Արցախը, Սիւնիքն ու Գեղարքունիքը Հայաստան չեն, այլ ձեր ապազգային այլանդակ տեսակն է,որ ոչ մէկ կապ ունի Հայաստանի ու հայութեան հետ – Հրաչ Վարժապետեան

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Արցախը, Սիւնիքն ու Գեղարքունիքը Հայաստան չեն, այլ ձեր ապազգային այլանդակ տեսակն է,որ ոչ մէկ կապ ունի Հայաստանի ու հայութեան հետ – Հրաչ Վարժապետեան

13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – Ու՞ր էք, ապազգային «մտածողութեան» անպէտքներ, Հայաստան թէ Սփիւռք հաւասարապէս:

Հրաչ Վարժապետեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: Ինչպէս նաեւ՝

Ու՞ր էք, ապազգային «մտածողութեան» անպէտքներ, Հայաստան թէ Սփիւռք հաւասարապէս, այլ խօսքով՝ լեւոնանիկոլական աղբակոյտ, որ երեսուն տարիէ ի վեր կը բարբաջէք, թէ Արցախը (մինչեւ հիմա ձեր լեզուով՝ Ղարաբաղը) երբեք պէտք չէր ազատագրէինք (դարձեալ ձեր բառերով՝ գրաւէինք), որ հանգիստ ապրէինք, որ Արցախը մեր ինչին պէտք էր, որ Արցախը Հայաստանին «պելա»-ն է, որ «սաղ Ղարաբաղն ու ղարաբաղցին են մեր գլխուն եկած պատերազմին պատճառը», որ Արցախը յանձնենք եւ խաղաղ կ՛ապրինք, եւայլն, եւայլն…

Հը՞: Հիմա լա՞ւ էք, այսպէս ըսած յանուն«խաղաղութեան դարաշրջանի»՝ դաւաճանը վերընտրած զզուելի արարածներ:

Արցախին մեծ մասը տուիք, պատերազմը դադրեցա՞ւ, այ տխմարներ: Խաղաղութիւն մուրացիք՝ թշնամի թուրքին ու ազերիին հետ առանց դոյզն ամօթի սիրաբանելով, որ Գորիսը, Կապանը, Ջերմուկը, Վարդենի՞սը ռմբակոծեն: Ասո՞նք ալ Հայաստան չեն, ասո՞նք ալ յանձնենք, տանք-պրծինք:

Գիտէ՞ք ինչ: Մէկ բան յստակ է այսուհետեւ, որ ոչ թէ Արցախը, Սիւնիքն ու Գեղարքունիքը Հայաստան չեն, այլ ձեր ապազգային այլանդակ տեսակն է,որ ոչ մէկ կապ ունի Հայաստանի ու հայութեան հետ:

ՀԱՄԼԵՏ ՄԱՐՏԻՐՈՍՅԱՆ – ՀԱՅԸ մարդկային ցեղի ակունքն է և առնվազն 50.000 տարեկան է – HAMLET MARTIROSYAN – ARMENIAN IS THE ORIGIN OF THE HUMAN RACE, AT LEAST 50,000 YEARS OLD

Հրաչ Վարժապետեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail