Կամք, Զգօնութիւն, Սառնասրտութիւն Եւ Համբերութիւն` Դժուար Փուլը Յաղթահարելու Համար – Ժագ Յակոբեան
14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: Ինչպէս նաեւ՝
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձ Նիկոլ Փաշինեանի առաջին հանդիպումը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Ասիկա նաեւ երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ առաջին հանդիպումն էր 13 տարիէ ի վեր: Վերջին անգամ երկիրներու նախագահներու մակարդակով հանդիպած էին Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ: Փաշինեան-Էրտողան հանդիպումէն առաջ տեղի ունեցած էր նաեւ այլ` քառակողմ հանդիպում մը Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Մաքրոնի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ:
Երկու հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուելիք նիւթերը յայտնի էին նախքան հանդիպումներուն կայացումը: Քառակողմ հանդիպումին պարագային մենք կը տեսնենք Եւրոպական Միութեան եւ Ֆրանսայի գերշահագրգռութիւնը Հարաւային Կովկասի գործընթացներուն իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերելու իմաստով: Կրնանք ըսել, որ ասիկա շարունակութիւնն էր նախապէս Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Ալիեւ-Միշէլ-Փաշինեան հանդիպումներուն, որոնց միջոցով եւրոպական միջնորդութիւնը կը փորձէ ըստ կարելուոյն հանդարտեցնել յաճախ թէժացող լարուածութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ` ջանք թափելով միաժամանակ օգնելու երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագութեան ուղղութեամբ: Եւ մենք ականատես կը դառնանք, թէ եւրոպական այս գերշահագրգռուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ դերակատարութիւն ունենալու առումով ինչպիսի՛ զգայնութիւն կը յառաջացնէ Ռուսիոյ մէջ: Ռուսիան, որ հիմնական միջնորդն էր 44-օրեայ պատերազմը դադրեցնելու, 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրելու եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ հաղորդակցական ուղիներու ապաշրջափակման հոլովոյթները սկսելու առումով, հաշտ աչքով պիտի չնայի այն երեւոյթին, թէ ինչպէ՛ս Արեւմուտքը կը ներթափանցէ իր ազդեցութեան գօտիէն ներս եւ ինք նախաձեռնողը կ՛ըլլայ Հայաստան-Ազրպէյճան այսպէս կոչուած կարգաւորման հոլովոյթներուն:
Արդարօրէն կրնայ ուղղուիլ հետեւեալ հարցումը, թէ ի՞նչ տարբերութիւն կայ ռուսական միջնորդութեամբ Հայաստան-Ազրպէյճան «կարգաւորման» հոլովոյթին եւ եւրոպական միջնորդութեամբ «կարգաւորման» հոլովոյթին միջեւ: Անկեղծօրէն մենք այդքան ալ մեծ տարբերութիւն չենք տեսներ, բայց մենք երկու պարագաներուն ալ կը տեսնենք, որ Հայաստանի գլխաւոր բանակցողը բանակցութիւններու սեղան կ՛երթայ գլուխը կախ, ազգային արժանապատուութիւն կոչուած բանը կորսնցուցած` 9 նոյեմբերի նշանաւոր յանձնուողական փաստաթուղթը ստորագրելէ ետք: Նաեւ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի հաշուոյն տեղի կ՛ունենայ աշխարհաքաղաքական իրերամերժ բեւեռներուն մրցակցութիւնը…
Իսկ Հայաստան-Թուրքիա «կարգաւորում»-ի ճակատին վրայ ալ մինչեւ հիմա բաւական մեծ «յառաջընթաց» արձանագրուած է: Բայց Փրակայի հանդիպումէն ետք Էրտողանը նորէն յայտարարեց, թէ անգամ մը որ յարաբերութիւնները «սկսին ջերմանալ» Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ, եւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուի խաղաղութեան համաձայնագիր, անկէ ետք մենք հարց չունինք, շուտով սահմանն ալ կը բանանք Հայաստանի հետ, յարաբերութիւններն ալ կը հաստատենք: Թուրքիոյ դասական մօտեցումն է այս. յայտարարելով հանդերձ, թէ ինք որեւէ նախապայման չունի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման իմաստով, միաժամանակ անուղղակիօրէն այդ կարգաւորումը կը պայմանաւորէ Հայաստան-Ազրպէյճան հոլովոյթին ընթացքով, եւ դեռ յայտնի չէ` ուրիշ ի՛նչ յայտնի թէ անյայտ նախապայմաններով: Թուրքերը յայտնի են հարիւրաւոր տարիներու իրենց փորձառու ու խորամանկ դիւանագիտութեամբ, իսկ հայկական կողմը դժբախտաբար ներկայիս չի փայլիր արտաքին քաղաքականութեան առումով անհրաժեշտ փորձառութեամբ…
Թէ՛ թրքական եւ թէ՛ ազրպէյճանական «կարգաւորումներու» ուղղութիւններով ազգովին մեզի կը սպասէ բաւական դժուար փուլ մը, որ լեցուն կրնայ ըլլալ ցաւոտ զիջումներով: Այդ ցաւոտ զիջումներէն մէկը յաւելեալ յանձնուողականութիւնն է արցախեան հիմնահարցին կապակցաբար: Ինք` Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձը, իր վերջին յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ ըսած էր, որ Արցախի կարգավիճակին հարցը պէտք է տարանջատել Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծումի եւ սահմանազատման հոլովոյթէն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այդ պաշտօնը զբաղեցնողը ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն կ՛ընդունի, որ Արցախը Ազրպէյճանի մաս կը կազմէ…
Մէկ միջոց կը մնայ մեղմացնելու Հայաստանին եւ հայութեան պարտադրուելիք ցաւոտ զիջումները, այդ ալ Հայաստանի գլխաւոր բանակցողի փոփոխութիւնն է, հայկական կողմի` բանակցութիւններու հայակեդրոն նոր ռազմավարութեամբ օժտումը: Իսկ եթէ այսուամենայնիւ կարելի չըլլայ փոխել այդ գլխաւոր բանակցողը, ի՞նչ ընել: Բոլոր օրինական միջոցներով պէտք է շարունակել պայքարը հայավնաս զիջումներուն եւ օրակարգերուն դէմ, սաստկացնել դիմադրութիւնը` համահայկական ճիգերով: Համախմբումը եւ ազգային միասնականութիւնը չեն կրնար ըլլալ երբեք զիջումի օրակարգերուն եւ պատերազմին պարտուած վարչակարգի շուրջ: Համախմբումը եւ ազգային միասնականութիւնը կրնան ըլլալ միայն ու միայն համահայկական ազգային նպատակներու շուրջ: Մեր առջեւ դժուար փուլ կայ, եւ այդ փուլը ազգովին կրնանք յաղթահարել` զինուելով զգօնութեամբ, սառնասրտութեամբ, համբերութեամբ, եւ ամէնէն կարեւորը` ազգային դիմադրութեան կամքով:
aztagdaily.com/archives/560965