Հոս հասանք, որովհետեւ ազգ ըլլալէ դադրեցանք, եւ հաւաքականութեան մեծամասնութիւնը դարձաւ իր փորի եւ գրպանի գերին – Րաֆֆի Տէմիրճեան

Հոս հասանք, որովհետեւ ազգ ըլլալէ դադրեցանք, եւ հաւաքականութեան մեծամասնութիւնը դարձաւ իր փորի եւ գրպանի գերին – Րաֆֆի Տէմիրճեան

14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ– ՍՓԻՒՌՔ :

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Րաֆֆի Տէմիրճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Հոս հասանք, որովհետեւ ազգ ըլլալէ դադրեցանք, եւ հաւաքականութեան մեծամասնութիւնը դարձաւ իր փորի եւ գրպանի գերին։

Անհատականը գերադասեցինք հաւաքականէն, ԵՍ֊ը` ՄԵՆՔ֊էն։

Ձեւական նախաձեռնութիւններով կը փորձենք մեր ԵՍ֊ին գոհացում տալ, մինչ պահանջուածը 24 ժամուան պայքար է ու զոհաբերութիւն, բայց գիշերը ցերեկին չենք ուզեր խառնել, որպէսզի առաւօտուն գործի երթանք եւ քանի մը տոլար եւս ապահովենք։

Հայ ազգ չմնաց, ազգայիններն ալ օրէ֊օր կը մարին, կը յանձնուին եւ կը խառնուին…

Մինչ զինուորը մինակ կը կռուի, իր կեանքը կու տայ, իսկ ճաշարաններուն մէջ քէֆը կը շարունակուի…

Է՜հ, երանի ժամացոյցին սլաքը մէկ անգամուան համար ետ դառնայ, թեհլիրեանները վերստին գործի անցնին, դրոները սուրերը վար չ’առնեն, նժդեհները հողերը պաշտպանեն, զինուորները ամուր կռնակ ունենան եւ մենք վերստին ազգ դառնանք… Երանի…

– Րաֆֆի Տէմիրճեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail