
Հայ Մեծահարուստին Ուշացած Ժպիտը Եւ Մեր Տխրադէմ Անկախութիւնը – Համբիկ Պիլալեան
21 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – Անդրադարձ:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
30 տարի մենք յօրինուած առասպելի մէջ ապրեր ենք…
ՀԱՅԿ ՄԱՆԱՍԵԱՆ
(Բժիշկ, հրապարակախօս – 29. 8. 2022)
Ժողովուրդներու կեանքին մէջ առասպելները տարօրինակ երեւոյթներ չեն: Մեր պարագային անոնք` առասպելները, սերտօրէն առնչութիւն ունին հայութեան հոգեկան ու մտածական տարածքին հետ եւ կ՛ապացուցեն` հազարամեայ գոյութեան մեր երթն ու առանձնայատկութիւնը:
Այդուամենայնիւ, առասպելը` իր միամիտ, չափազանցուած թէ հեքիաթային տարողութեամբ, ինքնուրոյն տեղն ու դերը ունեցած է հայոց բանասիրական տարբեր ոլորտներուն մէջ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ քաղաքական մտքի թէ պետականաշինութեան ու այլ մարզերու առասպելաբանութեան, ահա, այս է, որուն կ՛ակնարկէ հայ բժիշկը, ինչպէս նաեւ` հայ գրողը, պատմաբանը, բանասէրը, հրապարակախօսը, գաղափարական մարդը, փորձագէտը, վերլուծաբանն ու սրտցաւ հայորդին:
Իրօք, վերոյիշեալները, իրենց կողքին ունենալով ժողովուրդ մը ամբողջ, հարց կու տան եւ արդարօրէն, արդեօք, պատմահայր Մովսէս Խորենացիի «ողբ»-էն մինչեւ այս օրերը, ինչպիսի՞ անըմբռնելի, անվերծանելի ու անլուծելի «առասպել»-ի մը դէմ յանդիման է հայութիւնը, որ դարեր շարունակ չէ կրցած ձերբազատիլ անոր խեղճ, տկլոր եւ միամիտ ազդեցութենէն, աւելի՛ն. անոր կառչած մնալու կամակորութենէն:
Փաստօրէն, եկած է պահը բարձրաձայնելու մեր հաւաքական միամտութեան եւ քաղաքական տհասութեան այս աստիճանի պահուածքը: Սա ինքնին երեւոյթ մըն է, որուն հազարամեայ մեր պատմութիւնը չէ կրցած յստակ ու արդար պատասխան մը տալ, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, անկրկնելի մեր մշակութաբանութիւնը իր բոլոր բնագաւառներով ապրեր է նաեւ, արտասովոր առասպելաբանութեան մը զոհ ըլլալով, բայց մանաւանդ հաճոյանալով` նմանօրինակ քաոսի մը ծոցին մէջ դարեր ու դարեր շարունակ:
Անկրկնելի հայու տեսակը, իր ծինաբանական յատկութեամբ թէ ապրելաոճով, միշտ ալ ուզած է ապրիլ ու ստեղծագործել ազատ ու անկախ, գոյատեւել իր հայրենի հողին վրայ, առանց սակայն ըմբռնելու այն պարզ ճշմարտութիւնը, թէ հայրենիքի մը համար նահատակութիւնը, զոհողութիւնն ու նուիրումը, սրբազնագոյն արժանիքներ ըլլալով հանդերձ, բաւարար գործօններ չեն պետականութիւն կերտելու, որով պիտի կարենայ ազգը ինքզինք պաշտպանել ու անոր հովանիին տակ խաղաղ ու ինքնավստահ արարել:
Այլ խօսքով` դարերու այն կանչը, յորդորը, աշխատանքը, ցոյց տալու հայ քաղաքական մտքի հասունութիւն եւ պետական կառոյցներու հանդէպ պայծառ ու առողջ ըմբռնողութիւնը, կարծես, մաղթանք թէ ցանկութիւն ըլլային, սապէս բարի վարուց վկայագիր ունենալու համար միայն:
Ըսուածին լաւագոյն ապացոյցը, ներկայ Հայաստանի ու հայութեան վիճակն է. մէկ կողմէ` քաղաքական խառնաշփոթ կացութիւն, պատերազմ, օրհաս ու գոյութիւնն անգամ վտանգուած ըլլալու իրադրութիւն, միւս կողմ` այնքան փայփայուած ու դարեր երազած պետականութեան կորուստի սպառնալիք, եւ այս բոլորին առընթեր` հայոց հաւաքական կեանքին մէջ առկայ մտքի թափթփածութիւն եւ կամքի հոսհոսութիւն:
Նման ճգնաժամի մէջ, փոխանակ ցոյց տալու պետական մտածողութեան թէ մարտունակութեան բացառիկ աստիճանաչափեր, որով պիտի մխիթարուին ներկայ ու հետագայ սերունդներ, ականատես ենք, կ՛ըլլանք, ամէն քայլափոխի, թրքութեան խորամանկ ու բարբարոս գործելաոճի ու քաղաքական յարձակողապաշտութեան:
Հայ պետական միտքը իր բոլոր դրսեւորումներով ցարդ չէ կրցած հասկնալ, որ սեփական ուժին ապաւինելով միա՛յն պիտի կարենայ պաշտպանուիլ, տոկալ ու դէմ դնել գերիվեր հոսանքներու թէ աշխարհաքաղաքական լիրբ քարտէսագրութեան:
Հերոսապաշտ ժողովուրդ ըլլալով հանդերձ, հայութիւնը իր ծոցէն չէ կրցած վանել ստրկամտութիւնը, կամ` այս ու այն ուժին, պետութեան թէ հոսանքին ապաւինելու մտքի դալկութիւնն ու հոգիի բոպիկութիւնը:
Փաստօրէն, վերջին 200 տարուան հայոց պատմութեան իւրաքանչիւր էջ կը վկայէ, թէ քրիստոնեայ աշխարհ կոչուած երկիրներու ցանցը, իր վատոգի լռութեամբ թէ կամայական վերաբերումներով եղած է միայն սեփական շահերու պաշտպանն ու տկար ժողովուրդներու շահագործողը, զանոնք յօշոտողը, գերեվարողը:
Արդ, ինչպիսի՛ իմաստ ու տարողութիւն կը զգենուն, մանաւանդ այս օրհասի օրերուն այս կամ այն երկրի դրօշակին ծածանումը Երեւանի սրտին մէջ, աւելի՛ն. մտքի ու հոգիի ինչպիսի՛ թերաճութեան ապացոյց է, երբ հայոց պետական այրերու թէ ընդդիմադիր տարրերու ամպագոռգոռ խօսքերը կը սաւառնին հայոց ամպամած երկնակամարին տակ, ոմն արեւմտասէրի թէ ռուսասէրի, եւրոպասէրի թէ թրքասէրի արեւելումներու տարափին ներքեւ:
Ըստ երեւոյթին, հայոց Եռագոյնը վերապահուած է լոկ Եռաբլուրի տարածքին:
Աւելի՛ն. մեր հաւաքական բթամտութիւնն ու այլասիրութիւնը, այլամերժի թէ անձի պաշտամունքը կլանած է մեր ներաշխարհը, որուն պատճառով ականատես ենք հայ կեանքի մէջ առկայ անսովոր, ապազգային թէ ազգակործան երեւոյթներու:
Փոխանակ ոգի ի բռին պաշտպանելու մեր երեսունամեայ անկախութիւնն ու պետականութիւնը, միաւորուելով հայոց Եռագոյնին ներքոյ, ամբողջ աշխարհի ցոյց կը տրուի մեր պառակտուած իրականութիւնն ու խեղխեղուած իմացականութիւնը:
Լպիրշ ամբաստանութիւնն ու վատոգի կեցուածքները դարձեր են ներկայ օրերու «տօնահանդէս»-ը, երբ թուրքը ոչ միայն կը զբօսնու հայոց սահմանին, այլ արդէն իսկ ներկայ է Հայաստանի հողին վրայ, Երեւանէն քիչ հեռու, Արարատի հայեացքին ներքեւ:
Երբ ժողովուրդ մը կը հայցէ ազատութիւն եւ անկախութիւն, առանց ձգտելու անոր իրականացման, ան ճակատագրուած է ոչնչանալու:
Երբ պետական այրեր կը մուրան այս կամ այն կողմի հովանաւորութիւնը, սա արդէն ինքնասպանութեան համազօր վիճակ է:
Ահաւասիկ, մեր կեանքի տարօրինակութենէն պատկեր, որ առասպել մըն է ինքնին, այս պարագային` կատակաողբերգութեան հասնող: Հաւանաբար նոր անհեթեթի թատրոն մը, որ առասպելական երեւոյթներէն փարսախներ հեռու է:
Արդ,
Ստուգապէս վերեւ յիշուած հայ մեծահարուստը ունի անուն-մականուն: Ան ներկայ է հայ կեանքին մէջ, կ՛ապրի ու կը գործէ հայրենի հողին վրայ, բարերարութեամբ եւ ազգին օգնելու իր ձգտումներով կը յատկանշուի, աշխատելու եռանդն ու ժպիտը անպակաս են անոր դէմքին, իսկ վերջերս, ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, կ՛ըսէ. որոշած է երթալ Արցախ ու հոն ապրիլ:
Ճիշդ է, որ նման կեցուածք ողջունելի ըլլալով հանդերձ, իր մէջ կը պարունակէ աւելի քան ծիծաղելի երեւոյթ մը, չըսելու համար դատապարտելի, այն առումով եւ տրամաբանութեամբ, թէ ո՞ւր էր ան մինչեւ հիմա, պահուըտա՞ծ, թէ՞ մոռացութեան տուած էր նման սրբազան մտադրութիւն, թէ այլապէս ալ կը սպասէր պատեհ առիթի, ժամանակի թէ իրադրութեան մը, որպէսզի կարենար յստակացնել նման քայլի մը տուն տուող դրդապատճառը, իմաստը:
Արդեօք, մեր կարգին, արդար չէ՞ հարցադրել, թէ երբ ազատագրուած էր մեր Արցախը, չքնաղ Շուշին ու Քարվաճառը, շնորհիւ զտարիւն եւ արծուասիրտ տղոց ու նուիրեալ հայորդիներու, ինչո՞ւ այս ժպտադէմ մեծահարուստը, մեծահարուստները, երեսուն տարիներու ընթացքին չհաստատուեցան մեր սուրբ հողին վրայ եւ ամրոցի չվերածեցին արծուեբոյն Արցախը, որպէսզի կարենայինք քաղաքական, տնտեսական, զինուորական, ընկերային թէ ազգագրական բնագաւառներու մէջ հզօրանալ, մեծ ուժ դառնալ, մենք մեզ պարտադրել աշխարհաքաղաքական քարտէսին վրայ, ու այսպէս տիրութիւն ընել` Հայաստանի հողային տարածքին, հայութեան արդար իրաւունքին ու սահմաններու անխախտելութեան:
Սկեպտիկ հայը կրնայ յանդիմանական ոճով մը գոռալ երեսն ի վեր նման հայերու, որոնք հայութիւնն ու հայրենի հողը կը դիտեն իբրեւ ժամանակաւոր տարածք ու իրենց վաճառականական հաշիւներուն միջավայր, ափսո՛ս:
Սա չի նշանակեր երբեք, որ հայ կեանքին ու մտքին սնուցող մեծահարուստ մարդոց աշխատանքը, շատ անգամ իտէալական, նշաւակ կը դարձնենք, քաւ լիցի, այլ լոյսին կը բերենք «առասպելի» նմանող երեւոյթ մը, հակասական ու այլանդակ, եւ առհասարակ անըմբռնելի:
Սփիւռքեան ճահճահած իրավիճակի մը դէմ յանդիման, ինչպէս նաեւ հայրենի հողին, ջուրին, օդին ու ապագային սպառնացող ահաւոր կացութեան մը դիմաց, ո՞ւր են հայոց մեծահարուստները` աշխարհով տարածուած, որոնք պիտի կարենային մօտիկ անցեալին, պիտի կարենան նաեւ այսօր, իրենց նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ, գէթ այս ժամանակներուն, թիկունք կանգնիլ խեղճացած պետական այրերու թէ ընդդիմադիր տարրերու, որպէսզի հայ մտքի ու հոգիի, ամբողջ ներաշխարհի վերածաղկումը ապահովեն, դրական զօրաշարժի կայծեր արձակելով` հայոց բանակի անդամներու (զինուոր թէ սպայ) բարոյահոգեբանական վիճակը կազդուրեն, դէպի թշնամին սլանալու անոնց կամքը կռանեն, հայ բազուկի արդիւնաւէտութիւնն ու վերակենսաւորումը ապահովեն եւ զիրենք մղեն հայրենիքի փրկութեան սուրբ գործին:
Ուրիշ ի՛նչ բան կայ ըսելիք, այս օրերուն, հայոց անկախութեան տխրութիւնը վանելու եւ ազգային արժանապատուութեան զգացումը բոցավառելու:
aztagdaily.com/archives/558676





