Ռուսիա-«Յեղափոխութիւններ» Աշխարհաքաղաքականութիւնը Եւ Սերկէյ Լաւրովի ՄԱԿ-ի Մէջ Մամլոյ Ասուլիսը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ռուսիա-«Յեղափոխութիւններ» Աշխարհաքաղաքականութիւնը Եւ Սերկէյ Լաւրովի ՄԱԿ-ի Մէջ Մամլոյ Ասուլիսը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org/

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սկիզբէն յայտնենք, որ միամտութիւն է որեւէ երկրէ երկրորդ երկրի մը պատերազմական ուղղակի օժանդակութիւն ակնկալելը` առանց յետին նպատակի կամ սեփական շահի, եւ մանաւա՛նդ երբ կարիքը ունեցող կողմը օգնութիւն չի խնդրեր:

Իւրաքանչիւր երկիր ի՛ր սեփական ուժով, ի՛ր բանակին եւ ժողովուրդին միջոցով պէտք է իր երկիրը պաշտպանէ եւ անոր համեմատ ռազմավարութիւն զարգացնէ: Օտարին օգնութիւնը կրնայ քաղաքական,  դիւանագիտական ու ռազմամթերքի մատակարարումի ձեւով դրսեւորուիլ: Այսինքն, Հայաստանի պարագային, պէտք է արտակարգ սերտ յարաբերութիւններ մշակել Ռուսիոյ, Իրանի եւ Վրաստանի հետ եւ ո՛չ թէ` Ռուսիոյ ու Իրանի հակառակորդներուն հետ:

Երբ Հայաստանի վարչապետը քանի մը օր առաջ կ՛ըսէր, որ ոեւէ մէկը Հայաստանին զէնք չի վաճառեր, օրեր ետք այս մասին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը,  պատասխանելով թղթակիցի մը հարցումին,  յայտարարեց, որ Ռուսիայէն ռազմամթերքի հայթայթումը շարունակական է եւ բնաւ չէ ընդհատուած… Քիչ ետք վարչապետը ետդարձ կատարելով` ըսաւ. «ես Ռուսիան ըսել չուզեցի»…

Միւս կողմէ` 29 սեպտեմբեր 2022-ին Հնդկաստանի «Տի Իքոնոմիք Թայմզ» թերթը կը գրէ, որ սեպտեմբերի սկիզբը (Փաշինեանի շատ սովորական դարձած ստախօսութենէն առաջ) Հնդկաստան Հայաստանին 244 միլիոն տոլարի ռազմամթերք ծախելու` հայթայթելու որոշում ընդունած է (1)… Ապիկարութի՞ւն, յիմարութի՞ւն, թէ՞ Հայաստանի շահերուն դէմ վարմունք է այս… Եթէ ապիկար է, յիմար է, ստախօս է, ի՞նչ գործ ունի վարչապետի աթոռին վրայ: Իսկ ամէնէն գարշելին եւ անհասկնալին տակաւին զինք պաշտպանողներն են:

1. Հնդկական «Փինաքա» հրթիռային համակարգեր: 2. Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի ՄԱԿ-ի մէջ 24 սեպտեմբեր 2022-ի մամլոյ ասուլիսը:

Հայկական լրատուամիջոցներուն մեծամասնութիւնը, աւելի շատ Հայաստանի մէջ, նաեւ` սփիւռքի մէջ, այնքա՛ն կլանուած են ամերիկեան-արեւմտեան քարոզչութեամբ, որ բոլորովին կ՛անտեսեն Հայաստանի եւ Արցախի շահերը` մի՛շտ անտեսելով ռուս ղեկավարներուն նպաստաւոր քաղաքական կեցուածքներն ու հրապարակային յայտարարութիւնները: Ահա այսպիսին էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` ՄԱԿ-ի մէջ տուած 27 սեպտեմբեր 2022-ի մամլոյ ասուլիսը, որ բոլոր հայկական լրատուամիջոցները գրեթէ անտեսեցին: Ստորեւ ՄԱԿ-ի կայքէջէն ամփոփած հատուածներ (2)` մէկ ժամնոց տեսերիզէն (3).

«… Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը զօրավիգ կանգնեցան Ուքրանիոյ պետական հարուածին եւ ուղղակի արդարացուցին ինքնակոչ այս իշխանութեան որեւէ արարք: Այս իշխանութիւնները բռնի ուժով ճնշեցին Ուքրանիոյ ժողովուրդը, որ մերժած էր երկրին հակասահմանադրական ապրելակերպ պարտադրելու փորձերը, եւ անոնք ուզեցին պաշտպանել իրենց իրաւունքները` մայրենի լեզուի եւ մշակոյթի նկատմամբ: Ճիշդ այդ իրաւունքներուն դէմ թշնամական յարձակումն էր (նոր իշխանութեան կողմէ*), որ Խրիմի բնակչութիւնը մղեց իր ճակատագիրը իր ձեռքը առնելու եւ ընտրեց ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ՈՒՂԻՆ»: ՃԻՇԴ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆՄԱՆ:

«… Փորձեր կատարուած են ուքրանական ճգնաժամի բոլոր փուլերուն` ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելու եւ փաստերը քողարկելու, միշտ «պատրաստի մեղադրանքներով»: Ռուսիոյ Դաշնութիւնը անկեղծօրէն կ՛ուզէ խաղաղութիւն վերահաստատել իր դրացի երկրին (Ուքրանիա*) մէջ: Նախագահներ Փութինի եւ Փեթրօ Փորոշենքոյի (2014-ին*) ստորագրած զինադադարը առիթ մըն էր կացութիւնը փրկելու (որ ուքրանական կողմը խախտեց*):

«… Անդրադառնալէ եւ մեկնաբանելէ ետք աշխարհի երեսին զանազան բախումները, Լաւրով շեշտեց, որ ՄԱԿ-ը հիմնուեցաւ Բ. Աշխարհամարտի փլատակներուն վրայ: … Միջազգային ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ պարտաւորուեցաւ յարգանքի տուրք մատուցել բոլոր անոնց համար, որոնք նահատակուեցան ազատութեան եւ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ»:

Լաւրով մամլոյ ասուլիսին 17-րդ վայրկեանին Խրիմի մասին հարցումի մը պատասխանելով` ըսաւ (4). «ՄԱԿ-ի ուխտին սկզբունքը կը նախատեսէ հետեւեալ երկու յօդուածները. պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ու միեւնոյն ժամանակ կը յարգէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: Այս երկու հայեցակարգերու երեւութապէս հակասական թուող հասկացողութիւնը երկար ժամանակ բազմաթիւ բանակցութիւններու առարկայ դարձաւ:

«ՄԱԿ-ի ստեղծումէն ետք սկսաւ կանոնագրութեան բոլոր յօդուածներուն ըմբռնումի քննարկումը: Եւ 1970-ին Ընդհանուր ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց օրէնք մը, որ ունէր հետեւեալ երկու իրարմէ անջատ բաժինները (օրէնքները*) հաւասարապէս` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ հողային ամբողջականութիւնը»:

Ահաւասիկ` Արցախի կարգավիճակի մասին ռուսական դրական կեցուածք մը, որ անտեսուած է թշնամիին ու դժբախտաբար նաեւ Հայաստանի այժմու իշխանութեան ու զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ, որոնց մեծ մասը զբաղած է հակառուս վնասակար եւ, միւս կողմէ, անօգուտ, անտեղի եւ ծիծաղելի ամերիկեան ու արեւմտեան քարոզչութիւն կատարելով:

Ռուսիան ի սկզբանէ սկզբունքով դէմ է յեղաշրջումներու եւ պետական հարուածներու, բռնի իշխանափոխութիւններու եւ «գունաւոր», «թաւշեայ» եւ այլն «յեղափոխութիւններու» եւ այսպէս կոչուած` «Արաբական գարունին»: Նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երեք երկիրներ, որոնք ամերիկեան-արեւմտեան ծրագիրով «յեղափոխութիւն» սարքեցին` Ուքրանիա, Վրաստան եւ Հայաստան, երեքն ալ հողային կորուստներ ունեցան, շատ հաւանաբար` Ռուսիոյ թշնամանալնուն իբրեւ պատիժ: Ուքրանիան Խրիմը կորսնցուց, Վրաստանը` Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան, իսկ Հայաստանը` ազատագրուած Արցախի մեծ մասը: Այս է իրականութիւնը: Հայաստանը մի՛այն հակաթուրք եւ հակաազերի պէտք է ըլլայ մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներուն վերատիրանալը:

3. Ռուսական դրօշակ կը ծածանի Պուրքինա Ֆասոյի մէջ: 4. Մալիցի զինուորը ռուսական դրօշակը ցոյց կու տայ Մալիի մէջ:

Մինչ այդ Ռուսիան աշխուժ կերպով ներգրաւուած է վերոնշեալ բոլոր քանդիչ «յեղափոխութիւններուն» շարունակուող հսկայական վնասը կասեցնելու գործին` Սուրիոյ, Լիպիոյ, Մալիի (5) եւ վերջերս Պուրքինա Ֆասօյի մէջ (6), ուղղակի զինուորական միջամտութեամբ ոչնչացնելու ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնց մեծամասնութեան հովանաւորներն են Ամերիկան, Արեւմուտքը եւ Թուրքիան:

Այժմ Ուքրանիոյ պատերազմով Ռուսիան է,  որ կը պատժէ յատկապէս իր շահերը չպաշտպանող Եւրոպան` շուրջ 8 միլիոն ուքրանացի գաղթականներ մղելով դէպի Եւրոպա ու ռուսական կազին եւ ուժանիւթին վճարումը ռուբլիով պահանջելով. եւրոյին արժէքը, որ միշտ տոլարէն բարձր եղած էր, իջաւ տոլարէն նուազ արժէքի: Գերմանիոյ մէջ հսկայ գործարաններ սկսան փոքրանալ, ոմանք Ամերիկա փոխադրուիլ եւ այլն…

Շատ կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ Ուքրանիան վերջերս սկսաւ յաղթելով վերատիրանալ արեւմտեան կարգ մը շրջաններուն, որոնք գրաւուած էին ռուսական ուժերուն կողմէ: Ռուսիան միշտ կը յայտարարէր, որ իր նպատակը Ուքրանիան գրաւել չէր: Շատ հաւանական է, որ Ռուսիան այդ շրջանները ռազմադաշտի վերածեց` որպէս պատիժ թէ՛ Ուքրանիոյ (ՕԹԱՆ-ի անդամակցելու մտադրութեան համար) եւ թէ՛ ալ Եւրոպայի, որ իր ժողովուրդին բարօրութիւնը զոհեց Միացեալ Նահանգներուն ու անոր ենթակայ ՕԹԱՆ-ին շահերուն, եւ շուրջ 8 միլիոն ուքրանացի գաղթականներու բեռը աւելցնելով Եւրոպայի վրայ:

Շատ դասեր պէտք է քաղենք վերոնշեալ եղելութիւններէն եւ  իմաստութեամբ ու միայն հայ ժողովուրդին պատմական իրաւունքներուն եւ շահերուն համար է, որ պէտք է յարատեւ պայքարինք:

4 հոկտեմբեր 2022

haroutchekijian.wordpress.com


* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

  1. https://economictimes.indiat imes.com/news/defence/arming-armenia-india-to-export-missiles-rockets-and-ammunition/articleshow/94518414.cms?fbclid=IwAR2Sk-ybsxE8ML3v1BfPc6i53aV2py3McHp205K45fwIbcR-92esX8cv3NI
  2. https://www.un.org/en/ga/69/meetings/gadebate/27sep/russianfederation.shtml
  3. https://www.youtube.com/watch?v=kjysSk7Z8_E
  4. https://youtu.be/kjysSk7Z8_E?t=1021
  5. https://www.dw.com/en/mali-russian-military-advisers-arrive-amid-western-pullback/a-60363317
  6. https://www.euractiv.com/section/global-europe/news/is-moscow-involved-supporters-of-burkina-faso-coup-wave-russian-flags/

aztagdaily.com/archives/560352

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail