
Այսօր, 163 տարի առաջ, Հոկտեմբեր 18, 1859ին, Գողթն գաւառի վերին Ագուլիս գիւղին մէջ ծնաւ հայ մը, որուն վիճակուեցաւ յեղաշրջել – Սեդօ Պոյաճեան
22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2022 –
Սեդօ Պոյաճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Այսօր, 163 տարի առաջ, Հոկտեմբեր 18, 1859ին, Գողթն գաւառի վերին Ագուլիս գիւղին մէջ ծնաւ հայ մը, որուն վիճակուեցաւ յեղաշրջել դարերով հալածուած հայ ժողովուրդին կամքն ու վճռականութիւնը։
Ան եղաւ հայ մարդը խիզախեցնող մարդակերտը։ Ան եղաւ հայ մարդը յանդգնեցնող յեղափոխանակերտը։ Ան եղաւ Հայկական Յեղափոխութեան ոգին, կամքը եւ միտքը։ Ան դարբնեց կռիւին յարատեւութիւնը, որպէսզի ազատագրուի հայկական լեռնաշխարհը։ Ան պատռեց հայութիւնը բաժանող քարտէսները։
Ան ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆՆ էր։
Ան մեզի կտակեց յարատեւ կռիւով ազգային ազատագրական պայքարի աւանդը։
Եւ աւանդը կը շարունակուի, որպէսզի պատռուին քարտէսները, ամբողջացուի հայրենիքը եւ միացուի հայութիւնը։
Քրիստափորեան յարատեւ կռիւի աւանդը կանգուն է, եւ աներեր կը մնայ քարտէսներ պատռելու Քրիստափորեան պատգամը.- «Պատռել է հարկաւոր քարտէզների վրայ այս կամ այն աւազակապետի կամքով գծուած սահմանները, ջնջել է հարկաւոր այն աշխարհագրական ներկերը, որոնք մեզ բաժանում են իրարից եւ որոնք առհասարակ մշտական չեն, իսկ երբեմն շատ կարճատեւ են լինում։»
Սեդօ Պոյաճեան
https://www.facebook.com/photo/?fbid=10226010350739821&set=a.1020805635182106
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ





