ՆՇՄԱՐ – ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԱՂԱՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ… – ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԱՂԱՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ… – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Map of Ararat Valley - Kogvit Province - Karnoy Daroink Fortress - Greater Armenia

ՆՇՄԱՐ – ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԱՂԱՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ… – ԱԲԻՍՈՂՈՄ ԱՂԱՆ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ… – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՆՇՄԱՐ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

«Աբիսողոմ աղան» Ուեսթմինսթըրի մէջ (Լուսանկարը՝ «Տէյլի Մէյլ» թերթէն)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

19 Սեպտեմբեր 2022

Հետեւեալ տեղեկութիւնները անգլիական մամուլէն է, հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւնն ու անոր սիրահարները պատճառ չունին անոր մէջ տեսնելու «նախկիններուն» մատը:

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան զայրոյթ եւ խոր ընդվզում առաջացուցած է Լոնտոնի մէջ, երբ շաբաթավերջին գացած է Ուեսթմինսթըր տաճար, յարգանք մատուցելու վախճանեալ Էլիզապէթ թագուհիին: Ծանօթ է, որ Անգլիա եւ իր արբանեակները սուգի մէջ են շաբաթէ մը ի վեր, թագուհիին մահուան առիթով, յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբերին: Աշխարհի մեծամեծներն ալ մասնակից եղած սուգին:

Խաչատուրեան ինչո՞ւ զայրացուցած է աւանդապահ եւ չափազանց պահպանողական անգլիացիները: Որովհետեւ երբ ան մօտեցած է թագուհիին դագաղին, որուն առջեւէն լուռ ու մունջ կ’անցնէին պետական մարդիկ եւ պարզ մահկանացուներ, անոր մէկ ընկերակիցը սկսած է լուսանկարել Խաչատուրեանը, կարծէք թէ հարսանիքի մը կամ այլ ուրախ հանդիսութեան մը ներկայ կ’ըլլար ան: «Տէյլի Մէյլ»-ի խորագիրը կ’ըսէ բառացիօրէն. Fury as president of Armenia and Putin ally is photographed by entourage while posing in front of Queen’s coffin in Westminster Hall (որ թարգմանի՝ Կատաղի զայրոյթ, որովհետեւ  Փութինի դաշնակից՝ Հայաստանի նախագահին մէկ ընկերակիցը զինք կը լուսանկարէ թագուհիին դագաղին առջեւ): Այլ թերթեր ալ անդրադարձած են «հերոս»-ին վարմունքին:

Այդքանն ալ բաւ չէ սեպած նախագահը եւ, ըստ անգլիացի լրագրողներու, անընդհատ շաղակրատած է: Մինչդեռ նման պայմաններու մէջ, ո՛չ խօսիլը, ո՛չ ալ մանաւանդ լուսանկարուիլը ընդունելի են, պատշաճ չեն: Խաչատուրեան միակ է եղած, որ լուսանկարուած է եւ շաղակրատած: (Պարոնեան պիտի ըսէր. «Սո՜ւս, Աբիսողոմ աղան կը նկարուի…»)

***

Նպատակ չունինք քննարկելու անգլիացիներուն աւանդութիւնները կամ ազգային սովորութիւնները, յարգանք այս կամ այն ձեւով մատուցելու կերպերը, ո՛չ ալ իտէալականացնելու այլոց բարքերը: Այլ հարց է նաեւ այն, թէ Հայաստանի իշխանաւորներուն եւ Փութինի դաշնակցութիւնը ի՞նչ ջուրի վրայ է վերջին շրջանին: Սակայն աշխարհի մէջ կայ հիմնական սկզբունք մը, որ լաւագոյնս կը բացատրուի ծանօթ խօսքով մը. «Երբ Հռոմ կը գտնուիս, ըրէ հռոմէացիներուն պէս» (When in Rome, do as Romans do): Այլապէս, Հռոմ մի՛ երթար:

Պարզ է, չէ՞. վարչապետ Փաշինեանի կողմէ իրողապէս նշանակուած նախագահը յայտնապէս ծանօթ չէ փրոթոքոլային տարրական սկզբունքներու: Այսինքն՝ վկայեալ եւ փաստացի տգէտ մըն է: Ի դէպ, Ուքրայինայի տագնապին եւ այլ նկատառումներով՝ անգլիացիք կարգ մը երկիրներու պետական ներկայացուցիչները չեն հրաւիրած այս արարողութեան, սակայն բացայայտ է, որ (յիշեալ թերթին կողմէ «Փութինի դաշնակիցը» յորջորջուող) Խաչատուրեան հրաւիրուած է, եւ մարդիկ կ’ակնկալէին, որ հիւրը գիտնար սուգի մասնակցութեան տարրական դրոյթները: Խաչատուրեան եւ զինք առաքողները արդեօք մտածա՞ծ էին, թէ նախորդ նախագահը՝ Արմէն Սարգսեան, «անգլիացիներուն մարդը Երեւանի մէջ» կրնար գոնէ այստեղ օգտակար խորհրդատուութիւն կատարել իրենց, թէ ան, Երեւանէն իր փախուստէն ետք, ամէն կապ խզած է նախկին խնամատարներուն հետ:

***

…«Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք, Հայաստանի մէջ ամէն բան գլխիվայր շրջուած է. աւանդութիւն, ընտանիք, ազգային եւ մշակութային արժէքներ եւ այլն՝ «ասֆալթին փռուած են» բանիւ եւ գործով:

Եւ ահա կը տեսնենք, որ Հայաստանի սահմանները սկսած են նեղ գալ իշխանաւորներու տգիտութեան դրսեւորումներուն, կը տարածուին դէպի այլ հորիզոններ: Պատճառը այն չէ, որ Ատրպէյճան սկսած է Հայաստանէ՛ն ալ պատառներ խլել, կը պատրաստուի այլ հողամասեր եւս նուէր ընդունելու: Այսինքն, սահմաններուն նեղնալը անմիջական պատճառ չէ, այլ տգիտութիւնն ու անատակութիւնը ամէն օր նոր «նուաճումներ» կ’արձանագրեն այս խմբակին արարքներով: Այս մարդիկը իրենց տգիտութիւնն ու համբակութիւնը լիարժէքօրէն կը ցուցադրեն, հետեւելով «սահմանք քաջաց, զէնն իւրեանց» պատգամին ու ըստ իրենց սովորութեան՝աղաւաղելով նա՛եւ զայն:

Map of Ararat Valley Kogvit Province Karnoy Daroink Fortress Greater Armenia

hairenikweekly.com/նշմար-աբիսողոմ-աղան-լոնտոնի-մէջ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail