի փոքր է եւ անոր գոյութենէն ի վեր Ամերիկան տարեկան միլիառներ կը նուիրէ, կը յատկացնէ անոր… Արդեօք պատճառը ի՞նչ է:
Երբե՛ք չեմ մոռնար 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօն, որ ըսաւ. «Մենք յոյսով ենք, որ հայերը պիտի կարենան պաշտպանուիլ Ազրպէյճանի կատարածին դէմ», այսինքն մենք ոչի՛նչ պիտի ընենք, տոկացէ՛ք…(3): Ճի՛շդ Վրաստանի նման, որ կորսնցուց Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան, մինչ ամերիկեան մարտանաւերը ծովէն կը դիտէին: Երկրորդ` իր այս յայտարարութիւնը կը հաստատէ նաեւ, որ Ազրպէյճանն էր նախայարձակը:
Հայաստանը եւ Ամերիկայի Հայ դատի գործիչները` շահախումբը (լոպի) «կը խանգարեն եւ տաղտուկ կը պատճառեն» անկեղծօրէն կ՛ըսէ յայտնի ամերիկացի սիւնակագիր Միիտը: «Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներուն համար գետնի ականներ կը վխտան – Ազրպէյճանը հարուստ է դիւանագիտական կարելիութիւններով, Հայաստանը կը կնճռոտէ խնդիրը» խորագիրով յօդուածին, որ Ուոլթըր Ռասըլ Միիտ (4) Պաքուէն ղրկած էր 21 յունիս 2021-ին «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի «Համաշխարհային դիտակէտ» սիւնակին, որ կը վերլուծէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան ընթացիկ զարգացումները` կիզակէտ ունենալով ամերիկեան ռազմավարութիւնը եւ աշխարհաքաղաքականութիւնը: Այսինքն ըսել կ՛ուզէ. «Եթէ Հայաստան գոյութիւն չունենար, ի՛նչ լաւ կ’ըլլար»:
Կոյր կամ միամիտ պէտք է ըլլան անոնք, որոնք տակաւին որեւէ բարիք կը սպասեն Արեւմուտքէն, կամ տակաւին կասկած ունին, որ Ամերիկան եւ ՕԹԱՆ-ը չեն (այսինքն Թուրքիան) 2018-էն ի վեր Հայաստանի ու Արցախի աղէտներուն եւ փորձանքներուն ետին, այլապէս, ուրեմն, իրենք ալ կլանուած են այս հրէշային ազգադաւ ծրագիրին մէջ:
Կ՛արժէ անդրադառնալ ՓՔՀԿ-ի էութեան մասին եւ մինչեւ վերոնշեալ հաւաքը` 2016-էն 2018, 45 յեղափոխութեան պատրաստութեան դասապահերուն (այսինքն` տարեկան շուրջ 15 հաւաք*) կարգ մը նիւթերուն, որոնց զոհը դարձաւ նաեւ համայն հայ ժողովուրդը:
Ինչպէս նախորդիւ նշած էի, ՓՔՀԿ-ի կայքէջին վրայի մեզ հետաքրքրող բոլոր էջերը վերցուած են, սակայն քանի որ 2019-ին կարգ մը էջեր ընդօրինակած էի, «Ինթըրնեթ արխիւ»-ին միջոցով, կարելի եղաւ բոլորը վերականգնել (2), (5), (6):
Ա.- Նախ` որո՞նք կը հովանաւորեն ու կը տնտեսեն ՓՔՀԿ-ն.
«CS Mott Foundation (ամերիկեան), the Oak Foundation (ամերիկեան` կեդրոնը Ժընեւ), Եւրոպական յանձնաժողովը (European Commission) եւ Շուէտի, Չեխիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Անգլիոյ կառավարութիւնները: Ահաւասիկ իրենց կայքէջն իսկ կը յայտնէ, որ Եւրոպան, Ամերիկան եւ Անգլիան են «գունաւոր յեղափոխութիւններ» պատրաստող կազմակերպութեան հովանաւորները եւ պիւտճէ յատկացնողները:
«2017-ին Թիֆլիսի մէջ կայացած ՓՔՀԿ-ի ՔեմփՔեմփ հաւաքին 100-է աւելի մասնակիցներ, տասէ աւելի երկիրներէ եկած, միասնաբար ընդգծեցին տարածաշրջանին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն հսկայ ծաւալը եւ ցուցադրեցին քաղաքացիական հասարակութեան բազմազանութիւնը, ստեղծագործելու կարողութիւնը եւ հնարամտութիւնը:
Բ.- «2018-ի Երեւանի ՔեմփՔեմփ-ը քաղաքացիական նախաձեռնութիւններուն օգնելու մասին է, ամրապնդելու իրենց կապը տեղական համայնքներուն հետ` օգտագործելով նոր արհեստագիտութիւնը` ստեղծագործ լուծումներ գտնելու համար (Դիմատետր, Ուացափ, Ինսթակրամ եւ այլն):
«ՔեմփՔեմփ-ը կը նշանակէ 4 օր աշխուժ խմբային աշխատանք եւ համագործակցութիւն, ստեղծագործող հանրային գործիչներու, տաղանդաւոր լսատեսողական, շուկայական եւ առեւտուրի մասնագէտներու միջեւ: Շարք մը մասնագիտական դասապահեր` մասթըրքլասներ, գաղափարներու փոխանակում, յաջողած ծրագիրներու ներկայացում եւ մասնագիտական խորհրդակցութիւններ, որոնք պիտի օգնեն հանրային նախաձեռնութիւններուն` բարելաւելու գործակցութիւնը տեղական համայնքներուն հետ, որպէսզի աւելի լաւ արդիւնք ստանան դրամահաւաքի, քարոզչութեան եւ հանրային նեցուկ ապահովելու մէջ (մարդ որսալու եւ խաբելու նորագոյն միջոցներ*):
Գ.- «2018-ի Երեւանի հաւաքին յայտագիրը (նորաստեղծ բառեր կը գտնենք *).
1.- Թուայնացած ձայնային ծրարներ ( Podcasts) եւ համացանցի ռատիօ. վերադարձ` ձայնային միջոցներուն:
2.- Ինսթաքաղաքացիներ (Ինսթակրամի հետեւորդներ*), – Զ (Z generation) սերունդին (1990-2010 ծնածներ, այսինքն 2018-ին` 8-28 տարեկանները*) գործիչ (activist) դառնալու կարողականութիւնը:
3.- Փոխգործակցային հաղորդակցութիւն եւ ոչ ուղիղ (ժամանակագրական կարգը առանց յարգելու` խառնածին) պատմութիւն պատմել:
4.- Աշխատանք` յաճախորդներու հետ յարաբերութիւնը կարգաւորող ջատագովներու (CRM) հետ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն համար` ՈԿԿ:
5.- Յուսահատութեան դէմ յոյս. ինչպէ՞ս օգնել (խաբել*) մարդոց, որ փոփոխութեան կարելիութեան հաւատան:
6.- Գործակցութիւն` գործիչներու, ստեղծագործ մասնագէտներու եւ շուկային միջեւ:
7.- Հանրային հաղորդակցութիւնը «գոց» երկիրներու մէջ:
8.- Ստեղծագործ մտածելակերպ եւ ինչպէ՞ս ոչ աւանդական լուծումներ գտնել:
9.- Սեփականութեան արուեստը եւ ինչպէ՞ս ներգրաւել տեղական համայնքներ:
10.- Թոշակառուները` իբրեւ քաղաքային ուժ:
11.- Համացանցի համբաւաւոր անձերը եւ ինչպէ՞ս աշխատիլ անոնց հետ (ներգրաւել եւ օգտագործել զանոնք*):
12.- Ողիմպիական խաղերը, համաշխարհային բաժակները եւ այլն քարոզչութեան առիթնե՞ր են, թէ՞ ոչ:
13.- Վաւերագրական ժապաւէնները` իբրեւ գործիչներու գործիք:
14.- Ուղիղ ձայնասփռումի ուժականութիւնը. ընկերային ցանցերու հոսքը:
15.- Սպառումի արհեստագիտութիւնը քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն համար:
16.- «Գաղափարախօսական» մամուլ. պէ՞տք է, որ լրագրողները գործիչներ մնան:
17.- Թելեկրամ կայաններ եւ հանրային խումբեր` ընկերային ցանցերուն մէջ. անոնցմէ ի՞նչ ակնկալել»:
Շատ յստակ է, որ վերոնշեալ բոլոր նիւթերէն կը պակսին`
1.- Մարդկային իրաւունքները,
2.- Փտածութեան դէմ պայքարը,
3.- Խօսքի եւ կարծիքի ազատութիւնը,
4.- Ժողովրդավարութիւնը,
5.- Մթնոլորտի ապականումը,
6.- Բնապահպանութիւնը… եւ այն, ինչ որ Արեւմուտքը երեւութապէս կը քարոզէ այլ երկիրներու մէջ միջամուխ դառնալու համար:
Բոլո՛ր նիւթերը կը վերաբերին 8 տարեկանէն մինչեւ թոշակառու` ժողովուրդ հաւաքելու ազդու միջոցներուն եւ զանոնք համոզելու, խաբելու ու հետեւորդներ դարձնելու լաւագոյն եւ ազդու ռազմավարութեան: Մի՛այն մարդ հաւաքելու քարոզչութեան մէջ «յաջողելու» մասին է:
Դ.- «Հաւաքին պիտի մասնակցին հետեւեալները.
1.- Քաղաքացիական գործիչներ, ՈԿԿ-ներու (NGO) պաշտօնեաներ, որոնք աշխուժութեամբ կը փորձարկեն հաղորդակցութեան նոր գործիքներ, միջոցներ եւ տեղական համայնքներու հետ յարաբերութեան նոր ձեւեր:
2.- Մասնագէտներ` լսատեսողական ասպարէզի, շուկայացումի (marketing), հանրային կապի (PR) եւ յարակից ասպարէզներու, որոնք կ՛ուզեն օգնել գործիչներուն իրենց ծրագիրները յաջողեցնելու համար:
3.- Միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք կ՛ուզեն աւելի մանրամասն տեղեկութիւն ունենալ իրենց շրջանի քաղաքացիական հասարակութեան մասին, սերտելու լաւագոյն քաղաքացիական վարժութիւնները եւ գտնել նոր գործակիցներ (գործակալներ*):
Ե.- Նիւթական աջակցութիւն.
«2018-ի ՔեմփՔեմփի մասնակցութիւնը ձրի է: Կան նաեւ ՓՔՀԿ-ի եւ իր գործակիցներուն կողմէ սահմանափակ թիւով ճամբորդութեան յատկացումներ: 150 տեղի համար կ՛ակնկալենք 800 դիմողներ: Միայն 50-ը ճամբորդութեան յատկացումներ պիտի ստանան: Անոնք մրցոյթի մը միջոցով պիտի ընտրուին:
Զ.- Որո՞նք պէտք է դիմեն.
«Գործիչներ` Activists, ջատագովներ` campaigners եւ ՈԿԿ-ի` NGO աշխատողներ:
«…Մեր ճկուն, ներառական եւ միջբաժանմունքային մօտեցումին նպատակն է օգնել քաղաքացիական հասարակութեան` դառնալու աւելի նորարար, ստեղծագործ եւ կայուն, որպէսզի աւելի լաւ պատրաստուած ըլլայ այս անգուշակելի տարածաշրջանին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ հնարաւորութիւնները դիմակայելու համար»:
Ահաւասիկ արդէն որոշած են, որ տարածաշրջանին ապագան անկանխատեսելի է, այսինքն որեւէ բան, «յեղափոխութիւն» եւ զանազան փորձանքներ պիտի պատահին…
10 յուլիս 2022
Շար. 3
haroutchekijian.wordpress.com
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին
- https://www.aztagdaily.com/archives/550408
- https://web.archive.org/web/20190213213106/https://praguecivilsociety.org/about-us/#region
- https://www.aztagdaily.com/archives/486567
- https://www.aztagdaily.com/archives/514159
- https://web.archive.org/web/20190213213052/https://praguecivilsociety.org/past-events/
- https://web.archive.org/web/20190213214003/https://praguecivilsociety.org/campcamp2018-eng/
haroutchekijian.wordpress.com/2022/07/11/թաւշեայ-յեղափոխութիւնը-եւ-գունաւ-2/