ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Խորհրդային Բռնատիրութեան Սարսափներն Ու Աւերները Հայաստանի Մէջ (Գ.) Ուրիշ Ելոյթներ, Ուրիշներու Դէմ – ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Խորհրդային Բռնատիրութեան Սարսափներն Ու Աւերները Հայաստանի Մէջ (Գ.) Ուրիշ Ելոյթներ, Ուրիշներու Դէմ – ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

04 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – | Անդրադարձ

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Համադրեց` ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

«Գրական Թերթ»-ին մէջ (1 մայիս 1937) կը նկարագրուին նաեւ ժողովին այլ տեսարանները: Կարդացէք` զսպելով ձեր զզուանքը:

Մեղադրանքի աթոռի վրայ է ժողովի ներկաներէն երիտասարդ գրող Մկրտիչ Արմէնը, որ, ըստ ամբաստանագրի, «ստեղծագործական լուրջ սխալներ է գործել անցեալում», ուրեմն ժողովը կը սպասէր, որ` «գէթ այսօր, երբ քննւում են մեր գրականութեան հիմնական խնդիրները, կը գիտակցի նա իր այդ սխալները եւ կը գնահատէ խորհրդային հասարակութեան համբերատար վերաբերմունքը»:

Ամբաստանեալը «յամառօրէն պնդում է, որ իր ստեղծագործութիւնների մէջ, բացի «Երեւան» վէպից, ուրիշ սխալներ չունի»: Ժողովականները չեն հանդուրժեր այս յամառութիւնը: Ոմն «ընկեր Արաքս» կը ձաղկէ Մ. Արմէնի «գոռոզութիւնն ու միամտութիւնը»: Եւ այսպէս ուրիշներ ալ` «Մ. Արմէնի ելոյթը անկեղծ չէր, նա չխոստովանեց իր բոլոր սխալները» կ՛ըսեն: Ի վերջոյ, ժողովի վերջին նիստին երիտասարդ գրողը կը կարդայ յայտարարութիւն մը, ընդունելով, որ` «ընկերների դիտողութիւնները ճիշդ են, եւ ինքը այժմ գիտակցում է լիովին իր սխալների էութիւնը»:

Ուրիշ ելք չկար, կ՛ըսէ այսպէս, որ փրկէ իր գլուխը` Սիպերիոյ մէջ երկարամեայ աքսորի դատապարտուելու գնով:

Այդ միեւնոյն օրը, նոյն ձեւով կրակը նետուած էր նաեւ Սողոմոն Տարօնցին, որ խոստովանելով, ուրիշ ի՞նչ կրնար ընել, իր շարք մը «նացիոնալիստական (ազգայնական) սխալները»` տեղեկութիւններ կը հաղորդէ «հակայեղափոխական-նացիոնալիստ» Բակունցի եւ Նորենցի հետ վարած «նացիոնալիստական քաղաքականութեան» մասին, «Գրական Թերթ»-ի մէջ, սակայն ժողովը գոհացում չի գտներ:

 

«Հետագայում ելոյթ ունեցող ընկերները գտան, որ Տարօնցին աւելին կարող էր ասել իր սխալների, հակայեղափոխական սրիկաներ Ալազանի եւ Նորենցի մասին, որոնց հետ երկար ժամանակ չափազանց սերտ կերպով կապուած է եղել», կը գրէ թերթը:

Խօսելով նաեւ Բակունցի, Ալազանի, Թոթովենցի եւ նմաններու «շեղումներուն» մասին, ըստ խորհրդային բնորոշման, «դաշնակցական ոչ երկրորդական գործիչ եւ բանաստեղծ» Աւետիք Իսահակեանն ալ վաւերացուցա՛ծ է խորհրդային կառավարութեան դաժան վերաբերումը անոնց հանդէպ, որովհետեւ «նրանք ընթացել են մի դատապարտելի ճանապարհով, որ միայն վնաս են բերում մեր բազմաչարչար ժողովրդին»:

Երեւակայե՛լ, որ նոյն այդ Իսահակեանը, նախքան Հայաստան փոխադրուիլը, ատելով կ՛ատէր պոլշեւիկները: Իր այդ զգացումները երբեք չէր թաքցուցած: Կը կարդաք Շաւարշ Միսաքեանին ուղղած իր մէկ նամակին հետեւեալ հատուածը եւ կը հասկնաք:

«Գրում էք, թէ սիրտ ունե՞մ աշխատելու, հարկաւ չունեմ: Ի՞նչ սիրտ կարող է լինել. ի տես ի՞նչ բաների. բնաջնջուած հայ ժողովրդի մէկ մասի՞, թէ՞ մնացած պոլշեւիկեան անբարոյացած միւս մասի: Հարկաւ յուսահատ չեմ, բայց կորով, եռանդ չունեմ, եւ` ոգեւորութեան աղբիւր. եւ այդ է պատճառը որ քիչ եմ գրում»: (1924)

Եւ ըսել, որ տարիներ ետք, նամակագիրը ստալինեան սարսափներու օրերուն իրեն պարտականութիւն պիտի սեպէր մեղադրելու ուրիշները, «որոնք ընթացել են մի դատապարտելի ճանապարհով»:

Կարդացէք քանի մը նմուշներ եւս միեւնոյն «Գրական Թերթ»-ի յաջորդական թիւերէն` չորս էջերէ բաղկացած 21-րդ թիւին մէջ խմբագրական հայհոյանքներ ուղղուած են Դրաստամատ Սիմոնեանին, որ` «ոճրագործ քաղաքականութիւն է տարել երկերեսանի նացիոնալիստ Խանջեանի հովանաւորութեամբ»: Այս թիւի երկրորդ էջին վրայ այս անգամ գրող Սիրասն է, որ դարձեալ «մերկացնում է» բանտարկուած հայ գրողները եւ մանաւանդ Ակսել Բակունցը:

Թերթին յաջորդ` 22-րդ թիւին մէջ զետեղուած են երկու հայհոյալից յօդուածներ Բակունցի, Ալազանիի եւ այս վերջինին բարեկամներ` Արշակ Չօպանեանին եւ դերասան Շահխաթունիի դէմ:

Պարզ է, որ բոլոր այս գարշելի յարձակումներուն գլխաւոր թիրախը եղած է դժբախտ Ակսել Բակունցը, եւ ասիկա, անշուշտ, ի նախապատրաստութիւն անոր դէմ արձակուած մահավճռի գործադրութեան:

Նայիրի Զարեանին Գարշելի Ամբաստանագիրը

Այս բոլորին մէջ անմրցելի կը մնայ մատնութեան այն գիրը, որ հրապարակաւ ստորագրած էր այդ օրերուն Նայիրի Զարեան կոչեցեալ ընկերադաւը: Յաճախ ակնարկութիւններ եղած են մեր մամուլին մէջ այդ զազրելի գրութեան մասին, որ հրատարակուած էր միեւնոյն «Գրական Թերթ»-ի 25 օգոստոս 1937, 19-րդ թիւին մէջ, 7-րդ ու 8-րդ էջերուն տակը, բայց չէ տրուած ամբողջութիւնը, որպէսզի ընթերցողը կատարեալ գաղափար մը ունենայ հեղինակի անբարոյութեան չափին մասին: Իր այս գրութեամբ, Նայիրի Զարեան փաստօրէն եղած պէտք է ըլլայ ամբաստանիչ գլխաւոր վկան այն «դատավարութեանց», որոնց վճիռներով մահուան դատապարտուեցան Եղիշէ Չարենցն ու Ակսել Բակունցը:

Վերջ ի վերջոյ, Հրաչեայ Քոչարին եւ միւսներուն յայտարարութիւնները եղած են բերանացի, եւ անկարելի չէ, որ մամուլին տրուած մասերը չարափոխուած ըլլան մասամբ, մանաւանդ որ, չարափոխութեան պարագային, չարափոխեալին հեղինակը չի կրնար բերան բանալ բողոքելու կամ առնուազն ճշդումներ կատարելու համար:

Իբրեւ Վերջաբան

Քանի մը խօսք եւս` վերջացնելու համար այս բաժինը:

Պատմութեան մէջ դժուար է գտնել իրականացումը գաղափարականի մը` հակագաղափարական միջոցներով, ճիշդ այնպէս, ինչպէս գոյութիւն չէ ունեցած մարդկային ազատ խմբաւորում մը, որ կազմուած ըլլայ ստրուկներով:

Ժամանակակից համայնավարութիւնը յեղափոխական միջոցներով կրցաւ տապալել ընկերային կարգ ու սարք մը եւ բռնօրէն պարտադրել ուրիշ մը: Սկիզբները ասպարէզ իջաւ ան յանուն ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան արտասանուած նշանախօսքերով, եւ սակայն, մէկ օրէն միւսը վերջնականապէս հաստատեց իր տիրապետութիւնը ամէնէն անարգ ու բռնատիրական միջոցներով:

Համայնավար վարիչները չկրցան տեսնել իրականութիւնը, որուն շրջագծին մէջ պիտի գործէին: Սխալ ըմբռնուած եւ մանաւանդ սխալ կիրարկուած վարդապետութեան մը անձնատուր` անոնք միամտօրէն ենթադրեցին, թէ աշխարհի ոչ համայնավար մասն ալ ինքզինքը պիտի կործանէ պառակտումներով եւ դասակարգային բախումներով: Զո՛ւր ակնկալութիւն: Ընդհակառակն, Արեւմուտքը յառաջդիմեց տնտեսապէս եւ այլ մարզերու մէջ: Ցոյց տուաւ, որ կրնայ մէկ ճակատ կազմել, երբ գտնուի վտանգի տակ: Ստալինեան մանկլաւիկներէն Վիշինսքի կը յայտարարէր 1949-ին, ՄԱԿ-ի մէջ, որ Միացեալ Նահանգներն ու կապիտալիզմը (դրամատիրութիւնը) կը գտնուին նոր ու մեծ տագնապի մը նախօրեակին: Նախօրեակին հետ, սակայն, անցաւ նաեւ յետօրեակը, եւ այդ տագնապին շուքն անգամ չանցաւ անոնց վրայէն: Եւ Արեւմուտքը մնաց միշտ իր վաղեմի դիրքերուն վրայ:

 

(Քաղուած` Կարօ Գէորգեանի խմբագրած «Ամէնուն Տարեգիրքը» շարքին 1967-1968ի հատորէն):

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail