ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Օսմանեան Բանակի Ներխուժումը Եւ Փոքր Ղարաքիլիսայի Ճակատամարտը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
17 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Մելիք Աբովի Դառնութիւնները Եւ Արգելք`
Անոր Գիւլիստան Վերադառնալուն
Գիւլիստանի մելիքութեան կեդրոն Թալիշ գիւղը
Կովկասի կառավարչապետ կոմս Գուդովիչ տեղացի ազգութիւններուն ու ցեղերուն նկատմամբ մեղմ եւ զանոնք սիրաշահելու քաղաքականութիւն կը վարէր: Այս հիմամբ ալ ան բարեացակամ վերաբերմունք կը ցուցաբերէր նաեւ հայերուն նկատմամբ:
Թիֆլիսի հայոց առաջնորդ Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Գեղարդակիր լաւ յարաբերութիւններ մշակեց Գուդովիչի հետ, եւ այդ կապերը փորձեց օգտագործել ի նպաստ հայութեան:
Կաթողիկոսական աթոռին համար Դաւիթ- Դանիէլեան պայքարը մեծապէս հեղինակազրկած էր հոգեւոր իշխանութիւնը եւ պատրուակ ծառայած պարսկական իշխանութիւններուն` միջամտելու հայ եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Դանիէլ Սուրմառեցի կաթողիկոս Ֆաթհ Ալի շահին հրամանով Մարաղա աքսորուած էր, իսկ Դաւիթ Էնեգեթցի կաթողիկոս ռուսերուն եւ նաեւ պարսիկներուն աջակցութիւնը կը վայելէր: Կաթողիկոսական պայքարը ռուսական, պարսկական եւ թրքական շահերու բախման մէջ խաղաքարտ մըն էր օտար ուժերուն ձեռքը:
Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Գեղարդակիր, որ դանիէլականներու պարագլուխներէն էր, որոշեց պայքարի կեդրոնը տեղափոխել Ռուսաստան: Ներսէս վարդապետ Աշտարակեցի Թիֆլիսէն Ռուսաստան ուղեւորուեցաւ, որպէսզի ռուսահայոց առաջնորդ Եփրեմ արքեպիսկոպոս Ձորագեղցիի եւ Լազարեաններուն հետ ջանքերը համադրէ ու բազմապատկէ` Դանիէլ Սուրմառեցիի դատին ի նպաստ: Դանիէլականները այն եզրակացութեան հասած էին, որ եթէ ուրիշ հնարաւորութիւն չըլլայ կաթողիկոսական հարցը ի նպաստ իրենց շրջելու եւ Դաւիթը գահընկէց ընելու, վճռական միջոցի պէտք էր դիմել: Կաթողիկոսական աթոռը Ռուսաստանի մէջ հաստատել եւ Դանիէլը գահ բարձրացնել:
Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Գեղարդակիր կոմս Գուդովիչը հայերու պաշտպան եւ հովանաւոր կը նկատէր: Մինաս աղա Լազարեանին գրած 8 դեկտեմբեր 1806-ի նամակին մէջ Գեղարդակիր Գուդովիչի մասին կ՛ըսէ. «Իսկ զնորին պայծառափայլութիւնն զսէր եւ յարգութիւն զոր ցուցանէ առ մեզ, որչափ եւ պարտիմք, ոչ կարեմք ասել շատն քանզի զոր ինչ կարեւոր խնդիրս առնեմք, ոչ զանց առնէ, մինչ եմուտ նա ի քաղաքս եւ հրամայեաց տեսանել զպատրաստութիւնս իւրեանց գնալոյ յԵրեւան»:
Դանիէլականներ կ՛աշխատէին ռուսերը Երեւան հասցնել, եւ անոնց միջոցով Դաւիթ Էնեգեթցին գահընկէց ընել:
Կոմս Գուդովիչ կը խրախուսէր դանիէլականները, Երեւանը գրաւելու ծրագիրի իրականացման ճամբուն վրայ անոնց աջակցութիւնը ապահովելու համար:
Սակայն Գուդովիչ նոյն բարեացակամ վերաբերմունքը չունէր արցախցիներուն նկատմամբ: Մելիքները կը մնային անտեսուած, իսկ Վրաստան կամ այլուր տեղափոխուած արցախցի գաղթականներուն չէր թոյլատրուեր Արցախ վերադառնալ: Մինչ Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խան լայն իրաւասութիւններով օժտուած էր եւ թրքական ցեղերը կ՛ամրանային հայկական հողերուն վրայ:
***
Հոռեկայ վանքը Թալիշէն հարաւ-արեւմուտք, անտառապատ լեռնալանջին
Օսմանեան կայսրութիւնը Ֆրանսայի Նափոլէոն կայսեր դրդումով 1806-ին պատերազմ յայտարարեց Ռուսաստանի դէմ: Պատերազմական գործողութիւններ սկսան Կովկասեան եւ Դանուբեան ճակատներուն վրայ: Թրքական զօրքերը, որոնք թուական գերակշռութիւն կը վայելէին, Կարսի, Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի ուղղութեամբ յաջող յարձակումներ կատարեցին: Կովկասի ռուսական բանակը նեղ կացութեան մատնուեցաւ:
Կովկասի մէջ գործող ռուսական զօրքերուն վիճակը թեթեւցնելու նպատակով Գուդովիչ բանակցութեան մէջ մտաւ պարսկական արքունիքին հետ` հաշտութիւն կնքելու համար:
Ֆրանսական դիւանագիտութիւնը, ի հեճուկս Ռուսաստանի, Պարսկաստանի մէջ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալեց: 4 մայիս 1807-ին Ֆրանսայի եւ Պարսկաստանի միջեւ Ֆինկէրշթայնի մէջ դաշինք կնքուեցաւ, որուն հիմամբ Նափոլէոն պարսիկներուն օգնութիւն կը խոստանար, ռուսերը դուրս մղելու համար Վրաստանէն եւ Անդրկովկասի միւս մարզերէն:
Ֆինկէրշթայնի դաշինքը աւելի թեւաւորեց պարսկական իշխանութիւնները: Ֆաթհ Ալի շահ եւ Աբաս Միրզա սկսան նախապատրաստուիլ ներխուժելու Վրաստան:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Գուդովիչ թուրքերուն դէմ ռազմական աշխուժ գործողութիւններ սկսելու հրաման ստացաւ, որպէսզի անոնց թոյլ չտայ Վրաստան ներխուժել:
Գործող բանակի հիմնական ուժերով Գուդովիչ շարժեցաւ դէպի Ախալքալաք եւ Ախալցխա, իսկ Նեսվետաեւի հրամայեց անցնիլ Ախուրեան գետը եւ գրոհել Կարսի վրայ:
Նեսվետաեւի զօրագունդը մօտեցաւ Կարսի: Նոյն ժամանակ Էրզրումի սերասքերի Եուսուֆ փաշա խոշոր ուժեր կուտակելով` ծրագրեց Գուդովիչի եւ Նեսվետաեւի զօրագունդերուն միջեւ խրուիլ, զանոնք անջատ-անջատ ջախջախել եւ ապա բանալ Վրաստան ներխուժելու ճանապարհը:
Շրջափակուելու վտանգէն խուսափելու համար Գուդովիչ Նեսվետաեւի հրամայեց նահանջել Ախուրեանի սահմանագիծը: Ինք եւս դադրեցնելով ռազմական գործողութիւնները Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի շրջաններուն մէջ, շտապեց Գիւմրի` միանալու Նեսվետաեւի, որպէսզի միացեալ ուժերով դիմագրաւեն թրքական բանակի յառաջխաղացքը:
Նոյն օրերուն ռուս-թրքական սահմանին մօտեցաւ Աբաս Միրզայի բանակը, թրքական բանակին միանալու եւ միացեալ ուժերով ռուսական զօրքերը ոչնչացնելու եւ դէպի Թիֆլիս շարժելու նպատակով:
Թրքական բանակին միանալու Աբաս Միրզայի մտադրութիւնը խափանելու եւ հակառակորդի ուժերը անջատ-անջատ ջախջախելու նպատակով Գուդովիչի զօրքերը 18 յունիս 1807-ին յարձակման անցան թրքական բանակին վրայ: Ախուրեանի ափին, Գիւմրիի մօտակայ Փոքր Ղարաքիլիսա (ներկայիս` Ազատան) գիւղին մէջ տեղի ունեցած արիւնահեղ ճակատամարտին թրքական բանակը ծանր կորուստներ կրեց եւ փախուստի դիմեց: Եուսուֆ փաշա հազիւ փրկուեցաւ գերի իյնալէ:
Աբաս Միրզա, լսելով թուրքերու պարտութեան լուրը, առանց մարտի մէջ մտնելու նահանջեց դէպի Նախիջեւան:
***
Գիւլիստանի մելիք Աբով զաւակին` Ռոստոմ բէկի մահէն ետք դառն օրեր ապրեցաւ: Ռուսական կառավարութիւնը անոր չարտօնեց Բոլնիսէն հեռանալ եւ Գիւլիստան վերադառնալ: Անոր տրուած դրամական օժանդակութիւնն ալ, որ կը տրուէր իբրեւ կարաւանապետ (քարւանպաշի)` զլացուեցաւ: Մելիք Բեգլարեաններու ընտանիքը թշուառութեան մատնուեցաւ:
Մելիք Աբով 23 նոյեմբեր 1807-ին նամակ գրեց Մինաս աղա Լազարեանին, ուր կ՛ըսէր.
«Ձեր գեղեցիկ անունը բարձր կը շողշողայ արեգակի պէս եւ աշխարհի բոլոր կողմերը կ՛օրհնաբանուի մարդոցմէ: Այժմ դուք միայն մեր յոյսն էք:
Իմ մատուցած ծառայութիւնները Ռուսաստանի սուրբ գահին եւ Շուշիի մէջ իմ ցոյց տուած քաջագործութիւնները, դեռ Զուբով զօրավարի ժամանակէն, բոլորին յայտնի են: Կարելի է, որ ձեզի եւս անյայտ չէ, թէ ինչպէս հալածեցինք եւ ցրուեցինք երկրի երեսէն Աղա Մոհամէտ խանի ահարկու զօրախումբը: Այս պատճառով Հերակլ թագաւորը, կամենալով մեզ իրեն օգնական ունենալ, երդումներով եւ նամակներով համոզեց մեզ իր մօտ գալ, ապրիլ իր թագաւորութեան մէջ եւ համարուիլ հաւասար իր առաջնակարգ թաւադներու եւ իշխաններու հետ: Մենք եկանք, իր խոստումին համեմատ թագաւորը մեզի տուաւ Բոլնիսը, իսկ իր պալատին մէջ մեզի տեղ նշանակեց իր բոլոր աւագներէն բարձր: Մեր այսպիսի դրութիւնը տեւեց Հերակլի եւ Գէորգիի թագաւորութեան ընթացքին: Իսկ այժմ մենք զրկուած ենք թէ հողէն, թէ կալուածներէն եւ թէ յարգանքէն ու պատիւէն, որովհետեւ բոլորը կը նեղացնեն մեզ, կ՛աշխատին մեզմէ խլել Բոլնիսը եւ կը պահանջեն տասանորդ մեր հունձքերէն: Այդ բոլորը այն աստիճան անախորժ է մեզի, որ մենք այսուհետեւ ամենեւին ցանկութիւն չունինք բնակելու այստեղ (Բոլնիս): Երբ որ ես շինութիւններով եւ բնակիչներով ծաղկեցուցի այս գաւառը, մաքրեցի զայն բոլոր թշնամիներէն եւ վայրերէն, ապա այսուհետեւ միայն յայտնուեցան զանազան տէրեր, որոնցմէ մէկը տէր կը կանգնի ջրանցքներուն, միւսը կ՛աշխատի սեփականացնել լեռները, երրորդը` հողը: Մեզմէ տասանորդ կը պահանջեն հացէն եւ չոր խոտէն ալ: Մեզի թոյլ չեն տար որ վարենք, թոյլ չեն տար հարել եւ անասունները արածեցնել, ուստի մեր բոլոր անասունները կոտորուած են, եւ մենք, մտահոգուած ըլլալով, այս տարի վար ու ցանք չենք ըրած:
Այսուհետեւ եթէ նոյնիսկ Բոլնիսի բոլոր քարերը ոսկի դառնան, այն ժամանակ ալ հրաժարելով կը հրաժարինք այս երկրէն: Ոչ դրամ մնացած է մեր քսակին մէջ, եւ ոչ համբերութիւն: Մեր օրերը կ՛անցընենք դիւանատուներու շէմերուն մօտ եւ ոչ մէկ տեղէ օգնութիւն չենք գտներ:
Այս բոլորին առիթով ես մատուցեցի յանուն կայսրին ամենախոնարհաբար խնդիրը, որպէսզի ամենաողորմածաբար թոյլ տրուէր մեզի մեր ժողովուրդին հետ տեղափոխուիլ մեր հայրենիքը` Ղարաբաղ, ապրելու եւ բնակութիւն հաստատելու այնտեղ: Բոլորը, ինչ որ եւ թուղթի վրայ խոստացած եմ ամենաողորմած թագաւորին, միեւնոյնը այժմէն երդումով կը խոստանամ կատարել յօգուտ արքունի գանձարանի:
Մելիք Ջումշուդին թոյլատրուած է գաղթել իր հայրենիքը, ինչո՞ւ մեզի չեն թոյլատրեր: Խոնարհաբար կը խնդրեմ ձեզմէ, ողորմած տէր, աշխատիլ ամբողջ ուժով եւ դառնաք բարեխօս մեզի համար, ստանալու մեզի համար այսպիսի թոյլտուութիւն:
Որքան մեծ եղած է իմ ծառայութիւնը իմ ամենաողորմած թագաւորին, այդ մասին տեղեակ չէ բարձր կառավարութիւնը: Այլեւս ի՛նչ կը մնայ ընել ինծի: Ունէի ես անդրանիկ որդի` Ռոստոմ բէկը, իմ ծերութեան զաւակը եւ իմ նախնիներու ժառանգը, եւ զայն ես զոհ բերի իմ ամենաողորմած եւ ինքնակալ կայսրին…: Ինչ որ ես ըրած եմ եւ կ՛ընեմ այժմ, ատկէ աւելին ոչ ոք կրնայ ընել:
Կաթիլ մը արիւն ունիմ, եւ ամէն ժամ պատրաստ եմ զայն թափելու իմ թագաւորի անուան համար: Ասկէ աւելի ալ ի՞նչ կրնամ ընել:
Իսկապէս կ՛երեւի մէկ բան միայն, այն, որ ես հայ եմ, եւ այդ պատճառով բոլոր գլխաւոր հրամանատարները եւ զօրավարները կը չարանան վրաս, իմ կատարած յաղթութիւններու եւ քաջագործութիւններու համար: Իմ գործողութիւններու մասին անոնք չեն կամենար տեղեկութիւններ տալ ուր որ հարկն է, որովհետեւ կը ցանկան, որ ես յուսահատիմ եւ խորտակուիմ վիշտէն անյայտութեան մէջ: Աստուծոյ օգնութեամբ ատիկա չըլլար: Մինչեւ գերեզման չմտնեմ, տխրութիւնը եւ յուսահատութիւնը չեն կրնար վհատեցնել զիս: Ընդհակառակը, ես եւ այսուհետեւ նպատակ ունիմ կատարելու այնպիսի յաղթութիւններ, որոնք կը զարմացնեն բոլորը, իսկ գերեզման կը մտնեմ իմ քաջագործութիւններու եւ արիութիւններու ժամանակ, երբեք չեմ մեռնիր այն տկարներու ու հիւանդներու նման, որոնք հոգի կու տան անկողինի մէջ»:
Մէկ առ մէկ թուելով իր մատուցած ծառայութիւնները Ռուսաստանին, մելիք Աբով կ՛աւելցնէ:
«Ես շատ անգամ խնդրած եմ կոմսին (Գոդովիչին), որ թոյլ տայ մեզի, մելիք Ջումշուդի նման, տեղափոխուիլ մեր հայրենիքը` Ղարաբաղ: Բայց ան չյօժարեցաւ, պատասխանելով, որ եթէ մենք թողնենք այդ երկիրը (Վրաստանը), այն ժամանակ Բոլնիսը կ՛ոչնչանայ, իսկ ախալցխացիները, լեզգիները եւ այլ վայրենիներ ու աւազակներ կ՛ոչնչացնեն Թիֆլիսի շրջակայ գիւղերը: Բայց երբ մենք կ՛ըսենք. որովհետեւ Հերակլ թագաւորը շնորհած է մեզի Բոլնիսը իր բոլոր հողերով, ջուրերով, անտառներով եւ այլ պատկանելիութիւններով, ուրեմն կը խնդրենք որ դուք եւս հաստատէք այս բոլորը մեր անունով: Այն ժամանակ կոմսը մեր պահանջներուն կը պատասխանէ ըսելով. ես չեմ կրնար ուրիշներու կալուածները ձեզի տալ, եւ ասոր նման խօսքեր: Ես չեմ համարձակիր ձանձրացնել ձեզ բոլոր մանրամասնութիւններով»:
Մելիք Աբով նորին կայսերական մեծութիւն թագաւոր կայսրէն կը խնդրէր.
ա) Թոյլ տալ Մելիք Բեգլարեաններուն եւ գիւլիստանցիներուն վերադառնալ հայրենիք` Ղարաբաղ:
բ) Իրեն տրուած կարաւանապետի պաշտօնին փոխարէն, որմէ տարեկան մինչեւ հինգ հարիւր թուման կը ստացուէր, մնայուն թոշակ նշանակել:
գ) Ցոյց տրուած ծառայութիւններուն փոխարէն իրեն գնդապետի աստիճան շնորհել:
դ) Որովհետեւ իր որդի Ռոստոմ բէկ վաթսուն կտրիճներու հետ, յանուն թագաւոր կայսրի, սոսկալի մահուան զոհ դարձան, ի փոխարինութիւն անոնց ծառայութեան, մայորի աստիճան տալ Ռոստոմ բէկի եղբայր Եսայի բէկին եւ Հաթամ բէկ Մելիք Մեջլումեանին:
Սակայն մելիք Աբով ռուսերուն հարկաւոր էր Թիֆլիսի շրջակաները պաշտպանելու համար: Այդ պատճառով ալ անոր հարկադրեցին մնալ Բոլնիս եւ անվերապահօրէն ծառայել Ռուսաստանի շահերուն:
aztagdaily.com/archives/564301