ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ, Ի ՀԱՐԿԻՆ, ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ՆԱԵՒ «ՓՈԹՈՐԻԿ»ԻՆ – Սեդօ Պոյաճեան

ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ, Ի ՀԱՐԿԻՆ, ՊԷՏՔ ՈՒՆԻ ՆԱԵՒ «ՓՈԹՈՐԻԿ»ԻՆ – Սեդօ Պոյաճեան

24 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2022 –

Սեդօ Պոյաճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հայրենիքի սահմանները պաշտպանող եւ ժողովուրդը պահպանող Հայ Զինուորը, այսօր, զրկուած է իր սեփական կառավարութեան ամբողջական հոգատարութենէն։ Անտեսուած են անոր պաշտպանական կարիքները։

Մինչ մենք պարապ-սարապ ճառեր կը խօսինք, երեւակայածին վերլուծումներ կ՚ընենք, դատարկ լոզունգներ կը բաշխենք ձախ ու աջ, Հայ Զինուորը իր մերկ ձեռքերով ու յաղթ կուրծքով դէմ կը դնէ թշնամիի գրոհներուն։

Բայց Հայ Զինուորին առաքելութիւնը իր հայրենիքին համար նահատակուիլ չէ, այլ՝ թշնամին նահատակել ի՛ր հայրենիքին համար։ Հայ զինուորը կը կռուի ոչ թէ սպաննուելու համար, այլ թշնամին սպանելու համար։

Այսօր, իւրաքանչիւր հայու պարտաւորութիւնն է ոչ միայն թիկունք կանգնելու Հայ Զինուորին, այլեւ, այլ մանաւա՛նդ նիւթապէս հոգալու անոր կարիքներուն։

Գէթ մէկ ամիս դադրինք խօսելէ, վերջ դնենք մեր հռետորութեան, կազմակերպենք դրամահաւաք՝ Հայաստանաբնակ եւ Սփիւռքաբնակ հայերէն, որպէսզի մե՛նք հոգանք Հայ Զինուորի պաշտպանական կարիքները։

Այս գործին մէջ մենք պէտք չունինք ո՛չ այս ապիկար կառավարութեան, ոչ ալ անոր հովանաւորած անպատասխանատու Համահայկական Հիմնադրամին։
Կազմակերպենք մե՛ր հիմնադրամը Հայ Զինուորին համար։ Անոր պաշտպանական կարիքները մենք ուղղակի փոխանցենք ճակատի Հայ Զինուորին։

Մղենք իւրաքանչիւր հայուն իր լուման ներդրելու այս գործին։
Նաեւ մղենք իւրաքանչիւր մեծահարուստ հայուն իր միլիոնները տալու այս գործին։ Ի վերջոյ, ի հարկին, Հայ Զինուորը պէտք ունի նաեւ «Փոթորիկ»ին։

Սեդօ Պոյաճեան

Սեպտեմբեր 24, 2022

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail