ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պարսկական Բանակին Ներխուժումը Եւ Մելիք Աբովի Դէմ Ամբաստանութիւններ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
13 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Մահ Արարատեան Դեսպան
Ստեփան Դաւթեանի
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Կարմիր գիւղ Ասկերանի շրջանին մէջ
Իրանի գահաժառանգ իշխան Աբաս Միրզայի հրամանատարութեան տակ գործող պարսկական տասներկու հազարանոց բանակը 1800-ի գարնան Արաքս գետը անցնելով մտաւ Նախիջեւանի խանութեան տարածք եւ հոնկէ ներխուժեց Երեւանի խանութեան սահմանները:
Երեւանի Մոհամէտ խան, որ Ղաջար ցեղի Գոյունլու տոհմէն էր, Ֆաթհ Ալի շահին կողմէ վերահաստատուած էր պաշտօնի վրայ, բայց արքունիքին մէջ այնքան ալ վստահութիւն չէր վայելեր, որովհետեւ կասկածելի կապեր ունէր ռուսերուն եւ օսմանցիներուն հետ:
Արագօրէն յառաջանալով, պարսկական բանակը գրաւեց Շարուրը, Վետի Բասարը, Գառնի Բասարը, Զանգի Բասարը եւ յուլիսի սկիզբը հասաւ Երեւան ու պաշարեց քաղաքը:
Պարսկական բանակին կողմէ Երեւանի պաշարումէն ետք վրաց Գէորգի ԺԲ. թագաւորի եղբայրներ Ալեքսանդր, Լուլոն, Վախթանգ եւ Փարանոզ քալեցին Թիֆլիսի վրայ, իրենց խորթ եղբայրը գահէն հեռացնելու, ինչպէս նաեւ իրենց մայր Դարեջան Դադիանի թագուհին կալանքէ ազատելու նպատակով:
Աբաս Միրզայի արշաւանքը դիմագրաւելու առաջադրանքով Պետերբուրգէն հրաման ուղարկուեցաւ Կովկասեան բանակի հրամանատարութեան` զօրագունդեր ուղարկել Թիֆլիս: Սակայն Թիֆլիսի ռուսական զօրքի հրամանատար զօրավար Իվան Փեթրովիչ Լազարեւ յայտնեց, որ ինք երկիւղ չունի պարսիկներէն, որովհետեւ անոնց զօրքը խառնիճաղանճ ամբոխէ բաղկացած է եւ կռուելու անընդունակ է: Օգնական գունդ մը բաւարար է պաշտպանելու Թիֆլիսը:
Լազարեւի տեղեկագիրին համաձայն ռուսական բանակի գունդ մը զինուորներ մտան Թիֆլիս:
Մինչ այդ Թիֆլիսի բնակիչները խուճապի մատնուած էին եւ փախուստի կը պատրաստուէին:
Ռուս զինուորները փախուստի ճամբաները փակեցին եւ թոյլ չտուին թիֆլիսցիներուն հեռանալու մայրաքաղաքէն:
Պետր Կովալենսկի Թիֆլիսի պաշտպանութեան համար յատուկ մարմին կազմեց: Մայրաքաղաքէն եւ շրջակայ գիւղերէն երիտասարդներ հաւաքագրուեցան իբրեւ բերդապահ զօրք կռուելու համար: Սակայն անոնց մէկ մասին հրացան տրուեցաւ, իսկ միւսները մահակներով պիտի պաշտպանէին մայրաքաղաքը:
* * *
Տեաք Հադրութի հարաւ-արեւմտեան կողմը, Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցիով եւ սպիտակաւուն սալ
քարերով կառուցուած աղբիւրներով: Գիւղին կեդրոնը գտնուող աղբիւրը սրբատեղի է:
Մելիք Աբով, Գէորգի թագաւորի եւ Կովալենսկիի գիտութեամբ, իր մարդոցմէ երկու հոգի ուղարկեց Երեւան, պարսկական բանակը լրտեսելու համար:
Երեւանը պաշարած Ալեքսանդր իշխանի մարդոցմէ մէկը ճանչցաւ որ եկողներէն մին մելիք Աբովի մարդոցմէ է:
Մելիք Աբովի մարդը, անխուսափելի մահապատիժէ ազատելու համար յայտնեց, որ ինք մելիքի յանձնարարութեամբ եկած է Ալեքսանդր իշխանին հետ տեսնուելու համար:
Ալեքսանդր իշխան հաւատաց եւ երկու նամակ գրելով տուաւ մարդուն: Նամակներէն մէկը ուղղուած էր մելիք Աբովին: Ալեքսանդր իշխան մելիք Աբովը կը հրաւիրէր միանալու իրեն եւ միասին գործելու ռուսերուն դէմ:
Երկու լրտեսները երբ Վրաստան կը վերադառնային, Փամբակի մէջ ձերբակալուեցան ռուս զինուորներու կողմէ: Նամակները ուղարկուեցան Գէորգի թագաւորին: Կովալենսկի եւ Գէորգի ԺԲ. քննութիւն բացին:
Մելիք Աբով թէեւ հիւանդ էր, բայց Բոլնիսէն մեկնեցաւ Թիֆլիս, անձամբ պաշտպանելու համար իր անմեղութիւնը:
Քննութիւնը բռնուած լրտեսներու հարց ու փորձէն եւ անոնց բերած նամակներու բովանդակութենէն այն եզրակացութիւնը հանեց, որ մելիք Աբով ոչ մէկ յարաբերութիւն ունեցած է Ալեքսանդր իշխանին հետ:
* * *
Երեւանը պաշարած պարսկական բանակը եւ անոր միացած Ալեքսանդր իշխանի վրացական զօրքերը 7 օգոստոս 1800¬ին քակեցին Երեւանի պաշարումը:
Նոյն օրերուն զօրավար Լազարեւ, որ հակադրութեան եւ մրցակցութեան մէջ էր Կովալենսկիի հետ, նկատի ունենալով մելիք Աբովի մօտիկ կապերը իր մրցակիցին հետ, տեղեկագիր ուղարկեց Պետերբուրգ, ուր կ՛ըսուէր. «Հայերը, որոնց վրայ այնքան հաստատուն յոյսեր դրուած են, ինծի համար չափազանց կասկածելի են»:
Լազարեւ սկսաւ նեղել մելիք Աբովը եւ արգելքներ յարուցել անոր գործունէութեան մէջ, այն հիմնաւորումով, որ մելիքը ռուսական հպատակ է եւ պէտք չէ կատարէ այնպիսի գործեր, որոնք հակառակ են Ռուսաստանի շահերուն:
Սակայն իրաւականօրէն մելիք Աբով ոչ թէ ռուսական հպատակ էր, այլ վասալական դրութեան մէջ կը գտնուէր: Անոր վասալական դրութիւնը յիշատակուած էր ցարական բարձրագոյն կարգադրութեամբ:
Զօրավար Լազարեւ, առանց հաշուի առնելու ցարական բարձրագոյն կարգադրութիւնը, մելիք Աբովի հետ կը վարուէր իբրեւ իր ստորադասը:
Նոյն ժամանակ, 1800-ի սեպտեմբերին, Լազարեւ լուր առաւ որ Ախալցխայի փաշան օգնութիւն խնդրած է մելիք Աբովէն:
Ախալցխայի փաշան, որ օսմանեան կառավարութենէն պաշտօնանկ ըլլալու սպառնալիքին տակ կը գտնուէր, կը մտածէր մելիք Աբովի եւ լեզգիներու օգնութեամբ դիմադրել եւ թոյլ չտալ, որ նոր փաշա ուղարկուի Ախալցխա:
Լազարեւ իր մօտ կանչեց մելիք Աբովը եւ անկէ բացատրութիւն պահանջեց:
Մելիք Աբով ըսաւ, որ ինք, այո, նամակ ստացած է Ախալցխայի փաշայէն, բայց այդ նամակը, ինչպէս նաեւ ուրիշ երեք նամակներ, որ փաշան գրած է լեզգիներուն, ինք ցոյց տուած է Կովալենսկիի, եւ անոր առաջարկով ալ տարած է Գէորգի թագաւորին:
Լազարեւ մելիք Աբովի ընթացքը փորձեց կասկածելի գոյներով ներկայացնել պետական բարձրագոյն մարմիններուն եւ Կովկասեան գլխաւոր հրամանատարութեան ուղղուած նամակին մէջ կը գրէր.
«Ոչ մասնաւոր կերպով լսեցի, որ սուլթանը Ախալցխայի ներկայ փաշային տեղ ուղարկած է նախկին Սիւլէյման փաշայի որդին, բայց ներկայ փաշան ապստամբած է բարձրագոյն իշխանութեան դէմ եւ օգնութիւն կը պահանջէ մելիք Աբովէն, որ կը գտնուի Պետր Կովալենսկիի հովանաւորութեան տակ, իբրեւ թէ բարձրագոյն հրամանով: Եւ որովհետեւ անկէ քանի մը օր առաջ թագաւորը ինծի բարեհաճեցաւ ըսել, թէ մելիքը պէտք է փայփայել, որովհետեւ ան թեթեւամիտ մարդ է, ես, առիթ բռնելով, թէ կ՛ուզեմ ծանօթանալ անոր հետ, հրաւիրեցի գալ մօտս, եւ ան կատարեց հրաւէրս, բայց բերելով նամակ մը Կովալենսկիէն, որուն մէջ ան կը տեղեկացնէր, թէ այս մելիք ռուսական հպատակ է եւ կը գտնուի մեր արքունիքի առանձին հովանաւորութեան տակ: Այս պատճառով ես աշխատեցայ փայփայել զայն ամենալաւ կերպով եւ խօսակցութեան մէջ հարցուցի անոր` չունի՞ արդեօք որեւէ տեղեկութիւն Ախալցխայէն: Ան ինծի ըսաւ, թէ ամսուան 5-ին փաշայէն նամակ մը ստացած է, որուն մէջ անոր օգնութիւնը կը խնդրէ նոր փաշային դէմ, որ կու գայ սուլթանին կողմէ, եւ թէ ան իր նամակը, ինչպէս եւ լեզգիներու գլխաւորին ուղղուած երեք նամակները տարած է նախարարի մօտ, որ հրամայած է տանիլ թագաւորին տալ: Այնուհետեւ ես այլեւս հարց ու փորձ չըրի անոր, բայց ինծի թուեցաւ, թէ ան ցանկութիւն ունի տալ այդ օգնութիւնը: Որովհետեւ անոր խոստացած են քառասուն հազար տալ, բայց թագաւորն ու նախարարը համաձայն չեն: Ես միայն ըսի, թէ կը կարծեմ, որ ան վատ բան կ՛ընէ, եթէ օգնութիւն ցոյց տայ իբրեւ ռուսահպատակ (որովհետեւ այդպէս անուանած էր զայն Կովալենսկի իր նամակին մէջ), իմանալով, որ մեր կայսրը սուլթանին հետ դաշնակից է»:
* * *
Սակայն Լազարեւ աղաւաղուած ձեւով կը ներկայացնէր իրողութիւնը:
Արդարեւ Ախալցխայի փաշան արդէն ապստամբութեան դրօշ բարձրացուցած էր եւ արշաւանքներ կազմակերպելով կ՛աւերէր շրջակայ գաւառները: Ախալցխայի փաշայութեան յարակից շրջաններու հայերը մելիք Աբովին դիմած էին եւ թոյլտուութիւն կը խնդրէին իր մօտ` Բոլնիս տեղափոխուիլ: Բոլնիս տեղափոխուիլ ցանկացողներուն թիւը շուրջ հազար ընտանիք կը հաշուէր:
Լազարեւ ամէն ջանք կը թափէր որ այդ հազար ընտանիքները Բոլնիս չտեղափոխուին: Անոնք բնականաբար աւելի պիտի զօրացնէին մելիք Աբովի ուժն ու հեղինակութիւնը: Բան մը, որ ռուսական շահերու դիտանկիւնէն վտանգաւոր կրնար նկատուիլ:
Փաւէլ Ա. կայսր իր հրովարտակին մէջ թոյլատրած էր, որ մելիքները իրենց հպատակներուն թիւը բազմացնեն, գաղթականներ բերելով Արցախէն: Սակայն Լազարեւ անհրաժեշտ նկատեց մելիք Աբովի պարագան առանձնաբար ներկայացնել բանակի բարձր հրամանատարութեան:
Լազարեւ կը գրէր. «Գործ մը, որ որքան կասկածելի է, այնքան ալ նոր է եւ ինծի անյայտ, որովհետեւ ես դեռ քիչ փորձառու եմ»:
Սակայն մելիք Աբով ոչ Ռուսաստանի, ոչ ալ Վրաստանի շահերուն դէմ գործելու դիտաւորութիւն ունէր: Ան ոչ միայն չընդառաջեց եւ օգնութիւն չտրամադրեց Ախալցխայի ապստամբ փաշային, այլ օգնեց օսմանեան բանակին, զսպելու ըմբոստ փաշան: Այս առիթով Էրզրումի սերասքերի Սապիտ փաշա շնորհակալութիւն յայտնեց ռուսական հրամանատարութեան, որ մելիք Աբով օգնած է իրեն` ապստամբ փաշային դէմ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին:
* * *
Արարատեան դեսպան Ստեփան Դաւթեան երկար տարիներ աշխատած էր հայ ժողովուրդի ազատագրութեան համար: Իբրեւ հայոց կաթողիկոսի լիազօր ներկայացուցիչ Պետերբուրգի մէջ ան պատասխանատու բանակցութիւններ վարած էր ռուսական արքունիքին հետ եւ տարբեր յանձնարարութիւններ կատարած էր: Ռուս-թրքական 1787-1792-ի պատերազմին գործօն մասնակցութիւն բերած էր Մոլտաւիոյ եւ Վալախիոյ մէջ, ռազմաճակատներէն փրկելով, հաւաքելով եւ պատսպարելով բնաւեր դարձած հայերը: Անոր շնորհուած էր ռուսական բանակի փոխգնդապետի` մայորի զինուորական աստիճան: Ան նաեւ նպաստած էր Գրիգորիոպոլ քաղաքի հիմնադրութեան եւ 1797-ին քաղաքին գլխաւոր դատաւոր նշանակուած էր:
Ստեփան Դաւթեան մահացաւ 2 սեպտեմբեր 1800-ին, Գրիգորիոպոլի մէջ, 65 տարեկան հասակին:
Փաւէլ Ա. կայսեր յանձնարարութեամբ 15 նոյեմբեր 1797-ին Ստեփանի տոհմաբանութիւնը պատրաստուած եւ բարձրագոյն իշխանութիւններուն ներկայացուած էր, անոր ազնուական կոչում շնորհելու համար:
Պատրաստուած տոհմաբանութեան համաձայն, Ստեփան Դաւիթ Բէկի թոռն է: Դաւիթ Բէկ 1722-ին գացած է Սիւնիք` իր նախահայրերուն հայրենիքը, զօրք հաւաքած է, կռուած է թշնամիներու դէմ եւ Սիւնիքէն հալածած է օսմանեան զօրքը: Տոհմաբանական տեղեկագիրը կը շարունակէ ըսելով որ Դաւիթ Բէկ Մխիթար անունով որդի մը ունեցած է, որ քահանայ ձեռնադրուած է եւ վերակոչուած Տէր Սահակ: Տէր Սահակ քահանայ ունեցած է երկու որդի, որոնցմէ մէկը Պոլսոյ մէջ Էջմիածնի նուիրակ Իսահակ եպիսկոպոսն է, միւսը` Ստեփանը:
Տոհմաբանական գիրը հաստատած են Գրիգորիոպոլի Սուրբ Եկատերինա եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մելքոն աւագ քահանայ եւ քաղաքապետարանի նօտար Տէր Յովհաննէս քահանայ Ենգիպարեան:
Ստեփան Դաւթեանի տապանաքարին վրայ արձանագրուած է. «Տապան հռչակաւոր Ստեփանոսի, որդւոյ տէր-Իսահակ քահանայի, եղբօր Իսահակայ մեծանուն արքեպիսկոպոսի Զմիւռնիոյ: Սա սեռեալ ի զարմէ Գեղամայ եւ Դաւթեայ Բեկ մեծին` ծնեալ իշխան Գեղարքունւոյ եւ բնակեալ յԵրեւան քաղաքի սեպտ. 1784 թվին փրկչին, կարգեալ դեսպան Արարատեան Հայոց ի դրան կայսերական մեծութեան Կատարինէ II-րդ-ի, վերապատուեալ հազարապետական աստիճան պոդպօլկովնիկու եւ հուսկ յետոյ ժողովեալ Բեսարաբիոյ զբազմութիւն ազգին հայոց ի Գրիգորիոպոլ, կարգաւ նախաթոռ դատաւոր Հայոց հրավարտակաւ կայսրուհւոց: Ի 65 ամաց ընկալեալ զվախճան կենաց աստէն փոխի 1800 սեպտեմբերի Բ.-ին»:
Ստեփան Դաւթեանի որդի Դաւիթ Դաւիթով զօրավար Սերգէյ Փոթեմքինի հասցէագրուած տեղեկագիրին մէջ հաստատած է որ իր հօրենական մեծ հայրը Դաւիթ Բէկն է:
aztagdaily.com/archives/558021