«Ոսկեբերան Արզումանեան» Կրթական Հիմնադրամ 2022-2023 Տարեշրջան

Carte de l’extension approximative du royaume d’Urartu avec sa zone d’influence maximale vers 750 av. J.-C. Map of the approximate extension of the kingdom of Urartu, with its maximal dominion before 750 BC. Ուրարտուն (Նաիրի) մոտ մ.թ.ա. 750թ.

«Ոսկեբերան Արզումանեան» Կրթական Հիմնադրամ 2022-2023 Տարեշրջան

08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՍՓԻՒՌՔ – ՄՇԱԿՈՅԹ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Ոսկեբերան Արզումանեան Ազգային Գործիչ Եւ Մտաւորական – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ոսկեբերան Արզումանեանի ընտանիքը,  ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսին փափաքին, 2007-ին կաթողիկոսարանին մէջ հաստատած է կրթական հիմնադրամ մը` հանգուցեալին անունով:

Հիմնադրամին նպատակն է նիւթապէս օժանդակել ազգային եւ այլ հայկական վարժարաններու աւարտական երեք դասարաններէն փայլուն եւ կարիքաւոր աշակերտներու, որպէսզի անոնք կարենան իրականացնել իրենց ձգտումները եւ կերտել ակադեմական յաջող ապագայ:

Դիմել ցանկացող աշակերտները իրենց դիմումները պէտք է ուղարկեն fund@vosgueperan-arzoumanian.com ե-նամակի հասցէին մինչեւ 30 հոկտեմբեր 2022:

Նախապէս յայտնենք, թէ այն աշակերտը, որ կը ստանայ այս թոշակը, ապագային պիտի ունենայ երկու պարտաւորութիւններ.

– Նախ` համալսարանական տարիներու ընթացքին անդամագրուի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ):

– Ապա` համալսարանը աւարտելէ ետք, հիմնադրամէն օգտուած տարիներուն համապատասխան, նոյնքան ժամանակ պէտք է սիրայօժար եւ առանց եկամուտի ծառայէ հայկական ազգային որեւէ հաստատութեան կամ միութեան մը մէջ` իր փափաքին համաձայն, ըլլայ Լիբանանի մէջ թէ այլուր: Այս կէտը կը կարեւորէ այն, որ ուսանողը գիտակցի, թէ պէտք է ծառայէ իր ազգին կամ գաղութին:

aztagdaily.com/archives/560254

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail